ԴԱՍ 25
Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը մեզի համար
Սուրբ Գիրքը կ’ընդունի, թէ մարդուն կեանքը կարճ է եւ ցաւով ու նեղութիւնով լեցուն է (Յոբ 14։1)։ Ասիկա՞ է Աստուծոյ ուզածը մեզի համար։ Եթէ ո՛չ, ի՞նչ է իր նպատակը մեզի համար։ Իսկ օրին մէկը ատիկա պիտի իրականանա՞յ։ Տե՛ս թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ մխիթարական պատասխաններ կու տայ։
1. Եհովան ինչպիսի՞ կեանք կ’ուզէ որ ունենանք
Եհովան կ’ուզէ որ լաւագոյն կեանքը ունենանք։ Երբ ստեղծեց առաջին մարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան, զանոնք դրաւ գեղեցիկ դրախտի մը մէջ՝ Եդեմի պարտէզը։ Ետքը, «Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. ‘Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք’» (Ծննդոց 1։28)։ Եհովան ուզեց որ անոնք զաւակներ ունենան, ամբողջ երկիրը դրախտի վերածեն եւ անասուններուն հոգ տանին։ Անոր նպատակն էր, որ բոլոր մարդիկը կատարեալ առողջութիւն ունենան եւ յաւիտեան ապրին։
Ճիշդ է որ Աստուծոյ ուզածը չեղաւa, բայց իր նպատակը չէ փոխուած (Եսայի 46։10, 11)։ Ան տակաւին կ’ուզէ որ հնազանդ մարդիկը յաւիտեան ապրին լաւագոյն պայմաններու մէջ (կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3, 4)։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք հիմա իմաստալից կեանք ունենալ
Եհովան մեզ ստեղծած է հոգեւոր պէտքով, այսինքն՝ զինք ճանչնալու եւ պաշտելու փափաքով (կարդա՛ Մատթէոս 5։3-6)։ Ան կ’ուզէ որ իրեն հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենանք, ‘իր ճամբաներուն մէջ քալենք, զինք սիրենք’ եւ ‘մեր բոլոր սրտով’ իրեն ծառայենք (Բ. Օրինաց 10։12. Սաղմոս 25։14)։ Եթէ այդպէս ընենք, կրնանք իրապէս ուրախ ըլլալ, թէեւ խնդիրներ ունինք։ Եհովան պաշտելը մեր կեանքին իմաստ ու նպատակ կու տայ։
ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
Տե՛ս թէ Եհովան ի՜նչ մեծ սէր ցոյց տուաւ, երբ երկիրը կը պատրաստէր մեզի համար, եւ թէ իր Խօսքը ի՛նչ կը սորվեցնէ կեանքի նպատակին մասին։
3. Եհովան մարդոց համար հիանալի նպատակ մը ունի
Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
Աստուած ինչո՞ւ մեր գեղեցիկ մոլորակը ստեղծեց։
Կարդացէ՛ք Ժողովող 3։11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Այս համարէն ի՞նչ կը սորվիս այն նպատակին մասին, որ Եհովան մեզի համար ունի։
4. Եհովային նպատակը չէ փոխուած
Կարդացէ՛ք Սաղմոս 37։11, 29 եւ Եսայի 55։11 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Ինչպէ՞ս գիտենք որ Եհովան տակաւին մեզի համար նոյն նպատակը ունի։
Տուն մը, որուն հոգ չեն տարած, կրնայ ետ շինուիլ։ Նոյնպէս, Աստուած անտեսուած երկիրը պիտի նորոգէ անոնց համար, որոնք զինք կը սիրեն
5. Եհովան պաշտելը մեր կեանքը իրապէս իմաստալից կ’ընէ
Երբ գիտենք թէ կեանքին նպատակը ի՛նչ է, ուրախ կը զգանք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
Թերումին ինչպէ՞ս օգտուեցաւ, երբ գիտցաւ թէ ի՛նչ է կեանքին նպատակը։
Կարդացէ՛ք Ժողովող 12։13 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Որովհետեւ Եհովան մեզի համար այսքան շատ բան ըրած է, ի՞նչ պէտք է ընենք։
ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Կեանքին նպատակը ի՞նչ է»։
Ի՞նչ կը պատասխանես։
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Եհովան կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք երկրի վրայ յաւիտեան՝ կատարեալ պայմաններու մէջ։ Երբ զինք կը պաշտենք մեր ամբողջ սրտով, մեր կեանքը իրապէս իմաստալից կ’ըլլայ, նոյնիսկ հի՛մա։
Վերաքաղ
Ադամի ու Եւայի համար Եհովայի բուն նպատակը ի՞նչ էր։
Ինչպէ՞ս գիտենք, որ մարդոց համար Աստուծոյ նպատակը չէ փոխուած։
Ինչպէ՞ս կրնաս կեանքիդ մէջ իսկական նպատակ գտնել։
ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
Տե՛ս թէ ի՛նչ փաստեր կան, որ Եդեմի պարտէզը իրապէս գոյութիւն ունեցած է։
«Եդեմի պարտէզը. առասպե՞լ թէ իրողութիւն» (Դիտարան 1 փետրուար 2011)
Նկատի առ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ երկիրը յաւիտեան պիտի մնայ։
Կարդա՛ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ կեանքի մէջ նպատակ գտնելու մասին։
Տե՛ս թէ մարդ մը, որ կը կարծէր թէ ամէն բան ունի, ինչպէ՛ս գտաւ այն ինչ որ իր կեանքին մէջ կը պակսէր։
a Յաջորդ դասին մէջ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ պատահեցաւ։