Սեպտեմբեր 7–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 7–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 3 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Աստուածաշունչին պատգամը մաս 18 եւ 19 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Դ. Թագաւորաց 12-15 (8 վրկ.)
Թիւ 1. Դ. Թագաւորաց 13։12-19 (3 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Հարազատ քրիստոնեաները բարի գործերով կը լեցուին [Այծեմնիկ] (դ11 1/1 էջ 22 պարբ. 13) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ի՞նչ կը բովանդակեն (Աստուծոյ Խօսքը էջ 31) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. «Ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք» (Յես. 24։15)։
10 վրկ. Ինչպէ՞ս ծառայեցինք։ Քննարկութիւն։ Հրատարակիչներէն խնդրէ որ ըսեն թէ ինչպէ՛ս օգտուեցան, երբ կարգ մը կէտեր կիրարկեցին «Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Նորեկները մարզել» յօդուածէն։ Ներկաներէն խնդրէ որ լաւ փորձառութիւններ պատմեն։
10 վրկ. Ընտանիքնե՛ր, ժողովներու ներկայ գտնուիլը սովորութիւն դարձուցա՞ծ էք։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Եբրայեցիս 10։24, 25–ի վրայ։ Հարցազրոյց ունեցիր զաւակներ ունեցող ընտանիքի հետ։ Ընտանիքի գլուխը ինչպէ՞ս վստահ կ’ըլլայ որ ժողովներուն նախապատուութիւն կը տրուի։ Իւրաքանչիւր անհատ ինչպէ՞ս կը նպաստէ ընտանիքի կանոնաւոր ներկայութեան։ Անոնք ե՞րբ մեկնաբանութիւններ կը պատրաստեն։ Ի՞նչ զոհողութիւններ կ’ընեն որ ժողովներուն ներկայ գտնուին։ Եզրափակէ ներկաները քաջալերելով որ ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուին եւ անոնց մասնակցին։
10 վրկ. Կրնա՞ս Աստուածաշունչի ճշմարտութեան սերմեր ցանել ազգականներուդ մէջ (Գործք 10։24, 33, 48)։ Քննարկութիւն, հիմնուած՝ 2015–ի Տարեգիրք–ին վրայ, էջ 87, պարբերութիւն 1-2, եւ էջ 90, պարբերութիւն 1-3 (անգլերէն)։ Ներկաներէն խնդրէ որ քաղուած դասերուն մասին մեկնաբանեն։
Երգ 118 եւ աղօթք