ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ
ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ
(Մատթ. 17։1-13. Ղուկ. 9։28-36)
9 8։39 Եւ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը զօրութիւնով եկած»։ 2 9։1 Վեց օր յետոյ Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձինն եւ անոնց առջեւ այլակերպեցաւ։ 3 9։2 Իր հանդերձները եղան փայլուն, խիստ ճերմակ, այնպէս որ երկրի վրայ թափիչ մը չէր կրնար այդպէս ճերմկցնել։ 4 9։3 Ու Եղիան Մովսէսին հետ երեւցաւ անոնց եւ Յիսուսին հետ խօսեցան։
5 9։4 Ապա Պետրոս ըսաւ Յիսուսին. «Ռա՛բբի, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային»։ 6 9։5 Վասն զի չէր գիտեր թէ ի՛նչ խօսի, քանզի զարհուրեր էին։ 7 9։6 Ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ ու ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։ 8 9։7 Երբ յանկարծ ասդին անդին նայեցան, ուրիշ մէկը չտեսան, հապա միայն Յիսուսը՝ իրենց հետ։ 9 9։8 Երբ լեռնէն վար կ’իջնէին, պատուիրեց անոնց որ տեսածնին մարդու չպատմեն, բայց միայն Որդին մարդոյ մեռելներէն յարութիւն առնելէն յետոյ։ 10 9։9 Անոնք այն խօսքը պահեցին ու իրենց մէջ հարցուփորձ կ’ընէին թէ ‘Մեռելներէն յարութիւն առնել ի՞նչ ըսել է’։ 11 9։10 Իրեն հարցուցին ու ըսին. «Այն ի՞նչ է որ դպիրները կ’ըսեն թէ ‘Պէտք է որ առաջ Եղիան գայ’»։ 12 9։11 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Յիրաւի առաջ Եղիան պիտի գայ եւ ամէն բան կարգի դնէ, ի՛նչպէս գրուած է Որդին մարդոյ համար, որ շատ չարչարանքներ պիտի կրէ ու անարգուի. 13 9։12 Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Եղիան եկաւ ալ եւ ինչ որ ուզեցին՝ ըրին անոր, ինչպէս գրուած էր անոր համար»։
ՅԻՍՈՒՍ ՉԱՐ ՈԳԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՂԱՅ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մատթ. 17։14-21. Ղուկ. 9։37-44ա)
14 9։13 Աշակերտներուն քովը գալով՝ տեսաւ շատ ժողովուրդ անոնց բոլորտիքը եւ դպիրներ, որ վիճաբանութիւն կ’ընէին անոնց հետ։ 15 9։14 Բոլոր ժողովուրդը, երբ տեսան զանիկա, խիստ զարմացան ու առաջ վազելով բարեւ կու տային անոր։ 16 9։15 Յիսուս հարցուց դպիրներուն. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք անոնց հետ»։ 17 9։16 Ժողովուրդէն մէկը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Վա՛րդապետ, իմ որդիս քեզի բերի, որ համր ոգի ունի։ 18 9։17 Ուր որ անոր հասնի, զանիկա գետինը կը զարնէ, ան ալ կը փրփրի եւ իր ակռաները կը կրճտէ ու կը ցամքի։ Քու աշակերտներուդ բերի որ զանիկա հանեն ու չկրցան»։ 19 9։18 Պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ով անհաւատ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ. ինծի բերէք զանիկա»։ 20 9։19 Զանիկա բերին իրեն. երբ տղան տեսաւ Յիսուսը, շուտ մը չար ոգին ցնցեց զանիկա որը գետին ինկաւ, թաւալեցաւ ու փրփրեցաւ։ 21 9։20 Յիսուս հարցուց անոր հօրը ու ըսաւ. «Ո՞րչափ ատեն է որ այդ բանը ատոր եղաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Տղայութենէն ի վեր։ 22 9։21 Շատ անգամ կրակի ու ջուրի մէջ կը նետէ ատիկա՝ որպէս զի կորսնցնէ. բայց եթէ կարողութիւն մը ունիս՝ օգնէ մեզի, խղճալով մեր վրայ»։ 23 9։22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ կրնաս հաւատալ։ Ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատայ»։ 24 9։23 Տղուն հայրը աղաղակեց ու արցունքով ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ իմ անհաւատութեանս»։ 25 9։24 Յիսուս, երբ տեսաւ որ ժողովուրդը վրան կը դիզուի, սաստեց պիղծ ոգիին ու ըսաւ անոր. «Համր ու խուլ ոգի, կը հրամայեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ, ու մէյ մըն ալ չմտնես ատոր ներսը»։ 26 9։25 Ոգին կանչվռտելով՝ սաստիկ ցնցեց զանիկա ու ելաւ. եւ տղան մեռելի պէս եղաւ, այնպէս որ շատեր ըսին թէ «Մեռաւ»։ 27 9։26 Իսկ Յիսուս անոր ձեռքէն բռնելով վերցուց զանիկա։ Ան ալ կայնեցաւ։ 28 9։27 Ու երբ ինք տուն մտաւ, իր աշակերտները առանձինն հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել զանիկա»։ 29 9։28 Ըսաւ անոնց. «Այդ տեսակը կարելի չէ ուրիշ բանով մը հանել, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ»։
ՅԻՍՈՒՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մատթ. 17։22, 23. Ղուկ. 9։43բ-45)
30 9։29 Անկէ ելլելով Գալիլիայի մէջէն կ’անցնէին ու չէր ուզեր որ մէկը գիտնայ։ 31 9։30 Վասն զի կը սորվեցնէր իր աշակերտներուն ու կ’ըսէր անոնց թէ՝ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը, զանիկա պիտի սպաննեն ու երբ սպաննուի՝ երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ։ 32 9։31 Անոնք չէին հասկնար այն խօսքին իմաստը ու կը վախնային իրեն հարցնելու։
Ո՞Վ Է ՄԵԾԸ
33 9։32 Եկաւ Կափառնայում ու երբ տուն մտաւ՝ հարցուց անոնց. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք ճամբան իրարու հետ»։ 34 9։33 Անոնք լուռ կեցան, վասն զի ճամբուն մէջ իրարու հետ վիճաբանութիւն կ’ընէին թէ՝ ո՞վ մեծ է։ 35 9։34 Երբ նստաւ, կանչեց տասներկուքը ու ըսաւ անոնց. «Եթէ մէկը կ’ուզէ առաջին ըլլալ, ամենէն յետինը պէտք է ըլլայ եւ ամենուն սպասաւորը»։ 36 9։35 Ու տղայ մը առաւ կայնեցուց անոնց մէջ. ապա իր գիրկը առնելով զանիկա՝ ըսաւ անոնց. 37 9։36 «Ով որ այսպիսի տղոցմէ մէկը ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի եւ ով որ զիս ընդունի, ոչ թէ զիս կ’ընդունի, հապա զիս ղրկողը»։
ՈՎ ՈՐ ՄԵԶԻ ԴԷՄ ՉԷ՝ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է
38 9։37 Յովհաննէս Յիսուսին ըսաւ. «Վա՛րդապետ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր, բայց մեր ետեւէն չի պտըտիր։ Զանիկա արգիլեցինք՝ մեր ետեւէն չպտըտելուն համար։ 39 9։38 Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ արգիլէք զանիկա, վասն զի մէկը չկայ, որ իմ անունովս հրաշք գործէ ու կարենայ ինծի հայհոյել։ 40 9։39 Քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր* կողմէն է։ 41 9։40 Վասն զի ան որ ձեզի գաւաթ մը ջուր խմցնէ իմ անունովս* թէ դուք Քրիստոսինն էք, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Անիկա իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ’»։
ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
42 9։41 «Եւ ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որ ինծի կը հաւատայ, աւելի աղէկ էր որ ջաղացքի քար մը անոր վզէն կախուէր ու ծովը ձգուէր»։
43 9։42 «Եթէ քու ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա. աղէկ է քեզի պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք ունենալ ու գեհեանը երթալ չմարելու կրակին մէջ, 44 9։43 Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։ 45 9։44 Եթէ քու ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա. աղէկ է քեզի կաղ մտնել կեանքը, քան թէ երկու ոտք ունենալ ու գեհեանը ձգուիլ չմարելու կրակին մէջ, 46 9։45 Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։ 47 9։46 Եթէ քու աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա. աղէկ է քեզի մէկ աչքով Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ, 48 9։47 Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։ 49 9։48 Վասն զի ամէն մարդ կրակով պիտի աղուի եւ ամէն զոհ աղով պիտի աղուի։ 50 9։49 Աղը աղէկ է, բայց եթէ աղը անհամանայ, ինչո՞վ պիտի համովցնէք. ձեր անձին մէջ աղ ունեցէք եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք»։