Մայիս
Հինգշաբթի, մայիս 1
Մեծ սով մը պիտի ըլլայ (Գործք 11։28)։
Երբ մեծ սով մը եղաւ «բոլոր աշխարհ»ի մէջ, առաջին դարու քրիստոնեաները անկէ ազդուեցան։ Անշուշտ ընտանիքի գլուխները մտահոգուեցան որ իրենց ընտանիքին պէտքերը ինչպէ՞ս պիտի հոգային։ Իսկ այն երիտասարդները, որոնք կը ծրագրէին իրենց ծառայութիւնը աւելցնել, ի՞նչ ըրին։ Թերեւս զգացին որ պէտք է իրենց այդ ծրագիրը յետաձգել։ Ամէն պարագայի, քրիստոնեաները իրենց նոր պայմաններուն յարմարեցան։ Անոնք շարունակեցին քարոզել որեւէ կերպով որ կրնային եւ ուրախութեամբ իրենց ունեցածով օգնեցին Հրէաստանի մէջ եղող իրենց հաւատակիցներուն (Գործք 11։29, 30)։ Անոնք որոնք օգնութիւն ստացան, անձամբ տեսան որ Եհովան իրենց հետ էր (Մատ. 6։31-33)։ Վստահաբար, անոնք աւելի մօտ զգացին իրենց հաւատակիցներուն, որոնք իրենց օգնեցին։ Իսկ անոնք՝ որոնք նուիրատուութիւններ ըրին կամ ուրիշ ձեւերով օգնեցին, տալու ուրախութիւնը վայելեցին (Գործք 20։35)։ դ23.04 16 ¶12-13
Ուրբաթ, մայիս 2
Կը գիտնանք թէ պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ (Ա. Յովհ. 5։15)։
Երբեմն, Եհովան իր ծառաներուն աղօթքներուն կը պատասխանէ իրեն չծառայող անհատներուն միջոցաւ։ Օրինակ, ան Արտաշէս թագաւորը մղեց, որ Նէեմիային արտօնութիւն տայ Երուսաղէմ դառնալու, որ կարենայ քաղաքը նորէն շինել (Նէ. 2։3-6)։ Այսօր ալ, Եհովան թերեւս մեր օգնութեան հասնի իրեն չծառայող անհատներու միջոցաւ։ Եհովան միշտ հիանալի կերպերով չի պատասխաներ մեր աղօթքներուն։ Բայց իր տուած պատասխանները բաւարար են, որ շարունակենք իրեն հաւատարիմ մնալ։ Անոր համար, ջանք ըրէ որ Եհովային պատասխանները տեսնես։ Ատեն–ատեն կեցիր եւ մտածէ թէ Եհովան ի՛նչ կերպերով քու աղօթքներուդ կը պատասխանէ (Սաղ. 66։19, 20)։ Մենք պէտք է ցոյց տանք որ հաւատք ունինք, ոչ միայն Եհովային աղօթելով, հապա նաեւ իր պատասխանը ընդունելով՝ ինչ կերպով ալ ատիկա ըլլայ (Եբ. 11։6)։ դ23.05 11 ¶13. 12 ¶15-16
Շաբաթ, մայիս 3
Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ (Սաղ. 40։8)։
Երբ Եհովային նուիրուեցանք, ուխտ ըրինք որ զինք պաշտենք եւ իր կամքը ընենք։ Եւ այս ուխտը պէտք է պահենք։ Մեր նուիրումին համաձայն ապրիլը ծանրութիւն չէ։ Ի վերջոյ, Եհովան մեզ ստեղծեց որ իր կամքը ընենք (Յայտ. 4։10բ)։ Ան մեր մէջ հոգեւոր պէտքեր դրաւ եւ մեզ իր պատկերովը ստեղծեց։ Անոր համար, մենք կրնանք իրեն մօտենալ եւ ուրախանալ իր կամքը ընելով։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ կամքը ընելով եւ իր Որդիին հետեւելով, կը ‘հանգչինք’ (Մատ. 11։28-30)։ Ուրեմն Եհովային հանդէպ սէրդ զօրացուր խոկալով այն բոլոր բարի բաներուն վրայ, որ ինք քեզի համար ըրած է, եւ այն օրհնութիւններուն վրայ, որ ապագային քեզի կը սպասեն։ Եհովային հանդէպ սէրդ ո՛րքան աւելի զօրանայ, ա՛յնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ իրեն հնազանդիս (Ա. Յովհ. 5։3)։ Յիսուս կրցաւ Եհովային կամքը ընել, քանի որ աղօթքով իրմէ օգնութիւն խնդրեց եւ կեդրոնացաւ իր վարձատրութեան վրայ (Եբ. 5։7. 12։2)։ Յիսուսին պէս աղօթքով Եհովայէն զօրութիւն խնդրէ, եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը մտքիդ մէջ վառ պահէ։ դ23.08 27-28 ¶4-5
Կիրակի, մայիս 4
Անոր անչափ քաղցրութիւնը եւ համբերութիւնը ու երկայնամտութիւնը կ’արհամարհե՞ս։ Չե՞ս գիտեր թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ (Հռով. 2։4)։
Բոլորս կը գնահատենք անոնք որոնք կը համբերեն։ Օրինակ, կը յարգենք անոնք, որոնք բանի մը կը սպասեն առանց յոյսերնին կտրելու։ Կ’արժեւորենք որ ուրիշներ մեզի կը համբերեն երբ սխալներ ընենք։ Եւ շատ շնորհակալ ենք մեզի հետ սերտողին, որ մեզի համբերեց մինչեւ որ Աստուածաշունչէն մեր սորվածը հասկնանք, ընդունինք կամ գործադրենք։ Եւ ամէնէն կարեւորը, շատ շնորհակալ ենք Եհովա Աստուծմէ, որ մեզի կը համբերէ։ Թէեւ կը գնահատենք ուրիշներուն համբերութիւնը, բայց երբեմն կը զգանք որ դժուար է որ մենք համբերող ըլլանք։ Օրինակի համար, համբերելը կրնայ դժուար ըլլալ, եթէ խճողումի բռնուած ենք եւ ժամադրութեան մը ուշացած ենք։ Կամ կրնայ ըլլալ որ երբ ուրիշներ մեզ ջղայնացնեն, մեր համբերութիւնը կորսնցնենք։ Իսկ երբեմն ալ Եհովային խոստացած նոր աշխարհին սպասելը դժուար կը գտնենք։ Բայց այս բոլոր պարագաներուն ալ, պէտք է որ աւելի համբերող ըլլանք։ դ23.08 20 ¶1-2
Երկուշաբթի, մայիս 5
Գեդէօն Իսրայէլի բոլոր մարդիկը, ամէն մէկը, իր վրանը ղրկեց, բայց այն երեք հարիւր մարդը իր քով պահեց (Դատ. 7։8)։
Եհովան Գեդէօնէն խնդրեց որ բանակը 99 առ հարիւրով պակսեցնէ։ Թերեւս Գեդէօն մտածեց. ‘Պէ՞տք է որ ասիկա ընեմ։ Պիտի յաջողի՞ ասիկա’։ Բայց եւ այնպէս, ան հնազանդեցաւ։ Ներկայիս, երէցները Գեդէօնը կ’ընդօրինակեն՝ կազմակերպութենէն եկած փոփոխութիւնները գործադրելով (Եբ. 13։17)։ Գեդէօն Եհովային հնազանդեցաւ, նոյնիսկ երբ կը վախնար եւ իր նշանակումը վտանգաւոր էր (Դատ. 9։17)։ Եհովան զինք վստահեցնելէ ետք, Գեդէօն բոլորովին համոզուած էր որ Աստուած իրեն պիտի օգնէ որ Իր ժողովուրդը պաշտպանէ։ Այն երէցները, որոնք կ’ապրին երկիրներու մէջ ուր մեր գործը արգելքի տակ է, Գեդէօնի օրինակին կը հետեւին։ Անոնք քաջաբար առաջնորդութիւնը կ’առնեն ժողովներուն եւ ծառայութեան մէջ, նոյնիսկ երբ վտանգ կայ որ ձերբակալուին, հարցաքննուին, իրենց գործը կորսնցնեն կամ ծեծուին։ Մեծ նեղութեան ժամանակ, երէցները իրենց ստացած ուղղութիւններուն հետեւելու քաջութիւնը պիտի ունենան, նոյնիսկ եթէ այդ ուղղութիւններուն հետեւիլը վտանգաւոր ըլլայ։ դ23.06 5-6 ¶12-13
Երեքշաբթի, մայիս 6
Զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ (Ա. Թագ. 2։30)։
Եհովան Յովիադա քահանայապետին բարի գործերը Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրել տուաւ, որպէսզի մենք անոնցմէ սորվինք (Հռով. 15։4)։ Եւ երբ Յովիադան մեռաւ, իրեն մեծ պատիւ տրուեցաւ, որ «Դաւիթին քաղաքին մէջ թագաւորներուն հետ թաղ[ուի]. քանզի անիկա Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ըրեր էր» (Բ. Մն. 24։15, 16)։ Յովիադային մասին մեր սորվածը կրնայ մեզի օգնել որ աստուածավախութիւն մշակենք։ Քրիստոնեայ երէցները կրնան Յովիադան ընդօրինակել՝ արթուն մնալով եւ հաւատարմօրէն Աստուծոյ հօտը պաշտպանելով (Գործք 20։28)։ Իսկ տարեցները կրնան Յովիադայէն սորվիլ, որ երբ Եհովայէն վախնան եւ իրեն հաւատարիմ մնան, Ան զիրենք կրնայ գործածել իր կամքը կատարելու համար։ Երիտասարդներն ալ կրնան նկատել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս վարուեցաւ Յովիադային հետ, եւ զինք ընդօրինակել՝ հաւատարիմ տարեցներուն հետ արժանապատուութեամբ եւ յարգանքով վարուելով, մանաւանդ եթէ այդ տարեցները տարիներով հաւատարմօրէն Եհովային ծառայած են (Առ. 16։31)։ Թող որ հաւատարմօրէն այդ «առաջնորդներուն» թիկունք կանգնինք՝ անոնց հնազանդելով (Եբ. 13։17)։ դ23.06 17 ¶14-15
Չորեքշաբթի, մայիս 7
Արդարին շրթունքները շատերուն առաջնորդութիւն կ’ընեն (Առ. 10։21)։
Ժողովներու մէջ, լաւ մտածէ երբ կ’որոշես քանի՛ անգամ պիտի պատասխանես։ Եթէ միշտ մեր ձեռքը բարձրացնենք, վարիչը կրնայ ստիպուած զգալ որ ամէն անգամ առիթը մեզի տայ, հակառակ որ ուրիշներ դեռ առիթը չեն ունեցած պատասխանելու։ Անոր համար, անոնք թերեւս յուսահատին եւ այլեւս ձեռքերնին չբարձրացնեն (Ժող. 3։7)։ Երբ որ քննարկութեան ժամանակ շատեր ձեռքերնին բարձրացնեն, թերեւս քու ուզածիդ չափ քեզի առիթ չտրուի պատասխանելու։ Երբեմն ալ բնա՛ւ չտրուի։ Ասիկա կրնայ քեզ յուսահատեցնել։ Բայց մի՛ կարծեր թէ վարիչը քեզի դէմ բան մը ունի (Ժող. 7։9)։ Եթէ յուսացածիդ չափ առիթ չունենաս պատասխանելու, կրնաս ուրիշներուն ուշի–ուշով մտիկ ընել եւ գովել։ Գովասանքի խօսքերդ կրնան պատասխաններուդ չափ քաջալերել եղբայրներն ու քոյրերը։ դ23.04 23-24 ¶14-16
Հինգշաբթի, մայիս 8
Սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած (Սաղ. 57։7)։
Աստուծոյ Խօսքը սերտէ եւ անոր վրայ խոկա՛։ Ճիշդ ինչպէս որ ծառ մը հաստատ կը մնայ, եթէ անիկա խորունկ արմատներ ունի, մենք ալ կրնանք հաստատ մնալ, եթէ Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունինք։ Ծառ մը ո՛րքան մեծնայ, ա՛յնքան աւելի զօրաւոր արմատներ կը կապէ։ Նոյնպէս, երբ կ’ուսումնասիրենք եւ կը խոկանք, մեր հաւատքը կը զօրացնենք եւ ալ աւելի կը համոզուինք թէ Աստուծոյ տուած ուղղութիւնները մեր օգտին համար են (Կող. 2։6, 7)։ Մտածէ թէ Եհովային ուղղութիւնները, առաջնորդութիւնը եւ պաշտպանութիւնը ինչպէ՞ս օգնեցին իր ծառաներուն։ Օրինակի համար, Եզեկիէլ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ, երբ հրեշտակ մը տեսիլքի մը մէջ տեսնուած տաճարին չափերը կ’առնէր։ Այս տեսիլքը Եզեկիէլը զօրացուց եւ անիկա մեզի գործնական դասեր կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ճշմարիտ պաշտամունքի նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշները յարգել (Եզեկ. 40։1-4. 43։10-12)։ Մենք ալ կրնանք օգտուիլ, եթէ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող խորունկ բաներուն մասին ուսումնասիրենք եւ խոկանք։ Կրնանք հաստատ սիրտ ունենալ, լիովին Եհովային վստահելով (Սաղ. 112։7)։ դ23.07 18 ¶15-16
Ուրբաթ, մայիս 9
Մտածելու կարողութիւնը զարգացուր (Առ. 3։21, ՆԱ)։
Աստուածաշունչը լեցուն է լաւ տղամարդոց օրինակներով։ Անցեալին ապրած այս տղամարդիկը Աստուած կը սիրէին եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգ կը տանէին։ Այսպիսի օրինակներ նաեւ կրնաս գտնել ընտանիքիդ եւ ժողովքիդ մէջ (Եբ. 13։7)։ Նաեւ ունիս Յիսուս Քրիստոսի կատարեալ օրինակը (Ա. Պետ. 2։21)։ Մինչ այս օրինակները ուշադրութեամբ կը սերտես, մտածէ թէ անոնց մէջ ո՛ր յատկութիւնները կը սիրես (Եբ. 12։1, 2)։ Ետքը որոշէ թէ ինչպէ՛ս պիտի նմանիս անոնց։ Մտածելու կարողութիւն ունեցող տղամարդը առաջ որ որոշում առնէ լա՛ւ մը կը մտածէ։ Անոր համար, ջանք թափէ որ այս կարողութիւնը զարգացնես եւ մի՛շտ շարունակէ ատիկա գործածել։ Նախ, Սուրբ Գիրքէն սորվէ, որ Եհովան ինչպէ՛ս կը մտածէ, կը զգայ եւ յետոյ մտածէ որ ինչո՛ւ լաւ է որ իր ըսածը ընես։ Ետքը սորվածներդ գործադրէ, որ առնես այնպիսի որոշումներ, որոնք Եհովային սիրտը կ’ուրախացնեն (Սաղ. 119։9)։ Ատիկա կարեւոր քայլ մըն է, որ քեզի շատ պիտի օգնէ որ հասուն քրիստոնեայ մը դառնաս (Առ. 2։11, 12. Եբ. 5։14)։ դ23.12 24-25 ¶4-5
Շաբաթ, մայիս 10
Պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն (Ա. Պետ. 3։15)։
Ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել թէ ինչպէ՛ս կրնան հեզութեամբ պատասխանել, երբ մարդիկ իրենց հաւատալիքներուն վրայ յարձակին (Յակ. 3։13)։ Կարգ մը ծնողներ ընտանեկան պաշտամունքին մէջ իրենց զաւակներուն հետ փորձ կ’ընեն։ Անոնք նկատի կ’առնեն նիւթեր, որոնց զաւակները դպրոցին մէջ պէտք պիտի ունենան, նաեւ կը խօսին եւ փորձ կ’ընեն թէ ինչպէ՛ս պիտի պատասխանեն։ Ասկէ զատ, անոնց կը սորվեցնեն թէ ինչպէ՛ս հեզութեամբ ու ազնուութեամբ խօսին։ Փորձերը կրնան պատանիներուն օգնել, որ թէ՛ իրենք համոզուին իրենց հաւատալիքներուն նկատմամբ, եւ թէ ուրիշներուն բացատրեն ատոնք։ jw.org կայքին վրայ «Պատանիները կը հարցնեն» յօդուածաշարքին մէջ կան պատանիներու համար աշխատանքի տետրեր։ Այդ տետրերը պատրաստուած են պատանիներուն օգնելու, որ իրենց հաւատալիքներով աւելի համոզուին եւ պատրաստուին իրենց բառերով պատասխանելու։ Որպէս ընտանիք այս յօդուածաշարքը սերտելով, բոլորս կրնանք գիտնալ թէ ինչպէ՛ս մեր հաւատքը պիտի պաշտպանենք՝ հեզութեամբ ու քաղցրութեամբ։ դ23.09 17 ¶10. 18 ¶15-16
Կիրակի, մայիս 11
Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք (Գաղ. 6։9)։
Եղա՞ծ է որ հոգեւոր նպատակակէտ մը դրած ես, բայց չես կրցած ատոր հասնիլ։ Եթէ այո՛, ուրիշներուն հետ ալ ասիկա պատահած է։ Օրինակ, Ֆիլիփ կ’ուզէր աւելի շատ եւ աւելի լաւ կերպով աղօթել, բայց ժամանակ չէր գտներ աղօթելու։ Էրիքան նպատակ դրած էր որ ճիշդ ժամանակին ներկայ ըլլայ ծառայութեան ժողովներուն, բայց դեռ ամէն անգամ կ’ուշանար։ Եթէ ներկայիս նպատակակէտ մը դրած ես, բայց դեռ ատոր չես հասած, մի՛ զգար որ դուն ձախող անձ մըն ես։ Նոյնիսկ շատ պզտիկ նպատակակէտի մը հասնիլը ժամանակ կ’առնէ եւ ջանք կ’ուզէ։ Այն գաղափարը, որ դուն դեռ կ’ուզես նպատակակէտիդ հասնիլ, ցոյց կու տայ որ Եհովային հետ ունեցած փոխյարաբերութիւնդ կ’արժեւորես եւ կ’ուզես իրեն լաւագոյնդ տալ։ Եւ Եհովան քու այս ջանքերդ կը գնահատէ։ Բայց անշուշտ ան քու կարողութենէդ աւելի չ’ակնկալեր քեզմէ (Սաղ. 103։14. Միք. 6։8)։ Ուրեմն, նպատակակէտդ պէտք է տրամաբանական ըլլայ եւ պարագաներուդ յարմարի։ դ23.05 26 ¶1-2
Երկուշաբթի, մայիս 12
Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ (Հռով. 8։31)։
Քաջ մարդիկը թերեւս վախնան, բայց չեն ձգեր որ ատիկա զիրենք ետ պահէ ճիշդը ընելէ։ Դանիէլ շատ քաջ պատանի մըն էր։ Ան կը սերտէր Աստուծոյ մարգարէներուն գրութիւնները, մէջը ըլլալով՝ Երեմիայի մարգարէութիւնները։ Իր սերտողութիւնը ետքը իրեն օգնեց որ գիտնայ, թէ Բաբելոնի մէջ հրեաներուն գերութիւնը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէր (Դան. 9։2)։ Այս մարգարէութեան կատարուիլը տեսնելով՝ անկասկած Եհովային հանդէպ իր վստահութիւնը զօրացաւ։ Եւ ատիկա ձգեց որ շատ քաջ ըլլայ (համեմատէ՛ Հռովմայեցիս 8։32, 37-39)։ Եւ ամէնէն կարեւորը, Դանիէլ միշտ կ’աղօթէր իր երկնաւոր Հօր (Դան. 6։10)։ Իր մեղքերը կը խոստովանէր, իր զգացումները կ’արտայայտէր եւ իրմէ օգնութիւն կը խնդրէր (Դան. 9։4, 5, 19)։ Դանիէլ՝ մեզի պէս մարդ ըլլալով, քաջութեան յատկութիւնով չէր ծնած, հապա զայն մշակեց՝ սերտելով, աղօթելով եւ Եհովային վստահելով։ դ23.08 2 ¶4. 4 ¶7
Երեքշաբթի, մայիս 13
Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է (Մատ. 5։16)։
Երբ իշխանութիւններուն հնազանդինք, թէ՛ մենք կ’օգտուինք եւ թէ ուրիշներ։ Ինչպէ՞ս։ Առաջին, մենք չենք պատժուիր օրէնքին չհնազանդելուն պատճառաւ (Հռով. 13։1, 4)։ Երկրորդ, մեր հնազանդութիւնը լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ մեր մասին կառավարութեան կարծիքին վրայ։ Օրինակ Նիկերիոյ մէջ, տարիներ առաջ զինուորները Թագաւորութեան սրահ մը մտան ժողովի մը ընթացքին եւ կը փնտռէին մարդիկ՝ որոնք տուրքեր վճարելու դէմ էին։ Բայց անոնց պատասխանատուն իրենց ըսաւ որ ձգեն քալեն, ըսելով. «Եհովայի վկաները միշտ իրենց տուրքերը կը վճարեն»։ Ուրեմն, ամէն անգամ որ դուն օրէնքին կը հնազանդիս, լաւ տպաւորութիւն կը ձգես Եհովայի ժողովուրդին անուան վրայ, ինչ որ օրին մէկը կրնայ հաւատակիցներդ պաշտպանել։ դ23.10 9 ¶13
Չորեքշաբթի, մայիս 14
Պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք (Եբ. 10։36)։
Եհովային կարգ մը ծառաները երկար տարիներէ ի վեր նոր աշխարհին կը սպասեն։ Եթէ մարդկային անկիւնէ դիտենք, կրնանք զգալ որ Եհովային խոստումը կ’ուշանայ։ Ամբակում ճիշդ ասանկ զգաց եւ Եհովան իրեն ըսաւ. «Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ» (Ամբ. 2։3)։ Արդեօք Եհովան այս խոստումը միայն Ամբակումի՞ն տուաւ, թէ ոչ ատիկա մեզի համար ալ իմաստ ունի։ Պօղոս ասոր պատասխանը տուաւ, երբ որ քրիստոնեաներուն ըսաւ որ նոր աշխարհին սպասեն (Եբ. 10։ 37)։ Ուրեմն երբ որ զգանք որ նոր աշխարհը կ’ուշանայ, յիշենք որ ատիկա «անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ»։ դ23.04 30 ¶16
Հինգշաբթի, մայիս 15
Իսրայէլի բոլոր որդիները տրտնջեցին Մովսէսին. . . դէմ (Թւ. 14։2)։
Իսրայէլացիներուն մեծ մասը մերժեց այն յստակ փաստը, որ Եհովան Մովսէսը կը գործածէր որպէս իր ներկայացուցիչը (Թւ. 14։10, 11)։ Կրկին անգամներ, անոնք մերժեցին ընդունիլ որ Եհովան Մովսէսը կը գործածէր զիրենք առաջնորդելու համար։ Ասոր պատճառաւ, Եհովան չարտօնեց որ իսրայէլացիներու այդ ամբողջ սերունդը Աւետեաց երկիրը մտնեն (Թւ. 14։30)։ Բայց կային իսրայէլացիներ, որոնք հետեւեցան Եհովային առաջնորդութեան։ Օրինակ, նկատէ Եհովան ինչ ըսաւ. «Քաղէբ. . . ինծի բոլոր սրտով հնազանդեցաւ» (Թւ. 14։24)։ Աստուած օրհնեց Քաղէբը եւ նոյնիսկ ձգեց որ ան զատէ թէ ո՛ւր կ’ուզէ բնակիլ Աւետեաց երկրին մէջ (Յես. 14։12-14)։ Ասկէ զատ, իսրայէլացիներուն յաջորդ սերունդն ալ հետեւեցաւ Եհովային առաջնորդութեան։ Եւ երբ Մովսէսէն ետք Յեսուն նշանակուեցաւ որպէս իսրայէլացիներուն առաջնորդը, անոնք շատ յարգեցին զինք իր «կեանքին բոլոր օրերուն» (Յես. 4։14)։ Ասոր համար, Եհովան զանոնք օրհնեց եւ բերաւ Աւետեաց երկիր (Յես. 21։43, 44)։ դ24.02 21 ¶6-7
Ուրբաթ, մայիս 16
Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ (Ա. Յովհ. 4։21)։
Ճիշդ ինչպէս որ բժիշկ մը մեր սրտի առողջութեան մասին որոշ գաղափար կ’առնէ՝ մեր սրտին զարկերը քննելով, մենք ալ կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սիրոյն զօրաւոր ըլլալուն մասին որոշ գաղափար առնել՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը քննելով։ Եթէ նկատենք որ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ մեր սէրը ձեւով մը տկարացած է, ասիկա ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրն ալ սկսած է տկարանալ։ Բայց երբ կանոնաւորաբար մեր հաւատակիցներուն հանդէպ սէր ցոյց կու տանք, ասիկա կարեւոր նշան մըն է որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրն ալ զօրաւոր է։ Եթէ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը սկսած է տկարանալ, պէ՛տք է մտահոգուինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատիկա կը նշանակէ որ մենք հոգեւոր վտանգի մէջ ենք։ Յովհաննէս առաքեալը այս կէտը յստակ կը դարձնէ, երբ կ’ըսէ. «Ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել» (Ա. Յովհ. 4։20)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եհովան մեզմով ուրախ պիտի ըլլայ, միայն եթէ «մէկզմէկ սիրենք» (Ա. Յովհ. 4։7-9, 11)։ դ23.11 8 ¶3. 9 ¶5-6
Շաբաթ, մայիս 17
Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան (Առ. 23։25)։
Երբ Յովաս թագաւորը պզտիկ էր, իր հայրը մեռաւ, եւ հաւատարիմ Յովիադա քահանայապետը զինք մեծցուց եւ իրեն սորվեցուց Եհովային մասին։ Յովասը իմաստուն էր, որովհետեւ Յովիադայի խրատը մտիկ ընելով՝ մաքուր պաշտամունքին մէջ առաջնորդութիւնը առաւ եւ Եհովային ծառայեց։ Յովասը նոյնիսկ կարգադրութիւններ ըրաւ որ Եհովային տաճարը նորոգէ (Բ. Մն. 24։1, 2, 4, 13, 14)։ Եթէ ծնողներդ կամ ուրիշներ քեզի կը սորվեցնեն Եհովան սիրել եւ իր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ, անոնք քեզի արժէքաւոր նուէր մը կու տան (Առ. 2։1, 10-12)։ Ծնողքդ շատ մը կերպերով կրնան քեզ մարզել։ Երբ աստուածաշնչական խրատները կը գործադրես, ծնողքդ պիտի ուրախացնես։ Եւ ամէնէն կարեւորը, Եհովան պիտի ուրախացնես եւ իրեն հետ մնայուն բարեկամութիւն պիտի ունենաս (Առ. 22։6. 23։15, 24)։ Ասիկա քեզի լաւ պատճառ չի՞ տար որ Յովասը ընդօրինակես, երբ ան պզտիկ էր։ դ23.09 8-9 ¶3-5
Կիրակի, մայիս 18
Ձեզի պիտի լսեմ (Եր. 29։12)։
Եհովան կը խոստանայ որ մեր աղօթքները մտիկ պիտի ընէ։ Մեր Աստուածը մեզ կը սիրէ, քանի որ իրեն հաւատարմօրէն կը ծառայենք եւ անոր համար ան բնա՛ւ մեր աղօթքները պիտի չանտեսէ (Սաղ. 10։17. 37։28)։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ ան մեր բոլոր խնդրանքները մեզի պիտի տայ։ Թերեւս կարգ մը խնդրանքներ ստանալու համար, սպասենք մինչեւ որ նոր աշխարհը գայ։ Եհովան նկատի կ’առնէ թէ մեր խնդրանքները ինչպէ՛ս կապ ունին իր ընդհանուր նպատակին հետ (Եսա. 55։8, 9)։ Այդ նպատակին մաս կը կազմէ՝ երկրագունդը լեցնել տղամարդոցմով եւ կիներով, որոնք միասնաբար եւ ուրախութեամբ իր իշխանութեան կը հնազանդին։ Բայց Սատանան կ’ուզէ մարդիկը համոզել որ անոնք աւելի ուրախ կեանք մը կրնան ապրիլ, եթէ իրենք զիրենք կառավարեն (Ծն. 3։1-5)։ Փաստելու համար որ Բանսարկուին ըսածը սուտ է, Եհովան արտօնեց որ մարդիկ իրենք զիրենք կառավարեն։ Բայց մեր այսօրուան խնդիրներուն մեծամասնութիւնը հետեւանքն է մարդկային իշխանութեան (Ժող. 8։9)։ Մենք գիտենք որ Եհովան այս ժամանակին պիտի չվերցնէ բոլոր խնդիրները։ դ23.11 21 ¶4-5
Երկուշաբթի, մայիս 19
Քեզ շատ ազգերու հայր ըրի (Հռով. 4։17)։
Եհովան խոստացաւ որ Աբրահամին միջոցաւ շատ ազգեր պիտի օրհնուէին։ Բայց երբ Աբրահամ 100 տարեկան էր եւ Սառան՝ 90, իրենց խոստացուած զաւակը տակաւին մէջտեղ չկար։ Մարդկային աչքով դիտուած, անկարելի էր որ Աբրահամը եւ Սառան զաւակ մը ունենային, եւ ասիկա Աբրահամին հաւատքը փորձի տակ դրաւ։ Ան «յոյսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ» (Հռով. 4։18, 19)։ Եւ այդ յոյսը վերջապէս իրականացաւ։ Ան Իսահակը ծնաւ, որուն երկար ժամանակ յոյսով կը սպասէր (Հռով. 4։20-22)։ Մենք ալ կրնանք Աբրահամին պէս Աստուծոյ աչքին արդար նկատուիլ եւ իր բարեկամները ըլլալ։ Եւ Պօղոս ճիշդ ատիկա շեշտեց, երբ ըսաւ որ «արդարութիւն սեպուեցաւ իրեն» արտայայտութիւնը, «գրուեցաւ ո՛չ միայն [Աբրահամին] համար. . . այլ նաեւ մեզի համար, որոնց պիտի սեպուի՝ քանի որ կը հաւատանք անո՛ր՝ որ մեռելներէն յարուցանեց Յիսուսը՝ մեր Տէրը» (Հռով. 4։22-24, ԱԾ)։ Աբրահամին պէս, մենք ալ պէտք է հաւատք, գործեր եւ յոյս ունենանք։ դ23.12 7 ¶16-17
Երեքշաբթի, մայիս 20
Իմ թշուառութիւնս տեսար ու իմ տառապանքներս գիտցար (Սաղ. 31։7)։
Երբ նեղութեան մէջ ըլլաս եւ վախնաս, յիշէ որ Եհովան շատ լաւ գիտէ քու նեղութիւնդ եւ թէ ատոր պատճառով ի՛նչ կը զգաս։ Օրինակ, Եհովան տեսաւ ոչ միայն իսրայէլացիներուն չարչարանքը, հապա նաեւ՝ անոնց քաշած «նեղութիւնները» Եգիպտոսի մէջ (Ել. 3։7)։ Բայց թերեւս հարց տաս թէ Եհովան ինչպէ՛ս քեզի կ’օգնէ, երբ վախնալիք պարագայի մը մէջ ըլլաս։ Նախ, իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ որ կեանքիդ մէջ իր ձեռքը տեսնես (Դ. Թագ. 6։15-17)։ Յետոյ, նկատի առ. պատահա՞ծ է որ դասախօսութիւն մը կամ ժողովի մը մէջ մէկու մը պատասխանը քեզ զօրացուցած է։ Պատահա՞ծ է որ հրատարակութիւն մը, վիտէօ մը կամ յատուկ երգ մը քեզ քաջալերած է։ Պատահա՞ծ է որ մէկը քեզի ըսած է համար մը կամ խօսք մը, որ քեզ զօրացուցած է։ Դիւրին է որ մոռնանք թէ որքա՛ն օգտուած ենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ցոյց տուած սէրէն եւ Աստուծոյ Խօսքէն մեր ստացած քաջալերութենէն։ Բայց ասոնք Եհովային կողմէ ամէն մէկուս տրուած շատ յատուկ նուէրներ են (Եսա. 65։13. Մար. 10։29, 30)։ Ասոնք ցոյց կու տան, որ Եհովան հետաքրքրուած է քեզմով (Եսա. 49։14-16)։ Եւ կը փաստեն, որ Եհովան քու վստահութեանդ արժանի է։ դ24.01 4-5 ¶9-10
Չորեքշաբթի, մայիս 21
Շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք (Գործք 4։29)։
Երկինք վերադառնալէն քիչ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն յիշեցուց որ իրենց նշանակում տուած էր որ իր մասին վկայեն «Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8. Ղուկ. 24։46-48)։ Այդ դէպքէն քիչ ժամանակ ետք, հրեայ կրօնական առաջնորդները Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները բռնեցին եւ Սենետրիոնին առջեւ տարին։ Անոնք այս հաւատարիմ տղամարդոց հրամայեցին, որ այլեւս չքարոզեն եւ նոյնիսկ վախցուցին (Գործք 4։18, 21)։ Պետրոս եւ Յովհաննէս պատասխանեցին. «Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք։ Վասն զի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ» (Գործք 4։19, 20)։ Երբ Պետրոս եւ Յովհաննէս ազատ արձակուեցան, աշակերտները Եհովային աղօթեցին, որ իր կամքը ընեն։ Եհովան ալ անոնց անկեղծ աղօթքին պատասխանեց (Գործք 4։31)։ դ23.05 5 ¶11-12
Հինգշաբթի, մայիս 22
Ատիկա է սիրելի Որդիս (Մատ. 17։5)։
Եհովան եւ իր որդին Յիսուսը իրարու հետ միլիառաւոր տարիներ անցուցած են։ Չկայ մէկը որ այսքա՛ն երկար ժամանակ անցուցած է մէկու մը հետ։ Ասոր պատճառով, իրենք իրարու շատ մօտիկ են եւ իրար շատ կը սիրեն։ Այսօրուան համարին մէջ կը տեսնենք, որ Եհովան ինչպէ՛ս իր սէրը արտայայտեց Յիսուսին հանդէպ։ Եհովան կրնար պարզապէս ըսել. ‘Ատիկա է, որուն հաւներ եմ’։ Բայց ան ուզեց որ մենք գիտնանք, թէ որքա՛ն կը սիրէ Յիսուսը, եւ անոր համար ըսաւ. «Ատիկա է սիրելի Որդիս»։ Եհովան Յիսուսով հպարտ էր, մանաւանդ քանի որ ան պատրաստ էր իր կեանքը տալու ուրիշներուն համար (Եփ. 1։7)։ Եւ Յիսուս կասկած չունէր որ իր Հայրը զինք կը սիրէ, քանի որ կը զգար ատիկա։ Ան քանի մը առիթներով ըսաւ որ ինք վստահ էր, որ իր Հայրը զինք կը սիրէ (Յովհ. 3։35. 10։17. 17։24)։ դ24.01 28 ¶8
Ուրբաթ, մայիս 23
Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է (Առ. 22։1)։
Ասիկա երեւակայէ. քեզի մօտիկ եղող մէկը քու մասիդ գէշ բան մը կը խօսի։ Գիտես որ ըսածը սուտ է, բայց կարգ մը մարդիկ ատոր կը հաւատան։ Ասիկա չի բաւեր, անոնք կը սկսին այս սուտը տարածել եւ ուրիշներն ալ կը հաւատան ատոր։ Ի՞նչ կը զգաս։ Չե՞ս նեղանար երբ այս սուտը լսես։ Այս օրինակը կրնայ մեզի օգնել, որ հասկնանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս զգաց, երբ իր մասին սուտեր խօսուեցան։ Իր հրեշտակներէն մէկը իր մասին սուտ խօսեցաւ առաջին կնոջ՝ Եւային, եւ ան հաւատաց այդ սուտին։ Եւ այդ սուտը պատճառ եղաւ, որ մեր առաջին ծնողքը Եհովային դէմ ըմբոստանայ։ Որուն հետեւանքով, մարդիկ մեղաւոր դարձան եւ սկսան մեռնիլ (Ծն. 3։1-6. Հռով. 5։12)։ Աշխարհի մէջ գտնուող բոլոր խնդիրները՝ մահերը, պատերազմներն ու չարչարանքները գոյութիւն ունին, քանի որ Սատանան Աստուծոյ մասին սուտեր տարածած է։ Այս սուտերը եւ անոնց պատճառած խնդիրները վստահաբար Եհովային գէշ ազդեցին։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան նեղացած եւ բարկացած չմնաց։ Ընդհակառակը, ան կը շարունակէ «ուրախ Աստուածը» մնալ (Ա. Տիմ. 1։11, ՆԱ)։ դ24.02 8 ¶1-2
Շաբաթ, մայիս 24
Ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ (Ծն. 39։9)։
Ինչպէ՞ս կրնաս Յովսէփին պէս Եհովային հաւատարիմ մնալ, երբ փորձութեան առջեւ ըլլաս։ Կրնաս հիմակուընէ որոշել, որ ի՛նչ պիտի ընես երբ փորձութիւն մը ծագի։ Սորվէ՛ շուտով մերժել այն բաները որ Եհովան կ’ատէ, եւ նոյնիսկ անոնց մասին մի՛ մտածեր (Սաղ. 97։10. 119։165)։ Այսպիսով, մեղք պիտի չգործես երբ փորձութեան առջեւ ըլլաս։ Թերեւս դուն գիտես որ ճշմարտութիւնը գտած ես եւ կ’ուզես ամբողջ սրտով Եհովային ծառայել։ Բայց կրնայ ըլլալ որ դեռ պատրաստ չես զգար Եհովային նուիրուելու եւ մկրտուելու։ Կրնաս Դաւիթ թագաւորին պէս Եհովայէն խնդրել. «Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած, ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ» (Սաղ. 139։23, 24)։ Եհովան կ’օրհնէ այն անձերը, որոնք սրտանց «զինք կը փնտռեն»։ Եւ երբ ջանք կը թափես որ իրեն նուիրուելու եւ մկրտուելու նպատակիդ հասնիս, ցոյց տուած կ’ըլլաս որ զինք կը փնտռես (Եբ. 11։6)։ դ24.03 6 ¶13-15
Կիրակի, մայիս 25
Ամէն օր հարկաւոր չէ. . . նախ իր մեղքերուն համար պատարագ մատուցանել (Եբ. 7։27)։
Քահանայապետը կը ներկայացնէր ժողովուրդը Աստուծոյ առջեւ։ Իսրայէլի առաջին քահանայապետը՝ Ահարոն, Եհովային կողմէ նշանակուեցաւ, երբ խորանը նուիրուեցաւ։ Բայց ինչպէս Պօղոս առաքեալը բացատրեց, շատ քահանաներ եկած գացած են, քանի որ մահը արգելք եղած է որ անոնք շարունակ քահանայ մնան (Եբ. 7։23-26)։ Եւ քանի՛ որ այդ քահանայապետները անկատար էին, անոնք իրենց մեղքերուն համար ալ զոհեր կը մատուցանէին, եւ ասիկա մեծ տարբերութիւն մըն էր Իսրայէլի քահանայապետներուն եւ մեծ Քահանայապետին՝ Յիսուս Քրիստոսին միջեւ։ Մեր Քահանայապետը՝ Յիսուս Քրիստոսը, ‘պաշտօնեայ է ճշմարիտ խորանին՝ որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը’ (Եբ. 8։1, 2)։ Պօղոս վերը բացատրեց որ Յիսուս «ունի անփոփոխ քահանայութիւն, որովհետեւ յաւիտեան կը մնայ» (ԱԾ)։ Ան աւելցուց որ Յիսուս ‘անարատ է եւ մեղաւորներէն զատուած է’ եւ Իսրայէլի քահանայապետներուն հակառակը, «ամէն օր հարկաւոր չէ. . . իր մեղքերուն համար պատարագ մատուցանել»։ դ23.10 26 ¶8-9
Երկուշաբթի, մայիս 26
Առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան (Յայտ. 21։1)։
«Առաջին երկինքը» կ’ակնարկէ կառավարութիւններուն, որոնք Սատանային եւ իր դեւերուն ազդեցութեան տակ են (Մատ. 4։8, 9. Ա. Յովհ. 5։19)։ Սուրբ գիրքին մէջ, «երկիր» բառը կրնայ ակնարկել՝ երկրի վրայ ապրող մարդոց (Ծն. 11։1. Սաղ. 96։1)։ Ուրեմն, «առաջին երկիրը» կ’ակնարկէ ներկայիս ապրող չար մարդոց։ Եհովան ոչ թէ պարզապէս պիտի նորոգէ հիմակուան «երկինքը» եւ «երկիրը», հապա ատոնք ամբողջովին պիտի կործանէ եւ անոնց տեղը պիտի ընէ «նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը», այսինքն՝ նոր կառավարութիւն մը, որ պիտի իշխէ նոր մարդոց, այսինքն՝ արդար մարդոց վրայ։ Եհովան երկիրը եւ մարդիկը նոր պիտի ընէ՝ անոնք կատարելութեան հասցնելով։ Ինչպէս որ Եսային մարգարէացած էր, ամբողջ երկրագունդը պիտի վերածուի դրախտանման պարտէզի մը՝ համաշխարհային Եդեմի մը։ Մենք ալ անհատական գետնի վրայ նոր պիտի ըլլանք, կամ՝ պիտի նորոգուինք։ Կաղը, կոյրը եւ խուլը պիտի բուժուին, եւ նոյնիսկ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (Եսա. 25։8. 35։1-7)։ դ23.11 4 ¶9-10
Երեքշաբթի, մայիս 27
Պատրաստ կեցէք (Մատ. 24։44)։
«Մեծ նեղութիւն»ը անակնկալօրէն պիտի սկսի (Մատ. 24։21)։ Բայց ուրիշ շատ մը աղէտներէ տարբեր է, քանի որ անիկա մեզ անակնկալի պիտի չբերէ։ Շուրջ 2000 տարի առաջ, Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց, որ այդ օրուան համար պատրաստուած ըլլան։ Եթէ պատրաստուած ըլլանք, մեզի համար դիւրին պիտի ըլլայ որ այդ ժամանակին ընթացքին տոկանք եւ ուրիշներուն օգնենք որ նոյնը ընեն (Ղուկ. 21։36)։ Եհովային հնազանդելու համար, պէտք ունինք համբերութեան եւ վստահութեան, որ ան մեզ պիտի պաշտպանէ։ Ի՞նչ պիտի ընենք եթէ մեր եղբայրները իրենց նիւթական բաներէն մաս մը կամ բոլորը կորսնցնեն (Ամբ. 3։17, 18)։ Պէտք պիտի ունենանք կարեկցութիւն ցոյց տալու, որպէսզի անոնց օգնութեան հասնինք։ Լաւ, ի՞նչ պիտի ընենք եթէ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը մեր վրայ յարձակի եւ մենք ստիպուինք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ ժամանակ մը նոյն տեղը ապրիլ (Եզեկ. 38։10-12)։ Պէտք պիտի ունենանք մեր եղբայրներուն հանդէպ զօրաւոր սէր ունենալու, որպէսզի այդ դժուար ժամանակին ընթացքին տոկանք։ դ23.07 2 ¶2-3
Չորեքշաբթի, մայիս 28
Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք (Եփ. 5։15, 16)։
Ամուսնացած զոյգերը կրնան սորվիլ Ակիւղասէն եւ Պրիսկիղայէն։ Առաջին դարուն, շատեր այս զոյգը շատ կը սիրէին (Հռով. 16։3, 4)։ Անոնք միասին կ’աշխատէին, կը քարոզէին եւ ուրիշներուն կ’օգնէին (Գործք 18։2, 3, 24-26)։ Իրականութեան մէջ, ամէն անգամ որ Աստուածաշունչը իրենց մասին խօսի, իրենց անունը միշտ միասնաբար կը յիշէ։ Զոյգերը ինչպէ՞ս կրնան անոնց նմանիլ։ Մտածեցէք թէ ընելիք ի՛նչ բաներ ունիք, եւ ատոնցմէ ո՛ր մէկը կրնաք միասին ընել, փոխանակ զատ–զատ ընելու։ Օրինակ, Ակիւղասը եւ Պրիսկիղան միասին կը քարոզէին։ Դուք ալ ժամանակ կը տրամադրէ՞ք որ կանոնաւորաբար միասին քարոզէք։ Ասկէ զատ, Ակիւղասը եւ Պրիսկիղան միասին կ’աշխատէին։ Թերեւս դուն եւ կողակիցդ միասին չէք աշխատիր։ Բայց արդեօք կրնա՞ք տունի գործերը միասին ընել (Ժող. 4։9)։ Երբ որ բանի մը մէջ իրարու օգնէք, աւելի առիթ կ’ունենաք իրարու հետ խօսելու։ դ23.05 22-23 ¶10-12
Հինգշաբթի, մայիս 29
Երբ վախնամ քեզի պիտի վստահիմ (Սաղ. 56։3, ԱԾ)։
Բոլորս ալ ատեններ կը վախնանք։ Օրինակ, երբ Սաւուղ թագաւոր Դաւիթը կը հալածէր, Դաւիթ փախաւ փղշտացիներու Գէթ քաղաքը։ Այս լուրը հասաւ այդտեղի Անքուս թագաւորին, եւ իրեն ըսուեցաւ որ Դաւիթ այն զօրաւոր զինուորն է, որուն մասին երգի մը մէջ ըսուած է, որ «հազարաւոր» փղշտացիներ սպաննած է։ Ասոր վրայ Դաւիթ «շատ վախցաւ» (Ա. Թագ. 21։10-12)։ Ան մտահոգուեցաւ որ արդեօք Անքուս ի՛նչ պիտի ընէր։ Լաւ, Դաւիթ ինչպէ՞ս հանդարտ մնաց, հակառակ անոր որ վախցաւ։ Սաղմոս 56–ին մէջ Դաւիթ իր զգացումները արտայայտեց երբ տակաւին Գէթի մէջ էր։ Այս սաղմոսին մէջ, Դաւիթ ոչ միայն յստակօրէն բացատրեց որ ինչո՛ւ կը վախնար, հապա նաեւ թէ ի՛նչը իրեն օգնեց որ այլեւս չվախնայ։ Ան Եհովային կը վստահէր երբ վախեր կ’ունենար (Սաղ. 56։1-3, 11)։ Իր վստահութիւնը տեղին էր։ Եհովային օգնութեամբ, Դաւիթ որոշեց շատ տարօրինակ բան մը ընել։ Ան ձեւացուց որ խենթ է, եւ իր ծրագիրը յաջողեցաւ։ Փոխանակ Դաւիթէն վախնալու, Անքուսը ուզեց որ Դաւիթը Գէթէն հեռանայ, եւ այսպիսով Դաւիթ կրցաւ ազատիլ (Ա. Թագ. 21։13–22։1)։ դ24.01 2 ¶1-3
Ուրբաթ, մայիս 30
Անոր հետ եղողները կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են (Յայտ. 17։14)։
Ո՞վ են այսօրուան համարին մէջ յիշուածները։ Ասոնք յարութիւն առած օծեալներն են։ Ուրեմն, երբ երկրի վրայ գտնուող վերջին օծեալը երկինք առնուի մեծ նեղութեան վերջաւորութեան, օծեալներուն առաջին նշանակումներէն մէկը պիտի ըլլայ պատերազմիլ։ Երկինք ելլելէ ետք, անոնք Քրիստոսի եւ իր սուրբ հրեշտակներուն հետ պիտի ծառայեն եւ Աստուծոյ թշնամիներուն դէմ տեղի ունենալիք վերջին պատերազմին պիտի մասնակցին։ Պահ մը մտածէ՛։ Երկրի վրայ կարգ մը օծեալ Քրիստոնեաներ տարիքով մեծ են եւ ֆիզիքապէս՝ տկար։ Բայց հազիւ որ անոնք յարութիւն առնելով երկինք ելլեն, զօրաւոր եւ անմահ արարածներ պիտի ըլլան, եւ իրենց նշանակումը պիտի ըլլայ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսին կողքին պատերազմիլ։ Արմագեդոն պատերազմէն վերջ, անոնք մարդոց պիտի օգնեն որ կատարեալ դառնան։ Վստահաբար, անոնք երկրի վրայ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն շատ աւելի պիտի կարենան օգնել երկինքէն, քան երկրէն։ դ24.02 6-7 ¶15-16
Շաբաթ, մայիս 31
Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք (Գաղ. 5։16)։
Նուիրուելու եւ մկրտուելու պատրաստ եղողներէն ոմանք տակաւին ետ կը կենան այդ քայլը առնելէ։ Թերեւս անոնք կը մտահոգուին եւ կը մտածեն. ‘Արդեօք ի՞նչ կ’ըլլայ եթէ լուրջ մեղք մը գործեմ եւ վտարուիմ’։ Եթէ այս է մտահոգութիւնդ, վստահ եղիր որ Եհովան քեզի ամէն բան պիտի տայ, որպէսզի դուն կարենաս իրեն ‘արժանի կերպով քալել եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնել’ (Կող. 1։10)։ Ասկէ զատ, ան քեզ պիտի զօրացնէ որ ճիշդը ընես։ Ան արդէն իսկ շատերու օգնած է, որ ճիշդը ընեն (Ա. Կոր. 10։13)։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ համար քրիստոնէական ժողովքներէն վտարուողներուն թիւը քիչ է։ Եհովան իր ծառաներուն ամէն կերպով կ’օգնէ որ իրեն հաւատարիմ մնան։ Մենք անկատար ենք եւ շատ անգամ փորձութեան առջեւ կ’ըլլանք որ սխալ բաներ ընենք (Յակ. 1։14)։ Բայց որոշումը քեզի է. փորձութեան մէջ պիտի իյնա՞ս կամ ոչ։ Իրականութիւնը այն է որ քու կեանքդ քու ձեռքդ է։ Դո՛ւն կ’որոշես որ ի՛նչ պիտի ընես։ Թէեւ կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն, որ ցանկութիւններդ չես կրնար զսպել, բայց ասիկա սխալ է։ Դուն կրնա՛ս սորվիլ սխալ ցանկութիւններդ զսպել։ դ24.03 5 ¶11-12