Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ22 Փետրուար էջ 2-7
  • Կը վստահի՞ս այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կը վստահի՞ս այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԷ, ՄԻՆՉ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՍ
  • ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԷ, ԵՐԲ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՍՏԱՆԱՍ
  • ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԻՄԱ ՎՍՏԱՀԻԼԸ ՄԵԶ ՊԻՏԻ ՄԱՐԶԷ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ
  • Կրնա՛ս եղբայրներուդ վստահիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Եհովայի հանդէպ ձեր վստահութիւնը զօրացուցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Միշտ Եհովայի վստահէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Բոլոր սրտով Եհովայի վստահեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
դ22 Փետրուար էջ 2-7

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 6

Կը վստահի՞ս այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ

«Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է» (Բ. ՕՐ. 32։4)։

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1-2. ա) Ներկայիս, ինչո՞ւ շատերու համար դժուար է իշխանութիւններուն վստահիլ։ բ) Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ԱՅՍՕՐ շատերու համար դժուար է իշխանութիւններու վստահիլ, քանի որ նկատած են թէ կառավարութիւնները եւ օրէնքները կը պաշտպանեն հարուստներն ու զօրաւոր մարդիկը եւ կ’անտեսեն աղքատները։ Զարմանալի չէ, որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժող. 8։9)։ Ասկէ զատ, կրօնական առաջնորդներու գէշ վարքը պատճառ դարձած է, որ կարգ մը մարդիկ Աստուծոյ հանդէպ իրենց վստահութիւնը կորսնցնեն։ Անոր համար, երբ մէկու մը հետ Աստուածաշունչը կը սերտենք, պէտք է շատ ջանք թափենք, որ անոր օգնենք որ Եհովայի եւ երկրի վրայ իր ներկայացուցիչներուն հանդէպ վստահութիւն ունենայ։

2 Անշուշտ, միայն Աստուածաշունչի աշակերտները չեն, որ պէտք է սորվին Եհովային եւ իր կազմակերպութեան վստահիլ։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ են, պէտք է իրենց միտքը պահեն, որ Եհովան միշտ շիտակ բանը կ’ընէ։ Ատեններ թերեւս ըլլան պարագաներ, որոնք կրնան ասոր նկատմամբ մեր հաւատքն ու վստահութիւնը փորձի տակ դնել։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք անոնցմէ երեքը. 1) երբ Աստուածաշունչէն դէպքեր կը կարդանք, 2) երբ Եհովայի կազմակերպութենէն ուղղութիւններ կը ստանանք, եւ 3) երբ ապագային դժուարութիւններ կ’ունենանք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԷ, ՄԻՆՉ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՍ

3. Աստուածաշունչի կարգ մը դէպքեր ինչպէ՞ս կրնան փորձի տակ դնել Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը։

3 Մինչ Աստուածաշունչը կը կարդանք, թերեւս հարց տանք, թէ ինչո՛ւ Եհովան կարգ մը մարդոց հետ որոշ կերպով վարուեցաւ, եւ թէ ինչո՛ւ կարգ մը որոշումներ առաւ։ Օրինակ, Թուոց գիրքին մէջ կը կարդանք, որ Եհովան մահուան դատապարտեց իսրայէլացի մը, Շաբաթ օրով փայտ հաւաքելուն համար։ Անդին, Բ. Թագաւորաց գիրքին մէջ կը կարդանք, որ ան ներեց Դաւիթին, որ շնութիւն ըրած էր եւ մարդ սպաննած էր (Թւ. 15։32, 35. Բ. Թագ. 12։9, 13)։ Թերեւս հարց տանք. ‘Ինչո՞ւ Եհովան ներեց Դաւիթին, որ շնութիւն ըրած էր եւ մարդ սպաննած էր, բայց մահուան դատապարտեց մէկը, որ ըստ երեւոյթին՝ նուազ լուրջ մեղք մը գործած էր’։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, նկատի առնենք երեք բաներ, որոնք լաւ կ’ըլլայ որ մեր միտքը պահենք, երբ Աստուածաշունչը կը կարդանք։

4. Ծննդոց 18։20, 21 եւ Բ. Օրինաց 10։17–ն ինչպէ՞ս մեր վստահութիւնը կը զօրացնեն Եհովայի դատաստաններուն հանդէպ։

4 Աստուածաշունչը դէպքի մը բոլոր մանրամասնութիւնները միշտ չի յիշեր։ Օրինակ, գիտենք որ Դաւիթ անկեղծօրէն զղջաց իր ըրածներուն համար (Սաղ. 51։2-4)։ Բայց Շաբաթի օրէնքը կտրող մարդը ինչպիսի՞ մէկն էր։ Իր ըրածին համար զղջա՞ց։ Ասկէ առաջ, Եհովային օրէնքները կտրա՞ծ էր։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ նախապէս իրեն զգուշացումներ տրուած էին, բայց ինք զանոնք անտեսած էր կամ նոյնիսկ մերժած էր։ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Սակայն, մէկ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ. Եհովան «անիրաւութիւն չունի» (Բ. Օր. 32։4)։ Սովորաբար մարդիկ որոշումներ կ’առնեն՝ ասոր–անոր ըսածներուն հիման վրայ, ուրիշներուն մասին իրենց կազմած սխալ կարծիքին կամ ուրիշ որեւէ բանի հիման վրայ, ինչ որ պատճառ կ’ըլլայ որ սխալ դատողութիւններ ընեն։ Բայց մարդոց հակառակը, Եհովան իր որոշումները բոլոր իրողութիւններուն հիման վրայ կ’առնէ (կարդա՛ Ծննդոց 18։20, 21. Բ. Օրինաց 10։17)։ Եհովային եւ իր չափանիշներուն մասին ո՛րքան աւելի սորվինք, ա՛յնքան աւելի պիտի վստահինք իր դատաստաններուն։ Նոյնիսկ եթէ Աստուածաշունչը կարդանք եւ ունենանք հարցումներ, որոնց պատասխանը հիմա չենք կրնար ունենալ, մենք մեր Աստուծոյն մասին այնքան շատ բան գիտենք, որ վստահ ենք թէ ան «արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ» (Սաղ. 145։17)։

5. Անկատարութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր արդարութեան զգացումին (տե՛ս նաեւ «Անկատարութիւնը կը ձգէ, որ հարցերը սխալ կերպով դատենք» շրջանակը)։

5 Մեր արդարութեան զգացումը կրնայ սխալ ելլել, քանի որ անկատար ենք։ Աստուած մեզ իր պատկերով ստեղծած է, անոր համար շատ կ’ուզենք, որ մարդիկ իրարու հետ արդարութեամբ վարուին (Ծն. 1։26)։ Բայց քանի որ անկատար ենք, կրնանք հարցերը սխալ կերպով դատել, նոյնիսկ երբ կը կարծենք թէ բոլոր իրողութիւնները գիտենք։ Օրինակ, յիշէ որ Յովնան գոհ չէր, երբ Եհովան որոշեց նինուէցիներուն ողորմիլ (Յովն. 3։10–4։1)։ Բայց տես թէ արդիւնքը ի՛նչ եղաւ։ Աւելի քան 120,000 նինուէցիներ զղջացին եւ ազատեցան։ Ուրեմն, Յովնա՛նը,– եւ ոչ թէ Եհովան,– պէտք էր իր մտածելակերպը սրբագրէր։

Անկատարութիւնը կը ձգէ, որ հարցերը սխալ կերպով դատենք

Մարդու մը ակնոցին ապակիներուն վրայ շոգի կայ եւ ան չի կրնար իր շուրջը յստակօրէն տեսնել։

Մեր անկատարութեան պատճառով, ատեններ հարցերը աւելի խիստ կերպով կը դատենք, քան՝ Եհովան, կամ կ’ընդունինք բաներ, որոնք Եհովան չ’ընդունիր (Ա. Թագ. 16։7)։ Անոր համար կրնանք Եհովայի որոշումները կասկածի տակ դնել։ Մեր պարագան կը նմանի մէկու մը պարագային, որուն ակնոցին ապակիներուն վրայ շոգի կայ։ Ան որքա՛ն ալ ջանք ընէ, որ յստակօրէն տեսնէ, իր տեսածը պղտոր պիտի ըլլայ։ Նոյնպէս, եթէ մեզի համար Եհովայի որոշումները հասկնալը դժուար է, հաւանաբար պատճառը մեր անկատարութիւնն է։ Ուրեմն, մենք հարցը սխալ կերպով կը դիտենք, եւ ոչ թէ՝ Եհովան (Եզեկ. 18։29)։

6. Եհովան ինչո՞ւ ստիպուած չէ իր առած որոշումներուն համար մեզի բացատրութիւններ տալ։

6 Եհովան պարտաւոր չէ իր որոշումները բացատրելու մարդոց։ Ճիշդ է որ Եհովան անցեալին թոյլ տուաւ, որ իր ծառաները իրենց մտահոգութիւնները արտայայտէին այն որոշումներուն նկատմամբ, որ առած էր կամ պիտի առնէր (Ծն. 18։25. Յովն. 4։2, 3)։ Եւ ատեններ իր առած որոշումներուն համար բացատրութիւն տուաւ (Յովն. 4։10, 11)։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան ստիպուած չէ իր որոշումներուն պատճառները մեզի տալ։ Մեր Ստեղծիչը ըլլալով, ան պէտք չունի մեր հաւանութիւնը ստանալու՝ որոշում մը առնելէ առաջ կամ ետք (Եսա. 40։13, 14. 55։9)։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԷ, ԵՐԲ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՍՏԱՆԱՍ

7. Ի՞նչ դժուարութիւն կրնանք ունենալ, եւ ինչո՞ւ։

7 Անկասկած բոլորս համաձայն ենք, որ Եհովան միշտ ճիշդ բանը կ’ընէ։ Բայց թերեւս դժուարութիւն ունենանք իր մարդկային ներկայացուցիչներուն վստահելու։ Թերեւս հարց տանք, թէ արդեօք Եհովայի կազմակերպութեան մէջ հեղինակութիւն ունեցողներուն ուղղութիւնները իրապէս Եհովայէ՞ն կու գան, թէ ոչ՝ իրենցմէ։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ոմանք այդպէս մտածած ըլլալու էին։ Նկատի առ 3–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած օրինակները։ Շաբաթ օրուան օրէնքը կտրող մարդուն մէկ ազգականը թերեւս հարց տուաւ, որ Մովսէս իրապէ՞ս Եհովայի կարծիքը առաւ մարդը մահուան դատապարտելէ առաջ։ Իսկ քետացի Ուրիային բարեկամներէն մէկը թերեւս մտածեց, թէ Դաւիթ՝ որ շնութիւն ըրաւ Ուրիային կնոջ հետ, իր դիրքը գործածեց որ ազատի այն պատիժէն, որուն արժանի էր։ Իրականութեան մէջ, չենք կրնար ըսել որ Եհովային կը վստահինք, եթէ չենք վստահիր երկրի վրայ իր ներկայացուցիչներուն, որոնց ինք կը վստահի։

8. Ի՞նչ նմանութիւն կայ Գործք 16։4, 5–ին մէջ յիշուածին եւ ներկայիս քրիստոնէական ժողովքին գործելու կերպին միջեւ։

8 Ներկայիս, Եհովան իր կազմակերպութեան երկրային մասը կ’առաջնորդէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով (Մատ. 24։45)։ Առաջին դարու կառավարիչ մարմինին պէս, այս ծառան ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող Աստուծոյ ժողովուրդին գործունէութիւնը կը վերահսկէ եւ երէցներուն ուղղութիւններ կու տայ (կարդա՛ Գործք 16։4, 5)։ Երէցներն ալ, իրենց կարգին, վստահ կ’ըլլան որ այդ ուղղութիւնները կը գործադրուին ժողովքին մէջ։ Մենք ցոյց կու տանք, որ կը վստահինք այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ, հետեւելով կազմակերպութեան եւ երէցներուն կողմէ տրուած ուղղութիւններուն։

9. Մեզի համար ե՞րբ կրնայ դժուար ըլլալ, որ երէցներուն որոշումին թիկունք կանգնինք, եւ ինչո՞ւ։

9 Ատեններ, մեզի համար կրնայ դժուար ըլլալ երէցներուն առած որոշումներուն թիկունք կանգնիլ։ Օրինակ, վերջին տարիներուն պէտք եղած է, որ շատ մը ժողովքներ եւ շրջաններ տարբեր կերպով կազմակերպուին։ Կարգ մը պարագաներու, երէցները հրատարակիչներէն խնդրած են, որ ուրիշ ժողովքի մը մաս կազմեն, որպէսզի Թագաւորութեան սրահներուն մէջ նստարանները լիովին գործածուին։ Եթէ մեզմէ խնդրուի, որ նոր ժողովքի մը մաս կազմենք, թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ մեր բարեկամները եւ ընտանիքը ձգել։ Իրականութեան մէջ, երէցները Աստուծոյ կողմէ ուղղութիւն չեն ստանար, թէ ամէն մէկ հրատարակիչ ո՛ւր նշանակեն։ Եւ այս իրողութիւնը կրնայ մեզի համար դժուարացնել, որ անոնց ուղղութիւններուն հետեւինք։ Բայց Եհովան երէցներուն կը վստահի, որ այդ որոշումները առնեն։ Ուրեմն, մենք ալ պէտք է անոնց վստահինքb։

10. Եբրայեցիս 13։17–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է երէցներուն հետ համագործակցինք։

10 Ինչո՞ւ պէտք է երէցներուն հետ համագործակցինք եւ անոնց որոշումներուն թիկունք կանգնինք, նոյնիսկ եթէ տարբեր նախընտրութիւն ունինք։ Քանի որ այդպէս ընելով կ’օգնենք, որ Աստուծոյ ժողովուրդը միացած մնայ (Եփ. 4։2, 3)։ Ժողովքը կը զօրանայ, երբ բոլորը խոնարհաբար կը հետեւին երէցներու մարմինի որոշումներուն (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։17)։ Եւ ամէնէն կարեւորը, Եհովային ցոյց կու տանք, որ իրեն կը վստահինք, համագործակցելով անոնց հետ, որոնց վստահած է մեզի հոգ տանիլը (Գործք 20։28)։

11. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ երէցներուն ուղղութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնենք։

11 Կրնանք երէցներուն ուղղութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնել, եթէ մեր միտքը պահենք որ անոնք Եհովայի սուրբ հոգին կը խնդրեն, երբ ժողովքին հետ կապ ունեցող հարցեր նկատի կ’առնեն։ Անոնք նաեւ ուշադրութեամբ նկատի կ’առնեն Աստուածաշունչի սկզբունքները եւ կազմակերպութեան տուած ուղղութիւնները։ Անոնք սրտանց կը փափաքին Եհովան հաճեցնել եւ իր ժողովուրդին լաւագոյն կերպով հոգ տանիլ։ Այս հաւատարիմ տղամարդիկը գիտեն, որ Աստուած մեծապէս հետաքրքրուած է, թէ իրենք իր ժողովուրդին ինչպէ՛ս հոգ կը տանին (Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Մտածէ ասոր մասին. աշխարհի մը մէջ, որ բաժնուած է ցեղի, կրօնքի եւ քաղաքականութեան պատճառաւ, Եհովայի ժողովուրդը միացած է միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ։ Ասիկա կարելի է, միայն քանի որ Եհովան իր կազմակերպութիւնը կ’օրհնէ։

12. Երէցները ի՞նչ բաներ պէտք է նկատի առնեն, գիտնալու համար թէ անհատը զղջացա՛ծ է կամ ոչ։

12 Եհովան երէցներուն տուած է ժողովքը մաքուր պահելու ծանր պատասխանատուութիւնը։ Եթէ քրիստոնեայ մը լուրջ մեղք մը գործէ, Եհովան երէցներէն կը պահանջէ, որ որոշեն թէ անհատը ժողովքին մէջ կրնա՛յ մնալ կամ ոչ։ Անոնք պէտք է մէջտեղ հանեն, թէ անհատը իր ըրածին համար իրապէս գէշ կը զգա՛յ կամ ոչ։ Թերեւս ան ըսէ, որ զղջացած է, բայց արդեօք իր ըրածը կ’ատէ՞։ Արդեօք վճռա՞ծ է, որ այդ մեղքը այլեւս չգործէ։ Եթէ չար ընկերակցութիւնները իր մեղք գործելուն պատճառն են, արդեօք պատրա՞ստ է անոնց հետ իր կապը կտրելու։ Երէցները աղօթքով եւ աստուածաշնչական սկզբունքներու հիման վրայ, բոլոր իրողութիւնները կը քննեն եւ նկատի կ’առնեն, թէ անհատը ինչպէ՛ս կը զգայ իր ըրածին նկատմամբ։ Ետքը, կ’որոշեն թէ ան ժողովքին մէջ կրնա՛յ մնալ կամ ոչ։ Կարգ մը պարագաներու, անհատը պէտք է վտարուի (Ա. Կոր. 5։11-13)։

13. Եթէ մեր բարեկամը կամ ազգականը վտարուի, թերեւս ի՞նչ բաներ մեզ մտահոգեն։

13 Երէցներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ փորձի տակ դրուիլ։ Եթէ վտարուող անհատը մեր մտերիմ բարեկամը կամ ազգականը չէ, երէցներուն որոշումը թերեւս դիւրութեամբ ընդունինք։ Բայց եթէ վտարուող անհատը մեզի մտերիմ է, թերեւս մտահոգուինք թէ արդեօք երէցները բոլոր իրողութիւնները նկատի առի՞ն կամ արդեօք իրապէ՞ս դատեցին, ինչպէս որ Եհովան պիտի դատէր։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ որոշումին նկատմամբ ճիշդ տեսակէտը ունենանք։

14. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, եթէ երէցները որոշեն վտարել մեր բարեկամներէն կամ ազգականներէն մէկը։

14 Մենք պէտք է մեր միտքը պահենք, որ վտարումը Եհովայի կարգադրութիւնն է եւ ժողովքին օգուտին համար է ու կրնայ մեղաւորին օգնել։ Եթէ չզղջացող մեղաւորը շարունակէ ժողովքին մէկ մասը ըլլալ, ժողովքը կրնայ իրմէ գէշ կերպով ազդուիլ (Գաղ. 5։9)։ Ասկէ զատ, ան կրնայ չհասկնալ թէ իր ըրածը որքա՜ն լուրջ է եւ չմղուիլ իր մտածելակերպն ու գործերը փոխելու, Եհովային հաճութիւնը ետ շահելու համար (Ժող. 8։11)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ երբ երէցները պիտի որոշեն անհատ մը վտարե՛լ կամ ոչ, անոնք այս պատասխանատուութիւնը շատ լուրջի կ’առնեն։ Անոնք գիտեն, որ Իսրայէլի դատաւորներուն պէս, իրենք ալ ‘մարդու համար չեն դատեր, հապա՝ Տէրոջ’ (Բ. Մն. 19։6, 7, ԱԾ)։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԻՄԱ ՎՍՏԱՀԻԼԸ ՄԵԶ ՊԻՏԻ ՄԱՐԶԷ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ

Եղբայրներ ու քոյրեր ներքնայարկի մը մէջ հաւաքուած են։ Եղբայր մը ուղղութիւն կու տայ, մինչ ուրիշ եղբայր մը կասկածներ ունի։

Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ մեծ նեղութեան ընթացքին մեզի տրուած ուղղութեան վստահինք եւ հնազանդինք (տե՛ս պարբ. 15)

15. Ինչո՞ւ հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է Եհովայի ուղղութեան վստահինք։

15 Մինչ այս չար աշխարհին վերջը կը մօտենայ, պէտք է որեւէ ժամանակէ աւելի վստահինք այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ։ Ինչո՞ւ։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, թերեւս մեզի տրուին ուղղութիւններ, որոնք կրնան մեր աչքին տարօրինակ ըլլալ եւ գործնական կամ տրամաբանական չըլլալ։ Անշուշտ, Եհովան անձամբ մեզի պիտի չխօսի. ան շատ հաւանաբար ուղղութիւններ պիտի տայ իր նշանակած ներկայացուցիչներուն միջոցով։ Այդ ատեն ժամանակը չէ տրուած ուղղութիւնը հարցականի տակ դնելու կամ հարց տալու. ‘Այս ուղղութիւնը իրապէ՞ս Եհովայի կողմէ է, թէ ոչ՝ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն անձնական որոշումն է’։ Այդ կարեւոր հանգրուանին, Եհովային եւ իր կազմակերպութեան պիտի վստահի՞ս։ Պատասխանը կախեալ է այն բանէն, թէ հիմա քեզի տրուած ուղղութիւնները ի՛նչ աչքով կը դիտես։ Եթէ հիմա տրուած ուղղութիւններուն կը վստահիս եւ յօժարաբար կը հնազանդիս, շատ հաւանաբար նոյնը պիտի ընես մեծ նեղութեան ընթացքին (Ղուկ. 16։10)։

16. Մօտ ատենէն, Եհովայի դատաստաններուն հանդէպ մեր վստահութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ փորձուիլ։

16 Լաւ պիտի ըլլայ, որ ուրիշ մարզ մըն ալ նկատի առնենք. Եհովայի դատաստանները, երբ այս չար աշխարհին վերջը գայ։ Հիմա մենք յոյս ունինք թէ շատեր, որոնք Եհովային չեն ծառայեր, մէջը ըլլալով Վկայ չեղող մեր ազգականները, վերջը չեկած՝ սկսին ծառայել։ Բայց Արմագեդոնին, Եհովան Յիսուսին միջոցով վերջնական որոշում պիտի առնէ անոնց ապագային նկատմամբ (Մատ. 25։31-33. Բ. Թես. 1։7-9)։ Մեզի պիտի չիյնայ որոշել, թէ ո՛վ Եհովայի ողորմութիւնը պիտի ստանայ եւ ո՛վ՝ ոչ (Մատ. 25։34, 41, 46)։ Պիտի վստահի՞նք Եհովայի դատաստաններուն, թէ ոչ՝ ատոնք մեզ պիտի գայթակղեցնեն։ Յստակ է որ պէտք է հիմա՛ Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնենք, որպէսզի ապագային ամբողջովին իրեն վստահինք։

17. Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք Եհովայի դատաստաններէն, երբ այս չար աշխարհին վերջը գայ։

17 Երեւակայէ թէ ի՛նչ պիտի զգանք, երբ նոր աշխարհին մէջ Եհովայի դատաստաններուն արդիւնքները տեսնենք։ Սուտ կրօնքը մէջտեղէն վերցուած պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ վերջ գտած պիտի ըլլան ագահ առեւտրական դրութիւնը եւ քաղաքական դրութիւնը, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին մարդոց ցաւ ու տառապանք պատճառած է։ Այլեւս առողջապահական խնդիրները, ծերութիւնը եւ մեր սիրելիներուն մահը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէկ մասը պիտի չըլլան։ Սատանան եւ դեւերը հազար տարի պիտի բանտարկուին։ Եւ անոնց ըմբոստութեան գէշ հետեւանքները վերջ պիտի գտնեն (Յայտ. 20։2, 3)։ Այն ատեն որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլանք, որ վստահեցանք այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ։

18. Ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ իսրայէլացիներուն օրինակէն, որուն մասին կը կարդանք Թուոց 11։4-6 եւ 21։5–ին մէջ։

18 Կրնա՞յ ըլլալ որ նոր աշխարհին մէջ կարգ մը դժուարութիւններու պատճառով, մեզի համար դիւրին չըլլայ վստահիլ այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ։ Օրինակ, նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ իսրայէլացիներուն, եգիպտական ստրկութենէն ազատուելէ կարճ ժամանակ ետք։ Ոմանք սկսան գանգատիլ, ըսելով թէ կարօտցած էին Եգիպտոսի մէջ վայելած թարմ ուտելիքները, իսկ Եհովայի տուած մանանայէն զզուած էին (կարդա՛ Թուոց 11։4-6. 21։5)։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մենք ալ մեծ նեղութենէն ետք նման մտածումներ ունենանք։ Մենք չենք գիտեր որքա՛ն պիտի աշխատինք, մինչեւ որ կործանումին հետեւանքները վերցուին եւ երկիրը կամաց–կամաց դրախտ դառնայ։ Հաւանաբար, շատ գործ պիտի ըլլայ եւ սկիզբը՝ կարգ մը անպատեհութիւններ։ Պիտի համարձակի՞նք Եհովային գանգատելու՝ այն ատեն իր տուած բաներուն համար։ Մէկ բան յստակ է. եթէ հիմա՛ կը գնահատենք Եհովայի տուածները, այն ատեն իր տուածները ա՛լ աւելի պիտի գնահատենք։

19. Ինչպէ՞ս կ’ամփոփես յօդուածին գլխաւոր կէտերը։

19 Պէտք է լիովին համոզուինք, թէ հարցերը ձեռք առնելու Եհովայի կերպը միշտ ճիշդ է։ Նաեւ պէտք է վստահինք անոնց, որոնց Եհովան կը վստահի, որ իր տուած ուղղութիւնները գործադրեն։ Բնա՛ւ պէտք չէ մոռնանք այն խօսքը, որ Եհովան Եսայի մարգարէին միջոցով ըսաւ. «Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ» (Եսա. 30։15)։

Ի՞ՆՉԸ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՕԳՆԵԼ, ԵԹԷ ՀԱՐՑԵՐԸ ՁԵՌՔ ԱՌՆԵԼՈՒ ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԵՐՊԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՄԵՐ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁՈՒԻ՝

  • երբ Աստուածաշունչէն դէպքեր կը կարդանք։

  • երբ ուղղութիւններ կը ստանանք։

  • երբ ապագային դժուարութիւններ ունենանք։

ԵՐԳ 37 Սուրբ Գրութիւնները Աստուծմէ ներշնչուած են

a Յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ կարեւոր է որ Եհովային եւ երկրի վրայ զինք ներկայացնողներուն հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնենք։ Նաեւ, պիտի տեսնենք թէ ասիկա ընելը ինչպէ՛ս մեզի պիտի օգտէ հիմա եւ մեզ պատրաստէ ապագայ դժուարութիւնները դիմագրաւելու։

b Երբեմն որոշ պարագաներ կը պահանջեն, որ անհատ մը կամ ընտանիք մը մնայ իր ներկայ ժողովքին մէջ (տե՛ս Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին նոյեմբեր 2002 թիւին մէջ՝ «Հարցումի տուփ»)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել