Ուրախութեամբ Միացած՝ Եհովայի ու Իր Որդւոյն Հետ
Տարուան Ամենակարեւոր Դէպքը Պիտի Տօնակատարուի Մարտ 28–ին
1 Մարտ 28, 2002–ին, արեւնամուտէն ետք, Տէրունական Ընթրիքը տօնակատարելով, Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի հետ մեր ուրախ միութիւնը ցոյց կու տանք։ Այս մասնայատուկ տօնակատարութեան, օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդը պիտի վայելէ այն մասնաւոր «հաղորդակցութիւնը», որ ունի Թագաւորութեան միւս ժառանգորդներուն, Հօրը, եւ իր Որդւոյն հետ։ (Ա. Յովհ. 1։3. Եփ. 1։11, 12) «Ուրիշ ոչխարներ»էն միլիոնաւորներ պիտի խոկան Եհովայի ու իր Որդւոյն հետ միութեան մէջ ըլլալու իրենց սքանչելի առանձնաշնորհումին վրայ, մնացորդին հետ մէկ սիրտ ու մէկ միտք ըլլալով՝ Աստուծոյ գործը կատարելու մէջ։—Յովհ. 10։16
2 Միասնաբար Գործել՝ Սերտ Յարաբերութեան մը Մէջ. Եհովա ու Յիսուս միշտ ուրախութեամբ միացած եղած են։ Անոնք այս ընկերակցութիւնը վայելած են անհաշուելի ժամանակ, մարդուն ստեղծագործութենէն առաջ։ (Միք. 5։2) Ուստի իրենց միջեւ խանդաղատանքի սերտ կապ մը մշակուած է։ Որպէս անձնաւորուած իմաստութիւն, այս անդրանիկ Որդին իր նախամարդկային գոյութեան մէջ կրնար ըսել. «Ամէն օր [Եհովայի] զուարճութիւնն էի ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի»։ (Առ. 8։30) Անհամար դարեր սիրոյ Ակունքին հետ մտերիմ յարաբերութիւն վայելելը, խոր ազդեցութիւն ունեցաւ Աստուծոյ Որդւոյն վրայ։—Ա. Յովհ. 4։8
3 Մարդոց փրկութեան կարիքը ի մտի ունենալով, Եհովա մարդոցմէ հաճոյք առնող իր միածին Որդին ընտրեց փրկանքի զոհը հայթայթելու համար, որ մեր միակ յոյսը կը ներկայացնէ։ (Առ. 8։31) Ճիշդ ինչպէս որ Եհովա ու իր Որդին միացած են մէկ նպատակ իրագործելու համար, մենք ալ անոնց եւ իրարու հետ միացած կը մնանք զօրաւոր սիրոյ կապերով, ուրախութեամբ Աստուծոյ կամքը կատարելով։
4 Մեր Սրտանց Գնահատութիւնը Ցուցաբերել. Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելով եւ ուշադրութեամբ ու յարգալից կերպով ունկնդրելով, կրնանք թէ՛ Եհովայի սիրոյն եւ թէ մեզի ի նպաստ իր Որդւոյն զոհագործութեան հանդէպ մեր անկեղծ գնահատութիւնը ցուցաբերել։ Ուշագրաւ պիտի դարձուի Յիսուսի սիրալիր օրինակը, փրկանքը հայթայթելու համար մինչեւ մահ իր հաւատարմութիւնը, եւ իր իշխանութիւնը՝ որպէս Աստուծոյ հաստատած Թագաւորութեան Թագաւորը, ինչպէս նաեւ մարդկութեան համար Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւնները։ Նաեւ մեր ուշադրութեան պիտի յանձնուի շարունակաբար մեր հաւատքը ցուցաբերելու կարիքը, Եհովայի կամքին համաձայն նախանձախնդրաբար գործելով որպէս «ճշմարտութեանը գործակից»ներ։—Գ. Յովհ. 8. Յակ. 2։17
5 Ուրիշներուն Օգնել որ Մեզի Հետ Ներկայ Գտնուին. Երէցներու մարմինը յատուկ ջանք պէտք է թափէ քաջալերելու համար թաղամասին մէջ եղող բոլոր անգործունեայ Վկաները, որ ներկայ գտնուին Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին։ (Մատթ. 18։12, 13) Ցանկ մը պատրաստեցէք այն անհատներուն անուններով որոնց պիտի այցելէք, որպէսզի ոեւէ մէկը չանտեսուի եւ բոլորն ալ անձնապէս հրաւիրուին։
6 Կը ճանչնա՞ք ուրիշներ որոնք թերեւս գան Յիշատակատօնին։ Նախաձեռնութիւնը առէք այս առիթին հանդէպ անոնց գնահատութիւնը կերտելու։ Ջերմօրէն զանոնք հրաւիրեցէք, եւ զգացուցէք թէ բարի եկած են։ Մեր լաւագոյնը ընենք այս ամենակարեւոր տօնակատարութեան հրաւիրելու համար մեր բոլոր Աստուածաշունչի աշակերտները եւ այլ հետաքրքրուած անհատներ, ինչպէս նաեւ ընտանիքի անդամներ ու ծանօթներ։ Փրկանքին օգուտները մատչելի կը մնան բոլոր անոնց, որոնք «Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութիւնը» կը սորվին։ (Փիլ. 3։8) Քրիստոսի զոհագործութեան հանդէպ հաւատք ընծայողները կրնան յաւիտենական կեանքի հաստատ յոյսը ձեռք ձգել։—Յովհ. 3։16
7 Երբեք մի՛ թերագնահատէք անկեղծ անհատներու վրայ Յիշատակատօնին ունեցած հաւանական ազդեցութիւնը։ Երկու տարի առաջ, Բաբուա Նոր Կուինիա կղզիին մէջ, 11 հետաքրքրուած անհատներ նաւակով մը 17 ժամ ճամբորդեցին ալեկոծ ծովուն մէջ, որպէսզի Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին։ Ինչո՞ւ։ Անոնք ըսին. «Փափաքեցանք Քրիստոսի Յիշատակատօնը տօնակատարել Եհովայի երկրպագուներուն հետ. կ’արժէր ընել այս ճամբորդութիւնը»։ Խորհեցէ՛ք այս հետաքրքրուած անհատներուն ցուցաբերած նախանձախնդրութեան, եւ Եհովայի, իր Որդւոյն ու քրիստոնէական եղբայրակցութեան հետ ուրախութեամբ միացած ըլլալու իրենց գնահատութեան մասին։
8 Բոլոր հետաքրքրուած անհատներուն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք։ Զանոնք քաջալերեցէք որ ժողովքային հանդիպումներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուին եւ իրենց սորված ճշմարտութիւնները ուրիշներու հետ բաժնեն։ Անոնց օգնեցէք որ ‘լոյսի մէջ քալեն’ եւ ‘ճշմարտութիւնը’ ի գործ դնեն՝ Աստուածաշունչի սկզբունքները իրենց կեանքին մէջ գործադրելով։ (Ա. Յովհ. 1։6, 7) Անոնց օգնեցէք որ Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակեն, եւ միակամօրէն իր կամքը ընելու առանձնաշնորհումին հանդէպ իրենց գնահատութեան մէջ շարունակեն աճիլ։
9 Ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է ուրախութեամբ միացած ըլլալ՝ ‘մէկ հոգիով ու մէկ շունչով պատերազմակից ըլլալու աւետարանին հաւատքին համար’։ (Փիլ. 1։27, 28) Թող որ ակնկառոյց սպասենք այն հաճելի ընկերակցութեան, որ միասնաբար պիտի վայելենք 28 Մարտին տեղի ունենալիք Յիշատակատօնին, մի՛շտ շնորհապարտ ըլլալով Եհովայի ու իր Որդւոյն։—Ղուկ. 22։19