Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2015–ի օգոստոս 31–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Սողոմոնին աղօթքին մէջ Եհովա Աստուծոյ մասին հաւատք կերտող ի՞նչ ճշմարտութիւններ կը գտնենք, եւ անոնց վրայ խոկալը մեզի ինչպէ՞ս պիտի օգտէ (Գ. Թագ. 8։22-24, 28)։ [Յլս. 6, դ05 7/1 էջ 9 պարբ. 6]
2. «Կատարեալ սրտով» քալելու Դաւիթին օրինակը մեզ ինչպէ՞ս կը քաջալերէ որ նոյնը ընենք (Գ. Թագ. 9։4)։ [Յլս. 13, դ12 11/1 էջ 14 պարբ. 18, 19]
3. Եհովան Եղիան ղրկեց Սարեփթայի մէջ գտնուող այրի կնոջ տունը. այս դէպքէն ի՞նչ կարեւոր դաս կը սորվինք (Գ. Թագ. 17։8-14)։ [Յլս. 27, դ14 2/15 էջ 14]
4. Եհովային լիովին վստահելու նկատմամբ, մեր վճռականութիւնը ինչպէ՞ս կ’աւելնայ երբ Գ. Թագաւորաց 17։10-16–ի արձանագրութեան վրայ կը խոկանք։ [Յլս. 27, դ14 2/15 էջ 13-15]
5. Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ վհատութեան դէմ պայքարելու նկատմամբ Եղիային օրինակէն (Գ. Թագ. 19։4)։ [Օգոս. 3, Ընդօրինակենք էջ 102-103 պարբ. 10-12. դ14 3/15 էջ 15 պարբ. 15, 16]
6. Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց երբ տեսաւ թէ իր հաւատարիմ մարգարէն՝ Եղիան վհատած է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր սիրալիր Աստուածը ընդօրինակել (Գ. Թագ. 19։7, 8)։ [Օգոս. 3, դ14 6/15 էջ 27 պարբ. 15, 16]
7. Աքաաբ թագաւոր ի՞նչ սխալ տեսակէտ ունէր, եւ ներկայիս քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան նոյնանման սխալ տեսակէտ ունենալէ խուսափիլ (Գ. Թագ. 21։20)։ [Օգոս. 10, Աստուծոյ սէրը էջ 164, 165–ի շրջանակը. դ14 2/1 էջ 14 պարբ. 3, 4]
8. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եղիսէի խնդրանքէն եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, երբ ծառայութեան մէջ նոր նշանակում կը ստանանք (Դ. Թագ. 2։9, 10)։ [Օգոս. 17, w03 11/1 էջ 31 պարբ. 5, 6]
9. Պատանիները ինչպէ՞ս կրնան ընդօրինակել Դ. Թագաւորաց 5։1-3–ի մէջ նշուած իսրայէլացի աղջնակին հաւատքն ու համարձակութիւնը։ [Օգոս. 24, դ12 2/1 էջ 20 պարբ. 11]
10. Եհովային բոլոր ծառաները Յէուին ո՞ր յատկութիւնները պէտք է ջանան ընդօրինակել վերջին ժամանակին ընթացքին (Դ. Թագ. 10։16)։ [Օգոս. 31, w11 11/15 էջ 5 պարբ. 4]