ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ
«Առաջուընէ աւելի նախանձախնդրութեամբ եւ սէրէ մղուած»
ՈՒՐԲԱԹ օր էր՝ սեպտեմբեր 1922–ին։ Օդը սկսած էր տաքնալ եւ սրահին մէջ 8000 հոգի ներկայ էին։ Ատենապետը յայտարարեց որ այս կարեւոր նիստին ընթացքին, եթէ մէկը ուզէր՝ կրնար դուրս ելլել, բայց չէր կրնար սրահը նորէն մտնել։
«Փառաբանելու ծառայութիւն» բացման բաժինին մէջ երգեր երգուեցան։ Ետքը, Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ ելաւ դասախօսին բեմը։ Ներկաներուն մեծամասնութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ կը դիտէին։ Քանի մը հոգի տաքին չդիմանալով՝ կ’երթային–կու գային։ Դասախօսը անոնց լրջօրէն ըսաւ որ նստին եւ մտիկ ընեն։ Դասախօսութիւնը սկսաւ։ Արդեօք մէկը նկատե՞ց կոկիկ կերպով կապուած եւ վերը կախուած մեծ կտորը։
Եղբայր Ռատըրֆորտը ներկայացուց «Երկինքի թագաւորութիւնը մօտ է» նիւթը։ Շուրջ մէկուկէս ժամ իր ձայնը արձագանգեց սրահին մէջ, մինչ քննարկեց թէ անցեալի մարգարէները ինչպէ՛ս անվախօրէն ծանուցանած էին գալիք Թագաւորութիւնը։ Դասախօսութեան գագաթնակէտին հասնելով, ան ըսաւ. «Կը հաւատա՞ք որ փառաւորեալ Թագաւորը սկսած է իշխել»։ Ներկաները բարձրաձայն «Ա՛յո» ըսին։
Եղբայր Ռատըրֆորտը բարձրաձայն ըսաւ. «Ուրեմն դաշտ վերադարձէք, դուք, ո՛վ Բարձրեալ Աստուծոյ որդիներ. . . Ահաւասի՛կ Թագաւորը կ’իշխէ։ Դուք անոր ներկայացուցիչներն էք։ Հետեւաբար, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ անոր Թագաւորութիւնը»։
Այդ վայրկեանին, վերի կտորը բացուեցաւ, եւ յայտնուեցաւ հետեւեալը. «Ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ Թագաւորութիւնը»։
Ռէյ Պոփ պատմեց. «Ներկաները հրճուեցան»։ Էննա Կարտնըր նկարագրեց թէ ինչպէս «գերանները շարժեցան երբ ծափահարութիւն եղաւ»։ Ֆրէտ Թուէրոշ ըսաւ. «Բոլոր ներկաները մէկէն ոտքի ելան»։ Իսկ Էվանճելոս Սգուֆըս նշեց. «Կարծես թէ ոյժ մը մեզ ոտքի քաշեց, եւ արցունքոտ աչքերով կայնեցանք»։
Համաժողովին ներկայ եղողներէն շատեր արդէն իսկ կը քարոզէին Թագաւորութեան բարի լուրը։ Բայց այժմ անոնք նոր թափով պիտի քարոզէին։ Էթըլ Պենէգոֆ պատմեց թէ Աստուածաշունչի Աշակերտները գործի անցան «առաջուընէ աւելի նախանձախնդրութեամբ եւ սէրէ մղուած»։ Օտեսա Թըք, որ այդ ժամանակ 18 տարեկան էր, համաժողովէն ելաւ միտքը դրած որ Եսայիին պէս պիտի ընդառաջէ «Ո՞վ պիտի երթայ» հրաւէրին, ըսելով. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» (Եսա. 6։8)։ Ան ըսաւ. «Չէի գիտեր ո՛ւր, ինչպէ՛ս, կամ՝ ի՛նչ։ Միայն գիտէի թէ կ’ուզեմ Եսայիին պէս ըլլալ»։ Ռալֆ Լեֆլըր ըսաւ. «Այդ հռչակաւոր օրը իսկական սկիզբն էր Թագաւորութիւնը ծանուցանելու արշաւին, որ այժմ ամբողջ աշխարհը ծածկած է»։
Զարմանալի չէ որ 1922–ի Սիտըր Փոյնթի այս համաժողովը պատմութեան մէջ կը նշուի որպէս ծայր աստիճան կարեւոր աստուածպետական դէպք մը։ Ճորճ Կանկըս ըսաւ. «Այդ համաժողովը մէջս արթնցուց այն փափաքը, որ բնա՛ւ չփախցնեմ համաժողով մը»։ Ըստ իր յիշողութեան, ան իր կեանքին ընթացքին բոլոր համաժողովներուն ներկայ եղած է։ Ճուլիա Ուիլգաքս գրեց. «Չեմ կրնար նկարագրել որքա՛ն կը խանդավառուիմ, երբ 1922–ի Սիտըր Փոյնթի համաժողովը նշուի մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ Միշտ մէջէս կու գայ ըսել. ‘Շնորհակալ եմ, Եհովա, թոյլ տալուդ որ հոն ըլլամ’»։
Հաւանաբար, շատերս այսպիսի արժէքաւոր յիշատակներ ունինք որոշ համաժողովի մը նկատմամբ, քանի որ ատիկա շատ ազդած է մեզի եւ ձգած է որ մեծ նախանձախնդրութիւն եւ սէր զգանք մեր հզօր Աստուծոյն եւ իր Թագաւորին հանդէպ։ Մինչ այսպիսի յիշատակներու մասին կը մտածենք, մենք ալ կը մղուինք ըսելու. «Շնորհակալ եմ, Եհովա, թոյլ տալուդ որ հոն ըլլամ»։