Բնա՛ւ ‘Տէրոջ դէմ մի՛ բարկանար’
«Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’եղծանէ, եւ իր սիրտը Տէրոջ դէմ կը բարկանայ» (ԱՌ. 19։3, ԱԾ)։
1, 2. Ինչո՞ւ պէտք չէ մեղադրենք Եհովան որպէս մարդկութեան խնդիրներուն պատճառը. լուսաբանէ՛։
ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ օր մը երջանիկ ամուսնութիւն վայելող տղամարդ մը իր տունը կը մտնէ եւ զայն տակնուվրայ վիճակի մէջ կը գտնէ։ Տան կահկարասին վնասուած է, պնակները փշրուած են, իսկ գորգը մէկ կողմ նետուած է։ Իր գեղեցիկ տունը այժմ աղէտեալ շրջանի կը նմանի։ Քու կարծիքովդ, ան ո՞վ պիտի մեղադրէ։ Արդեօք ան պիտի ըսէ՞. «Ինչո՞ւ կինս այս մէկը ըրաւ»։ Ո՛չ. շատ հաւանաբար ան պիտի ըսէ. «Ո՞վ այս մէկը ըրաւ»։ Ան գիտէ թէ իր սիրալիր կինը երբեք իրենց տունը պիտի չկործանէր։
2 Ներկայիս երկրագունդը տակնուվրայ վիճակի մէջ է։ Անոր հողը, ջուրը եւ օդը ապականուած են։ Մարդիկ վայրագ եւ անբարոյ դարձած են։ Աստուածաշունչի աշակերտներ ըլլալով, գիտենք թէ կարելի չէ որ Եհովան այս բոլոր խնդիրներուն պատճառը ըլլայ։ Ան այս երկրագունդը ստեղծեց, հաճոյալի դրախտ ըլլալու համար (Ծն. 2։8, 15)։ Ան սիրոյ Աստուած է (Ա. Յովհ. 4։8)։ Սուրբ Գրութիւններու մեր ուսումնասիրութիւնը մեզի օգնած է բնորոշելու, թէ Սատանա՛ն՝ «այս աշխարհի իշխանը», բազմաթիւ դժուարութիւններ պատճառողն է (Յովհ. 14։30. Բ. Կոր. 4։4)։
3. Մեր մտածելակերպը ինչպէ՞ս կրնայ խեղաթիւրուիլ։
3 Բայց եւ այնպէս չենք կրնար մեղադրել Սատանան, որպէս մեր բոլո՛ր խնդիրներուն պատճառը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր դիմագրաւած կարգ մը խնդիրները մեր անձնական սխալներուն հետեւանքն են (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։4-6)։ Թէեւ այդ իրողութիւնը ընդունինք, բայց մեր անկատար բնոյթը կրնայ մեր մտածելակերպը խեղաթիւրել եւ պատճառ դառնալ որ ի վերջոյ աղէտի հանդիպինք (Առ. 14։12)։ Ի՞նչ կերպով։ Խնդրի մը համար փոխանակ մենք մեզ կամ Սատանան մեղադրելու, կրնանք սկսիլ Եհովա՛ն մեղադրել։ Կրնանք նոյնիսկ ‘Տէրոջ դէմ բարկանալ’ (Առ. 19։3, ԱԾ)։
4, 5. Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ ‘Տէրոջ դէմ բարկանալ’։
4 Իրապէս կարելի՞ է որ ‘Տէրոջ դէմ բարկանանք’։ Վստահաբար ասիկա անօգուտ պիտի ըլլար (Եսա. 41։11)։ Աստուծոյ դէմ մղուած որեւէ կռիւ չենք կրնար շահիլ։ Ճիշդ է որ թերեւս բնաւ չըսե՛նք թէ Եհովայի դէմ բարկացած ենք։ Բայց Առակաց 19։3–ը (ԱԾ) կը նշէ, թէ մարդուն յիմարութիւնը իր «ճամբան կ’եղծանէ, եւ իր սիրտը Տէրոջ դէմ կը բարկանայ»։ Արդարեւ, անհատը կրնայ իր սրտին մէջ Աստուծոյ դէմ բարկանալ եւ անոր հանդէպ դառնանալ։ Իսկ այս կեցուածքէն ազդուելով, ան կը սկսի Եհովայի ծառայութեան մէջ դանդաղիլ կամ ժողովքէն կամաց–կամաց հեռանալ։
5 Ի՞նչ բան կրնայ մեզ մղել ‘Տէրոջ դէմ բարկանալու’։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս թակարդէն խուսափիլ։ Կենսական է որ այս հարցումներուն պատասխանները գիտնանք, որպէսզի կարենանք Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը պահպանել։
Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԿՐՆԱՅ ՊԱՏՃԱՌ ԴԱՌՆԱԼ ՈՐ ‘ՏԷՐՈՋ ԴԷՄ ԲԱՐԿԱՆԱՆՔ’
6, 7. Մովսէսի օրերուն, իսրայէլացիները ինչո՞ւ սկսան Եհովայի դէմ տրտնջալ։
6 Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մը ինչպէ՞ս կրնայ սկսիլ իր սրտին մէջ Իրեն դէմ տրտնջալ։ Նկատի առնենք 5 ազդակ եւ քննարկենք աստուածաշնչական օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան թէ ոմանք ինչպէ՛ս այս ծուղակին մէջ ինկան (Ա. Կոր. 10։11, 12)։
Բացասական խօսակցութիւն մտիկ ընելը կրնայ վատ ազդեցութիւն ունենալ քու վրադ (Տե՛ս պարբերութիւն 7)
7 Ուրիշներուն բացասական խօսակցութիւնը կրնայ մեզի ազդել (կարդա՛ Բ. Օրինաց 1։26-28)։ Պահ մը երեւակայէ։ Իսրայէլացիները եգիպտական ստրկութենէն տակաւին նոր ազատած են։ Եհովան հրաշալիօրէն 10 պատուհասներ բերած է Եգիպտոսի վրայ եւ անկէ ետք, Կարմիր ծովուն մէջ փարաւոնն ու անոր զօրքը բնաջնջած է (Ել. 12։29-32, 51. 14։29-31. Սաղ. 136։15)։ Այժմ, Աստուծոյ ժողովուրդը Խոստացեալ երկիրը մտնելու վրայ է։ Բայց այդ լուրջ պահուն, իսրայէլացիները կը սկսին Եհովայի դէմ գանգատիլ։ Ինչո՞ւ։ 10 լրտեսներուն բացասական տեղեկագիրը զիրենք կը յուսահատեցնէ ու կը վախցնէ (Թուոց 14։1-4)։ Առ ի արդիւնք, Եհովան կ’որոշէ որ ամբողջ սերունդ մը այդ «լաւ երկիրը» չմտնէ (Բ. Օր. 1։34, 35, ԱԾ)։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Ուրիշներու բացասական խօսակցութիւնը կրնայ մեր հաւատքը տկարացնել եւ պատճառ դառնալ, որ սկսինք տրտնջալ իր ժողովուրդը առաջնորդելու Եհովայի կերպին դէմ։
8. Եսայիի օրերուն, ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ որ մարդիկ իրենց կացութեան համար Եհովան մեղադրեն։
8 Դժուարութիւնները կրնան մեզ վհատեցնել (կարդա՛ Եսայի 8։21, 22)։ Եսայիի օրերուն, Յուդայի ժողովուրդը կը տառապէր։ Անոնք թշնամիներով շրջապատուած էին, եւ ուտելիքի պակասութիւն ըլլալով՝ շատեր անօթի էին։ Բայց աւելի կարեւորը, հոգեւո՛ր սով կը տիրէր (Ամովս 8։11)։ Սակայն, փոխանակ Եհովայի դիմելու որ այս դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլեն, անոնք սկսան իրենց թագաւորին ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ‘հայհոյել’։ Արդարեւ, անոնք իրենց խնդիրներուն համար Աստուած մեղադրեցին։ Եթէ ողբերգութիւնները կամ անձնական խնդիրները մեզ պատեն, կրնա՞յ ըլլալ որ մեր սրտին մէջ ըսենք. ‘Ո՞ւր էր Եհովան, երբ ես իրեն պէտք ունէի’։
9. Եզեկիէլի ժամանակակից իսրայէլացիները ինչո՞ւ սխալ տեսակէտ ունեցան։
9 Բոլոր իրողութիւնները չենք գիտեր։ Քանի որ բոլոր իրողութիւնները չէին գիտեր, Եզեկիէլի ժամանակակից իսրայէլացիները խորհեցան թէ հարցեր ձեռք առնելու Եհովայի կերպը «ուղիղ չէ» (Եզեկ. 18։29)։ Անոնք այնպէս մը վարուեցան, կարծես իրաւասութիւն ունէին Աստուած դատելու եւ որոշելու, թէ ան հարցերը լաւագոյն կերպով ձեռք կ’առնէ՛ կամ ոչ, թէեւ անոր բոլոր պատճառները չէին հասկցած։ Եթէ ատեններ լիովին չհասկնանք աստուածաշնչական որոշ հատուած մը կամ մեզի պատահած դէպքի մը պատճառը, կրնա՞յ ըլլալ որ մեր սրտին մէջ խորհինք թէ «Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ» եւ անարդար է (Յոբ 35։2)։
10. Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ Ադամի սխալ օրինակին հետեւիլ։
10 Մեր գործած մեղքերուն ու սխալներուն համար ուրիշը մեղադրել։ Մարդկութեան պատմութեան սկիզբը, Ադամ իր գործած մեղքին համար Աստուած մեղադրեց (Ծն. 3։12)։ Թէեւ ան դիտումնաւոր եւ հետեւանքները լիովին գիտնալով Աստուծոյ օրէնքը բեկանեց, սակայն յանցանքը Աստուծոյ վրայ դրաւ, կարծես ըսելով՝ թէ Եհովան իրեն վատ կին տուած էր։ Անկէ ի վեր, Ադամի նման շատեր Աստուած կը մեղադրեն իրենց գործած սխալներուն համար։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Կրնա՞յ ըլլալ որ գործած սխալներս ա՛յնքան զիս յուսախաբ ընեն, որ սկսիմ խորհիլ թէ Աստուծոյ չափանիշները շատ խիստ են’։
11. Յովնանէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։
11 Անձնակեդրոն դառնալ։ Յովնան բարկացաւ, երբ Եհովան նինուէցիներուն հանդէպ ողորմած գտնուեցաւ (Յովն. 4։1-3)։ Ինչո՞ւ։ Ան վախցաւ որ անոնք խորհին թէ սուտ մարգարէ մըն էր, քանի որ քաղաքը չկործանուեցաւ ինչպէս ինք մարգարէացած էր։ Այնպէս կը թուի, թէ Յովնան այնքան իր համբաւին նկատմամբ մտահոգուեցաւ որ զղջացած նինուէցիներուն չկարեկցեցաւ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մենք ալ ա՛յնքան անձնակեդրոն դառնանք, որ ‘Եհովայի դէմ բարկանանք’, վախճանը տակաւին չբերելուն համար։ Եթէ տասնամեակներէ ի վեր կը քարոզենք թէ Եհովային օրը մօտ է, արդեօք կը սկսի՞նք մեր համբերութիւնը կորսնցնել, երբ ուրիշներ մեր այս քարոզածը քննադատեն (Բ. Պետ. 3։3, 4, 9)։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՆՔ ‘ՏԷՐՈՋ ԴԷՄ ՉԲԱՐԿԱՆԱԼ’
12, 13. Եթէ մեր սրտին մէջ սկսինք Եհովայի կարգ մը գործունէութիւնները հարցականի տակ դնել, ի՞նչ պէտք չէ անտեսենք։
12 Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մեր մեղաւոր սիրտը սկսի Եհովայի կարգ մը գործունէութիւններուն նկատմամբ կասկածներ ունենալ։ Յիշէ թէ անիմաստութիւն է այդպէս մտածել։ Առակաց 19։3–ի ուրիշ մէկ թարգմանութիւնը՝ Արեւելահայերէն նոր թարգմանութիւն–ը՝ կ’ըսէ. «Մարդու անզգամութիւնը ապականում է նրա ճանապարհները, բայց իր սրտում նա մեղքը գցում է Աստծու վրայ»։ Ասիկա ի մտի ունենալով, այժմ նկատի առնենք 5 ազդակներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն, որ բնաւ Եհովայի դէմ չբարկանանք։
13 Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ մի՛ անտեսեր։ Եթէ Եհովայի հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն պահպանենք, իրեն դէմ չենք բարկանար (կարդա՛ Առակաց 3։5, 6)։ Պէտք է Եհովային վստահինք։ Պէտք է նաեւ խուսափինք մենք մեզ իմաստուն սեպելէ կամ անձնակեդրոն դառնալէ (Առ. 3։7. Ժող. 7։16)։ Այսպէս, երբ վատ բաներ մեզի պատահին, Աստուած պիտի չմեղադրենք։
14, 15. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ուրիշներուն բացասական խօսակցութենէն չազդուինք։
14 Թոյլ մի՛ տար որ բացասական խօսակցութիւնը քեզի ազդէ։ Մովսէսի ժամանակակից իսրայէլացիները բազմաթիւ պատճառներ ունէին վստահելու, որ Եհովան զիրենք Խոստացեալ երկիր պիտի մտցնէր (Սաղ. 78։43-53)։ Բայց տասը անհաւատարիմ լրտեսներուն բացասական տեղեկագիրը լսելով՝ անոնք «չյիշեցին անոր ձեռքը» (Սաղ. 78։42)։ Եթէ Եհովայի գործունէութիւններուն վրայ խոկանք, յիշելով մեզի ի նպաստ իր ըրած բոլոր լաւ բաները, իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը պիտի զօրանայ։ Առ ի արդիւնք, թոյլ պիտի չտանք որ ուրիշներու բացասական գաղափարները մեզ Եհովայէն հեռացնեն (Սաղ. 77։11, 12)։
15 Միւս կողմէ, եթէ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ բացասական կեցուածք ունենանք, Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կրնայ ազդուիլ (Ա. Յովհ. 4։20)։ Երբ իսրայէլացիները Ահարոնի նշանակումը եւ դիրքը հարցականի տակ դրին, Եհովան այս մէկը Իրեն դէմ տրտունջ սեպեց (Թուոց 17։10)։ Նմանապէս, եթէ սկսինք գանգատիլ եւ տրտնջալ այն եղբայրներուն դէմ, որոնք Եհովայի կողմէ կը գործածուին իր կազմակերպութեան երկրային մասը առաջնորդելու, Իրեն դէմ գանգատած կ’ըլլանք (Եբ. 13։7, 17)։
16, 17. Ի՞նչ պէտք է յիշենք երբ խնդիրներ դիմագրաւենք։
16 Յիշէ թէ մեր խնդիրներուն պատճառը Եհովան չէ։ Թէեւ Եսայիի ժամանակակից իսրայէլացիները Եհովային կռնակ դարձուցած էին, բայց Ան տակաւին ուզեց իրենց օգնել (Եսա. 1։16-19)։ Ի՛նչ դժուարութիւն ալ դիմագրաւենք, կրնանք մխիթարուիլ՝ գիտնալով որ Եհովան մեզ կը հոգայ եւ կ’ուզէ մեզի օգնել (Ա. Պետ. 5։7)։ Իրականութեան մէջ, ան կը խոստանայ որ հարկ եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որպէսզի շարունակենք իրեն հաւատարիմ մնալ (Ա. Կոր. 10։13)։
17 Եթէ Յոբի նման որոշ անարդարութեան զոհը երթանք, պէտք է մենք մեզի յիշեցնենք թէ Եհովան չէ պատճառը։ Եհովան կ’ատէ անարդարութիւնը (Սաղ. 33։5)։ Պէտք է Յոբի բարեկամին՝ Եղիուսին նման ընդունինք. «Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ» (Յոբ 34։10)։ Եհովան ոչ միայն մեր խնդիրներուն պատճառը չէ, այլեւ մեզի կու տայ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» (Յակ. 1։13, 17)։
18, 19. Ինչո՞ւ Եհովայէն պէտք չէ կասկածինք. լուսաբանէ՛։
18 Բնաւ Եհովայէն մի՛ կասկածիր։ Աստուած կատարեալ է եւ իր խորհուրդները մերիններէն վեհ են (Եսա. 55։8, 9)։ Ուրեմն, խոնարհութիւնը եւ համեստութիւնը մեզի պէտք է օգնեն խոստովանելու, որ սահմանափակ հասկացողութիւն ունինք (Հռով. 9։20)։ Յաճախ որոշ պարագայի մը բոլոր իրողութիւնները չենք ունենար։ Անկասկած նկատած ես թէ հետեւեալ առակը ճշմարիտ է. «Ո՛վ որ առաջինը ըլլայ իր դատը ներկայացնելու՝ իրաւունք ունեցող կը թուի. բայց երբ իր ոսոխը գայ՝ զայն կը քննէ» (Առ. 18։17, ԱԾ)։
19 Երեւակայէ թէ վստահելի մէկ բարեկամդ կը գործէ որոշ արարք մը, որ սկիզբը քեզի անհասկնալի կամ արտասովոր կը թուի։ Արդեօք անմիջապէս կը մտածե՞ս թէ ան լուրջ յանցանք մը գործեց։ Ո՛չ։ Փոխարէն, հաւանաբար մտածես թէ պատահածին բոլոր իրողութիւններուն տեղեակ չես։ Եթէ մեր անկատար բարեկամներուն հետ այսպէս սիրալիր կերպով կը վարուինք, ուրեմն որքա՜ն աւելի պիտի ուզենք վստահիլ մեր երկնաւոր Հօր, որուն ճամբաներն ու խորհուրդները մերիններէն շա՜տ բարձր են։
20, 21. Ինչո՞ւ բնաւ պէտք չէ Եհովան մեղադրենք մեր խնդիրներուն համար։
20 Գիտցիր ո՛վ մեղադրել։ Հարկ է որ գիտակցինք թէ մե՛նք կարգ մը խնդիրներ մեր վրայ կը բերենք (Գաղ. 6։7, 8)։ Եհովան պէտք չէ մեղադրենք այդ խնդիրներուն համար։ Ինչո՞ւ։ Լաւ, ի՞նչ կը պատահի եթէ վարորդ մը անկիւնադարձի մը վրայ շատ արագ քշէ։ Ան կրնայ արկածի հանդիպիլ։ Կը խորհի՞ս որ ան պէտք է ինքնաշարժի գործարանը մեղադրէ։ Անշուշտ ո՛չ։ Նմանապէս, Եհովան մեզի ազատութիւն տուած է, որ մեր անձնական որոշումները կայացնենք։ Բայց ան նաեւ մեզի սորվեցուցած է ինչպէ՛ս լաւ որոշումներ կայացնել։ Ուստի, պէտք չէ Եհովան մեղադրենք եթէ սխալներ գործենք։
21 Անշուշտ, ո՛չ բոլոր խնդիրները մեր թերութիւններուն եւ սխալ արարքներուն արդիւնքն են։ Որոշ խնդիրներ կը դիմագրաւենք առ ի հետեւանք ‘ժամանակի ու դիպուածի’ (Ժող. 9։11)։ Նաեւ, չմոռնանք այն իրողութիւնը, թէ Բանսարկու Սատանան մեր տեսած չարութեան գլխաւոր պատճառն է (Ա. Յովհ. 5։19. Յայտ. 12։9)։ Ա՛ն է թշնամին եւ ոչ թէ Եհովան (Ա. Պետ. 5։8)։
ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԵՏ ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԴ ԱՐԺԵՒՈՐԷ
Եհովան օրհնեց Յեսուն ու Քաղէբը, քանի որ իրեն վստահեցան (Տե՛ս պարբերութիւն 22)
22, 23. Եթէ մեր խնդիրները մեզ վհատեցնեն, ի՞նչ պէտք է յիշենք։
22 Երբ դժուարութիւններ դիմագրաւես, Յեսուին եւ Քաղէբին օրինակը յիշէ։ Միւս 10 լրտեսներուն հակառակը, այս հաւատարիմ տղամարդիկը դրական տեղեկագիր հաղորդեցին (Թուոց 14։6-9)։ Անոնք Եհովայի հաւատացին։ Ասով հանդերձ, իրենք ալ մնացեալ իսրայէլացիներուն հետ 40 տարի անապատին մէջ թափառեցան։ Յեսուն եւ Քաղէբը արդեօք գանգատեցա՞ն կամ դառնացա՞ն, խորհելով թէ ատիկա անարդարութիւն էր։ Ո՛չ։ Անոնք Եհովայի վստահեցան եւ ան զիրենք օրհնեց։ Երբ ամբողջ սերունդ մը անապատին մէջ մահացաւ, այս երկու տղամարդիկը ի վերջոյ Խոստացեալ երկիրը մտան (Թուոց 14։30)։ Նմանապէս, Եհովայի օրհնութիւնը պիտի ստանանք, եթէ իր կամքը կատարելուն մէջ «չթուլնանք» (Գաղ. 6։9. Եբ. 6։10)։
23 Եթէ վհատած ես, խնդիրներու, ուրիշներու անկատարութիւններուն կամ անձնական թերութիւններուդ պատճառաւ, ի՞նչ պէտք է ընես։ Եհովայի հոյակապ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնացիր։ Խորհրդածէ այն բոլոր գեղեցիկ բաներուն մասին, որոնք Եհովան խոստացած է։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Առանց Եհովային, ինչպիսի՞ կեանք պիտի ունենայի’։ Միշտ իրեն մօտի՛կ մնա եւ բնաւ թոյլ մի՛ տար սրտիդ որ իրեն դէմ բարկանայ։