Ապրիլ 27–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԱՊՐԻԼ 27–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 1 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Ուրախ լուրեր գլուխ 11, հարցում 1, 2 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Ա. Թագաւորաց 26-31 (8 վրկ.)
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ (20 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. Իմաստուններու պէս քալեցէք՝ ‘ժամանակը ծախու առնելով’ (Եփ. 5։15, 16)։
7 վրկ. «Հրաւէր մը»։ Հարց–պատասխան։ Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, հակիրճ ցուցադրութիւն մը ունեցիր, ցոյց տալով թէ ինչպէ՛ս կարելի է հրաւիրագիրը ներկայացնել։
10 վրկ. «Համաժողովի յիշեցումներ»։ Քարտուղարին կողմէ քննարկութիւն։ Ուշադրութեան յանձնէ այն Աստուածաշունչի սկզբունքները որոնք շեշտուած են եւ թէ ինչպէ՛ս կարելի է զանոնք կիրարկել 2015–ի մարզային համաժողովին ընթացքին։ Նաեւ քննարկէ բոլոր ժողովքներուն ուղղուած 3 օգոստոս 2013 թուակիր նամակը, որ կը խօսի հոգեւոր յայտագիրներու ընթացքին ապահովութեան կանխազգուշութիւններուն մասին։
13 վրկ. «Աստուծոյ խօսքին զօրութիւնը ծառայութեանդ մէջ յայտնի դարձուր»։ Քննարկութիւն։ Հակիրճ կերպով ցուցադրէ երկու մասէ բաղկացած ներկայացում մը։ Նախ, հրատարակիչ մը տանտիրոջ կը ներկայացնէ Ուրախ լուրեր գրքոյկը՝ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17–էն մասեր նշելով, առանց Աստուածաշունչը բանալու։ Ապա, հրատարակիչը դարձեալ ներկայացումը կը ցուցադրէ, բայց այս անգամ համարը ուղղակիօրէն Աստուածաշունչէն կը կարդայ։ Ներկաներէն խնդրէ որ ըսեն թէ ինչո՛ւ երկրորդ ներկայացումը աւելի ազդու է։
Երգ 124 եւ աղօթք