Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ11 10/1 էջ 30-31
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ մօտենալ
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
դ11 10/1 էջ 30-31

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Աստուած բոլոր աղօթքները կը լսէ՞։

Եհովա բոլոր ազգերէ մարդիկ կը հրաւիրէ որ աղօթքով իրեն մօտենան (Սաղմոս 65։2)։ Սակայն, ան բոլոր աղօթքները չի լսեր։ Օրինակ, երբ իսրայէլացիները շարունակեցին չարութիւն ընել, Աստուած մերժեց անոնց աղօթքները լսել (Եսայի 1։15)։ Նաեւ, կրնան ընդհատուիլ այն մարդուն աղօթքները, որ իր կնոջ հետ գէշ կերպով կը վարուի (Ա. Պետրոս 3։7)։ Միւս կողմէ, Աստուած կը լսէ նոյնիսկ ծանր մեղքեր գործողներուն աղօթքները, եթէ անոնք զղջան (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 33։9-13)։

2. Ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք։

Աղօթքը առանձնաշնորհում մը եւ մեր պաշտամունքին մէկ մասն է, ուստի պէտք է միայն Եհովային աղօթենք (Մատթէոս 4։10. 6։9)։ Անկատար ըլլալով, մենք պէտք է Յիսուսի անունով աղօթենք, որովհետեւ նշանակուած «ճամբան» է (Յովհաննէս 14։6)։ Եհովա չ’ուզեր որ գոց կամ գրի առնուած աղօթքներ կրկնենք, այլ՝ սրտանց աղօթենք (կարդա՛ Մատթէոս 6։7. Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։

Մեր ստեղծիչը կրնայ նո՛յնիսկ լռելեայն աղօթքներ լսել (Ա. Թագաւորաց 1։12, 13)։ Ան մեզ կը հրաւիրէ որ ամէն առիթով աղօթենք, ինչպէս՝ օրուան սկիզբը եւ վերջաւորութեան, ճաշի ժամանակ եւ երբ խնդիրներ կը դիմագրաւենք (կարդա՛ Սաղմոս 55։22. Մատթէոս 15։36)։

3. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կը ժողվուին։

Աստուծոյ մօտենալը դիւրին բան չէ, քանի որ կ’ապրինք մարդոց մէջ, որոնք Աստուծոյ չեն հաւատար, եւ համաշխարհային խաղաղութեան իր խոստումը կը ծաղրեն (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 4. Բ. Պետրոս 3։3, 13)։ Ուստի, հարկ է որ քաջալերական ընկերակցութիւն ունենանք մեր հաւատակիցներուն հետ (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։

Կրնաս Աստուծոյ մօտենալ, եթէ աստուածասէր բարեկամներ ունենաս։ Եհովայի վկաներու ժողովները ուրիշներու հաւատքէն օգտուելու պատեհութիւններ կու տան (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։11, 12)։

4. Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ։

Կրնաս Եհովայի մօտենալ, խոկալով իր Խօսքէն սորվածներուդ վրայ։ Խորհրդածէ՛ իր գործունէութիւններուն, ցուցմունքներուն եւ խոստումներուն մասին։ Աղօթքով խոկալը, Աստուծոյ սիրոյն եւ իմաստութեան հանդէպ սրտագին գնահատութիւն կը կերտէ (կարդա՛ Յեսու 1։8. Սաղմոս 1։1-3)։

Աստուծոյ կրնաս մօտենալ, միայն եթէ իրեն կը վստահիս, եթէ իրեն հանդէպ հաւատք ունիս։ Բայց հաւատքը ապրող էակի նման է, որ սնուցանուելու կարիք ունի։ Հաւատքդ յարատեւաբար պէտք է սնուցանես, վերաքաղ ընելով հաւատալիքներուդ հիմը (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21. Եբրայեցիս 11։1, 6)։

5. Աստուծոյ մօտենալը ինչպէ՞ս քեզի պիտի օգտէ։

Եհովա բոլոր զինք սիրողներուն հոգ կը տանի։ Ան զիրենք կը պաշտպանէ որեւէ բանէ, որ իրենց հաւատքը եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը կրնայ վտանգել (Սաղմոս 91։1, 2, 7-10)։ Ան մեզ կը զգուշացնէ ապրելակերպերէ, որոնք մեր առողջութեան եւ ուրախութեան կը սպառնան։ Եհովա մեզի լաւագոյն կենցաղակերպը կը սորվեցնէ (կարդա՛ Սաղմոս 73։27, 28. Յակոբոս 4։4, 8)։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին 17–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել