Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք25 էջ 82-97
  • Յունիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յունիս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Կիրակի, յունիս 1
  • Երկուշաբթի, յունիս 2
  • Երեքշաբթի, յունիս 3
  • Չորեքշաբթի, յունիս 4
  • Հինգշաբթի, յունիս 5
  • Ուրբաթ, յունիս 6
  • Շաբաթ, յունիս 7
  • Կիրակի, յունիս 8
  • Երկուշաբթի, յունիս 9
  • Երեքշաբթի, յունիս 10
  • Չորեքշաբթի, յունիս 11
  • Հինգշաբթի, յունիս 12
  • Ուրբաթ, յունիս 13
  • Շաբաթ, յունիս 14
  • Կիրակի, յունիս 15
  • Երկուշաբթի, յունիս 16
  • Երեքշաբթի, յունիս 17
  • Չորեքշաբթի, յունիս 18
  • Հինգշաբթի, յունիս 19
  • Ուրբաթ, յունիս 20
  • Շաբաթ, յունիս 21
  • Կիրակի, յունիս 22
  • Երկուշաբթի, յունիս 23
  • Երեքշաբթի, յունիս 24
  • Չորեքշաբթի, յունիս 25
  • Հինգշաբթի, յունիս 26
  • Ուրբաթ, յունիս 27
  • Շաբաթ, յունիս 28
  • Կիրակի, յունիս 29
  • Երկուշաբթի, յունիս 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
աք25 էջ 82-97

Յունիս

Կիրակի, յունիս 1

Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել (Գործք 14։21)։

Եհովան օրհնեց առաջին դարու քրիստոնեաները, մինչ անոնք նոր պայմաններու յարմարեցան։ Անոնք շատ անգամ հալածուեցան, նոյնիսկ երբ ատիկա չէին ակնկալեր։ Նկատի առ ի՛նչ եղաւ Բառնաբասին եւ Պօղոս առաքեալին հետ, մինչ անոնք Լիւստրայի մէջ կը քարոզէին։ Սկիզբը իրենց մտիկ ընողները լաւ վարուեցան իրենց հետ։ Բայց ետքը, հակառակորդները «ժողովուրդը համոզեցին». անոնցմէ ոմանք ալ Պօղոսը մեռնելու աստիճան քարկոծեցին (Գործք 14։18)։ Բայց Բառնաբասը եւ Պօղոսը շարունակեցին ուրիշ տեղ քարոզել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Անոնք ‘շատերը աշակերտ ըրին’ եւ իրենց խօսքով եւ օրինակով իրենց հաւատակիցները զօրացուցին (Գործք 14։20, 21)։ Շատեր օգտուեցան, քանի որ Բառնաբասը եւ Պօղոսը անակնկալ հալածանքի տեղի չտուին։ Մենք ալ, այնքան ատեն որ չենք յանձնուիր Եհովային ծառայութեան մէջ, պիտի օրհնուինք։ դ23.04 16-17 ¶13-14

Երկուշաբթի, յունիս 2

Ակա՛նջ դիր իմ աղօթքիս, ո՛վ Տէր, ու մտի՛կ ըրէ իմ աղաչանքներուս ձայնին։ Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ, վասն զի դուն ինծի կը պատասխանես (Սաղ. 86։6, 7)։

Դաւիթ թագաւոր շատ մը թշնամիներու հանդիպեցաւ իր կեանքին ընթացքին, եւ ան շատ անգամ աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց։ Դաւիթ վստահ էր որ Եհովան կը լսէր եւ կը պատասխանէր իր աղօթքներուն։ Դուն ալ կրնաս վստահ ըլլալ։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովան կրնայ մեզի իմաստութիւն եւ ոյժ տալ որ տոկանք։ Ան մեզի օգնելու համար, կրնայ գործածել մեր հոգեւոր ընտանիքը կամ նոյնիսկ անոնք՝ որոնք հիմա իրեն չեն ծառայեր։ Ճիշդ է որ Եհովան միշտ մեր ակնկալածին պէս չի պատասխաներ մեր աղօթքներուն, բայց մենք գիտենք որ անպայման կը պատասխանէ։ Ան ճիշդ մեզի պէտք եղածը կու տայ յարմար ժամանակին։ Անոր համար, շարունակէ Աստուծոյ աղօթել եւ վստահ եղիր որ ան հիմա քեզի հոգ պիտի տանի եւ նոր աշխարհին մէջ ‘ամէն կենդանիի փափաքը պիտի լեցնէ’ (Սաղ. 145։16)։ դ23.05 8 ¶4. 13 ¶17-18

Երեքշաբթի, յունիս 3

Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն (Սաղ. 116։12)։

Լաւ կ’ըլլայ որ կեդրոնանաս նպատակակէտիդ հասնելուն բերած օգուտներուն վրայ։ Ի՞նչ օգուտներու վրայ կրնաս կեդրոնանալ։ Եթէ նպատակ դրած ես որ Սուրբ Գիրքը կարդաս կամ աղօթես, մտածէ թէ ատիկա ինչպէ՛ս Եհովային հետ բարեկամութիւնդ պիտի զօրացնէ (Սաղ. 145։18, 19)։ Իսկ եթէ նպատակ դրած ես որ յատկութիւն մը զարգացնես, մտածէ թէ ատիկա ինչպէ՛ս ուրիշներուն հետ փոխյարաբերութիւններդ պիտի լաւացնէ (Կող. 3։14)։ Լաւ կ’ըլլայ որ ցանկ մը պատրաստես, թէ ինչո՛ւ կ’ուզես դրած նպատակակէտիդ հասնիլ։ Այդ ցանկը միշտ աչքէ անցուր։ Նաեւ ընկերակցէ՛ անոնց հետ, որոնք քեզի կ’օգնեն որ փափաքդ զօրանայ (Առ. 13։20)։ Ծուռ նստինք՝ շիտակ խօսինք. օրեր կ’ըլլան որ նոյնիսկ փափաք չենք ունենար։ Ասիկա ըսե՞լ է որ չենք կրնար աշխատիլ որ մեր նպատակակէտին հասնինք։ Ո՛չ։ Բայց տակաւին կրնանք կերպեր գտնել որ մեր նպատակակէտին հասնինք, նոյնիսկ երբ մեր մէջ փափաք չըլլայ։ Անշուշտ ասիկա դիւրին պիտի չըլլայ, բայց կ’արժէ՛ ջանք թափել, քանի որ ուրախ պիտի ըլլանք։ դ23.05 27-28 ¶5-8

Չորեքշաբթի, յունիս 4

Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ (Գաղ. 6։8)։

Երբ յիշենք որ մեր որոշումներուն համար մե՛նք պատասխանատուութիւնը կը կրենք, ասիկա մեզ կրնայ մղել որ մեր մեղքերը խոստովանինք, մեր սխալները սրբագրենք եւ սխալը կրկնելէ զգուշանանք։ Այս քայլերը առնելը մեզի պիտի օգնէ որ կեանքի ճամբուն մէջ մնանք։ Եթէ սխալ որոշում մը առած ես, ժամանակդ եւ ուժդ պարապի մի՛ տանիր՝ փորձելով ինքզինքդ արդարացնել կամ դուն քեզ կամ ուրիշները մեղադրել։ Ասիկա ընելու տեղ, սխալներդ ընդունէ եւ հիմա ինչ որ կրնաս ընել ըրէ։ Իսկ եթէ յանցաւոր կը զգաս սխալի մը համար, խոնարհաբար Եհովային աղօթէ, սխալդ ընդունէ եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի ներէ (Սաղ. 25։11. 51։3, 4)։ Նաեւ, ներողութիւն խնդրէ անոնցմէ որոնք վիրաւորեցիր, եւ եթէ պէտք է՝ երէցներուն օգնութիւնը խնդրէ (Յակ. 5։14, 15)։ Սխալներէդ սորվէ եւ ջանք ըրէ որ ատոնք չկրկնես։ Երբ այսպէս ընես, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզի պիտի ողորմի եւ պէտք եղած օգնութիւնը պիտի տայ (Սաղ. 103։8-13)։ դ23.08 28-29 ¶8-9

Հինգշաբթի, յունիս 5

Յովաս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ այն բոլոր օրերուն մէջ, որ Յովիադա քահանան անոր կը սորվեցնէր (Դ. Թագ. 12։2)։

Յովիադան Յովաս թագաւորին օգնեց որ լաւ անձ մը ըլլայ։ Անոր համար, այս պատանի թագաւորը ուզեց Եհովան ուրախացնել։ Բայց Յովիադայի մեռնելէն ետք, Յովասը մտիկ ըրաւ հաւատուրաց իշխաններու (Բ. Մն. 24։4, 17, 18)։ Խորապէս վիրաւորուելով, Եհովան «անոնց մարգարէներ ղրկեց, որպէս զի զանոնք Տէրոջը դարձնեն,. . . բայց անոնք մտիկ չըրին»։ Անոնք նոյնիսկ մտիկ չըրին Յովիադային տղուն՝ Զաքարիային, որ ոչ միայն Եհովային մարգարէ եւ քահանայ էր, հապա նաեւ՝ Յովասին հօրաքրոջ տղան։ Յովաս նոյնիսկ մեռցուց Զաքարիան (Բ. Մն. 22։11. 24։19-22)։ Յովաս իր աստուածավախութիւնը չպահպանեց։ Եհովան ըսած էր. «Զիս արհամարհողները պիտի անարգուին» (Ա. Թագ. 2։30)։ Յետագային, ասորական պզտիկ զօրք մը Յովասի «խիստ շատուոր եղող զօրք»ին վրայ յաղթանակ տարաւ, եւ Յովասը ‘մեծ հիւանդութիւններու մէջ ձգեց’ (Բ. Մն. 24։24, 25)։ Ասորիները երթալէն ետք, Յովասին ծառաները սպաննեցին զինք՝ Զաքարիան սպաննելուն համար։ դ23.06 18-19 ¶16-17

Ուրբաթ, յունիս 6

Ատեն մը դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք (Եփ. 5։8)։

Պօղոս առաքեալ բաւական ժամանակ անցուցած էր Եփեսոսի մէջ՝ քարոզելով եւ սորվեցնելով բարի լուրը (Գործք 19։1, 8-10. 20։20, 21)։ Ան իր եղբայրները շատ կը սիրէր եւ կ’ուզէր անոնց օգնել, որ Եհովային հաւատարիմ մնան։ Եփեսացիները, որոնց Պօղոսը գրեց, ատեն մը կրօնական սուտ գաղափարներու գերի եղած էին։ Եփեսացիները ճանչցուած էին որ շատ անբարոյ էին եւ չէին ամչնար իրենց ըրածներէն։ Անոնց թատրոններուն մէջ եւ նոյնիսկ կրօնական տօներուն շատ անբարոյ եւ անկիրթ խօսակցութիւններ կը դառնային (Եփ. 5։3)։ Եփեսացիներէն շատեր բարոյապէս «անզգայ» էին (Եփ. 4։17-19)։ Առաջ որ Եփեսոսի քրիստոնեաները սորվին, որ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը՝ սխալ, անոնց խիղճը չէր տանջեր։ Այս պատճառներուն համար, Պօղոս անոնց մասին ըսաւ որ անոնց միտքը «խաւարած է» եւ անոնք «օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն»։ Բայց կարգ մը եփեսացիներ խաւարին մէջ չմնացին։ դ24.03 20 ¶2, 4. 21 ¶5-6

Շաբաթ, յունիս 7

Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի. . . պիտի. . . չյոգնին (Եսա. 40։31)։

Որպէս դատաւոր Գեդէօնի նշանակումը ֆիզիքապէս շատ ջանք կը պահանջէր։ Երբ մադիանացիները գիշերով փախան պատերազմէն, Գեդէօն զանոնք հալածեց Յեզրայէլի հովիտէն մինչեւ Յորդանան գետը (Դատ. 7։22)։ Արդեօք Գեդէօն երբ Յորդանան հասաւ, հոն կեցա՞ւ։ Ո՛չ։ Թէեւ յոգնած էր, ինք եւ իր 300 տղամարդիկը Յորդանանը կտրեցին եւ շարունակեցին թշնամին հետապնդել։ Վերջապէս, անոնք մադիանացիներուն հասան եւ անոնց յաղթեցին (Դատ. 8։4-12)։ Գեդէօն վստահ էր որ Եհովան իրեն ոյժ պիտի տար, եւ ան յուսախաբ չեղաւ (Դատ. 6։14, 34)։ Անգամ մը, Գեդէօն եւ իր տղամարդիկը երկու մադիանացի թագաւորներու ետեւէն կը վազէին, մինչ այդ թագաւորները հաւանաբար ուղտերով կը փախչէին (Դատ. 8։12, 21)։ Բայց Աստուծոյ օգնութեամբ, իսրայէլացիները յաղթանակ տարին։ Նոյնպէս, երէցները կրնան վստահիլ Եհովային, որ «չի յոգնիր ու չի թուլնար»։ Ան իրենց պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ (Եսա. 40։28, 29)։ դ23.06 6 ¶14. 7 ¶16

Կիրակի, յունիս 8

Տէր Աստուածը. . . ձեզ պիտի չթողու ու երեսէ պիտի չձգէ (Բ. Օր. 31։6)։

Կրնանք հաստատ սիրտ ունենալ, որքա՛ն ալ դժուարութիւններ ունենանք։ Ուրեմն, Եհովային վստահէ։ Նկատի առ թէ Բարակ ինչպէ՛ս յաջողեցաւ, երբ Եհովային ուղղութեան վստահեցաւ։ Այն ատեն, Իսրայէլի ժողովուրդը պատերազմելու պատրաստ չէր։ Անոնք ո՛չ վահան ունէին, ոչ ալ նիզակ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան Բարակին ըսաւ որ քանանացի զօրագլուխ Սիսարային եւ անոր բանակին դէմ պատերազմի, որոնք լաւ զինուած էին (Դատ. 5։8)։ Իսկ Դեբօրա մարգարէուհին Բարակին ըսաւ որ երթայ տափարակ դաշտ մը, որպէսզի պատերազմի Սիսարային դէմ, որ 900 կառքերով եկած էր։ Ճիշդ է որ այնպէս կ’երեւէր թէ տափարակ գետնի վրայ թշնամին կրնար յաղթել, բայց Բարակ տրուած ուղղութեան հնազանդեցաւ։ Երբ Բարակին զինուորները Թաբօր լեռնէն վար կ’իջնէին, Եհովան զօրաւոր անձրեւ տեղացուց։ Այսպէս, Սիսարային կառքերը ցեխերուն մէջ ընկղմեցան եւ Եհովան Բարակին յաղթանակ տուաւ (Դատ. 4։1-7, 10, 13-16)։ Այսօր ալ Եհովան մեզի յաղթանակ պիտի տայ, եթէ վստահինք իրեն եւ իր ներկայացուցիչներուն միջոցաւ իր տուած ուղղութիւններուն։ դ23.07 19 ¶17-18

Երկուշաբթի, յունիս 9

Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի (Մատ. 24։13)։

Համբերութիւնը մեր փրկութեան համար կարեւոր է։ Անցեալին ապրած հաւատարիմ ծառաներու նման, մենք ալ պէտք է համբերութեամբ սպասենք որ Աստուած իր խոստումները կատարէ (Եբ. 6։11, 12)։ Աստուածաշունչը մեր պարագան կը բաղդատէ հողագործի պարագային հետ (Յակ. 5։7, 8)։ Հողագործ մը ծանր կ’աշխատի որ սերմեր ցանէ եւ ջրէ, բայց ան չի գիտեր ճիշդ ե՛րբ պիտի աճին անոնք։ Անոր համար, համբերութեամբ կը սպասէ, վստահ ըլլալով որ բերք պիտի հնձէ։ Մենք ալ հոգեւոր գործունէութիւններու մէջ զբաղած կը մնանք, հակառակ որ չենք գիտեր թէ ե՛րբ մեր «Տէրը պիտի գայ» (Մատ. 24։42)։ Մենք համբերութեամբ կը սպասենք, վստահ ըլլալով որ Եհովան իր յարմար ժամանակին իր բոլոր խոստացածները պիտի կատարէ։ Եթէ անհամբեր դառնանք, կրնանք սպասելէն յոգնիլ եւ ճշմարտութենէն կամաց–կամաց հեռանալ։ Նաեւ թերեւս սկսինք ժամանակաւոր ուրախութիւն տուող բաներու ետեւէն վազել։ Բայց եթէ համբերող ենք, մինչեւ վերջ պիտի տոկանք եւ պիտի փրկուինք (Միք. 7։7)։ դ23.08 22 ¶7

Երեքշաբթի, յունիս 10

Ոտքերուն մատներուն մէկ մասը երկաթէ ու մէկ մասը կաւէ էր (Դան. 2։42)։

Դանիէլ 2։41-43–ի մարգարէութիւնը բաղդատելով Դանիէլ գրքին եւ Յայտնութիւն գրքին ուրիշ մարգարէութիւններուն հետ, կրնանք եզրակացնել թէ արձանին ոտքերը կը ներկայացնեն անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Այս ուժին նկատմամբ, Դանիէլ կ’ըսէ թէ «թագաւորութեանը մէկ մասը ամուր ու մէկ մասը դիւրաբեկ պիտի ըլլայ»։ Ինչո՞ւ մէկ մասը դիւրաբեկ կամ տկար պիտի ըլլայ։ Քանի որ ժողովուրդը, որ կաւով ներկայացուած է, կը տկարացնէ այս թագաւորութեան կարողութիւնը որ երկաթանման զօրութիւն ցոյց տայ։ Կարեւոր ճշմարտութիւններ կը գիտնանք Դանիէլի նկարագրած արձանէն։ Առաջին, անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը կարգ մը կերպերով ցոյց տուած է որ զօրաւոր է։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան մաս կազմեցին այն ազգերուն, որոնք առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմներուն յաղթեցին։ Հակառակ ասոր, այս աշխարհակալ ուժը տկարացած է եւ կը շարունակէ տկարանալ, քանի որ անոր քաղաքացիները իրարու եւ կառավարութեան դէմ կը կռուին։ Երկրորդ, անիկա իշխող վերջին աշխարհակալ ուժը պիտի ըլլայ, առաջ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բոլոր մարդկային թագաւորութիւններուն վերջ դնէ։ դ23.08 10-11 ¶12-13

Չորեքշաբթի, յունիս 11

Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի. անիկա իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց (Սաղ. 18։6)։

Ատեններ, Դաւիթ ընկճուած կը զգար այնքա՛ն որ խնդիրներ ու նեղութիւններ ունէր (Սաղ. 18։4, 5)։ Բայց Եհովային սէրն ու գուրգուրանքը կը նորոգէր ու կը թարմացնէր զինք։ Եհովան իր յոգնած բարեկամը կը տանէր «խոտաւէտ արօտներ» եւ «հանդարտ ջուրերու քով»։ Ասոր համար, Դաւիթին ուժը նորոգուեցաւ եւ ան կրցաւ ուրախութեամբ Եհովային ծառայել (Սաղ. 18։28-32. 23։2)։ Նոյնպէս այսօր, երբ կեանքի նեղութիւնները եւ դժուարութիւնները կը դիմագրաւենք, Եհովային սիրոյն եւ հաւատարմութեան պատճառաւ է որ ‘չենք անհետանար’ (Ող. 3։22, ԱԾ. Կող. 1։11)։ Շատ անգամ Դաւիթին կեանքը վտանգի տակ էր, քանի որ ան շատ մը զօրաւոր թշնամիներ ունէր։ Բայց Եհովային սէրը զինք ապահով եւ պաշտպանուած զգացուց։ Դաւիթ կը զգար որ Եհովան միշտ իրեն հետ էր, եւ ասիկա զինք հանգստացուց։ Ասոր համար, Դաւիթ սաղմոսի մը մէջ ըսաւ. «[Եհովան] իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց» (Սաղ. 34։4)։ Ճիշդ է որ Դաւիթ շատ անգամ կը վախնար, բայց Եհովային սէրը իր վախերէն աւելի զօրաւոր էր։ դ24.01 30 ¶15-17

Հինգշաբթի, յունիս 12

Եթէ մեղաւորները քեզ գլխէ հանել ուզեն, դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար (Առ. 1։10)։

Յովասին գէշ որոշումներէն սորվէ։ Յովիադա քահանայապետին մեռնելէն ետք, Յովասը գէշ ընկերներ զատեց (Բ. Մն. 24։17, 18)։ Ան որոշեց մտիկ ընել Յուդայի իշխաններուն, որոնք Եհովան չէին սիրեր։ Հաւանաբար կը համաձայնիս որ Յովասը պէտք էր այս տեսակ անձերէ հեռու մնար։ Բայց այդպէս չըրաւ, հապա անոնց տուած գէշ խրատը մտիկ ըրաւ։ Ասիկա չի բաւեր, երբ Յովասին զարմիկը՝ Զաքարիան, փորձեց զինք սրբագրել, ան զինք մեռցնել տուաւ (Բ. Մն. 24։20, 21. Մատ. 23։35)։ Իր ըրածը ի՜նչ ցաւալի եւ յիմար բան մըն էր։ Յովասին կեանքը սկիզբը լաւ էր, բայց ցաւօք սրտի ան ետքը հաւատուրաց եւ ոճրագործ դարձաւ։ Իսկ վերջաւորութեան, իր ծառաները զինք մեռցուցին (Բ. Մն. 24։22-25)։ Իր կեանքը ի՜նչ տարբեր պիտի ըլլար, եթէ ան շարունակէր Եհովային եւ զինք սիրողներուն մտիկ ընել։ դ23.09 9 ¶6

Ուրբաթ, յունիս 13

Մի՛ վախնար (Ղուկ. 5։10)։

Յիսուս գիտէր թէ Պետրոս առաքեալը կրնա՛ր հաւատարիմ մնալ, անոր համար ազնուօրէն իրեն ըսաւ. «Մի՛ վախնար»։ Յիսուսին այս վստահեցուցիչ խօսքերը Պետրոսին վրայ մնայուն ազդեցութիւն ունեցան։ Պետրոս եւ իր եղբայրը՝ Անդրէասը, ետքը ձկնորսութեան գործը ձգեցին եւ լման ժամանակով Մեսիային հետեւորդները դարձան։ Անոնց այս որոշումը հոյակապ օրհնութիւններ բերաւ (Մար. 1։16-18)։ Որպէս Քրիստոսի հետեւորդ, Պետրոս շատ մը հոյակապ փորձառութիւններ վայելեց։ Ան տեսաւ որ Յիսուսը կը բժշկէ հիւանդները, դեւեր կը հանէ եւ նոյնիսկ մեռելներուն յարութիւն կու տայ (Մատ. 8։14-17. Մար. 5։37, 41, 42)։ Պետրոս նաեւ իր աչքերովը տեսաւ տեսիլք մը, որուն մէջ Յիսուս իր ապագայ թագաւորական փառքով երեւցաւ, եւ ասիկա իրեն վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ (Մար. 8։39–9։8. Բ. Պետ. 1։16-18)։ Պետրոս տեսաւ բաներ, որոնք իր մտքէն իսկ չէին անցներ որ պիտի տեսնէ։ Ան որքա՜ն ուրախ ըլլալու էր, որ իր ժխտական զգացումներուն թոյլ չտուաւ, որ արգելք ըլլան այս օրհնութիւնները վայելելու։ դ23.09 21 ¶4-5

Շաբաթ, յունիս 14

Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը» (Մատ. 18։22)։

Պետրոս առաքեալը իր առաջին նամակին մէջ գործածեց «սրտանց սէր» արտայայտութիւնը։ Այս տեսակ սէրը կը ծածկէ ո՛չ թէ քանի մը մեղքեր, հապա «մեղքերու բազմութիւնը» (Ա. Պետ. 4։8)։ Թերեւս Պետրոսը յիշեց ներելու մասին այն դասը, որ Յիսուս տարիներ առաջ իրեն սորվեցուց։ Այն ատեն, Պետրոսը հաւանաբար կարծեց որ առատաձեռն է, երբ ըսաւ որ ինք իր եղբայրը պիտի ներէ ‘մինչեւ եօթը անգամ’։ Բայց Յիսուսը իրեն, եւ մեզի ալ, սորվեցուց որ ներենք «մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը», այսինքն՝ անսահման կերպով (Մատ. 18։21)։ Եթէ քեզի համար դժուար է այս խրատին հետեւիլ, մի՛ յուսահատիր։ Եհովային բոլոր անկատար ծառաները ատեններ դժուարութիւն ունեցած են ներելու։ Բայց կարեւոր բանը այն է, որ հիմա պէտք եղած քայլերը առնես որ եղբօրդ ներես եւ իրեն հետ խաղաղութեան մէջ ըլլաս։ դ23.09 29 ¶12

Կիրակի, յունիս 15

Քեզի աղաղակեցի եւ դուն ինծի պատասխան տուիր (Յովն. 2։2)։

Ձուկին փորին մէջ, Յովնան վստահ էր որ Եհովան իր խոնարհ աղօթքը պիտի լսէր եւ որ Եհովան իրեն պիտի օգնէր։ Ետքը, Եհովան Յովնանը ազատեց եւ ան այլեւս պատրաստ էր իր յաջորդ նշանակումը ընդունելու եւ կատարելու (Յովն. 2։10–3։4)։ Փորձութեան մը ատեն, այնքա՛ն ջղագրգիռ կ’ըլլաս որ չե՞ս կրնար բառեր գտնել աղօթելու։ Կամ այնքա՛ն տկար կը զգաս որ չե՞ս կրնար սերտել։ Յիշէ որ Եհովան պարագադ շատ լաւ կը հասկնայ։ Անոր համար, նոյնիսկ եթէ քանի մը բառով աղօթես, վստահ եղիր որ ան քեզի ճիշդ պէտք եղածը պիտի տայ (Եփ. 3։20)։ Իսկ եթէ մարմնային կամ զգացական ցաւերու պատճառաւ դժուար կը գտնես կարդալը եւ սերտելը, փորձէ մտիկ ընել Աստուածաշունչի կամ անոր վրայ հիմնուած հրատարակութիւններու ձայնագրութիւնները։ Նաեւ օգտակար պիտի գտնես մտիկ ընել jw.org կայքին վրայ մեր երգերէն մէկը կամ դիտել վիտէօներէն մէկը։ Երբ Եհովային աղօթես եւ պատասխանը փնտռես Աստուածաշունչին եւ անոր վրայ հիմնուած հրատարակութիւններուն մէջ, Եհովային առիթ կու տաս որ քեզ զօրացնէ։ դ23.10 13 ¶6. 14 ¶9

Երկուշաբթի, յունիս 16

Սուրբ Հոգին կը ցուցնէր՝ թէ սրբարանին ճանապարհը յայտնի եղած չէր, քանի որ տակաւին առաջին խորանը կը կենար (Եբ. 9։8)։

Խորանը եւ յետագային Երուսաղէմի մէջ շինուած տաճարները ներսէն նոյնն էին։ Երկու մասեր կային. «Սրբութիւն»ը եւ «Սրբութիւն սրբութեանց»ը, եւ իրարմէ բաժնուած էին յատուկ վարագոյրով մը (Եբ. 9։2-5. Ել. 26։31-33)։ Սրբութեան մէջ կար ոսկիէ աշտանակ մը, խունկի սեղան մը եւ առաջաւորութեան հացի սեղան մը։ Միայն օծեալ քահանաներուն արտօնուած էր մտնել Սրբութիւն եւ իրենց սրբազան պարտականութիւնները ընել (Թւ. 3։3, 7, 10)։ Սրբութիւն սրբութեանցին մէջ կար ոսկիէ ուխտի տապանակը, որ կը ներկայացնէր Եհովայի ներկայութիւնը (Ել. 25։21, 22)։ Միայն քահանայապետին արտօնուած էր վարագոյրէն ներս մտնել դէպի Սրբութիւն սրբութեանց, այն ալ Քաւութեան օրը (Ղեւ. 16։2, 17)։ Ան անասուններուն արիւնովը ներս կը մտնէր, նախ իր եւ ետքը ամբողջ ազգին մեղքերուն քաւութիւն ընելու համար։ Եհովան վերջապէս յստակ դարձուց խորանի այս առարկաներուն իսկական իմաստները (Եբ. 9։6, 7)։ դ23.10 27 ¶12

Երեքշաբթի, յունիս 17

Մէկզմէկ սիր[եցէք] (Յովհ. 15։17)։

Աստուծոյ Խօսքը շատ անգամներ մեզ կը պատուիրէ ‘մէկզմէկ սիրել’ (Յովհ. 15։12. Հռով. 13։8. Ա. Թես. 4։9. Ա. Պետ. 1։22. Ա. Յովհ. 4։11)։ Բայց սէրը բան մըն է, որ մեր սրտին մէջ կը զգանք եւ մէկը չի տեսներ։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն գիտցնել որ մենք զիրենք կը սիրենք։ Մեր խօսքերով եւ գործերով։ Շատ մը կերպերով կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ցոյց տալ որ զիրենք կը սիրենք։ Հետեւեալները կարգ մը օրինակներ են. «Ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ» (Զաք. 8։16)։ «Իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք» (Մար. 9։49)։ «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռով. 12։10)։ «Մէկզմէկ ընդունեցէք» (Հռով. 15։7)։ ‘Իրարու ներեցէք’ (Կող. 3։13)։ «Իրարու նեղութիւնները կրեցէք» (Գաղ. 6։2)։ «Մէկզմէկ մխիթարեցէք» (Ա. Թես. 4։17)։ «Շինեցէ՛ք զիրար» (Ա. Թես. 5։11)։ «Աղօ՛թք ըրէք իրարու համար» (Յակ. 5։16)։ դ23.11 9 ¶7-8

Չորեքշաբթի, յունիս 18

Յոյսով ուրախ եղէ՛ք (Հռով. 12։12)։

Ամէն օր որոշումներ կ’առնենք, որոնք զօրաւոր հաւատք կ’ուզեն։ Օրինակ, որոշումներ կ’առնենք ընկերներ ընտրելու, ժամանցի, ուսումի, ամուսնութեան, զաւակ բերելու եւ գործի մասին։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Որոշումներս ցոյց կու տա՞ն, որ համոզուած եմ որ այս աշխարհը ժամանակաւոր է եւ նոր աշխարհը շատ մօտ է։ Թէ ոչ կ’ապրիմ այնպէս մը, որ այսօր կանք, վաղը չկանք’ (Մատ. 6։19, 20. Ղուկ. 12։16-21)։ Եթէ մեր հաւատքը զօրացնենք որ նոր աշխարհը շատ մօտ է, լաւագոյն որոշումները պիտի առնենք։ Ասկէ զատ, կ’անցնինք դժուարութիւններէ, որոնք զօրաւոր հաւատք կ’ուզեն։ Թերեւս կը հալածուինք, կամ լուրջ հիւանդութիւն ունինք կամ ուրիշ նեղութիւններէ կ’անցնինք, որոնք մեզ կը յուսահատեցնեն։ Սկիզբը, թերեւս զգանք որ կրնանք խնդիրին դիմանալ։ Բայց երբ երկարի, ինչ որ շատ անգամ կ’ըլլայ, զօրաւոր հաւատքի պէտք կ’ունենանք, որպէսզի տոկանք եւ շարունակենք ուրախութեամբ Եհովային ծառայել (Ա. Պետ. 1։6, 7)։ դ23.04 27 ¶4-5

Հինգշաբթի, յունիս 19

Անդադար աղօթք ըրէ՛ք (Ա. Թես. 5։17)։

Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեր աղօթքներուն համաձայն գործենք։ Օրինակ, եղբայր մը կրնայ Եհովայէն օգնութիւն խնդրել, որ իր վարպետէն արտօնութիւն առնէ տարեկան համաժողովին ներկայ գտնուելու համար։ Եհովան ինչպէ՞ս կը պատասխանէ այդ աղօթքին։ Թերեւս եղբօր քաջութիւն տայ, որ իր վարպետին մօտենայ եւ արտօնութիւն խնդրէ։ Բայց եղբայրը այդ խնդրանքէն ետք, պէտք է ջանքեր թափէ։ Թերեւս պէտք ըլլայ որ քանի մը անգամ խնդրէ։ Թերեւս ուրիշ գործաւորի մը հետ կարգադրէ, որ իր գործի օրերը փոխէ կամ գործէն արձակուրդ առնէ։ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեզի համար կարեւոր եղող բաներուն մասին շարունակ աղօթենք։ Յիսուսի խօսքերէն կը հասկնանք որ մեր խնդրանքներէն ոմանք թերեւս անմիջապէս մեզի չտրուին (Ղուկ. 11։9)։ Ուրեմն, մի՛ յանձնուիր։ Շարունակէ սրտանց աղօթել (Ղուկ. 18։1-7)։ Երբ այդպէս ընենք, Եհովային ցոյց կու տանք որ մեր խնդրանքը մեզի համար շատ կարեւոր է։ Նաեւ ցոյց կու տանք որ կը հաւատանք որ Եհովան կարողութիւնը ունի մեզի օգնելու։ դ23.11 22 ¶10-11

Ուրբաթ, յունիս 20

Յոյսը ամօթով չի ձգեր (Հռով. 5։5)։

Եհովան իր բարեկամին՝ Աբրահամին, խոստացաւ որ բոլոր երկրի ազգերը իր սերունդովը պիտի օրհնուին (Ծն. 15։5. 22։18)։ Քանի՛ որ Աբրահամ Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունէր, ան համոզուած էր որ Աստուծոյ խոստումը պիտի իրականանար։ Բայց նոյնիսկ երբ Աբրահամ 100 տարեկան էր եւ իր կինը՝ 90, այս հաւատարիմ զոյգը տակաւին զաւակ մը չէին ունեցած (Ծն. 21։1-7)։ Հակառակ ասոր, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Աբրահամ] յոյսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ, ինչպէս ըսուեցաւ ալ» (Հռով. 4։18)։ Դուն գիտես որ Աբրահամին յոյսը իրականացաւ, եւ երկար ատենէ իր սպասած որդին՝ Իսահակը՝ ծնաւ։ Լաւ, Աբրահամ ինչի՞ հիման վրայ այսքա՛ն վստահ էր։ Քանի՛ որ Աբրահամ Եհովան շատ լաւ կը ճանչնար, «իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ [Աստուած] որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ» (Հռով. 4։21)։ Եհովան Աբրահամը արդար նկատեց իր հաւատքին համար (Յակ. 2։23)։ դ23.12 8 ¶1-2

Շաբաթ, յունիս 21

Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ (Ղուկ. 16։10)։

Վստահելի երիտասարդը ան է, որ իր բոլոր պատասխանատուութիւնները ընելու մէջ աշխատասէր է։ Նկատի առ Յիսուսի կատարեալ օրինակը։ Ան անհոգ կամ պատասխանատուութենէ փախչող մէկը չէր, հապա ամէն ինչ որ Եհովան իրմէ խնդրեց ըրաւ, նոյնիսկ երբ դժուար էր։ Ան մարդիկը, մանաւանդ իր աշակերտները, կը սիրէր եւ յօժարաբար իր կեանքը տուաւ անոնց համար (Յովհ. 13։1)։ Յիսուսը ընդօրինակելով, դուն ալ ջանք ըրէ որ քեզի տրուած որեւէ նշանակում ընես։ Եթէ վստահ չես թէ անիկա ինչպէ՛ս պիտի ընես, խոնարհ եղիր եւ հասուն եղբայրներէ օգնութիւն խնդրէ։ Միշտ քեզմէ պահանջուածէն աւելին ըրէ (Հռով. 12։11)։ Ուրիշ խօսքով, նշանակումդ կատարէ «որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց» (Կող. 3։23)։ Անշուշտ դուն կատարեալ չես, անոր համար խոնարհ եղիր եւ ըրած սխալներդ ընդունէ (Առ. 11։2)։ դ23.12 26 ¶8

Կիրակի, յունիս 22

Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը, որ Տէրոջը կ’ապաւինի (Եր. 17։7)։

Որքա՜ն կ’ուրախանանք երբ կը մկրտուինք եւ Եհովային ընտանիքին մէկ մասը կը դառնանք։ Եհովային հետ մտերիմ ըլլալը մեզի համար պատիւ է։ Մենք կը համաձայնինք Դաւիթ թագաւորին հետ, երբ Եհովային ըսաւ. «Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես, որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ» (Սաղ. 65։4)։ Եհովան ամէն մարդու թոյլ չի տար որ իրեն մօտիկ բարեկամները ըլլայ։ Ան կ’ընտրէ անոնք, որոնք ցոյց կու տան թէ կ’ուզեն իրեն հետ մտերիմ ըլլալ (Յակ. 4։8)։ Երբ Եհովային նուիրուիս եւ մկրտուիս, կրնաս վստահ ըլլալ որ մկրտութենէդ ետք, Եհովան վրադ ‘օրհնութիւն պիտի թափէ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ’ (Մաղ. 3։10. Եր. 17։8)։ Մկրտութենէդ ետք պիտի ուզես լաւագոյնդ ընել, որ տէրը ըլլաս այն խոստումիդ, որ Եհովային պիտի ծառայես եւ իրեն հաւատարիմ պիտի մնաս, նոյնիսկ եթէ փորձութեան առջեւ ըլլաս կամ դժուարութիւններէ անցնիս (Ժող. 5։4, 5)։ Որպէս Յիսուսին աշակերտը, ամէն ջանքդ պիտի ընես, որ Յիսուսին հետեւիս եւ իր ըսածներուն հնազանդիս (Մատ. 28։19, 20. Ա. Պետ. 2։21)։ դ24.03 8 ¶1-3

Երկուշաբթի, յունիս 23

Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի (Ծն. 2։24)։

Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ դուն եւ կողակիցդ չէք սիրեր իրարու հետ ժամանակ անցընել։ Նկատի առ խարոյկի օրինակ մը։ Խարոյկին կրակը սկիզբը պզտիկ կ’ըլլայ, բայց որպէսզի մեծնայ, մէկը պէտք է քիչ–քիչ աւելի մեծ փայտեր դնէ մէջը։ Նմանապէս, ի՞նչ կ’ըսես եթէ դուն եւ կողակիցդ օրական քանի մը վայրկեան տրամադրէք իրարու։ Ըրէք բան մը, որ ձեր երկուքին համար հաճելի է (Յակ. 3։18)։ Պզտիկ բաներով սկսիլը կրնայ ձգել որ ձեր սէրը ժամանակի ընթացքին ետ աճի։ Յարգանքը շատ կարեւոր է ամուսնութեան մէջ։ Անիկա կը նմանի թթուածինի (օքսիժէն), որ կը ձգէ որ կրակը վառած մնայ։ Ինչպէս որ առանց թթուածինի կրակը շուտով կը մարի, նոյնպէս առանց յարգանքի, զոյգի մը սէրը կրնայ շուտով պաղիլ։ Ասոր համար, շատ կարեւոր է որ զոյգը իրարու հանդէպ յարգանք ունենայ։ Բայց միտքդ պահէ, որ կարեւոր չէ որ դո՛ւն զգաս որ կողակիցդ կը յարգես, հապա կարեւորը այն է որ կողակի՛ցդ զգայ որ յարգուած է։ դ23.05 22 ¶9. 24 ¶14-15

Երեքշաբթի, յունիս 24

Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին (Սաղ. 94։19)։

Սուրբ Գիրքի օրերուն Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները անցան պարագաներէ, երբ իրենց թշնամիներուն կամ ուրիշ բաներու պատճառով վախցան (Սաղ. 18։4. 55։1, 5)։ Ներկայիս, մենք ալ թերեւս հակառակութեան հանդիպինք դպրոցին մէջ, գործին մէջ, մեր ընտանիքին կողմէ կամ կառավարութեան կողմէ։ Թերեւս նոյնիսկ մեր կեանքը վտանգի տակ ըլլայ առողջապահական հարցի մը պատճառով։ Այսպիսի ժամանակներու, թերեւս պզտիկի մը պէս մեր վախէն դողդողանք։ Լաւ, Եհովան ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։ Ան մեզ կը մխիթարէ եւ կը հանդարտեցնէ։ Ուրեմն միշտ Եհովային հետ ժամանակ անցուր՝ իրեն աղօթելով եւ իր Խօսքը կարդալով (Սաղ. 77։1, 12-14)։ Եթէ ասիկա սովորութիւն դարձնես, հազիւ որ սթրես զգաս, շատ հաւանաբար շուտով քու երկնաւոր Հօրմէդ օգնութիւն պիտի խնդրես։ Իրեն ըսէ քու վախերդ եւ մտահոգութիւններդ։ Ձգէ որ իր Խօսքին միջոցաւ քեզի հետ խօսի եւ քեզ մխիթարէ (Սաղ. 119։28)։ դ24.01 24-25 ¶14-16

Չորեքշաբթի, յունիս 25

Աստուած է որ ձեզ եռանդուն կը դարձնէ, ձեզի տալով գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը (Փլպ. 2։13, ՆԱ)։

Զօրաւոր փափաքը մեզի կ’օգնէ որ մեր հոգեւոր նպատակակէտերուն հասնինք։ Եւ ո՛րքան զօրաւոր փափաք ունենանք, ա՛յնքան պիտի կարենանք մեր նպատակակէտերուն հասնիլ։ Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել որ աւելի փափաք ունենաս։ Աղօթէ որ փափաքդ աւելնայ։ Եհովան սուրբ հոգիին միջոցաւ կրնայ մեր փափաքը աւելցնել, որ մեր նպատակակէտին հասնինք։ Ատեններ, նպատակակէտ մը կը դնենք, քանի որ գիտենք որ պէտք է դնենք, եւ ասիկա լաւ բան մըն է։ Բայց թերեւս մեր մէջէն չի գար ատոր հասնիլ։ Խոկա՛ այն բոլոր բաներուն վրայ, որոնք Եհովան քեզի համար ըրած է (Սաղ. 143։5)։ Պօղոս առաքեալ ճիշդ ասիկա ըրաւ, եւ ասանկով մէջը փափաք արթնցաւ որ Եհովային ծառայութեան մէջ աւելին ընէ (Ա. Կոր. 15։9, 10. Ա. Տիմ. 1։12-14)։ Նոյնպէս, ո՛րքան աւելի խոկաս այն բոլոր բաներուն վրայ՝ որոնք Եհովան քեզի համար ըրած է, ա՛յնքան աւելի մէջդ փափաք պիտի արթննայ նպատակակէտերուդ հասնելու (Սաղ. 116։12)։ դ23.05 27 ¶3-5

Հինգշաբթի, յունիս 26

Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը (Սաղ. 113։1)։

Երբ մեր երկնաւոր Հօր անունը օրհնենք, ան կ’ուրախանայ (Սաղ. 119։108)։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞, որ Ամենակալ Աստուածը անկատար մարդոց պէս կ’ուզէ, որ մարդիկ զինք օրհնեն կամ փառաբանեն քանի որ քաջալերութեան պէտք ունի։ Ո՛չ։ Երբ մեր երկնաւոր Հայրը կը փառաբանենք, կը փաստենք որ ամէն մէկուս մասին Սատանային ըսածները սուտ են։ Սատանան կ’ըսէ որ չկայ մարդ արարած մը, որ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի մնայ երբ փորձուի, հապա՝ Աստուծոյ դէմ պիտի ելլէ, եթէ ատոր մէջ շահ կայ իրեն (Յոբ 1։9-11. 2։4)։ Բայց հաւատարիմ Յոբը փաստեց, որ Սատանային ըսածը սուտ էր։ Դո՛ւն ալ հաւատարիմ պիտի մնա՞ս։ Մեզմէ ամէն մէկը կրնայ իր հաւատարմութեամբ մեր Հօր համբաւը պաշտպանել եւ զինք ուրախացնել (Առ. 27։11)։ Ասիկա մեզի համար մեծ պատիւ մըն է։ դ24.02 8-9 ¶3-5

Ուրբաթ, յունիս 27

Անոր մարգարէներուն հաւատացէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք (Բ. Մն. 20։20)։

Մովսէսի եւ Յեսուի օրերէն ետք, Եհովան դատաւորներ հանեց իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար։ Ետքը, թագաւորներուն ժամանակ, Եհովան մարգարէներ նշանակեց իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար։ Հաւատարիմ թագաւորները մարգարէներուն առաջնորդութեան հետեւեցան։ Օրինակի համար, Դաւիթ թագաւոր խոնարհաբար ընդունեց Նաթան մարգարէին տուած սրբագրութիւնը (Բ. Թագ. 12։7, 13. Ա. Մն. 17։3, 4)։ Յովսափատ թագաւորը Յազիէլ մարգարէին տուած ուղղութեան հետեւեցաւ, եւ Յուդայի ժողովուրդը քաջալերեց որ ‘Աստուծոյ մարգարէներուն հաւատան’ (Բ. Մն. 20։14, 15)։ Երբ Եզեկիա թագաւորը նեղութեան մէջ էր, Եսայի մարգարէին օգնութեան դիմեց (Եսա. 37։1-6)։ Ամէն անգամին որ թագաւորները Եհովային առաջնորդութեան կը հետեւէին, Եհովան զիրենք կ’օրհնէր եւ ազգը կը պաշտպանէր (Բ. Մն. 20։29, 30. 32։22)։ Յստակ էր որ Եհովան իր մարգարէները կը գործածէր իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար։ դ24.02 21 ¶8

Շաբաթ, յունիս 28

Անոնց հաղորդ մի՛ ըլլաք (Եփ. 5։7)։

Սատանան կ’ուզէ որ ընկերակցինք անձերու, որոնք մեզի համար կը դժուարացնեն Եհովային ուզածին պէս ապրիլը։ Բայց մենք պէտք է եփեսացիներէն ա՛լ աւելի ուշադիր ըլլանք, քանի որ այսօր մենք մարդոց հետ ժամանակ կ’անցընենք, ոչ միայն երես–երեսի, հապա նաեւ՝ ընկերային ցանցերու վրայ։ Պէտք է դէմ դնենք աշխարհի այն մտածելակերպին, թէ անբարոյ վարքը ընդունելի է, քանի որ մենք գիտենք թէ ատիկա սխալ է (Եփ. 4։19, 20)։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Որոշա՞ծ եմ անտեղիօրէն չընկերակցիլ գործակիցներու, դասընկերներու կամ ուրիշներու հետ, որոնք Եհովային արդար չափանիշները չեն յարգեր։ Քաջաբար կը հետեւի՞մ սխալի եւ շիտակի նկատմամբ Եհովային ըսածներուն, նոյնիսկ եթէ ոմանք զիս ծայրայեղ կոչեն ասիկա ընելուս համար’։ Ինչպէս որ Բ. Տիմոթէոս 2։20-22–ն կ’ըսէ, պէտք է նաեւ ուշադիր ըլլանք, երբ քրիստոնէական ժողովքին մէջ մեր մօտիկ ընկերները կ’ընտրենք։ Ի մտի պէտք է ունենանք, թէ անոնցմէ ոմանք կրնան մեզի չօգնել, որ Եհովային ծառայութեան մէջ հաւատարիմ մնանք։ դ24.03 22-23 ¶11-12

Կիրակի, յունիս 29

Եհովան շատ գուրգուրանք ունի (Յակ. 5։11, ՆԱ)։

Երբ Եհովային մասին մտածես, զինք ինչպէ՞ս կ’երեւակայես։ Թէեւ զինք չենք տեսներ, բայց Աստուածաշունչը զինք տարբեր կերպերով կը նկարագրէ։ Եհովան կոչուած է՝ «արեւ ու վահան», ինչպէս նաեւ «մաշող կրակ» (Սաղ. 84։11. Եբ. 12։29)։ Աստուածաշունչի գրողներէն մէկը՝ Եզեկիէլ, տեսիլքի մը մէջ, Աստուծոյ ներկայութիւնը նմանցուց «շափիւղայ քարի», փայլուն մետաղի եւ «ծիածանի» (Եզեկ. 1։26-28)։ Թերեւս մեզմէ ոմանց համար դժուար է հաւատալ որ Եհովան մեզ կը սիրէ, քանի որ զինք չենք տեսներ, կամ ալ քանի որ անցեալին շատ չարչարուած ենք։ Եհովան այս զգացումները կը հասկնայ եւ գիտէ թէ ասոնք ինչպէ՛ս կ’ազդեն մեր վրայ։ Եւ մեզի օգնելու համար, ան իր Խօսքին մէջ իր գեղեցիկ անձնաւորութիւնը նկարագրած է։ Եհովան նկարագրող լաւագոյն բառը սէրն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ան ի՛նչ որ ընէ, սէրէ մղուած կ’ընէ։ Անոր սէրը այնքա՛ն ջերմ է, այնքա՛ն՝ զօրաւոր, որ ան այդ սէրը ցոյց կու տայ նոյնիսկ զինք չսիրողներուն հանդէպ (Մատ. 5։44, 45)։ դ24.01 26 ¶1-3

Երկուշաբթի, յունիս 30

Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ (Սաղ. 99։7)։

Եհովան Մովսէսը նշանակեց, որ Իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս առաջնորդէ եւ ասիկա փաստելու համար, ցերեկը ամպի սիւն մը գործածեց, իսկ գիշերը՝ կրակի սիւն մը (Ել. 13։21)։ Մովսէս հետեւեցաւ այս սիւնին, որ թէ՛ զինք եւ թէ իսրայէլացիները առաջնորդեց դէպի Կարմիր ծով։ Երբ ժողովուրդը հոն հասաւ, անոնք իրար անցան, երբ տեսան որ ծովուն եւ Եգիպտական բանակին միջեւ կախուած են։ Բայց իրականութեան մէջ, ան չէր սխալած։ Եհովան դիտմամբ իր ժողովուրդը հոն առաջնորդած էր Մովսէսին միջոցաւ (Ել. 14։2)։ Անկէ ետք, Աստուած շատ զարմանալի կերպ մը գործածեց, որ իսրայէլացիները ազատէ (Ել. 14։26-28)։ Յաջորդ 40 տարիներուն, Մովսէս շարունակեց ամպի սիւնին հետեւիլ, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը առաջնորդէ անապատին մէջ (Ել. 33։7, 9, 10)։ Եհովան սիւնին մէջէն կը խօսէր Մովսէսին հետ, եւ Մովսէս ալ իր կարգին Եհովային ըսածները կը փոխանցէր ժողովուրդին։ Իսրայէլացիները շատ յստակ կերպով կրնային տեսնել, որ Եհովան Մովսէսին միջոցաւ կ’առաջնորդէր զիրենք։ դ24.02 21 ¶4-5

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել