Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մսա դաս 1
  • Անձով հետաքրքրուէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անձով հետաքրքրուէ
  • Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուսին օրինակը
  • Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք
  • Յիսուսին նմանէ
  • Բնական եղիր
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Խօսակցութիւն սկսիլ, վկայութեան դուռ բանալու համար
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Ի՛նչպէս Բարելաւել Զրուցելու Կարողութիւնը
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. խօսակցութիւն մը սկսիլ՝ անպաշտօն կերպով վկայելու համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
Տես աւելին
Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
մսա դաս 1

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Ջրհորի մը քով, Յիսուս կը խօսի կնոջ մը հետ։

Յովհ. 4։6-9

ԴԱՍ 1

Անձով հետաքրքրուէ

Սկզբունք. «Սէրը. . . իրենը չի փնտռեր» (Ա. Կոր. 13։4, 5)։

Յիսուսին օրինակը

Ջրհորի մը քով, Յիսուս կը խօսի կնոջ մը հետ։

ՎԻՏԷՕ. Յիսուս եւ ջրհորին քովի կինը

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Յովհաննէս 4։6-9։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1. ա) Յիսուս կնոջ մասին ի՞նչ նկատեց՝ առաջ որ հետը խօսելու սկսի։

  2. բ) Յիսուս ըսաւ. «Ինծի ջուր տուր խմելու»։ Ասիկա ինչո՞ւ խօսակցութիւն սկսելու յաջող կերպ էր։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Լաւ խօսակցութիւն մը ունենալու աւելի առիթ կ’ունենանք, եթէ սկսինք նիւթով մը՝ որ դիմացինը կը հետաքրքրէ։

Յիսուսին նմանէ

3. Յարմարող եղիր։ Մի՛ մտածեր որ անպայման պէտք է խօսակցութիւնը սկսիս այն նիւթով, որ դուն արդէն միտքդ դրած էիր։ Սկսէ նիւթով մը, որ մարդիկը կը հետաքրքրէ։ Դուն քեզի հարցուր.

  1. ա) ‘Լուրերը ինչի՞ մասին կը խօսին’։

  2. բ) ‘Դրացիներս, գործակիցներս եւ դասընկերներս ինչի՞ մասին կը խօսին’։

4. Դիմացինը եւ իր շուրջը լաւ դիտէ։ Դուն քեզի հարցուր.

  1. ա) ‘Դիմացինդ հիմա ի՞նչ կ’ընէ։ Ի՞նչ բաներու մասին կրնայ ըլլալ որ կը մտածէ’։

  2. բ) ‘Իր հագուելակերպը, տեսքը կամ տունը ինծի ի՞նչ գաղափար կու տայ իր մշակոյթին կամ հաւատալիքներուն մասին’։

  3. գ) ‘Հիմա հետը խօսելու յարմար ժամանա՞կն է’։

5. Մտիկ ըրէ։

  1. ա) Շատ մի՛ խօսիր։

  2. բ) Դիմացինին առիթ տուր որ արտայայտուի։ Երբ որ յարմար ըլլայ, հարցումներ հարցուր։

ՏԵ՛Ս ՆԱԵՒ

Մատ. 7։12. Ա. Կոր. 9։20-23. Փլպ. 2։4. Յակ. 1։19

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել