Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2015–ի փետրուար 23–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Վաղեմի Իսրայէլի մէջ ապաստանի քաղաքները ինչպէ՞ս կը տարբերէին այն հեթանոսական սրբարաններէն, որոնք փախստական ոճրագործներու համար որպէս ապաստանարաններ կը ծառայէին (Յես. 20։2, 3)։ [Յնր. 5, դ10 12/1 էջ 13 պարբ. 4-6]
2. Յեսու ինչո՞ւ կրցաւ ամենայն վստահութեամբ ըսել Յեսու 23։14–ի խօսքերը, եւ ինչո՞ւ կրնանք Եհովայի խոստումներուն լիովին վստահիլ։ [Յնր. 12, դ07 11/1 էջ 22 պարբ. 19]
3. Ինչո՞ւ որոշուեցաւ որ Յուդան առաջին տոհմը ըլլայ, որ իրեն նշանակուած հողամասին կը տիրանայ (Դատ. 1։2, 4)։ [Յնր. 19, դ05 3/1 էջ 14 պարբ. 5]
4. Բարակ ինչո՞ւ պնդեց որ Դեբօրա մարգարէուհին իրեն հետ պատերազմի դաշտը երթայ (Դատ. 4։8)։ [Յնր. 19, դ05 3/1 էջ 15 պարբ. 4]
5. Գեդէօնի շինած զոհասեղանին անունը ի՞նչ ցոյց կու տայ, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ (Դատ. 6։23, 24)։ [Յնր. 26, դ14 2/15 էջ 22 պարբ. 9]
6. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ կռուազան Եփրեմեաններու հանդէպ Գեդէօնի հակազդեցութենէն (Դատ. 8։1-3)։ [Փետր. 2, w05 7/15 էջ 16 պարբ. 4]
7. Երբ ուխտ ըրաւ, Յեփթայէ մարդկային զո՞հ մը ի մտի ունէր (Դատ. 11։30, 31)։ [Փետր. 9, դ05 3/1 էջ 16 պարբ. 1]
8. Ըստ Դատաւորաց 11։35-37–ին, ի՞նչ բան Յեփթայէի աղջիկը կարող դարձուց իր հօր ուխտը կատարելու։ [Փետր. 9, դ11 12/1 էջ 24-25 պարբ. 15-16]
9. Երբ Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար, եւ «ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր», ասիկա անիշխանութիւն յառաջ բերա՞ւ (Դատ. 17։6)։ [Փետր. 16, դ05 3/1 էջ 17 պարբ. 7]
10. Աղօթքի մէջ յարատեւելու մասին ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ իսրայէլացիներու արձանագրութենէն, որոնք երկու անգամ Բենիամինի կամակոր ցեղէն պարտութիւն կրեցին (Դատ. 20։14-25)։ [Փետր. 23, w11 9/15 էջ 32 պարբ. 1-4]