Սեպտեմբեր
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 1
Ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ (Ղուկ. 1։78)։
Աստուած Յիսուսին տուած է մարդոց բոլոր խնդիրները լուծելու զօրութիւնը։ Իր հրաշքներով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ զօրութիւնը ունի լուծելու այն խնդիրները, որոնց հետ անձամբ գլուխ չենք կրնար ելլել։ Օրինակի համար, ան զօրութիւնը ունի մեզ ազատելու՝ մարդոց խնդիրներուն պատճառները լուծելով, որ են՝ ժառանգուած մեղքն ու անոր հետեւանքները, մէջը ըլլալով՝ հիւանդութիւնն ու մահը (Մատ. 9։1-6. Հռով. 5։12, 18, 19)։ Յիսուսի հրաշքները ցոյց տուին, որ ան կրնայ «ամէն կերպ» հիւանդութիւն բժշկել եւ նոյնիսկ մեռելներուն յարութիւն տալ (Մատ. 4։23. Յովհ. 11։43, 44)։ Ան նաեւ զօրութիւնը ունի կործանիչ փոթորիկներ կեցնելու եւ մարդիկը չար ոգիներէն ազատելու (Մար. 4։37-39. Ղուկ. 8։2)։ Որքա՜ն կը հանգստանանք գիտնալով որ Եհովան Յիսուսին ա՛յսքան զօրութիւն տուած է։ Կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք ապագայ օրհնութիւնները պիտի իրականանան։ Յիսուսի ըրած հրաշքները երբ երկրի վրայ էր, մեզի կը սորվեցնեն թէ ան, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան երկնային Թագաւոր, ինչ պիտի ընէ ամբո՛ղջ երկրի վրայ։ դ23.04 3 ¶5-7
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 2
Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ (Ա. Կոր. 2։10)։
Եթէ մեծ ժողովքի մը մէջ ես եւ կը զգաս որ քեզի շատ առիթ չի տրուիր որ պատասխանես, թերեւս որոշես ժողովներուն միայն նստիլ։ Բայց մի՛ յանձնուիր։ Քանի մը պատասխան պատրաստէ։ Ասանկով եթէ ժողովին սկիզբը քեզի առիթ չտրուի պատասխանելու, թերեւս ետքը տրուի։ Երբ որ Դիտարան–ը կը պատրաստես, մտածէ որ ամէն մէկ պարբերութիւն ինչպէ՛ս գլխաւոր նիւթին հետ կապուած է։ Վստահաբար բան մը պիտի գտնես պատասխանելու։ Ասկէ զատ, կրնաս պատասխաններ պատրաստել պարբերութիւններու վրայ, որոնք խոր նիւթերու մասին են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ թերեւս քիչեր պատասխանեն այդ պարբերութիւններուն։ Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ քանի մը ժողով անցաւ եւ դուն դեռ չես պատասխանած։ Ժողովէն առաջ վարիչին ըսէ թէ ո՛ր հարցումին կ’ուզես պատասխանել։ դ23.04 21-22 ¶9-10
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 3
Յովսէփ . . .ինչպէս Տէրոջը հրեշտակը իրեն հրամայեց, այնպէս ըրաւ ու իր կինը քովն առաւ (Մատ. 1։24)։
Յովսէփ միշտ պատրաստ էր Եհովային ուղղութիւններուն հետեւելու, ինչ որ իրեն աւելի լաւ ամուսին դարձուց։ Առնուազն երեք առիթներով, Յովսէփը իր ընտանիքին վերաբերող ուղղութիւններ առաւ Աստուծմէ։ Եւ ամէն անգամ շատ արագ անոնց հնազանդեցաւ, նոյնիսկ երբ այդ ուղղութիւններուն հետեւիլը դժուար էր (Մատ. 1։20. 2։13-15, 19-21)։ Աստուծոյ ուղղութիւններուն հետեւելով, Յովսէփ Մարիամը պաշտպանեց եւ իրեն հոգ տարաւ։ Երեւակայէ որ Մարիամին սէրն ու յարգանքը Յովսէփին հանդէպ որքա՜ն խորացան, երբ անոր ըրածները տեսաւ։ Ամուսիննե՛ր, դուք կրնաք Յովսէփը ընդօրինակել, երբ որ ձեր ընտանիքներուն հոգ տանելու Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւիք։ Եթէ այդ խրատներուն հետեւիք, նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ, ցոյց պիտի տաք որ ձեր կինը կը սիրէք եւ ձեր ամուսնութիւնը պիտի զօրանայ։ Վանուաթուէն քոյր մը, որ աւելի քան 20 տարիէ ամուսնացած է, կ’ըսէ. «Երբ որ ամուսինս Եհովային ուղղութիւնը խնդրէ եւ ատոր հետեւի, իրեն հանդէպ յարգանքս կ’աւելնայ, ապահով կը զգամ եւ իր առած որոշումներուն կը վստահիմ»։ դ23.05 21 ¶5
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 4
Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ ու անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի (Եսա. 35։8)։
Բաբելոնէն վերադարձող հրեաները պէտք էր «սուրբ ժողովուրդ» մը ըլլային (Բ. Օր. 7։6)։ Բայց ասիկա ըսել չէր որ անոնք այլեւս պէտք չունէին իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ընելու՝ Եհովան ուրախացնելու համար։ Հրեաներուն մեծամասնութիւնը, որ ծնած էր Բաբելոնի մէջ, շատ հաւանաբար վարժուած էր բաբելոնացիներուն մտածելակերպին եւ ապրելակերպին։ Օրինակ, հրեաները Իսրայէլ վերադառնալէն երկար տարիներ ետք, Նէեմիա կառավարիչը զարմացաւ, երբ գիտցաւ որ Իսրայէլի մէջ ծնած պզտիկներ նոյնիսկ չէին գիտեր եբրայերէն լեզուն (Բ. Օր. 6։6, 7. Նէ. 13։23, 24)։ Լաւ, այս պզտիկները ինչպէ՞ս պիտի սորվէին Եհովան սիրել եւ պաշտել, եթէ չէին հասկնար Աստուծոյ Խօսքը, որ եբրայերէն լեզուով գրուած էր (Եզր. 10։3, 44)։ Ուրեմն, վերադարձող հրեաները պէտք էր իրենց կեանքին մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ մտցնէին, եւ ասիկա ընելը շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար, եթէ անոնք Իսրայէլի մէջ ըլլային, ուր մաքուր պաշտամունքը կամաց–կամաց կը վերահաստատուէր (Նէ. 8։8, 9)։ դ23.05 15 ¶6-7
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 5
Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ (Սաղ. 145։14)։
Ցաւօք սրտի, որքան ալ փափաք ունենանք կամ ջանք թափենք, ատեններ բաներ կը պատահին, որոնք արգելք կ’ըլլան որ մեր նպատակակէտերուն հասնինք։ Օրինակ, անակնկալ բաները կրնան մեր ժամանակը գողնալ (Ժող. 9։11)։ Կրնայ ըլլալ դժուարութեան մը պատճառով յուսահատինք կամ ոյժ չունենանք մեր նպատակակէտին հասնելու (Առ. 24։10)։ Կրնայ ըլլալ որ մեր անկատարութեան պատճառով մեր նպատակակէտին հակառակ բան մը ընենք (Հռով. 7։23)։ Կամ կրնայ ըլլալ որ յոգնած զգաք (Մատ. 26։43)։ Այսպիսի պարագաներու, ի՞նչ կրնանք ընել։ Երբ արգելքներ ըլլան եւ նպատակակէտիդ չհասնիս, ըսել չէ որ ձախող անձ ես։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ թերեւս ետեւ–ետեւի խնդիրներ կամ դժուարութիւններ ունենանք։ Բայց ատիկա նաեւ յստակ կը դարձնէ, որ կրնանք փորձել մեր նպատակակէտին հասնիլ։ Ուրեմն, երբ որ շարունակես ջանք թափել որ նպատակակէտիդ հասնիս, նոյնիսկ եթէ ատիկա ընելը դժուար ըլլայ, Եհովային կը փաստես որ կ’ուզես իր սիրտը ուրախացնել։ Եւ Եհովան կ’ուրախանայ տեսնելով թէ որքան ջանք կը թափես որ նպատակակէտիդ հասնիս։ դ23.05 30 ¶14-15
Շաբաթ, սեպտեմբեր 6
Հօտին օրինակ [եղէք] (Ա. Պետ. 5։3)։
Ռահվիրայութիւնը երիտասարդի մը կ’օգնէ, որ գիտնայ ինչպէ՛ս վարուի տարբեր տեսակի մարդոց հետ։ Ատիկա նաեւ կ’օգնէ որ սորվի ինչպէ՛ս իր դրամը գործածէ (Փլպ. 4։11-13)։ Օժանդակ ռահվիրայութիւնը, լիաժամ ծառայութիւնը սկսելու լաւ կերպ մըն է, որ եղբօր կ’օգնէ որ պատրաստուի կանոնաւոր ռահվիրայութեան։ Ռահվիրայութիւնը առիթ կը բանայ որ եղբայր մը լիաժամ ծառայութեան ուրիշ տեսակներ վայելէ, օրինակ՝ ծառայելով որպէս շինարարութեան ծառայ կամ բեթէլական։ Քրիստոնեայ երիտասարդները երէց ըլլալու համար պէտք է կարգ մը պահանջքներ եւ յատկութիւններ զարգացնեն։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ այն տղամարդիկը, որոնք ջանք կ’ընեն որ երէց մը ըլլան ‘աղէկ գործի կը ցանկան’ (Ա. Տիմ. 3։1)։ Նա՛խ, եղբայր մը պէտք է որ օգնական ծառայ ըլլայ։ Օգնական ծառաները երէցներուն կ’օգնեն շատ մը գործնական կերպերով։ Թէ՛ երէցները եւ թէ օգնական ծառաները խոնարհաբար կը ծառայեն իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն, եւ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր են։ դ23.12 28 ¶14-16
Կիրակի, սեպտեմբեր 7
Երբ դեռ ինք պատանի էր, իր հօրը Դաւիթին Աստուածը փնտռել սկսաւ (Բ. Մն. 34։3)։
Յովսիա թագաւորը պատանի էր, երբ սկսաւ Եհովան փնտռել։ Ան կ’ուզէր Եհովային մասին սորվիլ եւ իր կամքը ընել։ Բայց այս պատանի թագաւորին կեանքը դիւրին չէր։ Ան պէտք էր մաքուր պաշտամունքին թիկունք կանգնէր, երբ սուտ պաշտամունքը ամէն կողմ տարածուած էր։ Եւ այսպէս ալ ըրաւ։ Առաջ որ 20 տարեկան ըլլայ, սկսաւ սուտ պաշտամունքը երկրէն վերցնել (Բ. Մն. 34։1, 2)։ Նոյնիսկ եթէ տարիքով շատ պզտիկ ես, կրնաս որոշել Յովսիայի օրինակին հետեւիլ՝ Եհովային եւ իր հոյակապ յատկութիւններուն մասին աւելի սորվելով եւ գնահատելով անոնք։ Ասիկա քեզ պիտի մղէ որ կեանքդ իրեն նուիրես։ Այդ նուիրումը ինչպէ՞ս կ’ազդէ առօրեայ կեանքիդ։ 14 տարեկանին մկրտուած Լուք անունով պատանի մը կ’ըսէ. «Ասկէ ետք, Եհովային ծառայելը կեանքիս մէջ առաջին տեղը պիտի դնեմ եւ պիտի փորձեմ զինք ուրախացնել» (Մար. 12։30)։ Որքա՜ն պիտի օրհնուիս, եթէ փափաքիս դուն ալ նոյնը ընել։ դ23.09 11 ¶12-13
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 8
Յարգ[եցէք] ձեր գործաւորներն ու վերակացուները Տէրոջմով (Ա. Թես. 5։12)։
Երբ Պօղոս առաքեալը իր նամակը գրեց, Թեսաղոնիկէի ժողովքին հաստատուելուն տակաւին մէկ տարի չէր եղած։ Անոր մէջի երէցները անփորձ էին եւ հաւանաբար սխալներ ալ ըրած էին։ Բայց հակառակ ասոր, անոնք յարգանքի արժանի էին։ Մինչ մեծ նեղութիւնը կը մօտենայ, թերեւս որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք ունենանք ուղղութեան համար մեր ժողովքի երէցներուն վստահելու։ Թերեւս կեդրոնատեղիին եւ մասնաճիւղին հետ մեր կապը կտրուի։ Ատոր համար, կարեւոր է որ սորվինք հիմա իսկ մեր երէցները սիրել եւ յարգել։ Ի՛նչ որ ալ պատահի, զգաստ մնանք, անոնց անկատարութիւններուն վրայ չկեդրոնանանք, հապա կեդրոնանանք այն իրողութեան վրայ, որ Եհովան Քրիստոսի միջոցաւ այս հաւատարիմ տղամարդիկը կ’առաջնորդէ։ Ճիշդ ինչպէս որ սաղաւարտը զինուորի մը գլուխը կը պաշտպանէր, մեր փրկութեան յոյսը մեր մտածելակերպը կը պաշտպանէ։ Մենք կը գիտակցինք որ ինչ որ այս աշխարհը կը ներկայացնէ անարժէք է (Փլպ. 3։8)։ Մեր հաւատքը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ հանդարտ մնանք եւ իրար չանցնինք։ դ23.06 11-12 ¶11-12
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 9
Անզգամ կինը աղաղակող կ’ըլլայ, անիկա անմիտ է (Առ. 9։13)։
‘Անզգամ կնոջ’ մտիկ ընողները ընտրութեան մը առջեւ են. իր հրաւէրը պիտի ընդունի՞ն թէ ոչ պիտի մերժեն։ Կարեւոր պատճառներ կան, թէ ինչո՛ւ պէտք է սեռային անբարոյութիւնը մերժենք։ «Անզգամ կինը» կը նկարագրուի որ կ’ըսէ. «Գողցուած ջուրերը անոյշ են» (Առ. 9։17)։ Ի՞նչ են այս «գողցուած ջուրերը»։ Աստուածաշունչը ամուսնացած զոյգի մը միջեւ եղած սեռային յարաբերութիւնը կը նմանցնէ թարմացուցիչ ջուրերու (Առ. 5։15-18)։ Օրինական ամուսնութեան մէջ, ամուսինը եւ կինը կրնան հաճոյք ստանալ պատշաճ սեռային արարքներով։ Բայց պարագան այդպէս չէ «գողցուած ջուրեր»ուն։ Այս ջուրերը կրնան ակնարկել սեռային անբարոյութեան, որ յաճախ գաղտնաբար տեղի կ’ունենայ, ճիշդ ինչպէս որ գող մը գաղտնաբար կը գողնայ։ «Գողցուած ջուրերը» թերեւս անոյշ ջուրի համ ունենան անոնց համար, որոնք կը կարծեն որ իրենց ըրածը մէ՛կը չտեսաւ։ Բայց անոնք իրենք զիրենք կը խաբեն։ Եհովան ամէն բան կը տեսնէ, ուրեմն Եհովային հաճութիւնը կորսնցնելը ամէնէն լեղի բանն է. անոր մէջ «անոյշ» բան մը չկայ (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ դ23.06 22 ¶7-9
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 10
Եթէ ասիկա. . . ընեմ. . . ակամայ՝ ան ինծի յանձնուած տնտեսութիւն մըն է (Ա. Կոր. 9։17)։
Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ զգաս որ այլեւս սրտանց չես աղօթեր, կամ առաջուան չափ ախորժակով չես ելլեր ծառայութեան։ Մի՛ մտածեր որ Եհովային սուրբ հոգին կորսնցուցած ես։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անկատար ես եւ զգացումներդ կրնան ատեն–ատեն փոխուիլ։ Եթէ նախանձախնդրութիւնդ պակսի, մտածէ Պօղոս առաքեալին օրինակին մասին։ Հակառակ անոր որ ան կը փորձէր Յիսուսին նմանիլ, գիտէր որ ատեններ իր ներսէն չէր բխեր որոշ բաներ ընել։ Պօղոս ցոյց տուաւ որ ան իր միտքը դրած էր Եհովային ծառայել, հակառակ անոր որ ատեններ իր ներսէն չէր բխեր ասիկա ընել։ Պօղոսին պէս, ջանա քու անկատար զգացումներուդ հիման վրայ որոշումներ չառնել։ Միտքդ դիր որ ճիշդը պիտի ընես, հակառակ անոր որ ատեններ ներսէդ չի բխիր։ Ասիկա պիտի օգնէ, որ ժամանակի ընթացքին զգացումներդ ալ փոխուին (Ա. Կոր. 9։16)։ դ24.03 11-12 ¶12-13
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 11
Ատոնց. . . առջեւ ցո՛յց տուէք ձեր սիրոյն. . . ապացոյցը (Բ. Կոր. 8։24, ԱԾ)։
Կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տալ, երբ իրենց հետ բարեկամանանք եւ ժամանակ անցընենք (Բ. Կոր. 6։11-13)։ Մեր ժողովքներուն մէջ, եղբայրներն ու քոյրերը տարբեր–տարբեր բնաւորութիւններ ունին։ Կրնանք բոլորին հանդէպ մեր սէրը աւելցնել՝ կեդրոնանալով իրենց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, պէտք պիտի ունենանք մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրելու։ Երբ ատիկա սկսի, Եհովան ինչպէ՞ս մեզ պիտի պաշտպանէ։ Նկատի առ թէ Եհովան իր ժողովուրդին ի՛նչ ուղղութիւն տուաւ, երբ Բաբելոնի վրայ յարձակում եղաւ. «Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, մինչեւ բարկութիւնը անցնի» (Եսա. 26։20)։ Մեծ նեղութեան ատեն, թերեւս մենք ալ պէտք ունենանք այդ ուղղութիւններուն հետեւելու։ դ23.07 6-7 ¶14-16
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 12
Այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի (Ա. Կոր. 7։31, ՆԱ)։
Վարքովդ ցոյց տուր որ ճկուն ես։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Մարդոց աչքին ես ճկուն եւ յարմարող մէ՞կն եմ, թէ ոչ կարծր, կոշտ եւ յամառ մէկն եմ։ Ուրիշներուն ըսածը կ’ընե՞մ երբ որ կարելի է’։ Ո՛րքան աւելի ճկուն ըլլանք, ա՛յնքան աւելի կ’ընդօրինակենք Եհովան եւ Յիսուսը։ Պէտք է ճկուն ըլլանք, երբ մեր պարագաները փոխուին։ Այս փոփոխութիւնները կրնան անակնկալ դժուարութիւններ բերել մեզի։ Թերեւս լուրջ հիւանդութեան մը բռնուինք կամ մեր ապրած շրջանին մէջ տնտեսական կամ քաղաքական անակնկալ փոփոխութիւններու պատճառաւ մեր կեանքը տակնուվրայ ըլլայ (Ժող. 9։11)։ Նոյնիսկ մեր նշանակումին փոխուիլը կրնայ դժուար ըլլալ մեզի համար։ Կրնանք մեր նոր պարագաներուն յարմարիլ, եթէ հետեւեալ չորս քայլերը առնենք. 1) իրողութիւնը ընդունինք, 2) ապագային նայինք, 3) դրականին վրայ կեդրոնանանք եւ 4) ուրիշներուն օգնենք։ դ23.07 22 ¶7-8
Շաբաթ, սեպտեմբեր 13
Դուն Աստուծոյ սիրելին ես (Դան. 9։23)։
Դանիէլ մարգարէն պատանի էր, երբ բաբելոնացիները զինք գերի բռնելով տարին հեռաւոր երկիր մը։ Բայց ան թշնամիներուն ուշադրութիւնը գրաւեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք երեւցածին նայելով, նկատեցին որ ան իշխանական ընտանիքէ կու գար եւ «բնաւ արատ չունեցող, գեղեցիկ դէմքով» մէկն էր (Ա. Թագ. 16։7)։ Այս պատճառներով, բաբելոնացիները զինք մարզեցին որ պալատին մէջ ծառայէ (Դան. 1։3, 4, 6)։ Եհովան սիրեց Դանիէլը, քանի որ ան որոշած էր Եհովային ուզածին պէս մէկը ըլլալ։ Իրականութեան մէջ, երբ Եհովան ըսաւ որ Դանիէլ՝ Նոյին եւ Յոբին պէս է, որոնք երկար տարիներ ծառայած էին իրեն, Դանիէլ հաւանաբար շուրջ 20 տարեկան էր։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան Դանիէլը անոնց պէս արդար մէկը սեպեց (Ծն. 5։32. 6։9, 10. Յոբ 42։16, 17. Եզեկ. 14։14)։ Եւ շարունակեց Դանիէլը սիրել դէպքերով լեցուն իր երկար կեանքին ընթացքին (Դան. 10։11, 19)։ դ23.08 2 ¶1-2
Կիրակի, սեպտեմբեր 14
Հասկ[ցէք]. . . թէ ի՞նչ է լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը (Եփ. 3։18)։
Երբ պիտի որոշես տուն մը գնել, կ’ուզես քու ապագայ տունիդ մասին ամէն մանրամասնութիւնները անձամբ գիտնալ։ Նոյն բանը կրնանք ընել, երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք ու կը սերտենք։ Եթէ արագօրէն կարդաս, թերեւս միայն հիմնական ճշմարտութիւնները պիտի գիտնաս, որոնք «Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքներ»ն են (Եբ. 5։12)։ Բայց ասոր տեղ, մտիր «տունէն ներս», այսինքն՝ Սուրբ Գիրքին հետաքրքրական մանրամասնութիւնները քննէ։ Սուրբ Գիրքը սերտելու հոյակապ կերպ մըն է՝ տեսնել թէ ինչպէ՛ս անոր տարբեր–տարբեր մասերը իրարու հետ կապուած են։ Ջանք ըրէ որ հասկնաս ոչ միայն թէ ի՛նչ ճշմարտութիւններու կը հաւատաս, հապա թէ ինչո՛ւ կը հաւատաս անոնց։ Որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը լիովին հասկնանք, պէտք է Աստուածաշունչի խորունկ ճշմարտութիւնները սորվինք։ Պօղոս առաքեալ իր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերեց որ Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանութեամբ սերտեն, որպէսզի կարենան հասկնալ ճշմարտութեան «լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը»։ Անկէ ետքն էր որ անոնք կրնային իրենց հաւատքին մէջ ‘արմատանալ ու հաստատուիլ’ (Եփ 3։14-19)։ Մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք։ դ23.10 18 ¶1-3
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 15
Ե՛ղբայրներս, չարչարանքներու եւ համբերութեան համար օրինակ առէք մարգարէները, որոնք Տէրոջը անունովը խօսեցան (Յակ. 5։10)։
Սուրբ Գիրքին մէջ կրնանք գտնել շատ մը անհատներու օրինակները, որոնք համբերող էին։ Լաւ կ’ըլլայ որ անոնք սերտելու համար ժամանակ տրամադրես։ Օրինակ, նկատի առ Դաւիթի օրինակը։ Թէեւ Դաւիթ կանուխ տարիքէն օծուեցաւ, որ ապագային Իսրայէլի վրայ թագաւորէ, ան երկար տարիներ սպասեց մինչեւ որ թագաւոր ըլլայ։ Սիմէոնը եւ Աննան հաւատարմօրէն Եհովան պաշտեցին, մինչ կը սպասէին խոստացեալ Մեսիային գալուն (Ղուկ. 2։25, 36-38)։ Ասոնց մասին սերտելու ատեն, փորձէ այս հարցումներուն պատասխանները գտնել. Ի՞նչը օգնեց այս անհատին որ համբերութիւն ցոյց տայ։ Համբերող ըլլալով ինչպէ՞ս օգտուեցաւ։ Ինչպէ՞ս կրնամ զինք ընդօրինակել։ Կրնաս նաեւ օգտուիլ սերտելով այն անհատներուն մասին, որոնք համբերութիւն ցոյց չտուին (Ա. Թագ. 13։8-14)։ Թերեւս միտքէդ անցնի. ‘Ի՞նչը ձգեց որ անոնք անհամբեր ըլլան։ Հետեւանքները ի՞նչ էին’։ դ23.08 25 ¶15
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 16
Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին (Յովհ. 6։70)։
Պետրոս առաքեալը հաւատարիմ էր։ Ան չձգեց որ բա՛ն մը պատճառ ըլլայ որ Յիսուսի հետեւելէն կենայ։ Օրինակ, անգամ մը Յիսուս ըսաւ բան մը, որ աշակերտները չհասկցան (Յովհ. 6։69)։ Շատեր առանց բացատրութիւնը մտիկ ընելու, Յիսուսին հետեւելէ կեցան։ Բայց Պետրոս այդպէս չըրաւ։ Ան գիտէր թէ միայն Յիսուս «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» ունէր։ Յիսուս գիտցաւ որ Պետրոսը եւ միւս առաքեալները զինք պիտի ձգէին։ Հակառակ ասոր, ան Պետրոսը վստահեցուց, որ ետ ինքզինք պիտի գտնէր եւ հաւատարիմ պիտի մնար (Ղուկ. 22։31, 32)։ Յիսուս կը հասկնար որ «հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մար. 14։38)։ Անոր համար, նոյնիսկ Պետրոսը զինք ուրանալէն ետք, ան իր յոյսը չկտրեց այս առաքեալէն։ Երբ Յիսուս յարութիւն առաւ, Պետրոսին երեւցաւ՝ հաւանաբար երբ Պետրոսը առանձին էր (Մար. 16։7. Ղուկ. 24։34. Ա. Կոր. 15։5)։ Ասիկա որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էր այս յուսահատ առաքեալը։ դ23.09 22 ¶9-10
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 17
Երանի՜ անոնց,. . . որոնց անօրէնութիւնները ներուեցան եւ որոնց մեղքերը ծածկուեցան (Հռով. 4։7)։
Եհովան կը ծածկէ, կամ կը ներէ, անոնց մեղքերը, որոնք իրեն կը հաւատան։ Անոնց բոլորովին կը ներէ եւ այլեւս անոնցմէ հաշիւ չի պահանջեր (Սաղ. 32։1, 2)։ Ան այսպիսի անձեր անմեղ եւ արդար կը նկատէ, քանի որ իրեն կը հաւատան։ Ճիշդ է որ Եհովային արդար ծառաները, օրինակ՝ Աբրահամը եւ Դաւիթը, մեղաւոր էին, բայց քանի որ հաւատք ունէին, Եհովան զանոնք անմեղ եւ արդար նկատեց, մանաւանդ՝ երբ անոնք բաղդատուին հաւատք չունեցողներուն հետ (Եփ. 2։12)։ Պօղոս առաքեալ իր նամակին մէջ յստակօրէն ըսաւ, որ եթէ մէկը կ’ուզէ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, պէտք է Աբրահամին եւ Դաւիթին պէս հաւատք ունենայ։ Մենք ալ կրնանք Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, եթէ հաւատք ունենանք։ դ23.12 3 ¶6-7
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 18
Ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին (Եբ. 13։15)։
Ներկայիս, բոլոր քրիստոնեաները առանձնաշնորհումը ունին զոհեր ներկայացնելու Եհովային, գործածելով իրենց ժամանակը, ուժը եւ նիւթականը՝ Թագաւորութեան շահերուն սիրոյն։ Կրնանք ցոյց տալ որ Եհովան պաշտելու մեր առանձնաշնորհումը շատ կ’արժեւորենք, երբ իրեն մեր լաւագոյն զոհերը տանք։ Պօղոս առաքեալը կը յիշէ մեր պաշտամունքին վերաբերեալ տարբեր երեսակներ, որոնք բնաւ պէտք չէ անտեսենք (Եբ. 10։22-25)։ Ատոնց մէջ կան՝ աղօթքով Եհովային մօտենալ, մեր յոյսը հանրապէս յայտարարել, որպէս ժողովք ժողվուիլ եւ զիրար քաջալերել՝ «այնչափ աւելի՝ որչափ [Եհովայի] օրուան մօտենալը կը տեսնենք»։ Յայտնութիւն գրքին վերջաւորութեան, Եհովային հրեշտակը երկու անգամ հետեւեալ խօսքը կը կրկնէ, որպէսզի շեշտէ անոր կարեւորութիւնը. «Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ» (Յայտ. 19։10. 22։9)։ Կը մաղթենք որ բնաւ չմոռնանք այս երկու բաները. Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին մասին այս խորունկ հոգեւոր ճշմարտութիւնը եւ մեր աննման Աստուածը պաշտելու մեր արժէքաւոր առանձնաշնորհումը։ դ23.10 29 ¶17-18
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 19
Մէկզմէկ սիրենք (Ա. Յովհ. 4։7)։
Մենք բոլորս կ’ուզենք շարունակել ‘մէկզմէկ սիրել’։ Բայց կարեւոր է որ յիշենք այն զգուշացումը որ Յիսուս տուաւ, երբ ըսաւ որ «շատերուն սէրը պիտի պաղ[էր]» (Մատ. 24։12)։ Յիսուս ըսել չէր ուզեր որ իր աշակերտներուն մեծ մասին սէրը պիտի պաղէր։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ սէր չունեցող մարդիկը մեր վրայ չազդեն։ Ասիկա մեր միտքը պահելով, հիմա նկատի առնենք այս կարեւոր հարցումը. կերպ մը կա՞յ փորձելու եթէ եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր է, կամ ոչ։ Մեր սիրոյն զօրաւոր ըլլալը գիտնալու կերպերէն մէկն է՝ տեսնել թէ կեանքի կարգ մը պարագաները ինչպէ՛ս ձեռք կ’առնենք (Բ. Կոր. 8։8)։ Պետրոս առաքեալը կը յիշէ այդ պարագաներէն մէկը. «Ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Ա. Պետ. 4։8)։ Ուրեմն, ուրիշներուն տկարութիւնները եւ անկատարութիւնները կրնան մեր սէրը փորձի տակ դնել։ դ23.11 10 ¶12-13
Շաբաթ, սեպտեմբեր 20
Մէկզմէկ սիրէք (Յովհ. 13։34)։
Մենք չենք կրնար հնազանդիլ սիրոյ մասին Յիսուսի տուած պատուէրին, եթէ ժողովքին մէջ ոմանք կը սիրենք, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Ճիշդ է որ Յիսուսին պէս, թերեւս ոմանց աւելի մօտիկ զգանք քան ուրիշներու (Յովհ. 13։23. 20։2)։ Բայց Պետրոս առաքեալը մեզի կը յիշեցնէ որ պէտք է ջանք ընենք որ մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք՝ անոնք մեր ընտանիքին մէկ մասը սեպելով (Ա. Պետ. 2։17)։ Պետրոս մեզ քաջալերեց որ ‘մէկզմէկ պի՛նդ սիրենք’ (Ա. Պետ. 1։22)։ Այս համարին մէջ, «պի՛նդ սիրել» կը նշանակէ՝ ուրիշը սիրել, նոյնիսկ եթէ անոր հանդէպ սէր ցոյց տալը դժուար է։ Օրինակի համար, ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ եղբայր մը մեզ վիրաւորէ։ Մենք բնականաբար կ’ուզենք հակադարձել, փոխանակ սէր ցոյց տալու։ Բայց Պետրոս Յիսուսէն սորվեցաւ որ հակադարձելը Եհովան կը նեղացնէ (Յովհ. 18։10, 11)։ Պետրոս գրեց. «Չըլլայ որ չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէք կամ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք, այլ ընդհակառակն՝ օրհնեցէ՛ք» (Ա. Պետ. 3։9)։ Ձգէ որ պինդ սէրը քեզ մղէ ազնիւ եւ նկատառու ըլլալու։ դ23.09 29 ¶9-11
Կիրակի, սեպտեմբեր 21
Կիները պէտք է ըլլան. . . սովորութիւններու մէջ չափաւոր, ամէն բանի մէջ հաւատարիմ (Ա. Տիմ. 3։11, ՆԱ)։
Աչքդ գոցէ բաց պզտիկը կը մեծնայ։ Ճիշդ է որ պզտիկին ֆիզիքապէս մեծնալը ինքնաբերաբար կ’ըլլայ, բայց հոգեւորապէս հասուննալը ջանք կ’ուզէ (Ա. Կոր. 13։11. Եբ. 6։1)։ Հոն հասնելու համար, պէտք է Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Ասկէ զատ, սուրբ հոգիին պէտք ունինք, որ հոգեւոր յատկութիւններ եւ գործնական ձիրքեր զարգացնենք եւ հիմակուընէ պատրաստուինք ապագայ պատասխանատուութիւններու (Առ. 1։5)։ Եհովան մարդիկը արու եւ էգ ստեղծեց (Ծն. 1։27)։ Դիւրին է նկատել որ տղամարդիկը եւ կիները իրարմէ ֆիզիքապէս տարբեր են, բայց անոնք ուրիշ կերպերով ալ տարբեր են։ Օրինակ, Եհովան տղամարդը եւ կինը ստեղծեց որպէսզի ամէն մէկը յատուկ պատասխանատուութիւններու հոգ տանի։ Ատոր համար, անոնք պէտք ունին յատկութիւններու եւ ձիրքերու, որոնցմով կրնան իրենց այս պատասխանատուութիւններուն հոգ տանիլ (Ծն. 2։18)։ դ23.12 18 ¶1-2
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 22
Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ (Մատ. 28։19)։
Արդեօք Յիսուս կ’ուզէ՞ր որ ուրիշներ իր Հօր անձնական անունը գործածեն։ Վստահաբար։ Կարգ մը ծայրայեղ կրօնական առաջնորդներ, այդ ատեն կը հաւատային թէ Աստուծոյ անունը գործածելը յարգանք ցոյց չէր տար։ Բայց Յիսուս չձգեց որ սուրբգրային չեղող այս աւանդութիւնները պատճառ ըլլան, որ իր Հօր անունը չօրհնէ։ Նկատի առ այն դէպքը, որ տեղի ունեցաւ գերասացիներու շրջանին մէջ, ուր Յիսուս դիւահար մարդ մը բուժեց։ Սկիզբը մարդիկ վախցան եւ Յիսուսէն խնդրեցին որ շրջանէն հեռանայ, եւ ան ալ հեռացաւ (Մար. 5։16, 17)։ Բայց Յիսուս ուզեց որ այդ շրջանին մէջ Եհովային անունը ճանչցուի։ Ատոր համար, իր բուժած մարդուն ըսաւ, որ երթայ մարդոց պատմէ ոչ թէ ի՛նք ինչ ըրաւ, հապա Եհովա՛ն ինչ ըրաւ իրեն (Մար. 5։19)։ Յիսուս կ’ուզէ որ մենք ալ նոյնը ընենք. ամբողջ աշխարհի մէջ իր Հօր անունը ճանչցնենք (Մատ. 24։14. 28։20)։ Երբ ասիկա ընենք, մեր Թագաւոր Յիսուսը պիտի ուրախացնենք։ դ24.02 10 ¶10
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 23
Դիմացար իմ անուանս համար (Յայտ. 2։3, ՆԱ)։
Այս դժուար վերջին օրերուն, Եհովային կազմակերպութեան մաս կազմելը իսկական օրհնութիւն մըն է։ Մինչ այս աշխարհին մէջ կեանքը երթալով աւելի կը դժուարանայ, Եհովան մեզի տուած է եղբայրներ եւ քոյրեր, որ մեզի օգնեն (Սաղ. 133։1)։ Ան նաեւ մեզի կ’օգնէ որ ուրախ ընտանեկան կեանք մը ունենանք (Եփ. 5։33–6։1)։ Ասկէ զատ, ան մեզի իմաստութիւն կու տայ, որպէսզի ներքին խաղաղութիւն ունենանք։ Բայց պէտք է շատ ջանք թափենք, որ շարունակենք հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատեններ թերեւս ուրիշներուն ըսածները կամ ըրածները մեզ նեղացնեն։ Կամ ալ թերեւս մե՛ր ըրած սխալները մեզ նեղացնեն, մանաւանդ եթէ միշտ նոյն սխալները կ’ընենք։ Պէտք է շարունակենք հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել՝ 1) երբ եղբայր մը կամ քոյր մը մեզ նեղացնէ, 2) երբ յուսախաբ ըլլանք մեր կողակիցէն եւ 3) երբ մենք մեր անձէն յուսախաբ ըլլանք։ դ24.03 14 ¶1-2
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 24
Ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք (Փլպ. 3։16)։
Ատեն–ատեն պիտի լսես եղբայրներու ու քոյրերու փորձառութիւններ, որոնք քայլեր առած են որ Եհովային աւելի ծառայեն։ Թերեւս անոնք գացած են Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց։ Կամ ալ փոխադրուած են հոն՝ ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Եթէ պարագաներդ կը ներեն որ այսպիսի նպատակներ դնես, ամէն կարելիդ ըրէ որ դնես։ Եհովային ծառաները սրտանց կ’ուզեն իրեն աւելի ծառայել (Գործք 16։9)։ Իսկ եթէ պարագաներդ չեն ներեր, մի՛ կարծեր որ միւսներէն աւելի քիչ արժէք ունիս։ Ամէնէն կարեւոր բանը այն է, որ շարունակես Եհովային ծառայութեան մէջ տոկալ (Մատ. 10։22)։ Բնաւ մի՛ մոռնար որ Եհովան շատ կ’ուրախանայ, երբ որ լաւագոյնդ կ’ընես որ քու կարողութիւններուդ եւ պարագաներուդ համաձայն իրեն ծառայես։ Այսպիսով, պիտի շարունակես մկրտութենէդ ետք Յիսուսին հետեւիլ (Սաղ. 26։1)։ դ24.03 10 ¶11
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 25
Մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի (Կող. 2։13)։
Մեր երկնաւոր Հայրը կը խոստանայ, որ երբ զղջանք՝ մեզի պիտի ներէ (Սաղ. 86։5)։ Ուրեմն, եթէ սրտանց զղջացած ենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան իր խօսքին տէրն է եւ մեզի ներած է։ Յիշէ թէ Եհովան խիստ կամ անճկուն Աստուած չէ։ Ան բնա՛ւ մեզմէ չ’ակնկալեր, որ մեր կարողութենէն աւելի ընենք։ Ան կը գնահատէ ի՛նչ որ իրեն համար կ’ընենք, մինչեւ այն ատեն որ մեր լաւագոյնը կ’ընենք։ Ասկէ զատ, խոկա՛ Եհովային ամբողջ սրտով ծառայող անձերուն օրինակներուն վրայ, որոնք յիշուած են Սուրբ Գիրքին մէջ։ Մտածէ Պօղոս առաքեալին մասին։ Ան տարիներո՜վ նախանձախնդրաբար քարոզեց, հազարաւոր քիլոմեթրներ կտրեց եւ շատ ժողովքներ հաստատեց։ Բայց արդեօք, երբ իր պարագաները փոխուեցան եւ այլեւս չկրցաւ առաջուան չափ քարոզել, Եհովային հաճութիւնը կորսնցո՞ւց։ Ո՛չ։ Ան շարունակեց ընել ի՛նչ որ կրնար ընել, եւ Եհովան զինք օրհնեց (Գործք 28։30, 31)։ Նոյնպէս, երբեմն Եհովային ծառայութեան մէջ մեր ըրածը կրնայ փոխուիլ պարագաներուն պատճառով։ Բայց Եհովային համար կարեւորը այն է, որ ինչո՛ւ կ’ընենք բան մը։ դ24.03 27 ¶7, 9
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 26
Առաւօտուն շատ կանուխ ելլելով՝ [Յիսուս] գնաց անապատ մը եւ հոն աղօթք ըրաւ (Մար. 1։35)։
Յիսուս ոչ միայն իր աշակերտներուն սորվեցուց որ միշտ աղօթեն, հապա իրենց օրինակ ալ ձգեց։ Իր ծառայութեան ընթացքին, շատ անգամ աղօթեց։ Բայց պէտք էր ժամանակ տրամադրէր աղօթելու, քանի որ շատ անգամ զբաղած էր եւ շատ մարդոցմով շրջապատուած էր (Մար. 6։31, 45, 46)։ Օրինակ, առտու կանուխ արթնցաւ, որ առանձին ժամանակ ունենար աղօթելու։ Ասկէ զատ, առնուազն առիթով մը, ամբողջ գիշեր մը աղօթելով անցուց, առաջ որ կարեւոր որոշում մը առնէ (Ղուկ. 6։12, 13)։ Իսկ երկրի վրայ իր կեանքին վերջին գիշերուան ընթացքին, Յիսուս քանի մը անգամ աղօթեց, առաջ որ իր նշանակումին ամէնէն դժուար մասը ամբողջացնէր (Մատ. 26։39, 42, 44)։ Յիսուսին օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, թէ որքա՛ն ալ զբաղած ըլլանք, պէ՛տք է ժամանակ տրամադրենք աղօթելու։ Իրեն պէս, թերեւս պէտք ըլլայ որ առտու կանուխ արթննանք, կամ գիշերը քիչ մը աւելի ուշ պառկինք՝ աղօթելու համար։ Ասանկով, Եհովային կը ցուցնենք, որ մեզի համար կարեւոր է այս յատուկ նուէրը՝ աղօթքը։ դ23.05 3 ¶4-5
Շաբաթ, սեպտեմբեր 27
Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ (Հռով. 5։5)։
Նկատի առ այսօրուան համարին մէջ գործածուած «Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է» արտայայտութիւնը։ Աստուածաշունչի բառարան մը այս արտայայտութիւնը նկարագրելով կ’ըսէ, որ Աստուծոյ սէրը «գետի մը պէս մեր վրան կը հոսի»։ Ասիկա մեր մտքին մէջ կը տպաւորէ, որ Եհովան որքա՛ն շատ կը սիրէ օծեալները։ Անոնք գիտեն որ Աստուծոյ կողմէ սիրուած են (Յդ. 1, ՆԱ)։ Յովհաննէս առաքեալ օծեալներուն զգացումները արտայայտելով գրեց. «Տեսէ՛ք, Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի, որպէս զի մենք Աստուծոյ որդիներ կոչուինք» (Ա. Յովհ. 3։1)։ Լաւ, Եհովան միայն օծեալնե՞րը կը սիրէ։ Ո՛չ։ Ան իր սէրը արտայայտած է բոլորիս հանդէպ։ Եհովային սէրը ամէնէն շատ փաստող բանը փրկանքն է։ Փրկանքին միջոցաւ Եհովան ոեւէ մէկէ աւելի սէր ցոյց տուած է մարդոց հանդէպ (Յովհ. 3։16. Հռով. 5։8)։ դ24.01 28 ¶9-10
Կիրակի, սեպտեմբեր 28
Երբ քեզի կանչեմ, ետ պիտի դառնան իմ թշնամիներս. գիտեմ թէ Աստուած ինծի հետ է (Սաղ. 56։9)։
Այս համարը ցոյց կու տայ բան մը, որ Դաւիթին օգնեց երբ ան կը վախնար։ Հակառակ անոր որ իր կեանքը վտանգի տակ էր, Դաւիթ մտածեց որ Եհովան ապագային ի՛նչ պիտի ընէ իրեն համար։ Ան գիտէր որ Եհովան յարմար ժամանակին զինք պիտի ազատէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան ըսած էր, որ Դաւի՛թ պիտի ըլլար Իսրայէլի յաջորդ թագաւորը (Ա. Թագ. 16։1, 13)։ Դաւիթ վստահ էր թէ ի՛նչ որ Եհովան խոստացած էր՝ անպայման պիտի կատարէր։ Եհովան քեզի՛ համար ի՞նչ խոստացած է ընել։ Մենք չենք ակնկալեր, որ ան մեզ պաշտպանէ մեր բոլոր խնդիրներէն։ Բայց յիշէ որ հիմա ի՛նչ խնդիրէ ալ կ’անցնիս, Եհովան ատոնք պիտի լուծէ նոր աշխարհին մէջ (Եսա. 25։7-9)։ Մեր Ստեղծիչը այնքա՛ն զօրաւոր է, որ կրնայ մեռելներուն յարութիւն տալ, մեր ֆիզիքական եւ զգացական հիւանդութիւնները բուժել եւ բոլոր հակառակորդները մէջտեղէն վերցնել (Ա. Յովհ. 4։4)։ դ24.01 6 ¶12-13
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 29
Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ ու անոր մեղքերը ծածկուեցան (Սաղ. 32։1)։
Նուիրումիդ եւ մկրտութեանդ վրայ խոկա՛։ Դուն այս քայլը առիր, քանի որ ուզեցիր Եհովային կողմը դիրք բռնել։ Մտածէ թէ ի՛նչ բան քեզի օգնեց որ համոզուիս թէ ճշմարտութիւնը գտած ես։ Նա՛խ Եհովային մասին գիտութիւն առիր։ Ետքը իրեն հանդէպ յարգանքդ աւելցաւ եւ զինք սիրեցիր որպէս քու երկնաւոր Հայրդ։ Հաւատք մշակեցիր եւ ասիկա քեզ մղեց որ զղջաս։ Ետքը, սիրտդ քեզ մղեց որ սխալ սովորութիւններէդ վազ անցնիս եւ Եհովային կամքին համաձայն ապրիս։ Հանգստութիւն գտար, երբ զգացիր որ Եհովան մեղքերդ ներած է (Սաղ. 32։2)։ Սկսար քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ ուրիշներուն պատմել այն հոյակապ բաներուն մասին, որոնք սորվեցար։ Ներկայիս, դուն նուիրուած ու մկրտուած քրիստոնեայ մը ըլլալով, կը քալես կեանքի ճամբուն մէջ եւ որոշած ես շարունակել անոր մէջ քալել (Մատ. 7։13, 14)։ Թող որ նուիրումիդ մէջ հաստատ մնաս եւ շարունակ հնազանդիս Եհովային պատուէրներուն։ դ23.07 17 ¶14. 19 ¶19
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 30
Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել (Ա. Կոր. 10։13)։
Եհովային հանդէպ ըրած նուիրումիդ մասին մտածելը քեզի զօրութիւն պիտի տայ, որ որեւէ փորձութիւն մերժես։ Օրինակ, կարելի՞ է որ ռոմանթիկ խօսքեր ըսես ուրիշին կողակիցին։ Վստահաբար ո՛չ, քանի որ արդէն Եհովային խոստացած ես, որ այդպիսի բան մը բնա՛ւ պիտի չընես։ Եթէ չձգես որ մէջդ սխալ զգացումներ զարգանան, յետագային պէտք պիտի չունենաս պայքարելու, որ ատոնցմէ ազատիս։ Այսպիսով, «ամբարիշտներուն ճամբայ»էն պիտի հեռանաս (Առ. 4։14, 15)։ Ասոր մէջ Յիսուսին օրինակը քեզի պիտի օգնէ։ Ան իր միտքը դրած էր, որ իր Հայրը պիտի ուրախացնէր։ Դուն ալ Յիսուսին պէս պիտի մերժես որեւէ բան, որ կը նեղացնէ Եհովան, որուն դուն նուիրուած ես (Մատ. 4։10. Յովհ. 8։29)։ Իրականութեան մէջ, փորձութիւններն ու դժուարութիւնները քեզի առիթ կու տան փաստելու, թէ վճռած ես որ պիտի շարունակես Յիսուսին հետեւիլ։ Եւ վստահ եղիր որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ ասոր մէջ։ դ24.03 9-10 ¶8-10