Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/02 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Մարտ 11–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մարտ 18–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մարտ 25–ով Սկսող Շաբաթ
  • Ապրիլ 1–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 3/02 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Մարտ 11–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 21

13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով Դիտարան 1 Ապրիլ եւ Զարթի՛ր 22 Մարտ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, ցոյց տուէք «հետաքրքրուած չեմ» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու տարբեր կերպ մը։—Տես Պատճառաբանել գիրքը, էջ 16։

12 վյրկ. Մեր Քրիստոնէական Չէզոքութիւնը Պահպանել։ Ատակ երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Հայրենասիրութեան ցուցադրութիւնները աւելի սովորական դարձած են դպրոցին, գործատեղիին, եւ մեր շրջանակին մէջ։ Շատեր ասիկա կը քաջալերեն որպէս մտահոգութեան եւ ազգային աղէտներու պատճառած վշտին հետ գլուխ ելլելու միջոց մը։ Թէեւ աշխարհի մէջ մեր տեսած բաները մեզ ալ կը վշտացնեն, սակայն, տիեզերական գերիշխանութեան աւելի մեծ հարցը կը հասկնանք եւ Թագաւորութեան պատգամով կը մխիթարուինք։ Երբ փափկանկատօրէն ուրիշներու կը բացատրենք թէ ինչո՛ւ չենք մասնակցիր ազգայնական գործունէութիւններու մէջ, նաեւ պէտք է անոնց հետ բաժնենք Աստուծոյ Խօսքին մէջ մեր գտած մխիթարութիւնն ու յոյսը։ Եհովայի Վկաները եւ Ուսումը գրքոյկը, էջ 20-24, «Դրօշակին Բարեւելը» ենթագլուխին ներքեւ, կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ չենք մասնակցիր հայրենասիրական արարողութիւններու։ Խօսեցէք աչքառու կէտերուն մասին, եւ ծնողները քաջալերեցէք որ այս տեղեկութիւնը ուշադրութեամբ վերաքաղ ընեն իրենց զաւակներուն հետ։ Պատմեցէք գրքոյկին էջ 20–ի եւ Զարթի՛ր 8 Յունուար 1996, էջ 31–ի մէջ գտնուող փորձառութիւնները։ Շեշտեցէք թէ հարկ է որ Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանենք, մինչ կը յարգենք կառավարական հեղինակութիւնը։

20 վյրկ. «Բարի Գործերով Հարստանանք»։ Նկատի պիտի առնուի ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Բոլորը յորդորեցէք որ ծառայութեան մէջ լիովին բաժին բերեն, առ ի պատրաստութիւն 28 Մարտին տօնակատարուելիք Յիշատակատօնին։ Նկատի առէք թէ տպուած հրաւիրագիրները ի՛նչպէս կրնան լաւագոյն կերպով գործածուիլ։ Հրատարակիչներէն խնդրեցէք որ պատմեն թէ ի՛նչ ըրին որպէսզի իրենց ազգականները, դրացիները, Աստուածաշունչի աշակերտները եւ այլ հետաքրքրուած անհատները անցեալ տարուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին, եւ ասիկա ի՛նչ ուրախութիւն պատճառեց։ Քաջալերեցէք որ բոլոր անոնք որոնք կրնան Ապրիլին օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ, ժողովէն ետք դիմումնագիր մը առնեն։

Երգեցողութիւն Թիւ 95 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 18–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 57

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Նկատի առէք՝ «Յիշատակատօնի Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ»։ Բոլորը քաջալերեցէք որ հետեւին Մարտ 23-28–ի համար յայտագրուած Յիշատակատօնի Աստուածաշունչի ընթերցանութեան, ինչպէս որ ուրուագծուած է Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր—2002 գրքոյկին մէջ։

15 վյրկ. «Ուրախութեամբ Միացած՝ Եհովայի ու Իր Որդւոյն Հետ»։ Սուրբ գրային խթանիչ դասախօսութիւն, երէցի մը կողմէ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ յաւելեալ ջանք թափեն հիմակուընէ մինչեւ 28 Մարտ, կարելի եղածին չափ շատ անհատներ հրաւիրելու որ մեր հետ Յիշատակատօնի ներկայ գտնուին։

20 վյրկ. Տարեգիրք–ը Ի՞նչպէս Օգտակար կ’Ըլլայ Ձեզի։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Նախ՝ աչքառու դարձուցէք «Նամակ մը Կառավարիչ Մարմինէն» յօդուածին գլխաւոր կէտերը, էջ 3-5 (կամ՝ Փետրուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան թերթիկին յաւելուածականը)։ Ապա ներկաներէն խնդրեցէք որ Տարեգիրք–էն պատմեն քաջալերական ու հաւատք կերտող տեղեկագրութիւններ ու փորձառութիւններ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Տարեգիրք–ին ընթերցանութիւնը ամբողջացնեն եւ զայն գործածեն Աստուածաշունչի աշակերտները Եհովայի կազմակերպութեան ծանօթացնելու համար։

Երգեցողութիւն Թիւ 113 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 25–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 129

14 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բացատրեցէք թէ Ապրիլին օժանդակ ռահվիրայ ըլլալու դիմումնագիր մը ներկայացնելու համար ուշ չէ։ Էջ 8–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները գործածելով, երէց մը թող ցուցադրէ ի՛նչպէս ներկայացնել Դիտարան 1 Ապրիլ թիւը, իսկ պատանի մը ցոյց տայ ի՛նչպէս ներկայացնել Զարթի՛ր 8 Ապրիլ թիւը։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, աչքառու դարձուցէք ներկայացումին կարգ մը լաւ երեսակները։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

16 վյրկ. Պատճառաբանել Գիրքը Գործածեցէք Քաջալերութիւն Տալու Համար։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Ժամանակ առ ժամանակ ամէն ոք կարիքը կ’ունենայ սիրալիր քաջալերութեան։ Հետեւաբար, բոլորս ալ պէտք է ուրիշները ‘մխիթարելու’ կարիքը զգանք, ի ներառեալ ծառայութեան մէջ մեզի հանդիպած վշտահարները։ (Ա. Թես. 5։14) Պատճառաբանել գիրքը գործածելով, ներկաները հրաւիրեցէք որ յիշեն թէ սուրբ գրային ո՛ր քաջալերութիւնը կու տան անհատի մը, որ կը տառապի որեւէ փորձութենէ որ ուրուագծուած է 117-121–րդ էջերուն մէջ (կամ՝ էջ 104-108, Արաբ.)։ Թելադրեցէք որ իւրաքանչիւր անհատ փորձէ քաջալերել ուրիշ մը, երբ կարիքը տեսնուի։—Գաղ. 6։10

Երգեցողութիւն Թիւ 46 եւ փակման աղօթք։

Ապրիլ 1–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 27

7 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Մարտ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։

18 վյրկ. «‘Որպէս Պարգեւ Տրուած Տղամարդիկ’ Աստուծոյ Հօտը Սրտանց կը Հովուեն»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ յաւելուածական յօդուածին վրայ։ Նշուած համարներուն մասին զրուցեցէք։ Ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս դրական արդիւնքներ ձեռք կը ձգուին եւ ձգուած են, հովուելով անգործունեայ անհատներ եւ օգնելով անկարող անհատներու, որ իրենց կրցածին չափ ընեն։ Սիրալիր հովիւներ կը գնահատեն Եհովայի ծառայութեան մէջ գործունեայ մնալու համար անոնց թափած սրտանց ջանքերը։

20 վյրկ. «Քարոզչութեան Մէջ Ձեր Ուրախութիւնը Աւելցուցէք»։ Երբ 5–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, գործնական թելադրութիւններ խնդրեցէք, թէ ի՛նչպէս կարելի է տեղական թաղամասին մէջ լաւագոյնս իրագործել։ Ցուցադրեցէք մէկ կամ երկու օրինակներ, թէ ի՛նչպէս կրնանք նախաձեռնութիւնը առնելով անհատի մը մօտենալ եւ անոր հակիրճ վկայութիւն մը տալ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ այս շաբաթ վկայելու համար պատեհութիւններ ստեղծեն։

Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել