Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2015–ի ապրիլ 27–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Հաւատարիմ սէրը ինչպիսի՞ սէր է, եւ կեանքի ո՞ր երեսակներուն մէջ անոր կարիքը կայ (Հռութ 1։16, 17)։ [Մարտ 2, Ընդօրինակենք գլուխ 4 էջ 38 պարբ. 19]
2. Հռութ ինչպէ՞ս ձեռք բերաւ «առաքինի կին» համբաւը (Հռութ 3։11)։ [Մարտ 2, Ընդօրինակենք գլուխ 5 էջ 48 պարբ. 21]
3. Երբ խնդիրներ դիմագրաւենք, ինչպէ՞ս կրնանք Աննայի օրինակէն օգտուիլ (Ա. Թագ. 1։16-18) [Մարտ 9, Ընդօրինակենք գլուխ 6 էջ 56 պարբ. 16]
4. Երբ Սամուէլ մանուկը ‘Տէրոջը առջեւ կը մեծնար’, ի՞նչ բան զինք պաշտպանեց Հեղիի որդիներուն գէշ օրինակէն (Ա. Թագ. 2։21)։ [Մարտ 9, Ընդօրինակենք գլուխ 7 էջ 63 պարբ. 16, 17]
5. Երբ «չար մարդիկ» Սաւուղի թագաւորութիւնը մերժեցին, ան չուզեց անխոհեմ արարք մը գործել. իրմէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ (Ա. Թագ. 10։22, 27)։ [Մարտ 23, դ05 4/1 էջ 30 պարբ. 9]
6. Ի՞նչ կարեւոր դաս կը քաղենք Սաւուղի սխալ մտածելակերպէն, թէ զոհ մը կրնար Եհովայի հանդէպ հնազանդութեան տեղը առնել (Ա. Թագ. 15։22, 23)։ [Մարտ 30, դ07 7/1 էջ 12 պարբ. 3-4]
7. Ինչո՞ւ հաւաստիացուցիչ է գիտնալը թէ Եհովան անհատի մը «սրտին կը նայի» (Ա. Թագ. 16։7)։ [Ապ. 6, w10 3/1 էջ 23 պարբ. 7]
8. Ըստ Առակաց 1։4–ին, Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեր ի՞նչը գործածենք, երբ դժուար պարագաներ դիմագրաւենք (Ա. Թագ. 21։12, 13)։ [Ապ. 13, դ05 4/1 էջ 31 պարբ. 7]
9. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Աբիգիան Դաւիթին ու անոր մարդոց պաշար տալով իր ամուսինին գլխաւորութեան դէմ չէր ըմբոստանար (Ա. Թագ. 25։10, 11, 18, 19)։ [Ապ. 20, Ընդօրինակենք գլուխ 9 էջ 80 պարբ. 16]
10. Հակառակ անոր որ Աբիգիան սխալ մը չէր գործած, ան ներողութիւն խնդրեց. իր օրինակէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք (Ա. Թագ. 25։24)։ [Ապ. 20, դ02 11/1 էջ 5 պարբ. 1, 4]