Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մսա դաս 4
  • Խոնարհ եղիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Խոնարհ եղիր
  • Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պօղոսին օրինակը
  • Պօղոսէն ի՞նչ կը սորվինք
  • Պօղոսին նմանէ
  • Եհովան իր խոնարհ ծառաները կ’արժեւորէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ընդօրինակուելու արժանի խոնարհութեան տիպարներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Իսկական խոնարհութիւն մշակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Յիսուսի օրինակելի խոնարհութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
մսա դաս 4

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Պօղոս առաքեալ շղթայով կապուած է պահակի մը։ Ան յարգանքով կը խօսի Ագրիպպաս թագաւորին, Փեստոս կուսակալին եւ Բերինիկէին հետ։

Գործք 26։2, 3

ԴԱՍ 4

Խոնարհ եղիր

Սկզբունք. «Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք» (Փլպ. 2։3)։

Պօղոսին օրինակը

Պօղոս առաքեալ շղթայով կապուած է պահակի մը։ Ան յարգանքով կը խօսի Ագրիպպաս թագաւորին, Փեստոս կուսակալին եւ Բերինիկէին հետ։

ՎԻՏԷՕ. Պօղոս Ագրիպպաս թագաւորին կը քարոզէ

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Գործք 26։2, 3։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1. ա) Պօղոսին խօսած կերպը ինչպէ՞ս ցուցուց որ խոնարհ էր։

  2. բ) Պօղոս ինչպէ՞ս թագաւորին ուշադրութիւնը դարձուց Եհովային եւ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, փոխանակ՝ ինքն իր վրայ (տե՛ս Գործք 26։22)։

Պօղոսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Երբ որ խոնարհ կերպով եւ յարգանքով խօսինք, մարդիկ աւելի պատրաստ պիտի ըլլան մեզի մտիկ ընելու։

Պօղոսին նմանէ

3. Հովեր մի՛ առներ։ Անանկ մէկ տպաւորութիւն մի՛ տար որ դուն ամէն բան գիտես եւ դիմացինդ բան մը չի գիտեր։ Իրեն հետ յարգանքով խօսէ։

4. Յստակ դարձուր որ Աստուածաշունչէն կը սորվեցնես։ Աստուծոյ Խօսքը կրնայ ազդել մարդոց մտածելակերպին եւ զգացումներուն։ Երբ ատիկա գործածենք, անոնց կ’օգնենք որ Աստուծոյ Խօսքին հաւատան, եւ ոչ թէ՝ մեր ըսածին։

5. Մեղմ ոճով խօսէ։ Մի՛ պնդեր որոշ կէտի մը վրայ։ Մենք չենք ուզեր վիճաբանիլ։ Խոնարհ կ’ըլլաս, երբ հանդարտ մնաս եւ գիտնաս երբ պէտք է ձգես–քալես (Առ. 17։14. Տիտ. 3։2)։ Երբ որ մեղմ ոճով խօսիս, թերեւս անձը ուրիշ առիթով ընդունի մեզի մտիկ ընել։

ՏԵ՛Ս ՆԱԵՒ

Հռով. 12։16-18. Ա. Կոր. 8։1. Բ. Կոր. 3։5

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել