Նոր Կարգադրութիւն մը՝ Թագաւորութեան Սրահի Գրադարաններուն Համար
Երկար տարիներէ ի վեր, աշխարհի տարածքին ժողովքներ օգտուած են իրենց Թագաւորութեան Սրահի գրադարանէն, որ նախապէս կը կոչուէր՝ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի գրադարան։ Անցեալին, հարկ տեսնուած էր որ իւրաքանչիւր ժողովք իր անձնական գրադարանը ունենար։ Սակայն, քանի որ Թագաւորութեան Սրահներէն շատեր ներկայիս մէկէ աւելի ժողովքներու կողմէ կը գործածուին, անոնցմէ ոմանք օտարախօս ժողովքներ, այնպէս կը թուի թէ լաւագոյն քայլն է՝ մէկ, լաւ կազմակերպուած ու այժմէական գրադարան ունենալ, Թագաւորութեան Սրահին մէջ հաւաքուող իւրաքանչիւր լեզուական խումբի համար։ Մէկէ աւելի լսարաններ ունեցող Թագաւորութեան Սրահի մէջ, իւրաքանչիւր լսարան պէտք է ունենայ գրադարան մը՝ հոն հաւաքուող իւրաքանչիւր լեզուական խումբի համար։
Կ’ակնկալուի որ այս կարգադրութիւնը տեղ եւ ծախս խնայէ։ Ասկէ զատ, երկու կամ աւելի ժողովքներու գրադարանները իրարու միացնելը, շատ հաւանաբար աւելի լաւ գրադարան մը յառաջ պիտի բերէ։ Երբ ասոնք իրարու միացուին, նոյն գիրքէն յաւելեալ օրինակներ կրնան մէկ կողմ դրուիլ եւ հետագային գործածուիլ, երբ նոր Թագաւորութեան Սրահներ կառուցուին։ Եթէ Թագաւորութեան Սրահը Դիտարանի Գրադարան–ով (Սի.Տի. ՌՈՄի վրայ) օժտուած համակարգիչ մը ունի, ոմանց համար այս գործիքը կրնայ շատ օգտակար ըլլալ։
Թագաւորութեան Սրահի իւրաքանչիւր գրադարանի համար մէկ եղբայր՝ նախընտրաբար Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչ մը, պիտի ծառայէ որպէս գրադարանավար։ Ան միշտ հաւաքածոյին վրայ յարմար գրականութիւններ պէտք է աւելցնէ, իւրաքանչիւրին ներսի կողքին վրայ կոկիկ կերպով նշելով թէ անիկա Թագաւորութեան Սրահի գրադարանին կը պատկանի։ Առնուազն տարին անգամ մը, ան պէտք է աչքէ անցընէ գրադարանը, վստահ ըլլալու համար որ անկէ գիրք մը պակսած չէ եւ գիրքերը լաւ վիճակի մէջ են։ Այս գրադարաններուն պատկանող գրականութիւնները Թագաւորութեան Սրահէն դուրս պէտք չէ ելլեն։
Ժողովքին ընկերակցող բոլոր անհատները կը շարունակեն մեծապէս արժեւորել Թագաւորութեան Սրահի գրադարանը։ Թող որ անձնապէս ցոյց տանք թէ այս կարգադրութիւնը կ’արժեւորենք, անոր հոգ տանելով եւ զայն գործածելով «Աստուծոյ գիտութիւնը» փնտռելու համար։—Առ. 2։5