Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/01 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Օգոստոս 13–ով Սկսող Շաբաթ
  • Օգոստոս 20–ով Սկսող Շաբաթ
  • Օգոստոս 27–ով Սկսող Շաբաթ
  • Սեպտեմբեր 3–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 8/01 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Օգոստոս 13–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 204

13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Նոր Աշխարհի Ընկերութիւնը Գործի Վրայ պատկերիզը դիտեն, Օգոստոս 27–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ անոր քննարկման առ ի պատրաստութիւն։ Նկատի առէք «Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր»ը։ Յաջորդ միօրեայ մասնաւոր համաժողովին թուականը ծանուցանեցէք, եւ բոլորը յորդորեցէք որ լման յայտագրին ներկայ գտնուին։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ նորեկները եւ Աստուածաշունչի աշակերտները հրաւիրեն։

17 վյրկ. «Կը Փափաքի՞ք Աւելին Ընել»։ Ձեր թաղամասին մէջ գտնուող օտարախօս անհատներուն վկայելու համար յաւելեալ ջանք թափելու մասին թելադրութիւններ պարփակեցէք։ Հակիրճօրէն խօսեցէք Դիտարան 15 Յունիս 1997, էջ 26-29–ի մասին (Անգլերէնով)։

15 վյրկ. «Զբօսանքը Իր Տեղը Պահեցէք»։ Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչ մը, գրքի ուսումնասիրութենէն ետք, կը խօսակցի ամոլի մը հետ։ Ան ազնուօրէն կ’ըսէ թէ վերջերս զիրենք դաշտի ծառայութեան կամ շաբաթավերջի ժողովներուն մէջ չէ տեսած։ Ամոլը կը բացատրէ թէ արձակուրդ առնելը եւ ամառնային այլ զբաղմունքներ զիրենք զբաղած պահած են։ Երէցը աչքէ կ’անցընէ յօդուածին գլխաւոր կէտերը, ամոլին օգնելով որ տեսնէ թէ հոգեւոր շահերը մի՛շտ առաջնակարգ տեղը պէտք է գրաւեն։ Անոնք այս լաւ վերյիշեցումներուն համար երախտագիտութիւն կը յայտնեն։ Անոնք կը համաձայնին թէ ապագային աւելի լաւ նախապատուութիւններ պիտի դնեն։—Տես՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 2000, էջ 19-20։

Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։

Օգոստոս 20–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 33

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։

15 վյրկ. «Դուք ‘Տեսարան’ Էք»։ Յիշեցէք կարգ մը տեղական դէպքեր, երբ մարդիկ Եհովայի Վկաներու գործունէութեան կամ վարքին մասին նպաստաւոր արտայայտութիւններ ըրած են։—Տես՝ Դիտարան 15 Մարտ 1998, էջ 10 (Անգլերէնով), եւ Դիտարան 1 Փետրուար 1999, էջ 32։

22 վյրկ. «Կենցաղավարութիւնը՝ Բարեպաշտ Անհատներու Մէկ Յատկանիշն Է»։ Երէց մը հինգ վայրկեան տեւող դասախօսութիւն մը կը ներկայացնէ, պարբերութիւն 1-5–ը գործածելով։ Ապա յօդուածին մնացեալ մասը բեմին վրայ նկատի կ’առնէ ուրիշ երէցի մը ու օգնական ծառայի մը հետ։ Անոնք կը խօսակցին կարգ մը անփափկանկատ սովորութիւններ յաղթահարելու կերպին մասին, սովորութիւններ՝ որոնք կրնան մեր ժողովներու արժէքը նսեմացնել եւ մեր ստանալիք օգուտները նուազեցնել։ Անոնք ուշագրաւ կը դարձնեն թէ ինչպէս իրարու հետ մեր ընկերակցութիւնը ի՛րապէս քաջալերական է, երբ ուրիշներու շահերուն հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերենք։—Փիլ. 2։4

Երգեցողութիւն թիւ 95 եւ փակման աղօթք։

Օգոստոս 27–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Օգոստոսի դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Հակիրճօրէն յիշեցէք մէկ կամ երկու թելադրութիւններ, թէ ի՛նչպէս Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին Ընտանիք գիրքը կարելի է ներկայացնել ծառայութեան մէջ։—Տես օրինակներ՝ Փետրուար 1999–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին, էջ 4–ին վրայ։

10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

25 վյրկ. «Պատմական Ակնարկ մը՝ Նոր Աշխարհի Ընկերութիւնը Գործի Վրայ Խորագրով Պատկերիզին Վրայ»։ Ներկաներուն հետ խօսակցութիւն եւ հարցազրոյցներ։ Հայթայթուած հարցումները նկատի առնելէ ետք, հարցազրոյց ունեցէք ոեւէ անհատի հետ, որ առաջին ֆիլմը տեսած է կամ 1950–ական թուականներուն միջազգային համաժողովներուն ներկայ գտնուած է։ Ան թող պատմէ՝ ինչ որ կը յիշէ այդ դէպքերուն մասին, իր վրայ անոնց ունեցած հոգեւոր ազդեցութիւնը, եւ իր համոզումը՝ թէ ասիկա Եհովայի կազմակերպութիւնն է։ Հոկտեմբերին վերաքաղ պիտի ընենք Միացած՝ Աստուածային Ուսուցումով պատկերիզը։

Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։

Սեպտեմբեր 3–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 127

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

17 վյրկ. «Քրիստոնէական Ընկերակցութիւնը Ո՞րքան Կարեւոր Է»։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1996, էջ 30, «Ժողովքին Միջոցաւ» ենթագլուխէն։

20 վյրկ. Եթէ Անհատ մը Ըսէ։ Զրոյց եւ ցուցադրութիւններ։ Ծառայութեան մէջ, երբ մարդիկ ըսեն բաներ կամ հարցնեն հարցումներ զորս չենք ակնկալեր, պէտք է ջանանք անոնց պատասխանել, փոխանակ նիւթը փոխելու կամ խօսակցութեան վերջ մը դնելու։ Պատճառաբանել գիրքը այս առնչութեամբ յաճախ կրնայ օգտակար ըլլալ։ Նշեցէք կարգ մը սովորական արտայայտութիւններ, եւ թող հրատարակիչներ ցուցադրեն անոնց պատասխանելու կերպը, գործածելով՝ Պատճառաբանել գրքին հայթայթած պատասխանները։ Օրինակի համար. ‘Աստուծոյ գոյութեան չեմ հաւատար’։ (էջ 150-151) ‘Ինչո՞ւ ընկերութիւնը բարելաւելու համար ջանքեր չէք թափեր’։ (էջ 207-208) ‘Կարեւոր չէ թէ ո՛ր եկեղեցիին կը պատկանիս’։ (էջ 332) Բոլորը քաջալերեցէք որ Պատճառաբանել գրքին այս երեսակը գործածեն, երբ ծառայութեան մէջ անակնկալ պարագաներ ծագին։

Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել