Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մսա դաս 3
  • Ազնիւ եղիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ազնիւ եղիր
  • Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուսին օրինակը
  • Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք
  • Յիսուսին նմանէ
  • Անձով հետաքրքրուէ
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • «Քաղցրութեան օրէնք»ով առաջնորդուէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Քաղցրութեան հետամուտ ըլլանք թշնամալից աշխարհի մը մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Բարութիւն ցուցաբերելով Եհովան հաճեցնենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Տես աւելին
Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
մսա դաս 3

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Յիսուս մեղմ կերպով կը մօտենայ կոյրի մը, որ իրեն առողջացնէ։

Յովհ. 9։1-7

ԴԱՍ 3

Ազնիւ եղիր

Սկզբունք. «Սէրը. . . քաղցր է» (Ա. Կոր. 13։4)։

Յիսուսին օրինակը

Յիսուս մեղմ կերպով կը մօտենայ կոյրի մը, որ իրեն առողջացնէ։

ՎԻՏԷՕ. Յիսուս կոյր մը կը բժշկէ

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Յովհաննէս 9։1-7։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1. ա) Յիսուս նախ ի՞նչ ըրաւ. կոյր մարդը բժշկե՞ց, թէ ոչ բարի լուրին մասին պատմեց իրեն (տե՛ս Յովհ. 9։35-38)։

  2. բ) Ինչո՞ւ կը կարծես որ մարդը ուզեց Յիսուսին մտիկ ընել։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Աւելի հաւանական է որ մէկը մեզի մտիկ ընէ, եթէ զգայ որ իրմով հետաքրքրուած ենք։

Յիսուսին նմանէ

3. Փորձէ երեւակայել որ դիմացինը ի՛նչ կը զգայ։

  1. ա) Դուն քեզի հարցուր. ‘Արդեօք ի՞նչ հոգեր ունի։ Ի՞նչ բան թերեւս իրեն օգտակար դառնայ եւ սրտին դպչի’։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ հետը ազնիւ ըլլաս։

  2. բ) Իրեն մտիկ ըրէ։ Ասանկով, ցոյց կու տաս որ հետաքրքրուած ես այն բաներով, որոնք իրեն համար կարեւոր են։ Եթէ դիմացինը կարծիք տայ կամ իր խնդիրին մասին խօսի, նիւթը մի՛ փոխեր։

4. Ազնիւ կերպով եւ յարգանքով խօսէ։ Երբ դիմացինին հետ զգաս եւ սրտանց ուզես իրեն օգնել, ասիկա յայտնի պիտի ըլլայ ձայնիդ թոնին մէջ։ Բառերդ եւ ձայնիդ թոնը ուշադրութեամբ ընտրէ, որ դիմացինը չվիրաւորես։

5. Օգտակար դարձիր։ Յարմար առիթներ փնտռէ, որ գործնական կերպով օգնես իրեն։ Մեր ազնիւ վարքը կրնայ խօսակցութեան դուռ բանալ։

ՏԵ՛Ս ՆԱԵՒ

Հռով. 12։15, 16. Գաղ. 6։10. Եբ. 13։16

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել