Հարցումի Տուփ
◼ Մեր բնակած թաղամասին հոգ տանող ժողովքին հետ ընկերակցիլը ի՞նչ առաւելութիւններ ունի։
Ժողովքային կարգադրութեան միջոցաւ, ‘սիրոյ եւ բարեգործութեան մղող’ քաջալերութիւն կը ստանանք։ (Եբր. 10։24, 25) Ժողովքին միջոցաւ ճշմարտութիւնը կը սորվինք եւ կը զինուինք աշակերտելու մեր նշանակումը կատարելու։ (Մատթ. 28։19, 20) Նաեւ զօրութիւն կը ստանանք հաւատարմօրէն փորձութիւններու տոկալու, եւ ունինք սիրալիր երէցներ՝ մեզի օգնելու որ կուտակուող ճնշումներուն եւ մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլենք։ Բացայայտօրէն, ժողովքը կենսական է մեր հոգեւոր վերապրումին համար։ Սակայն, մեր բնակած թաղամասին հոգ տանող ժողովքին հետ ընկերակցիլը առաւելութիւններ ունի՞։
Անհատական պարագաները կը տարբերին, իսկ նման ազդակներ ինչպէս՝ աշխարհիկ գործը, անհաւատ կողակից մը եւ փոխադրամիջոցները, կրնան ազդել այս առնչութեամբ անհատի մը վերջնական որոշումին։ Այսուհանդերձ, որոշ առաւելութիւններ կան, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ոչ–հոգեւոր, երբ անհատ մը իր բնակած թաղամասին հոգ տանող ժողովքին հետ ընկերակցի։ Երէցները կրնան բոլոր հրատարակիչներուն հետ աւելի շուտով շփման մէջ գալ, ստիպողական կացութիւն մը ծագելու պարագային։ Կարգ մը այլ օգուտներ նշուած են նախապէս լոյս տեսած Հարցումի Տուփ–երու մէջ։—Մայիս 1991, Մարտ 1976, եւ Յունուար 1967։
Ընդհանրապէս, աւելի յարմար է մօտակայ վայրի մը մէջ ժողովներու յաճախել, քանի որ ասիկա մեզի թոյլ կու տայ որ կանուխ ժողովի հասնինք՝ ուրիշներու հետ խօսակցելու, անհրաժեշտ հարցերու հոգ տանելու, եւ բացման երգեցողութեան ու աղօթքին մասնակցելու համար։ Երբ նորեկներ մեր մօտակայքը կ’ապրին, սովորաբար աւելի դիւրին կ’ըլլայ անոնց հետ շփման մէջ գալ, անոնց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել եւ զանոնք ժողովներու հրաւիրել, որոնք իրենց համար յարմարագոյնն են։
Վստահ ենք որ ընտանիքի գլուխներ աղօթքով նկատի պիտի առնեն այս հարցը, խնդրոյ առարկայ եղող բոլոր ազդակները կշռելով, որպէսզի իրենց ընտանիքին հոգեւոր ու ֆիզիքական բարօրութեան համար լաւագոյն որոշումը կայացնեն։—Ա. Տիմ. 5։8