Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ19 Օգոստոս էջ 26-28
  • Հաւատք. մեզ զօրացնող յատկութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հաւատք. մեզ զօրացնող յատկութիւն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞ՆՉ Է ՀԱՒԱՏՔԸ
  • ՍՐՏԻՆ ԴԵՐԸ
  • ԴԱՒԻԹ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԶՕՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏՔ ԿԵՐՏԵՑ
  • ՀԱՒԱՏՔԴ ԶՕՐԱՑՈՒՐ
  • ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԵՑԻՐ
  • «ԱՆՁԵՐՆԻԴ ՇԻՆԵՑԷՔ ՁԵՐ ԱՄԵՆԱՍՈՒՐԲ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՎՐԱՅ»
  • Եհովայի խոստումներուն հաւատա՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • «Մեր հաւատքը աւելցուր»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած հաւատք ունենանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Իրապէս կը հաւատա՞ք աւետարանին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
դ19 Օգոստոս էջ 26-28

Հաւատք. մեզ զօրացնող յատկութիւն

  • ՍԷՐ

  • ԽՆԴՈՒԹԻՒՆ

  • ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

  • ԵՐԿԱՅՆՄՏՈՒԹԻՒՆ

  • ՔԱՂՑՐՈՒԹԻՒՆ

  • ԲԱՐՈՒԹԻՒՆ

  • ՀԱՒԱՏՔ

  • ՀԵԶՈՒԹԻՒՆ

  • ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՒԱՏՔԸ մեզի մեծ ոյժ կու տայ։ Օրինակ, թէեւ Սատանան կ’ուզէ մեզ հոգեւորապէս սպաննել, բայց հաւատքը մեզ կարող կը դարձնէ որ ‘չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարենք’ (Եփ. 6։16)։ Հաւատքով կրնանք լեռնանման խնդիրներու հետ գլուխ ելլել։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի» (Մատ. 17։19)։ Որովհետեւ հաւատքը կրնայ մեզ հոգեւորապէս զօրացնել, լաւ կ’ըլլայ որ քննենք հետեւեալ հարցումները. ի՞նչ է հաւատքը, ինչպէ՞ս մեր սրտին վիճակը մեր հաւատքին կ’ազդէ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել, եւ որո՞ւն հանդէպ հաւատք պէտք է ունենանք (Հռով. 4։3)։

Ի՞ՆՉ Է ՀԱՒԱՏՔԸ

Հաւատքը պարզապէս Սուրբ Գիրքին ըսածներուն հաւատալէն աւելին է, քանի որ «դեւերն ալ կը հաւատան [որ Աստուած գոյութիւն ունի] եւ կը սարսափին» (Յակ. 2։19)։ Լաւ, հաւատքը ի՞նչ է։

Երկիր մոլորակը անջրպետէն դիտուած

Ինչպէս որ վստահ ենք որ ցերեկ ու գիշեր միշտ պիտի ըլլան, նոյնպէս վստահ ենք որ Աստուծոյ խօսքը միշտ պիտի կատարուի

Ըստ Աստուածաշունչին, հաւատքը երկու երեսակ ունի։ Առաջին, «հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւն»ն է (Եբ. 11։1ա)։ Եթէ հաւատք ունիս, համոզուած ես թէ Եհովային բոլոր ըսածները ճշմարիտ են եւ պիտի իրականանան։ Օրինակ, Եհովան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Եթէ ցորեկուան ուխտս ու գիշերուան ուխտս կրնաք աւրել, որ ցորեկը եւ գիշերը իրենց ժամանակովը չըլլան, իմ ծառայիս Դաւիթին հետ ունեցած ուխտս ալ պիտի աւրուի» (Եր. 33։20, 21)։ Կը վախնա՞ս, որ օրին մէկը արեւը պիտի չծագի եւ մայր պիտի չմտնէ՝ խափանելով ցերեկը եւ գիշերը։ Եթէ կասկած չունիս ֆիզիքական օրէնքներուն հանդէպ, որոնք կը ձգեն որ երկիրը իր առանցքին եւ արեւուն շուրջ դառնայ, պիտի կասկածի՞ս որ այդ օրէնքները Հաստատողը կրնայ իր խօսքը իրագործել։ Անշուշտ ո՛չ (Եսա. 55։10, 11. Մատ. 5։18)։

Երկրորդ, հաւատքը «չերեւցած բաներուն ապացոյցն է», այսինքն՝ ապացոյցն է այն բաներուն, որոնք աչքին անտեսանելի են, բայց իրական են (Եբ. 11։1բ)։ Ինչպէ՞ս։ Երեւակայէ պզտիկ մը քեզի կը հարցնէ. «Ինչպէ՞ս գիտես թէ օդը գոյութիւն ունի»։ Հակառակ անոր որ օդը բնաւ չես տեսած, կրնաս պզտիկին ուշադրութեան յանձնել ատոր գոյութեան փաստերը. զայն կը շնչենք, անոր փչելը կը լսենք, տերեւներուն շարժիլը կը տեսնենք եւ այլն։ Այսպիսի փաստեր անոր կ’օգնեն ընդունելու որ օդը գոյութիւն ունի, թէեւ անտեսանելի է։ Նոյնպէս, հաւատքը յստակ փաստերու վրայ հիմնուած է (Հռով. 1։20)։

ՍՐՏԻՆ ԴԵՐԸ

Որովհետեւ հաւատքը ապացոյցներու վրայ կը հիմնուի, զայն ունենալու համար՝ անհատը պէտք է նախ ‘ճանչնայ ճշմարտութիւնը’ (Ա. Տիմ. 2։4)։ Բայց ասիկա բաւարար չէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Սրտով կը հաւատայ մէկը» (Հռով. 10։10)։ Անհատը ոչ միայն պէտք է հաւատայ ճշմարտութեան, հապա նաեւ զայն գնահատէ։ Միայն այն ատեն պիտի մղուի իր հաւատքը դրսեւորելու, այսինքն՝ ճշմարտութեան համաձայն վարուելու (Յակ. 2։20)։ Այն անհատը, որ ճշմարտութեան հանդէպ սրտաբուխ գնահատանք չունի, կրնայ մերժել նոյնիսկ համոզիչ ապացոյցները, քանի որ յամառօրէն կը կառչի իր գաղափարներուն կամ հետամուտ կ’ըլլայ իր մարմնաւոր ցանկութիւններուն (Բ. Պետ. 3։3, 4. Յդ. 18)։ Ատոր համար է որ աստուածաշնչական ժամանակներուն հրաշքներ տեսնողներէն ոմանք հաւատք չզարգացուցին (Թւ. 14։11. Յովհ. 12։37)։ Աստուծոյ սուրբ հոգին «հաւատք» յառաջ կը բերէ միայն անոնց մէջ, որոնք իրապէս ճշմարտութիւնը կը սիրեն (Գաղ. 5։22, 23,ՆԱ. Բ. Թես. 2։10, 11)։

ԴԱՒԻԹ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԶՕՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏՔ ԿԵՐՏԵՑ

Դաւիթ թագաւոր աչքառու հաւատք ունէր (Եբ. 11։32, 33)։ Սակայն իր ընտանիքին մէջ բոլորը իրեն պէս չէին։ Օրինակ, անգամ մը մեծ եղբայրը՝ Եղիաբ, Եհովայի փրկելու զօրութեան հանդէպ հաւատքի պակաս ցուցուց, երբ Դաւիթը յանդիմանեց, քանի որ հետաքրքրուեցաւ Գողիաթի մարտահրաւէրով (Ա. Թագ. 17։26-28)։ Հաւատքը բան մը չէ որ անհատը ի ծնէ կ’ունենայ կամ իր ծնողքէն կը ժառանգէ։ Ուրեմն, Դաւիթին հաւատքը Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան արդիւնքն էր։

Սաղմոս 27–ին մէջ Դաւիթ կը յայտնէ, թէ ինչպէ՛ս այսպիսի զօրաւոր հաւատք կերտեց (հմր. 1)։ Ան խոկաց անցեալի փորձառութիւններուն վրայ եւ իր թշնամիներուն հետ Եհովայի վարուելու կերպին վրայ (հմր. 2, 3)։ Ան խորապէս գնահատեց Եհովայի պաշտամունքի կարգադրութիւնը (հմր. 4)։ Ան խորանին մէջ Աստուած պաշտեց հաւատակիցներուն հետ (հմր. 6)։ Ան աղօթքով սրտանց Եհովան փնտռեց (հմր. 7, 8)։ Ան նաեւ ուզեց Աստուծոյ ճամբաները սորվիլ (հմր. 11)։ Հաւատքը ա՛յնքան կարեւոր էր Դաւիթին համար, որ հարց տուաւ. «Ես ո՞ւր պիտի ըլլայի, եթէ չհաւատայի» (հմր. 13, ՆԱ)։

ՀԱՒԱՏՔԴ ԶՕՐԱՑՈՒՐ

Կրնաս Դաւիթին պէս զօրաւոր հաւատք ունենալ, եթէ որդեգրես այն մտավիճակն ու սովորութիւնները, որոնք նշուած են Սաղմոս 27–ին մէջ։ Որովհետեւ հաւատքը ճշգրիտ գիտելիքներու վրայ կը հիմնուի, ո՛րքան աւելի սերտես Աստուծոյ Խօսքը եւ սուրբգրային հրատարակութիւնները, ա՛յնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դրսեւորել այս յատկութիւնը, որ սուրբ հոգիի պտուղին մէկ մասն է (Սաղ. 1։2, 3)։ Երբ կը սերտես, ժամանակ տրամադրէ խոկալու, քանի որ խոկալը այն հողն է, որուն մէջ գնահատանքը կ’աճի։ Մինչ Եհովայի հանդէպ գնահատանքդ կ’աւելնայ, ա՛լ աւելի պիտի ուզես հաւատքդ դրսեւորել՝ զինք պաշտելով ժողովներուն մէջ եւ յոյսիդ մասին խօսելով ուրիշներուն (Եբ. 10։23-25)։ Նաեւ մեր հաւատքը յայտնի կ’ըլլայ, երբ կը շարունակենք «աղօթք ընել ու չձանձրանալ» (Ղուկ. 18։1-8)։ Ուստի, Եհովայի «անդադար աղօթք ըրէ՛», վստահելով որ ‘քեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Թես. 5։17. Ա. Պետ. 5։7)։ Հաւատքը մեզ գործի կը մղէ, իսկ մեր գործերը՝ իրենց կարգին, մեր հաւատքը կը զօրացնեն (Յակ. 2։22)։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԵՑԻՐ

Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք» (Յովհ. 14։1)։ Ատոր համար պէտք է հաւատք ընծայենք ոչ միայն Եհովային, հապա նաեւ Յիսուսին։ Ինչպէ՞ս կրնաս Յիսուսի հանդէպ հաւատք դրսեւորել։ Քննենք երեք կերպեր։

Յիսուս իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ

Ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսին հաւատք ընծայել

Առաջին, փրկանքը նկատէ Աստուծոյ կողմէ քեզի տրուած նուէր։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց» (Գաղ. 2։20)։ Եթէ Յիսուսի հանդէպ հաւատք ունիս, ուրեմն համոզուած ես որ փրկանքը անձամբ քեզի կը կիրարկուի, մեղքերդ կը ներուին ատոր հիման վրայ, յաւիտենական կեանքի յոյսը քեզի կու տայ, եւ ամենամեծ փաստն է որ Աստուած քեզ կը սիրէ (Հռով. 8։32, 38, 39. Եփ. 1։7)։ Իրապէս հաւատալով որ փրկանքը կրնայ քեզի օգնել, յանցաւոր ու անարժէք պիտի չզգաս (Բ. Թես. 2։15, 16)։

Երկրորդ, Յիսուսի զոհին հիման վրայ, աղօթքով Եհովայի մօտեցիր։ Փրկանքը կարելի կը դարձնէ, որ «համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին, որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու» (Եբ. 4։15, 16. 10։19-22)։ Աղօթքը կը զօրացնէ մեր վճռականութիւնը, որ փորձութիւններու դէմ դնենք (Ղուկ. 22։40)։

Երրորդ, Յիսուսին հնազանդէ։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ» (Յովհ. 3։36)։ Նկատէ որ Յովհաննէս հաւատք ընծայելը հակադրեց անհնազանդութեան։ Ուրեմն, Յիսուսին հաւատք կ’ընծայես, երբ անոր կը հնազանդիս, եւ ասիկա կ’ընես՝ հետեւելով «Քրիստոսին օրէնքին», այսինքն՝ իր բոլոր սորվեցուցածներուն եւ պատուէրներուն (Գաղ. 6։2)։ Նաեւ Յիսուսին կը հնազանդիս, երբ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ի առաջնորդութեան կը հետեւիս (Մատ. 24։45)։ Յիսուսին հնազանդելով զօրութիւն պիտի ունենաս փոթորկանման խնդիրներու տոկալու (Մատ. 7։24, 25)։

«ԱՆՁԵՐՆԻԴ ՇԻՆԵՑԷՔ ՁԵՐ ԱՄԵՆԱՍՈՒՐԲ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՎՐԱՅ»

Անգամ մը, մարդ մը Յիսուսին ըսաւ. «Կը հաւատա՛մ, օգնէ՛ որ հաւատքս զօրանայ» (Մար. 9։23, ՆԹ)։ Ան որոշ չափով հաւատք ունէր, բայց համեստօրէն ընդունեց որ աւելի հաւատքի պէտք ունէր։ Անոր պէս, բոլորս ուշ կամ կանուխ աւելի հաւատքի պէտք պիտի ունենանք։ Եւ բոլորս կրնանք մեր հաւատքը հիմակուընէ՛ զօրացնել։ Ինչպէս տեսանք, մեր հաւատքը կը զօրանայ, երբ Աստուծոյ Խօսքը սերտենք եւ խոկանք ատոր վրայ՝ խորացնելով Եհովայի հանդէպ մեր գնահատանքը։ Մեր հաւատքը նաեւ պիտի զօրանայ, երբ մեր հաւատակիցներուն հետ Եհովան պաշտենք, հանրապէս մեր յոյսին մասին խօսինք եւ անդադար աղօթենք։ Եթէ այս բոլոր բաները ընելով մեր անձը շինենք մեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ, ամենամեծ վարձատրութիւնը կը ստանանք, որ է՝ մեր անձը Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահել (Յդ. 20, 21)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել