Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք25 էջ 113-128
  • Օգոստոս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օգոստոս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Ուրբաթ, օգոստոս 1
  • Շաբաթ, օգոստոս 2
  • Կիրակի, օգոստոս 3
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 4
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 5
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 6
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 7
  • Ուրբաթ, օգոստոս 8
  • Շաբաթ, օգոստոս 9
  • Կիրակի, օգոստոս 10
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 11
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 12
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 13
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 14
  • Ուրբաթ, օգոստոս 15
  • Շաբաթ, օգոստոս 16
  • Կիրակի, օգոստոս 17
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 18
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 19
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 20
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 21
  • Ուրբաթ, օգոստոս 22
  • Շաբաթ, օգոստոս 23
  • Կիրակի, օգոստոս 24
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 25
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 26
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 27
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 28
  • Ուրբաթ, օգոստոս 29
  • Շաբաթ, օգոստոս 30
  • Կիրակի, օգոստոս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
աք25 էջ 113-128

Օգոստոս

Ուրբաթ, օգոստոս 1

Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա (Սաղ. 34։19)։

Այս Սաղմոսին մէջ, նկատի առ երկու կարեւոր կէտեր. 1) արդարները նեղութիւններ պիտի ունենան։ 2) Եհովան մեր նեղութիւններէն մեզ կ’ազատէ։ Ինչպէ՞ս։ Օրինակ, ան մեզի կ’օգնէ որ կեանքը դիտենք ինչպէս որ է։ Ճիշդ է որ Եհովան կը խոստանայ, որ իրեն ծառայելով պիտի ուրախանանք, բայց չ’ըսեր որ մտահոգութիւններ պիտի չունենանք (Եսա. 66։14)։ Ան մեզ կը քաջալերէ որ կեդրոնանանք ապագային վրայ, երբ կեանքը պիտի վայելենք յաւիտեան՝ ճիշդ ինչպէ՛ս որ ինք կ’ուզէ (Բ. Կոր. 4։16-18)։ Մինչ այդ, ան մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք ամէն օր իրեն ծառայել (Ող. 3։22-24)։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եհովային հաւատարիմ ծառաներէն, որոնք ապրած են անցեալին եւ մեր օրերուն։ Թերեւս անակնկալ խնդիրներ ունենանք։ Բայց երբ որ Եհովային վստահինք, ան մեզի միշտ հոգ պիտի տանի (Սաղ. 55։22)։ դ23.04 14-15 ¶3-4

Շաբաթ, օգոստոս 2

Վրա[դ] եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդ[է] (Հռով. 13։1)։

Մենք կրնանք սորվիլ Յովսէփին ու Մարիամին օրինակներէն, որոնք պատրաստ էին իշխանութիւններուն հնազանդելու, նոյնիսկ երբ ատիկա ընելը անյարմար էր (Ղուկ. 2։1-6)։ Երբ Մարիամը մօտ 9 ամսուայ յղի էր, իր ու Յովսէփին հնազանդութիւնը փորձի տակ դրուեցաւ։ Հռոմի Օգոստոս կայսրը մարդահամար պահանջեց։ Յովսէփը եւ Մարիամը ստիպուած էին լեռնային ճամբաներով 150 քիլոմեթր ճամբորդել՝ Բեթլեհէմ հասնելու համար, ինչ որ Մարիամին համար կրնար շատ նեղացուցիչ ըլլալ։ Զոյգը թերեւս մտահոգ էր թէ՛ Մարիամին եւ թէ չծնած մանուկին ապահովութեամբ։ Ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ ճամբորդած ատեն Մարիամին ծննդաբերութեան ցաւերը գային։ Ի վերջոյ, իր արգանդին մէջ ապագայ Մեսիան կար։ Արդեօք ասիկա պատճառ պիտի ըլլա՞ր որ անոնք կառավարութեան չհնազանդէին։ Յովսէփը եւ Մարիամը օրէնքին հնազանդեցան։ Եհովան ալ օրհնեց իրենց այս հնազանդութիւնը։ Մարիամ ապահով հասաւ Բեթլեհէմ, առողջ պզտիկի մը ծնունդ տուաւ, եւ նոյնիսկ դեր ունեցաւ Աստուածաշունչի մարգարէութեան մը կատարումին մէջ (Միք. 5։2)։ դ23.10 8 ¶9. 9 ¶11-12

Կիրակի, օգոստոս 3

Մէկզմէկ յորդորենք (Եբ. 10։25)։

Արդեօք ժողովներուն պատասխանելու գաղափարը քեզ ջիղերու վրայ կը ձգէ՞։ Լաւ պատրաստուիլը կրնայ քեզի օգնել (Առ. 21։5)։ Ո՛րքան նիւթը քեզի աւելի ծանօթ ըլլայ, ա՛յնքան աւելի հանգիստ պիտի զգաս ձեռքդ բարձրացնելու եւ պատասխանելու։ Ասկէ զատ, պատասխաններդ կարճ պահէ (Առ. 15։23. 17։27)։ Եթէ կարճ պատասխան տաս, քիչ կը մտահոգուիս։ Երբ որ քու բառերովդ կարճ պատասխան տաս, յայտնի կ’ըլլայ որ նիւթը լաւ պատրաստած ես եւ հասկցած ես։ Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ այս առաջարկներէն ոմանք գործադրես, բայց դեռ տակնուվրայ կը զգաս մէկ–երկու պատասխանէն աւելի տալու։ Վստահ եղիր որ Եհովան կը գնահատէ քու ջանքերդ որ լաւագոյնդ ընես (Ղուկ. 21։1-4)։ Բայց լաւագոյնդ ընել ըսել չէ դուն քեզ չափէ դուրս նեղի դնել (Փլպ. 4։5)։ Անոր համար, տե՛ս թէ ի՛նչ կրնաս ընել, նպատակ դիր ատիկա ընելու եւ աղօթէ որ հանդարտ մնաս։ Կրնայ ըլլալ որ սկիզբը նպատակդ ըլլայ մէկ կարճ պատասխան տալ։ դ23.04 21 ¶6-8

Երկուշաբթի, օգոստոս 4

Զրահը մեր վրայ հագնինք ու. . . սաղաւարտը գլուխնիս դնենք (Ա. Թես. 5։8)։

Պօղոս առաքեալը մեզ կը նմանցնէ արթուն եւ կռուելու պատրաստ եղող զինուորներու։ Զինուորէ մը կ’ակնկալուի որ ամէն ատեն պատերազմելու պատրաստ ըլլայ։ Նոյնն է պարագան մեզի։ Մենք Եհովայի օրուան համար պատրաստ կը կենանք՝ հաւատքի եւ սիրոյ զրահը հագնելով եւ յոյսի սաղաւարտը դնելով։ Զրահը զինուորին սիրտը կը պաշտպանէր։ Նոյնպէս ալ հաւատքը եւ սէրը մեր այլաբանական սիրտը կը պաշտպանեն։ Անոնք մեզի կ’օգնեն որ շարունակենք Աստուծոյ ծառայել եւ Յիսուսին հետեւիլ։ Եթէ հաւատք ունենանք, վստահ կ’ըլլանք որ Եհովան պիտի վարձատրէ անոնք, որոնք զինք կը փնտռեն իրենց ամբողջ սրտով (Եբ. 11։6)։ Անիկա մեզ կը մղէ, որ մեր առաջնորդին՝ Յիսուսին, հաւատարիմ մնանք, նոյնիսկ եթէ դժուարութիւններ ունենանք։ Կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել՝ սորվելով անհատներէ, որոնք ուղղամիտ մնացին հալածանքի կամ տնտեսական դժուարութիւններու դիմաց։ Նաեւ կրնանք նիւթապաշտութեան ծուղակին մէջ չիյնալ՝ ընդօրինակելով անոնք, որոնք իրենց կեանքը պարզացուցին՝ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելու համար։ դ23.06 10 ¶8-9

Երեքշաբթի, օգոստոս 5

Ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել (Ժող. 11։4)։

Ինքնազսպումը մեր զգացումները եւ վարքը զսպելու կարողութիւնն է։ Կարեւոր է որ ինքնազսպում ունենանք, որպէսզի մղուինք մեր նպատակակէտերուն հասնելու, մանաւանդ եթէ դրած ենք նպատակակէտ մը, որուն հասնիլը դժուար է կամ փափաք չունինք ատիկա ընելու։ Յիշէ՛ որ ինքնազսպումը կամ ժուժկալութիւնը հոգիին պտուղին մէկ մասն է, ուրեմն Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրէ որ քեզի օգնէ որ այս կարեւոր յատկութիւնը ունենաս (Ղուկ. 11։13. Գաղ. 5։22, 23)։ Մի՛ սպասեր որ կատարեալ պայմաններ ունենաս։ Եթէ սպասենք որ կատարեալ պայմաններ ունենանք, մեր նպատակակէտերուն բնա՛ւ պիտի չհասնինք։ Քանի որ այս աշխարհին մէջ, օ՛ր մը կատարեալ պայման պիտի չունենանք։ Երբ դժուար նպատակակէտ մը դրած ենք, շատ փափաք չենք ունենար ատոր հասնելու։ Եթէ այս է պարագադ, կրնաս պզտիկ քայլեր առնել ատոր հասնելու համար։ Օրինակ, եթէ կ’ուզես յատկութիւն մը զարգացնել, կրնաս առօրեայ կեանքիդ մէջ պզտիկ բաներու մէջ այդ յատկութիւնը ցոյց տալ։ Իսկ եթէ նպատակ դրած ես կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը կարդալ, կրնաս պզտիկ հատուածներ կարդալու յայտագիր դնել։ դ23.05 29 ¶11-13

Չորեքշաբթի, օգոստոս 6

Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ (Առ. 4։18)։

Վերջին օրերուն ընթացքին, Եհովան իր կազմակերպութիւնը գործածած է հաստատ հոգեւոր սնունդ տալու համար, որպէսզի բոլորս կարենանք «Սրբութեան Պողոտայ»ին վրայէն քալել (Եսա. 35։8. 48։17. 60։17)։ Կրնանք ըսել թէ ոեւէ անհատ որ Սուրբ Գիրք սերտելը կ’ընդունի, առիթը կ’ունենայ որ «Սրբութեան Պողոտան» բռնէ։ Կարգ մը մարդիկ քիչ ժամանակ ետք այդ ճամբան կը ձգեն։ Իսկ ուրիշներ, այդ ճամբուն վրայ կը մնան մինչեւ որ որոշուած տեղը հասնին։ Լաւ ի՞նչ է այս որոշուած տեղը։ Երկնային յոյս ունեցողներուն համար, «Սրբութեան Պողոտան» զիրենք կը հասցնէ դէպի «Աստուծոյ դրախտը»՝ երկնքի մէջ (Յայտ. 2։7)։ Իսկ երկրային յոյս ունեցողներուն համար, այդ պողոտան զիրենք կը հասցնէ դէպի կատարելութիւն՝ Հազարամեայ իշխանութեան վերջը։ Եթէ այսօր դուն այդ պողոտան բռնած ես, ետեւ մի՛ նայիր եւ ատիկա մի՛ ձգեր, մինչեւ որ ճամբորդութիւնդ ամբողջանայ եւ հասնիս նոր աշխարհ։ դ23.05 17 ¶15. 18-19 ¶16-18

Հինգշաբթի, օգոստոս 7

Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց (Ա. Յովհ. 4։19)։

Երբ մտածես այն բոլոր բաներուն մասին, որոնք Եհովան քեզի համար ըրած է, իրեն հանդէպ շնորհակալ պիտի զգաս, եւ բնական է որ ուզես կեանքդ իրեն նուիրել (Սաղ. 116։12-14)։ Աստուածաշունչը տեղին ըլլալով կ’ըսէ, թէ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողը՝ Եհովան է (Յակ. 1։17)։ Իսկ մեծագոյն պարգեւը կամ նուէրը՝ իր Որդիին Յիսուսին զոհն է։ Վայրկեան մը մտածէ, թէ փրկանքը ինչպէ՛ս կարելի դարձուց, որ Եհովային հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենաս։ Ասկէ զատ, ան քեզի տուած է յաւիտեան ապրելու առիթը (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Եհովային նուիրուիլը լաւագոյն կերպերէն մէկն է ցոյց տալու համար, թէ կը գնահատես սիրոյ այս մեծագոյն արտայայտութիւնը եւ Եհովային քեզի տուած միւս բոլոր օրհնութիւնները (Բ. Օր. 16։17. Բ. Կոր. 5։15)։ դ24.03 5 ¶8

Ուրբաթ, օգոստոս 8

Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տէրոջմէ կը վախնայ (Առ. 14։2)։

Երբ ներկայիս մարդոց գէշ վարքը կը տեսնենք, արդար Ղովտին պէս կը զգանք։ Ան «անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր էր», քանի որ գիտէր որ մեր երկնաւոր Հայրը կ’ատէ գէշ վարքը (Բ. Պետ. 2։7, 8)։ Քանի՛ որ Ղովտ Աստուծմէ կը վախնար եւ զինք կը սիրէր, իր շուրջի մարդոց գէշ վարքը մերժեց։ Մենք ալ ներկայիս շրջապատուած ենք մարդոցմով, որոնք Եհովային բարոյական օրէնքները չեն յարգեր։ Հակառակ ասոր, մենք կրնանք բարոյապէս մաքուր մնալ, եթէ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը պահենք եւ աստուածավախութիւն մշակենք։ Եհովան Առակաց գիրքին միջոցաւ մեզ կը քաջալերէ եւ կը մղէ որ ատոնք ընենք։ Բոլոր քրիստոնեաները,– ըլլան տղամարդ կամ կին, երիտասարդ կամ տարեց,– կրնան իրապէս օգտուիլ նկատի առնելով այս գիրքին մէջի իմաստուն խրատները։ Երբ Եհովայէն վախնանք, գէշ վարք ունեցողներուն հետ պիտի չընկերակցինք։ դ23.06 20 ¶1-2. 21 ¶5

Շաբաթ, օգոստոս 9

Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ (Ղուկ. 9։23)։

Թերեւս ընտանիքդ քեզի հակառակած է, կամ նիւթական բաներ զոհած ես, որպէսզի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնես (Մատ. 6։33)։ Վստահ եղիր որ Եհովան կը տեսնէ ամէն բան, որ իրեն համար կ’ընես (Եբ. 6։10)։ Հաւանաբար կը համաձայնիս Յիսուսին այս խօսքերուն հետ. «Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը» (Մար. 10։29, 30)։ Քու վայելած օրհնութիւններդ իրապէս շատ աւելի են, քան՝ ըրած զոհողութիւններդ (Սաղ. 37։4)։ դ24.03 9 ¶5

Կիրակի, օգոստոս 10

Իսկական բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր է՝ նեղութեան ատենուան համար ծնած (Առ. 17։17, ՆԱ)։

Երբ Հրէաստանի մէջ մեծ սով եղաւ, Սուրիոյ Անտիոքի մէջ գտնուող ժողովքի եղբայրները որոշեցին «որ իրենցմէ ամէն մէկը ձեռքէն եկածին չափ Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն օգնութիւն ղրկ[է]» (Գործք 11։27-30)։ Հակառակ անոր որ սովէն ազդուած եղբայրները շատ հեռու կ’ապրէին, Անտիոքի քրիստոնեաները որոշած էին անոնց օգնել (Ա. Յովհ. 3։17, 18)։ Մենք ալ կրնանք այսօր կարեկցութիւն ցոյց տալ, երբ լսենք որ մեր եղբայրները աղէտէ մը վնասուած են։ Ի՞նչ կրնանք ընել։ Թերեւս կրնանք երէցներուն հարցնել, եթէ կրնանք օգնութեան ծրագիրի մը մասնակցիլ՝ համաշխարհային գործին նուիրատուութիւն ընելով կամ աղէտէն վնասուածներուն համար աղօթելով։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը թերեւս նաեւ օգնութեան պէտք ունենան իրենց հիմնական պէտքերը հոգալու համար։ Երբ մեր Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոսը դատելու գայ, մենք կ’ուզենք որ տեսնէ թէ կարեկից ենք եւ մեզ հրաւիրէ ‘թագաւորութիւնը ժառանգելու’ (Մատ. 25։34-40)։ դ23.07 4 ¶9-10. 6 ¶12

Երկուշաբթի, օգոստոս 11

Ձեր քաղցրութիւնը [«խոհեմութիւնը», ՆԱ] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ (Փլպ. 4։5)։

Յիսուս Եհովային «խոհեմութիւնը» կամ ճկունութիւնը ընդօրինակեց։ Ան երկիր ղրկուեցաւ, որպէսզի «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն» քարոզէ։ Բայց մինչ ասիկա կ’ընէր, ճկունութիւն ցոյց տուաւ։ Անգամ մը, իսրայէլացի չեղող կին մը իրեն աղաչեց որ իր աղջիկը բժշկէ, որ ‘դեւէն սաստիկ կը չարչարուէր’։ Յիսուս կարեկցութեամբ կնոջ խնդրանքը կատարեց եւ այդ աղջիկը բժշկեց (Մատ. 15։21-28)։ Ուրիշ օրինակ մը նկատի առ։ Իր ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս ըսաւ. «Ով որ. . . զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ» (Մատ. 10։33)։ Բայց արդեօք Յիսուս ուրացա՞ւ Պետրոսը, որ զինք երեք անգամ ուրացած էր։ Ո՛չ։ Յիսուս նկատի առաւ որ Պետրոս զղջաց եւ հաւատք ցոյց տուաւ։ Անոր համար, իր յարութենէն ետք, Յիսուս երեւցաւ Պետրոսին եւ հաւանաբար զինք վստահեցուց որ իրեն ներած էր եւ զինք կը սիրէր (Ղուկ. 24։33, 34)։ Թէ՛ Եհովա Աստուած եւ թէ Յիսուս Քրիստոս ճկուն են։ Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Եհովան մեզմէ ալ կ’ակնկալէ որ ճկուն ըլլանք։ դ23.07 21-22 ¶6-7

Երեքշաբթի, օգոստոս 12

Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ (Յայտ. 21։4)։

Ինչպէ՞ս կրնանք կասկածող մարդոց պատճառներ տալ, որ Դրախտին նկատմամբ Աստուծոյ խոստումը պիտի կատարուի։ Առաջին, Եհովան ինք այս խոստումը կու տայ։ Յայտնութիւն գիրքը կ’ըսէ. «Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’»։ Ան իր խոստումը իրականացնելու իմաստութիւնը, զօրութիւնը եւ փափաքը ունի։ Երկրորդ, Եհովային անկիւնէն դիտուած, իր խոստումին կատարուիլը այնքա՛ն վստահելի է, որ կարծես թէ կատարուած է։ Ան կրնայ ըսել. «Այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են։ . . .Եղա՛ւ»։ Երրորդ, երբ Եհովան բան մը կը սկսի, անպայման կը վերջացնէ։ Ինչպէս որ այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ. «Ես եմ Ալֆան ու Օմէղան» (Յայտ. 21։6)։ Եհովան պիտի փաստէ որ Սատանան ստախօս եւ ձախող մէկն է։ Ուրեմն, երբ մէկը քեզի ըսէ. «Ասիկա երազ է», իրեն կարդայ եւ բացատրէ Յայտնութիւն 21։5, 6–ը։ Ցոյց տուր թէ Եհովան իր այս խոստումը երաշխաւորած է՝ կարծես թէ իր ստորագրութիւնը դնելով (Եսա. 65։16)։ դ23.11 7 ¶18-19

Չորեքշաբթի, օգոստոս 13

Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ (Ծն. 12։2)։

Եհովան այս խոստումը ըրաւ Աբրահամին, երբ ան 75 տարեկան էր եւ զաւակ չունէր։ Աբրահամ այդ խոստումին կատարուիլը տեսա՞ւ։ Ոչ լման կերպով։ Եփրատ գետը կտրելէ եւ 25 տարի սպասելէ ետք, Աբրահամ տեսաւ իր որդիին՝ Իսահակին հրաշալի կերպով ծնիլը։ Եւ անկէ 60 տարի ետք, իր թոռները՝ Եսաւը եւ Յակոբը ծնան (Եբ. 6։15)։ Բայց Աբրահամ չտեսաւ իր սերունդին մեծ ազգ ըլլալը եւ Աւետեաց երկիրը ժառանգելը։ Ասով հանդերձ, այս հաւատարիմ մարդը մտերիմ բարեկամութիւն ունեցաւ իր Ստեղծիչին հետ (Յակ. 2։23)։ Ասկէ զատ, երբ Աբրահամ յարութիւն առնէ, ան շատ պիտի ուրախանայ գիտնալով որ իր հաւատքը եւ համբերութիւնը բոլոր ազգերուն օրհնութիւններ բերին (Ծն. 22։18)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Թերեւս հիմա անձամբ Եհովային բոլոր խոստումներուն կատարուիլը չտեսնենք, բայց եթէ Աբրահամին պէս համբերենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ պիտի վարձատրէ հիմա եւ իր խոստացած նոր աշխարհին մէջ (Մար. 10։29, 30)։ դ23.08 24 ¶14

Հինգշաբթի, օգոստոս 14

Տէրը փնտռած օրը Աստուած անոր յաջողութիւն կու տար (Բ. Մն. 26։5)։

Երբ Ոզիա թագաւորը պատանի էր, խոնարհ էր։ Ան սորվեցաւ ‘Աստուած փնտռել’։ Ան ապրեցաւ 68 տարի, եւ իր կեանքին մեծ մասին ընթացքին, Եհովան զինք օրհնեց (Բ. Մն 26։1-4)։ Ոզիան նաեւ իր ազգին շատ մը թշնամիներուն յաղթեց եւ Երուսաղէմը զօրացուց, որ լաւ պաշտպանուած ըլլայ (Բ. Մն. 26։6-15)։ Վստահաբար, Ոզիան շատ ուրախ էր որ Եհովան իրեն օգնած էր այդ բոլոր բաները ընելու (Ժող. 3։12, 13)։ Ոզիա թագաւորը վարժուած էր որ ուրիշներ իր ըսածը ընէին։ Արդեօք ատիկա ձգե՞ց որ կարծէ թէ կրնայ ամէն բան ընել։ Օր մը, Ոզիան որոշեց Եհովային տաճարը մտնել եւ փորձեց խունկի սեղանին վրայ խունկ վարել, ինչ որ չէր արտօնուած որ թագաւորները ընեն (Բ. Մն. 26։16-18)։ Ազարիա քահանայապետը փորձեց զինք սրբագրել, բայց Ոզիան շատ բարկացաւ։ Ցաւօք սրտի, Ոզիան հաւատարիմ չմնաց եւ Եհովան զինք պատժեց բորոտութեամբ (Բ. Մն. 26։19-21)։ Իր կեանքը որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլար, եթէ ան խոնարհ մնար։ դ23.09 10 ¶9-10

Ուրբաթ, օգոստոս 15

Ինք. . . ինքզինք կը զատէր, վախնալով թլփատուածներէն (Գաղ. 2։12)։

Նոյնիսկ օծեալ քրիստոնեայ ըլլալէ ետք, Պետրոս առաքեալը պէտք էր իր տկարութիւններուն դէմ պայքարէր։ Ք.Ե. 36–ին, Պետրոս ներկայ էր, երբ անթլփատ եւ հեթանոս Կոռնելիոսը սուրբ հոգիով օծուեցաւ, ինչ որ յստակ դարձուց թէ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ» եւ թէ հեթանոսներ կրնային քրիստոնէական ժողովքին պատկանիլ (Գործք 10։34, 44, 45)։ Այն ատեն, Պետրոսը ազատ զգաց հեթանոսներուն հետ ուտելու, ինչ որ առաջ չէր կրնար ընել։ Բայց կարգ մը հրեայ քրիստոնեաներ կը զգային թէ հրեաները եւ հեթանոսները պէտք չէր իրարու հետ ուտէին։ Երբ այս տեսակէտը ունեցող կարգ մը անձեր Անտիոք եկան, Պետրոս իր հեթանոս եղբայրներուն հետ ուտելէ դադրեցաւ։ Ան հաւանաբար ասիկա ըրաւ՝ վախնալով որ նեղացնէ հրեայ քրիստոնեաները։ Պօղոսը՝ տեսնելով Պետրոսին կեղծաւորութիւնը, զինք յանդիմանեց բոլորին առջեւ (Գաղ. 2։13, 14)։ Հակառակ այս սխալին, Պետրոս չյանձնուեցաւ։ դ23.09 22 ¶8

Շաբաթ, օգոստոս 16

Աստուած. . . ձեզ թող. . . հաստատէ՛ (Ա. Պետ. 5։10)։

Եթէ անկեղծ ինքնաքննութիւն մը մէջտեղ հանէ թէ որոշ տկարութիւն մը ունիս, մի՛ յուսահատիր։ ‘Տէրը քաղցր է’ եւ ան քեզի պիտի օգնէ որ աւելի լաւ ըլլաս (Ա. Պետ. 2։3)։ Պետրոս առաքեալը կը վստահեցնէ մեզ. «Աստուած. . . ինք ձեզ թող կատարեալ ընէ՛ [«ձեր մարզումը ամբողջացնէ», ՆԱ], հաստատէ՛»։ Սկիզբը, Պետրոս զգաց որ արժանի չէ որ Յիսուսին հետ ըլլայ (Ղուկ. 5։8)։ Բայց Եհովային եւ Յիսուսին սիրալիր օգնութեամբ, Պետրոս չյանձնուեցաւ եւ Քրիստոսի հետեւորդը մնաց։ Այս կերպով, ան ընդունուեցաւ որ ‘մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին յաւիտենական թագաւորութիւնը մտնէ’ (Բ. Պետ. 1։11)։ Ի՜նչ հոյակապ վարձատրութիւն մը։ Եթէ դուն ալ Պետրոսին պէս չյանձնուիս եւ ձգես որ Եհովան քեզ մարզէ, դուն ալ յաւիտենական կեանքի վարձատրութիւնը պիտի ստանաս։ Եւ ‘հաւատքիդ արդիւնքը՝ հոգիիդ փրկութիւնը պիտի ընդունիս’ (Ա. Պետ. 1։9)։ դ23.09 31 ¶16-17

Կիրակի, օգոստոս 17

Երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը (Յայտ. 14։7)։

Հրէական խորանը ունէր գաւիթ մը, որ բացօթեայ փակ մըն էր ցանկապատով, ուր քահանաները իրենց պարտականութիւնները կը կատարէին։ Գաւիթին մէջ կար ողջակէզի պղնձէ սեղանը եւ պղնձէ աւազանը, որ քահանաները կը գործածէին լուացուելու համար, առաջ որ իրենց ծառայութիւնը կատարէին (Ել. 30։17-20. 40։6-8)։ Այսօր, Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն մնացորդը հաւատարմօրէն կը ծառայեն հոգեւոր տաճարին երկրային ներքին գաւիթին մէջ։ Հոն գտնուող պղնձէ աւազանը կարեւոր յիշեցում մըն է իրենց, ինչպէս նաեւ բոլոր քրիստոնեաներուն, որ բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր մնան։ Իսկ մեծ բազմութիւնը ո՞ւր կը պաշտէ Եհովան։ Յովհաննէս առաքեալը զանոնք տեսաւ ‘աթոռին առջեւ կեցած’, ինչ որ երկրի վրայ կը համապատասխանէ դուրսի կամ արտաքին գաւիթին, ուր անոնք Աստուծոյ «կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ» (Յայտ. 7։9, 13-15)։ Մենք շատ կ’արժեւորենք որ մաքուր պաշտամունքի նկատմամբ Եհովայի կարգադրութեան մէջ տեղ մը ունինք։ դ23.10 28 ¶15-16

Երկուշաբթի, օգոստոս 18

Աստուծոյ խոստումին վրայ. . . հաւատքով զօրացա[ւ] (Հռով. 4։20)։

Եհովան նաեւ երէցները կը գործածէ մեզ զօրացնելու համար (Եսա. 32։1, 2)։ Անոր համար, երբ մտահոգ զգաս, երէցներուն հետ խօսէ։ Եւ անոնց օգնութիւնը ընդունէ։ Եհովան անոնց միջոցաւ կրնայ քեզ զօրացնել։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր յոյսը յաւիտեան ապրելու դրախտային երկրի մը մէջ կամ երկնային Թագաւորութեան մէջ կրնայ մեզ զօրացնել (Հռով. 4։3, 18, 19)։ Մեր յոյսը մեզ կը զօրացնէ որ փորձութիւններու տոկանք, բարի լուրը քարոզենք եւ ժողովքին մէջ տարբեր–տարբեր նշանակումներ կատարենք (Ա. Թես. 1։3)։ Նոյն այդ յոյսը Պօղոս առաքեալն ալ զօրացուց։ Ան «վշտացած», «տագնապած», «հալածուած» եւ «վար ձգուած» էր։ Նոյնիսկ իր կեանքը վտանգի տակ էր (Բ. Կոր. 4։8-10)։ Պօղոս իր յոյսին վրայ կեդրոնանալով զօրացաւ (Բ. Կոր. 4։16-18)։ Պօղոս կեդրոնացաւ իր ապագային վրայ, երկինքի մէջ յաւիտենական կեանքի իր յոյսին վրայ։ Պօղոս խոկաց այդ յոյսին վրայ եւ այդ պատճառաւ ‘օրէ օր նորոգուեցաւ’։ դ23.10 15-16 ¶14-17

Երեքշաբթի, օգոստոս 19

Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ, Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ (Սաղ. 29։11)։

Երբ կ’աղօթես, տես եթէ Եհովային ժամանակն է որ խնդրածդ քեզի տայ։ Թերեւս ուզենք որ մեր աղօթքները անմիջապէս պատասխանուին։ Բայց իրականութեան մէջ, Եհովա՛ն գիտէ թէ օգնելու լաւագոյն ժամանակը ե՛րբ է (Եբ. 4։16)։ Երբ Եհովան մեր խնդրածը անմիջապէս չտայ, թերեւս մտածենք որ ան ‘Ոչ’ կ’ըսէ։ Բայց կրնայ ըլլալ որ ան կ’ըսէ. ‘Ո՛չ հիմա’։ Օրինակ, երիտասարդ եղբայր մը աղօթեց որ իր հիւանդութենէն բուժուի։ Բայց չառողջացաւ։ Եթէ Եհովան հրաշքով զինք բուժէր, Սատանան կրնար ըսել որ եղբայրը շարունակեց Եհովային ծառայել միայն քանի որ բուժուեցաւ (Յոբ 1։9-11. 2։4)։ Ասկէ զատ, Եհովան արդէն որոշած է այն ժամանակը, երբ բոլոր հիւանդութիւնները պիտի բուժէ (Եսա. 33։24. Յայտ. 21։3, 4)։ Մինչեւ այդ օրը գայ, մենք չենք կրնար ակնկալել որ հրաշքով բուժումներ ըլլան։ Անոր համար, եղբայրը կրնայ Եհովայէն խնդրել որ իրեն զօրութիւն եւ մտքի խաղաղութիւն տայ որ իր հիւանդութեան դիմանայ եւ շարունակէ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել։ դ23.11 24 ¶13

Չորեքշաբթի, օգոստոս 20

Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի (Սաղ. 103։10)։

Ճիշդ է որ Սամփսոն լուրջ սխալ մը ըրաւ, բայց չյանձնուեցաւ։ Ան առիթ մը փնտռեց, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ տրուած իր նշանակումը կատարէ, որ էր՝ փղշտացիներուն դէմ կռուիլ (Դատ. 16։28-30)։ Սամփսոն Եհովային աղաչեց. «Փղշտացիներէն իմ երկու աչքերուս վրէժը մէկէն առնեմ»։ Ճշմարիտ Աստուածը Սամփսոնին աղաչանքին պատասխանեց եւ անգամ մը եւս իրեն յատուկ զօրութիւն տուաւ։ Եւ այս անգամ Սամփսոն աւելի փղշտացիներ մեռցուց, քան՝ անցեալին։ Թէեւ Սամփսոն ցաւալի հետեւանքներ կրեց իր սխալին պատճառաւ, բայց ան շարունակեց ջանք ընել որ Եհովային կամքը ընէ։ Նոյնպէս մենք, եթէ սխալ մը ընենք եւ սրբագրումի պէտք ունենանք կամ առանձնաշնորհում մը կորսնցնենք, պէտք չէ յանձնուինք։ Յիշենք որ Եհովան իր յոյսը մեզմէ չի կտրեր (Սաղ. 103։8, 9)։ Նոյնիսկ եթէ սխալինք, ան տակաւին կրնայ մեզ գործածել, ճիշդ ինչպէս որ Սամփսոնին ըրաւ։ դ23.09 6 ¶15-16

Հինգշաբթի, օգոստոս 21

Համբերութիւնը յառաջ կը բերէ ընդունելի վիճակ (Հռով. 5։3)։

Երբ որ նեղութիւններու համբերես, Եհովան քեզ կ’ընդունի եւ քեզմով ուրախ կ’ըլլայ։ Ասիկա ըսել չէ, որ Եհովան ուրախ է որ նեղութիւն կ’ունենաս, հապա ուրախ է որ հաւատարմութեամբ կը տոկաս։ Շա՜տ կը քաջալերուինք, երբ գիտնանք որ նեղութիւններու համբերելով, Եհովային օրհնութիւնը կը վայելենք (Սաղ. 5։12)։ Աբրահամ նեղութիւններու տոկաց եւ Եհովային սիրտը ուրախացուց։ Այսպիսով, Եհովան զինք իր բարեկամը նկատեց (Ծն. 15։6. Հռով. 4։13, 22)։ Մեր պարագան ալ նոյնն է։ Եհովային քով ընդունելի կ’ըլլանք, ո՛չ թէ քանի որ իրեն շատ կը ծառայենք կամ առանձնաշնորհումներ ունինք, հապա՝ քանի որ կը տոկանք նեղութիւններու դիմաց։ Ի՛նչ ալ ըլլայ մեր տարիքը, պարագաները կամ կարողութիւնը, բոլորս կրնանք տոկալ։ Արդեօք հիմա նեղութենէ մը կ’անցնի՞ս եւ հաւատարմօրէն կը տոկա՞ս։ Եթէ այո՛, գիտցիր որ Եհովան քեզմով ուրախ է։ Եւ ասիկա գիտնալը յոյսդ պիտի զօրացնէ։ դ23.12 11 ¶13-14

Ուրբաթ, օգոստոս 22

Տղամարդ եղիր (Գ. Թագ. 2։2, ՆԱ)։

Քրիստոնեայ տղամարդը պէտք է սորվի ուրիշներուն մտիկ ընել եւ հասկնալ անոնց մտածումները եւ զգացումները (Առ. 20։5)։ Ան կրնայ սորվիլ կարդալ՝ անձի մը դէմքի արտայայտութիւնները, ձայնին թոնը, եւ մարմնային լեզուն (body language)։ Դուն ասիկա չես կրնար ընել եթէ մարդոց հետ ժամանակ չանցընես։ Եթէ միշտ ելեկտրոնային գործիքներու միջոցաւ կը հաղորդակցիս, օրինակ՝ ե-նամակի (email) եւ մէսըճներու միջոցաւ, մարդոց հետ անձամբ հաղորդակցելու կարողութիւնդ պիտի տկարանայ։ Ուրեմն, առիթներ ստեղծէ, որպէսզի մարդոց հետ երես–երեսի խօսիս (Բ. Յովհ. 12)։ Հասուն քրիստոնեայ տղամարդը նաեւ պէտք է կարող ըլլայ իր եւ իր ընտանիքին նիւթական պէտքերուն հոգ տանիլ (Ա. Տիմ. 5։8)։ Լաւ է որ արհեստ մը սորվիս, որ դիւրին գործ մը գտնես (Գործք 18։2, 3. 20։34. Եփ. 4։28)։ Լաւ անուն ունենալու համար, սկսած գործդ ամբողջացուր։ Եթէ այդպէս ճանչցուիս, հաւանաբար գործ մը գտնես եւ անոր մէջ մնաս։ դ23.12 27 ¶12-13

Շաբաթ, օգոստոս 23

Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի (Ա. Թես. 5։2)։

Երբ Աստուածաշունչը խօսի «Տէրոջը օր»ուան մասին, կ’ակնարկէ այն ժամանակին, երբ Եհովան իր թշնամիները կը դատէ եւ իր ժողովուրդը կ’ազատէ։ Անցեալին, ատեններ Եհովան դատաստաններ բերաւ (Եսա. 13։1, 6. Եզեկ. 13։5. Սոփ. 1։8)։ Մեր օրերուն, «Տէրոջը օրը» պիտի սկսի Մեծ Բաբելոնի վրայ յարձակումով եւ իր գագաթնակէտին պիտի հասնի Արմագեդոն պատերազմով։ Այդ «օր»էն ազատելու համար, պէտք է որ հիմակուընէ պատրաստուինք։ Յիսուս սորվեցուց, թէ չի բաւեր որ «մեծ նեղութեան» համար պատրաստուինք, հապա նաեւ պէտք է ‘պատրաստ կենանք’ (Մատ. 24։21. Ղուկ. 12։40)։ Թեսաղոնիկեցիներուն գրած իր առաջին ներշնչեալ նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ գործածեց կարգ մը օրինակներ, քրիստոնեաներուն օգնելու համար որ Եհովայի դատաստանի մեծ օրուան համար պատրաստ կենան։ Պօղոս գիտէր որ Եհովային օրը այն ատեն պիտի չգար (Բ. Թես. 2։1-3)։ Բայց եւ այնպէս, ան իր եղբայրները քաջալերեց որ այդ օրուան համար պատրաստուին՝ կարծես թէ անիկա վաղը պիտի գար։ Եւ լաւ կ’ըլլայ որ մենք ալ այս խրատին հետեւինք։ դ23.06 8 ¶1-2

Կիրակի, օգոստոս 24

Իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք (Ա. Կոր. 15։58)։

Ճափոնի մայրաքաղաքին՝ Թոքիոյի մէջ, 60 յարկանի բարձր շէնք մը շինուեցաւ 1978–ին։ Շէնքը տեսնողները հարց տուին թէ արդեօք անիկա այդ քաղաքին մէջ յաճախ տեղի ունեցող երկրաշարժներուն պիտի դիմանա՞յ։ Երկրաչափները այս շէնքը շինեցին, որ թէ՛ ճկուն ըլլայ եւ թէ ալ՝ տոկուն, որպէսզի երկրաշարժներուն դիմանայ։ Քրիստոնեաներն ալ այդ բարձր շէնքին պէս են։ Ի՞նչ կերպով։ Քրիստոնեայ մը պէտք է հաստատ կենալուն եւ ճկուն ըլլալուն միջեւ հաւասարակշռութիւն պահէ։ Ան պէտք է զօրաւոր եւ անշարժ ըլլայ, երբ հարցը կը վերաբերի Եհովայի օրէնքներուն եւ չափանիշներուն։ Ան «պատրաստ է հնազանդելու» եւ զիջումներ չ’ըներ։ Միւս կողմէ, ան պէտք է «զիջող» կամ ճկուն ըլլայ, երբ կարելի է կամ պէտք է (Յակ. 3։17, ՆԱ, ստորանիշ)։ Քրիստոնեայ մը, որ կը սորվի այս հաւասարակշռութիւնը պահել, ուշադիր պիտի ըլլայ որ չափազանց կարծր կամ չափազանց թոյլ չըլլայ։ դ23.07 14 ¶1-2

Երկուշաբթի, օգոստոս 25

Դուք [զինք] չտեսած կը սիրէք (Ա. Պետ. 1։8)։

Յիսուս Սատանային դէմ դրաւ, երբ ան զինք փորձեց որ Եհովային անհաւատարիմ գտնուի (Մատ. 4։1-11)։ Սատանան վճռած էր ամէն բան ընել, որ Յիսուսը մղէ մեղք գործելու, որպէսզի չկարենայ փրկանքը վճարել։ Յիսուս երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին, ուրիշ դժուարութիւններ ալ ունեցաւ։ Օրինակ, իր թշնամիները հալածեցին եւ փորձեցին զինք մեռցնել (Ղուկ. 4։28, 29. 13։31)։ Ան համբերեց իր հետեւորդներուն տկարութիւններուն (Մար. 9։32, 33)։ Երբ ձերբակալուեցաւ, զինք չարչարեցին եւ ծաղր ըրին։ Ետքը, զինք շատ գէշ կերպով մը սպաննեցին, կարծես թէ ոճրագործ ըլլար (Եբ. 12։1-3)։ Իր կեանքին վերջին ժամերուն, Յիսուս առանձին տոկաց՝ առանց Եհովային պաշտպանութեան (Մատ. 27։46)։ Յստակ էր որ փրկանքը Յիսուսին շատ սուղի նայեցաւ։ Յիսուսի հանդէպ խոր սէր չե՞ս զգար, երբ մտածես թէ ան այսքա՛ն մեծ զոհողութիւններ ըրաւ մեզի համար։ դ24.01 10-11 ¶7-9

Երեքշաբթի, օգոստոս 26

Ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ (Առ. 21։5)։

Համբերութիւնը մեզի կ’օգնէ ուրիշներուն հետ մեր յարաբերութեան մէջ։ Ատիկա մեզի կ’օգնէ որ ուշադրութեամբ մտիկ ընենք, երբ ուրիշներ կը խօսին (Յակ. 1։19)։ Համբերութիւնը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ ուրիշներուն հետ խաղաղութեան մէջ ըլլանք։ Երբ ճնշումի տակ ըլլանք, համբերութիւնը մեզի կ’օգնէ որ անազնիւ բան մը չըսենք ու չընենք։ Իսկ եթէ մէկը մեր զգացումները վիրաւորէ, համբերութիւնը մեզի կ’օգնէ որ երկայնամիտ ըլլանք եւ փոխանակ նոյնը ընելու, իրարու ‘համբերենք եւ ներենք’ (Կող. 3։12, 13)։ Համբերութիւնը նաեւ կրնայ մեզի օգնել որ աւելի լաւ որոշումներ առնենք։ Փոխանակ արագ որոշում առնելու, մեր ժամանակը պիտի առնենք որ փնտռտուք ընենք եւ տեսնենք թէ մեր առջեւ ի՛նչ ընտրութիւններ կան։ Օրինակ, եթէ գործ կը փնտռենք, թերեւս ընդունինք առաջին գործը որ մեզի կ’առաջարկուի։ Բայց եթէ համբերող ենք, մեր ժամանակը պիտի առնենք նկատի առնելու թէ այդ գործը ինչպէ՛ս կրնայ ազդել մեր ընտանիքին եւ մեր հոգեւոր կեանքին։ Ուրեմն, համբերող ըլլալը մեզի պիտի օգնէ որ սխալ որոշում չառնենք։ դ23.08 22 ¶8-9

Չորեքշաբթի, օգոստոս 27

Ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է (Հռով. 7։23)։

Եթէ յուսահատիս, մինչ սխալ ցանկութիւններուդ դէմ կը պայքարիս, մտածելը այն խոստումին մասին, որ Եհովային տուիր, երբ իրեն նուիրուեցար, քեզի զօրութիւն պիտի տայ որ փորձութիւններուն դէմ դնես։ Ինչպէ՞ս։ Երբ Եհովային նուիրուիս, անձդ կ’ուրանաս. այսինքն՝ կը մերժես այն ցանկութիւններն ու նպատակները, որոնք Եհովան չեն ուրախացներ (Մատ. 16։24)։ Այսպիսով, երբ փորձութեան առջեւ ըլլաս կամ նեղութենէ մը անցնիս, պէտք պիտի չունենաս մտածելու որ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիս։ Քանի որ արդէ՛ն որոշած պիտի ըլլաս թէ ի՛նչ պէտք է ընես. Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Մտքիդ մէջ դրած պիտի ըլլաս, որ զինք պիտի ուրախացնես։ Այսպիսով, Յոբին պիտի նմանիս։ Հակառակ անոր որ ան շատ դժուար պարագաներէ անցաւ, համոզումով ըսաւ. «Իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (Յոբ 27։5)։ դ24.03 9 ¶6-7

Հինգշաբթի, օգոստոս 28

Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն (Սաղ. 145։18)։

Եհովան՝ սիրոյ Աստուածը՝ մեզի հետ է (Բ. Կոր. 13։11)։ Ան ամէն մէկովս հետաքրքրուած է։ Մենք համոզուած ենք որ ինք մեզ ‘իր սիրով պատած է’ (Սաղ. 32։10)։ Որքա՛ն աւելի խոկանք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր սէրը արտայայտած է մեզի հանդէպ, այնքա՛ն աւելի մօտիկ կը զգանք իրեն։ Մենք կրնանք առանց քաշուելու իրեն աղօթել եւ ըսել, որ որքա՜ն պէտք ունինք իր սիրոյն։ Կրնանք մեր բոլոր հոգերը իրեն պատմել, քանի որ վստահ ենք որ մեզ կը հասկնայ եւ սրտանց կ’ուզէ մեզի օգնել (Սաղ. 145։19)։ Ճիշդ ինչպէս որ պաղ օրուան մը ընթացքին կրակին տաքութիւնը մեզ իրեն կը մօտեցնէ, նոյնպէս ալ Եհովային ջերմ սէրը մեզ իրեն կը մօտեցնէ։ Թէեւ Եհովային սէրը կրակի պէս շատ զօրաւոր է, բայց ատոր մէջը գուրգուրանք կայ։ Ուրեմն, ուրախացի՛ր քանի որ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ թող որ բոլորս ալ գնահատելով իր այս սէրը, ըսենք. «Ես Տէրը կը սիրեմ» (Սաղ. 116։1, ԱԾ)։ դ24.01 31 ¶19-20

Ուրբաթ, օգոստոս 29

Քու անունդ անոնց ճանչցուցի (Յովհ. 17։26)։

Յիսուս պարզապէս մարդոց չըսաւ, որ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Հրեաները արդէն գիտէի՛ն Աստուծոյ անունը։ Յիսուս աւելի՛ն ըրաւ։ Ան «բացատրեց անոր [Աստուծոյ] մասին» (Յովհ. 1։17, 18, ՆԱ)։ Օրինակ, հրեաները Եբրայերէն Գրութիւններէն գիտէին, որ Եհովան ողորմութիւն ու կարեկցութիւն ունի (Ել. 34։5-7)։ Բայց Յիսուս այս յատկութիւնները անոնց շատ յստակ դարձուց անառակ որդիին առակով։ Երբ առակին մէջ կը կարդանք, որ հայրը իր զղջացած տղան կը տեսնէ ‘մինչ ան շատ հեռու էր’, անոր քով կը վազէ, անոր կը փաթթուի եւ սրտանց կը ներէ, այն ատեն շատ աւելի լաւ կը հասկնանք որ Եհովան որքա՜ն ողորմած ու կարեկից է (Ղուկ. 15։11-32)։ Այս կերպերով Յիսուս ուրիշներուն օգնեց, որ հասկնան, թէ Եհովան ինչպիսի՛ Աստուած մըն է։ դ24.02 10 ¶8-9

Շաբաթ, օգոստոս 30

Մխիթար[ենք] զանոնք. . . այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք (Բ. Կոր. 1։4)։

Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք ամէն օր ‘մէկզմէկ մխիթարել’ (Ա. Թես. 4։18)։ Պէտք է մշակենք յատկութիւններ, ինչպէս՝ կարեկցութիւն, եղբայրսիրութիւն եւ ազնուութիւն (Կող. 3։12. Ա. Պետ. 3։8)։ Այս յատկութիւնները ինչպէ՞ս պիտի օգնեն մեզի։ Երբ կարեկցութիւնը եւ անոր նման յատկութիւններ մեր անձնաւորութեան մէկ մասը դառնան, ինքնաբերաբար պիտի մղուինք նեղութեան մէջ եղողները մխիթարելու։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, «բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի։ Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարի բաներ կը հանէ» (Մատ. 12։34, 35)։ Նեղութեան մէջ եղող եղբայրներն ու քոյրերը մխիթարելը անոնց հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու կարեւոր կերպ մըն է։ դ23.11 10 ¶10-11

Կիրակի, օգոստոս 31

Իմաստունները պիտի հասկնան (Դան. 12։10)։

Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները հասկնալու համար պէտք է օգնութիւն խնդրենք։ Նկատի առ այս օրինակը։ Երեւակայէ որ քեզի անծանօթ եղող շրջան մը կ’այցելես, բայց հետդ կայ բարեկամդ, որ այդ շրջանին շատ լաւ ծանօթ է։ Ան գիտէ ճիշդ ո՛ւր էք եւ իւրաքանչիւր ճամբայ ո՛ւր կը տանի։ Անկասկած ուրախ պիտի ըլլաս որ բարեկամդ քեզի հետ է։ Նոյնպէս, Եհովան գիտէ թէ մենք ո՛ր ժամանակին մէջ կ’ապրինք եւ թէ ի՛նչ դէպքեր կը սպասեն մեզի։ Ուրեմն, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները հասկնալու համար, պէտք է խոնարհաբար Եհովային օգնութիւնը խնդրենք (Դան. 2։28. Բ. Պետ. 1։19, 20)։ Լաւ ծնողքի մը պէս, Եհովան կ’ուզէ որ իր զաւակները լաւ ապագայ մը ունենան (Եր. 29։11)։ Բայց մարդկային ծնողներուն հակառակը, Եհովան կրնայ մեզի ըսել թէ ապագային ինչ պիտի ըլլայ եւ իր ըսածը մի՛շտ ճիշդ կ’ելլէ։ Ան իր Խօսքին մէջ մարգարէութիւններ գրել տուաւ, որպէսզի կարեւոր դէպքերը ըլլալէն առաջ անոնք գիտնանք (Եսա. 46։10)։ դ23.08 8 ¶3-4

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել