Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 7/1 էջ 6
  • Կրօնքը եւ բարոյականութիւնը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրօնքը եւ բարոյականութիւնը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ
  • ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ ԱՅԴ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԻՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՈՀԱՑՈՒՄ ԿՈՒ ՏԱՆ
  • Վստահելի կրօնք կա՞յ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Շիտակ կրօնքը գտա՞ծ էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է
    Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է
  • Եհովան միտքս ունենալով քայլեր առնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 7/1 էջ 6
[Նկար՝ էջ 6]

Կրօնքը եւ բարոյականութիւնը

«Դպրոցակիցներս դաւանեցան թէ կրօնասէր են, բայց քննութիւններուն ընթացքին խարդախութիւն կ’ընէին, եւ թմրեցուցիչ կը գործածէին։ Կրօնքը որեւէ ձեւով ազդեցութիւն չէր բանեցուցած իրենց կեանքին վրայ», կ’ըսէ Սիլվիա, որ հիւանդներու հոգ կը տանի։

Լիոնէլ անունով տղամարդ մը կը նշէ. «Գործակիցներս կը ստեն ու կ’ըսեն որ հիւանդ են, երբ իրապէս պարագան այդպէս չէ։ Կրօնքը իրենց համար կարծես թէ բան մըն է որ ունին, բայց չեն գործածեր, ցուցադրուած կահկարասիի մը նման»։

Կրօնքը զօրաւոր բարոյական ազդեցութիւն չի բանեցներ մարդոց մեծամասնութեան վրայ։ Ներկայիս շատեր «աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են» (Բ. Տիմոթէոս 3։5)։ Իրենց կրօնական առաջնորդները այս մարզին մէջ լաւ օրինակ չեն հանդիսանար, ոչ ալ իրենց հօտին հարկ եղած սուրբ գրային խրատը կը հայթայթեն, որպէսզի անոնք բարոյական բարձր չափանիշներու համաձայն ապրին։ Զարմանալի չէ որ շատեր կը հաւատան, թէ Աստուած իրենց ապրելակերպով չէ հետաքրքրուած։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ Աստուած զգացումներ ունի եւ թէ մեր վարքը զինք մեծապէս կը հետաքրքրէ։ Երբ վաղեմի իսրայէլացիները Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան, զինք «վշտացուցին» (Սաղմոս 78։40, ԱԾ)։ Սակայն, երբ անհատ մը իր սխալ վարքը անկեղծօրէն կը շտկէ, ‘երկնքի մէջ ուրախութիւն կ’ըլլայ’ (Ղուկաս 15։7)։ Երբ անհատ մը մեր երկնաւոր Հօր գեղեցիկ յատկութիւնները կը սկսի գնահատել, Անոր հանդէպ իր սէրը պիտի աճի, զինք մղելով որ Աստուծոյ սիրածը սիրէ եւ ատածը ատէ (Ամովս 5։15)։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ ԱՅԴ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԻՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՈՀԱՑՈՒՄ ԿՈՒ ՏԱՆ

ԱՄՆ–ի Եութահ նահանգին Սոլթ Լէյք Սիթիի մէկ լրագիրը կը նշէ, թէ Եհովայի վկաները «կ’օգնեն մարդոց որ իրենց ընտանեկան փոխյարաբերութիւնները բարելաւեն, ուրիշներուն պիտանի ըլլան եւ պարկեշտ քաղաքացիներ դառնան» (Deseret News)։ Լրագիրը կ’աւելցնէ. «Վկաները վարքի նկատմամբ բարձր չափանիշներ ունին։ Անոնք կը հաւատան թէ ծխելը, չափազանց խմելը, թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւնը, բախտախաղը, խառնագնաց վարքը եւ միասեռականութիւնը կրնան Աստուծոյ հետ անհատին փոխյարաբերութիւնը քանդել»։

Կրօնական առաջնորդներ օգնա՞ծ են իրենց հօտին որ Աստուծոյ բարոյական չափանիշները կիրարկեն

Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին սորվիլը ինչպէ՞ս Վկաներուն կ’օգնէ։ Վերոնշեալ Սիլվիան կ’ըսէ. «Գործիս մէջ խարդախութիւնը սովորութիւն է։ Դիւրին է հոսանքին հետ տարուիլ։ Բայց ատոր նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը հասկնալը ինծի կ’օգնէ որ ճիշդը ընեմ։ Ես ուրախ եմ եւ ներքին խաղաղութիւն կը վայելեմ»։ Սիլվիան համոզուած է որ իր կրօնական հաւատալիքներուն համաձայն ապրիլը իր կեանքը բարելաւած է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել