Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 24 Փետրուար 2003–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 6 Յունուարէն մինչեւ 24 Փետրուար 2003 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընէք։—Տես՝ Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Շիտակ Կամ Սխալ. Ճշգրիտ ընթերցանութեան բանալին է՝ վստահ ըլլալ թէ ձեր կարդացածը շիտակ կը հնչէ, նոյնիսկ եթէ անիկա գրուածէն քիչ մը տարբեր է։ Բացատրեցէք։ [կօ էջ 83]
2. Բաց Տեղերը Լեցուցէք. Ճշգրիտ կերպով ընթերցելու համար, անհատը պէտք է _________________________ , _________________________ , _________________________ , եւ ասիկա՝ բարձրաձայն ընէ։ [կօ էջ 85]
3. Ինչո՞ւ կարեւոր է յստակօրէն խօսիլ։ (Ա. Կորն. 14։8, 9) [կօ էջ 86]
4. Ի՞նչ կարգ մը բաներ կրնան խօսակցութիւնը անորոշ դարձնել, եւ ի՞նչ կրնանք ընել աւելի յստակօրէն խօսելու համար։ [կօ էջ 87-88]
5. Անցեալ երկու ամսուան ընթացքին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ գործածուած ո՞ր կարգ մը բառերը շիտակ արտասանելու համար կը խորհիք թէ փորձ պէտք է ընէք։ [կօ էջ 92]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Շիտակ Կամ Սխալ. Մեր աչքերը կրնան մեզի օգնել որ մտիկ ընենք։ Բացատրեցէք։ [կօ էջ 14]
7. Բաց Տեղերը Լեցուցէք. _________________________ , _________________________ , եւ _________________________ , բոլորն ալ կը ծառայեն որպէս Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած ժամանակացոյցեր։ [si էջ 279 պարբ. 7]
8. Բաց Տեղերը Լեցուցէք. Սուրբ գրային լեզուով, «օր» բառը կրնայ ակնարկել _________________________ ժամուայ, _________________________ ժամուայ, _________________________ տարուայ, կամ _________________________ ժամանակամիջոցի մը. բովանդակութիւնը կ’որոշէ թէ անիկա ի՛նչ առումով կը կիրարկուի։ [si էջ 279 պարբ. 8]
9. Աննայի, Մարկոսի ու Եղիայի օրինակները ի՞նչպէս կրնան մեզի օգնել վհատութեան հետ գլուխ ելլելու համար։ Ի՞նչպէս կրնանք այս օրինակները գործածել ուրիշներու օգնելու համար։ [դ01 2/1 էջ 20-23]
10. Վաղեմի մարմնամարզական խաղերուն մասին հասկացողութիւն մը ձեռք ձգելը, ի՞նչպէս լոյս կը սփռէ սուրբ գրային կարգ մը համարներու վրայ։ Այս տեղեկութիւնը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր կեանքին։ [դ01 1/1 էջ 28-31]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Շիտակ Կամ Սխալ. Քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ երկնքի մէջ 1914–ին, այլեւս պատշաճ չէ աղօթել՝ «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ (Մատթ. 6։10) Բացատրեցէք։ [կօ էջ 279. w96 6/1 էջ 31]
12. Շիտակ Կամ Սխալ. Մատթէոս 11։24–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը կը նշանակեն թէ Սոդոմի ու Գոմորի մէջ Եհովայի կողմէ կրակով կործանած անհատները պիտի յարուցանուին։ Բացատրեցէք։
13. Շիտակ Պատասխանը Ընտրեցէք. Մատթէոս 24։45-47–ի մէջ Յիսուսի յիշած հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան (ա) Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինն է. (բ) որպէս խումբ՝ երկրի վրայ եղող բոլոր օծեալ Քրիստոնեաներն է, որեւէ ժամանակի մէջ. (գ) Յիսուս Քրիստոսն է։ Այս ծառան ատենին հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ «ծառաներուն», որոնք կը ներկայացնեն (ա) օծեալները՝ անհատապէս. (բ) ուրիշ ոչխարները. (գ) քրիստոնէական գրականութիւնները ընթերցող բոլոր անհատները։ Տէրը ծառան իր բոլոր ունեցածին վրայ նշանակեց (ա) 1914–ին. (բ) Հ.Դ. 33–ին. (գ) 1919–ին։
14. Շիտակ Պատասխանը Ընտրեցէք. Մատթէոս 13։47-50–ի մէջ, Յիսուսի առակին մէջի ուռկանը պարփակած է թէ՛ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը եւ թէ (ա) Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութիւնը. (բ) անոնց ընկերակցող ուրիշ ոչխարները. (գ) Քրիստոնեայ Աշխարհը։
15. Մատթէոս 5։24–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընէք եթէ զգաք թէ հաւատակից մը վիրաւորած էք։ [g96 2/8 էջ 26-27]