Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2015–ի դեկտեմբեր 28–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Դաւիթ իր գերիներուն հետ վայրագօրէն վարուեցա՞ւ, ինչպէս ոմանք կ’եզրակացնեն Ա. Մնացորդաց 20։3–էն։ [Նոյ. 2, w05 2/15 էջ 27]
2. Ի՞նչ բան Դաւիթը մղեց որ առատաձեռն հոգի ունենայ, եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ նոյնը ընենք (Ա. Մն. 22։5)։ [Նոյ. 9, դ05 10/1 էջ 11 պարբ. 8]
3. Դաւիթ ի՞նչ ըսել կ’ուզէր երբ Սողոմոնին ըսաւ. «Քու հօրդ Աստուածը ճանչցի՛ր» (Ա. Մն. 28։9)։ [Նոյ. 16, w10 11/1 էջ 30 պարբ. 3, 7]
4. Բ. Մնացորդաց 1։10–ին մէջ նշուած Սողոմոնի խնդրանքը ի՞նչ կը յայտնէ իր մասին, եւ Եհովային ուղղուած մեր անձնական աղօթքները վերլուծելով ի՞նչ կրնանք գիտնալ (Բ. Մն. 1։11, 12)։ [Նոյ. 23, դ05 12/1 էջ 7 պարբ. 4]
5. Ըստ Բ. Մնացորդաց 6։29, 30–ին, Եհովան ի՞նչ իւրայատուկ կարողութիւն ունի, եւ ինչո՞ւ պէտք է մեր սիրտը իրեն բանանք աղօթքի միջոցաւ (Սաղ. 55։22)։ [Նոյ. 30, դ11 1/1 էջ 10 պարբ. 7]
6. Ասա ի՞նչ հիման վրայ աղօթեց որ հսկայ զօրքի մը դէմ յաղթէ, եւ մեր հոգեւոր պատերազմին նկատմամբ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ (Բ. Մն. 14։11)։ [Դեկտ. 7, w12 8/15 էջ 8 պարբ. 6–էջ 9 պարբ. 1]
7. Յովսափատ թագաւորին սխալներուն նկատմամբ Եհովայի հակազդելու կերպը ի՞նչ հաւաստիք կու տայ՝ մեզի հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն մասին, եւ ասիկա ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ ուրիշներուն նկատմամբ մեր տեսակէտին (Բ. Մն. 19։3)։ [Դեկտ. 14, դ03 7/1 էջ 26 պարբ. 13. cl էջ 245 պարբ. 12]
8. Մեր օրերուն ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պէտք է դիրք առնենք եւ հաստատ ‘կենանք’ (Բ. Մն. 20։17)։ [Դեկտ. 21, դ05 12/1 էջ 8 պարբ. 10. դ03 6/1 էջ 30-31 պարբ. 15-16]
9. Յովրամին մեռնելուն նկատմամբ ի՞նչ լուրջ յիշեցում կը գտնենք Բ. Մնացորդաց 21։20–ին մէջ։ [Դեկտ. 21, w98 11/15 էջ 32 պարբ. 4]
10. Ըստ Բ. Մնացորդաց 26։5–ին, ո՞վ լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ Ոզիային վրայ, երբ ան պատանի էր, եւ ներկայիս պատանիներ ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ ժողովքի հասուն քրիստոնեաներէն։ [Դեկտ. 28, w07 12/15 էջ 10 պարբ. 2, 4]