Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/07 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Հոկտեմբեր 8–ով սկսող շաբաթ
  • Հոկտեմբեր 15–ով սկսող շաբաթ
  • Հոկտեմբեր 22–ով սկսող շաբաթ
  • Հոկտեմբեր 29–ով սկսող շաբաթ
  • Նոյեմբեր 5–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 10/07 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Հոկտեմբեր 8–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Նոյեմբեր եւ Զարթի՛ր Հոկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։

20 վյրկ. ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏԻԿ ՄՆԱՑԷՔ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գրքին 17–րդ գլուխին վրայ։

15 վյրկ. «Նոյեմբերի ընթացքին Զարթի՛ր–ի մասնայատուկ թիւ մը պիտի բաշխենք»։a Հակիրճօրէն նկատի առ Նոյեմբերի Զարթի՛ր–ին բովանդակութիւնը։ Ապա յօդուածը հարց–պատասխանով քննարկէ։ Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ցուցադրէ Նոյեմբերի Զարթի՛ր–ը ներկայացնելու կերպը, գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնը կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող ներկայացում մը։ Ցուցադրութիւնը եզրափակելէ առաջ, յաջորդ այցելութեան ճամբան հարթէ։

Երգեցողութիւն թիւ 10

Հոկտեմբեր 15–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 95

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։

20 վյրկ. ՈՒՍՈՒՑԱՆԱԾ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒԴ ՄԷՋ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊՏՈՒՂ ԿՈՒ ՏԱ՞Յ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Փետրուար 2005 թիւին վրայ, էջ 28-30 (Անգլ.)։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ թէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքին հարցումները ի՛նչպէս ծրագրուած են մեզի օգնելու, որ աշակերտին սրտին մէջ եղածը զատորոշենք։ Նկատի առ քանի մը օրինակներ, ինչպէս՝ գլուխ 1, պարբերութիւն 19. գլուխ 2, պարբերութիւն 4. գլուխ 3, պարբերութիւն 24. եւ գլուխ 4, պարբերութիւն 18։ Հրատարակիչները քաջալերէ որ գրքին այլազան երեսակներէն օգտուին։

15 վյրկ. ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Օգոստոս 2007 թիւին վրայ, էջ 19 (Անգլ.)։

Երգեցողութիւն թիւ 13

Հոկտեմբեր 22–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 21

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Նոյեմբեր եւ Զարթի՛ր Նոյեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՔԱԼԵԼ ԼՈՅՍԻ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՊԷՍ։ Դասախօսութիւն եւ հարցազրոյցներ։ Մենք այս աշխարհին խաւարը լքեցինք եւ թոյլ տուինք որ Եհովայի լոյսը մեզ առաջնորդէ։ (Եփ. 5։8, 9) Ասիկա մեր կեանքը բարելաւած է, անոր նպատակ տալով։ (Ա. Տիմ. 4։8) Այս լոյսը նաեւ մեզի յոյս կու տայ։ (Հռովմ. 15։4) Երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ հարցազրոյց ունեցիր, որոնք հսկայ խոչընդոտներ դիմագրաւած ու յաղթահարած են Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն մը ձեռք ձգելու եւ զայն պահպանելու համար։ Անոնք ճշմարտութեան գալու ատեն ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին։ Ի՞նչպէս կրցան զանոնք յաղթահարել։ Ներկայիս անոնց կեանքը ի՞նչ կերպով աւելի լաւ է։ Ի՞նչ բան իրենց կ’օգնէ որ ճշմարտութեան մէջ հաստատ մնան։ Եզրափակէ՝ բոլորը քաջալերելով որ շարունակեն հոգեւորապէս յառաջդիմել եւ Եհովայի յայտնած ճշմարտութիւնը գնահատել։—Բ. Պետ. 1։5-8

Երգեցողութիւն թիւ 123

Հոկտեմբեր 29–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 204

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Հոկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Նոյեմբերին ներկայացուելիք հրատարակութիւնը նշէ եւ ներկայացում մը ցուցադրէ։

15 վյրկ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԴԻՐ՝ ՍՏԵՂԾԻՉԴ ՓԱՌԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Յուլիս 2004 թիւին վրայ, էջ 21-23 (Անգլ.)։ Ներկաներէն խնդրէ որ իրենց դրած նպատակակէտերուն մասին խօսին եւ թէ ի՛նչ կ’ընեն անոնց հասնելու համար։ Կարելի է մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւններ նախապէս կարգադրել։

20 վյրկ. «Աղքատներուն յոյս տուր»։b Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, պարփակէ մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Զարթի՛ր 8 Սեպտեմբեր 2003 թիւէն, էջ 26-27։

Երգեցողութիւն թիւ 63

Նոյեմբեր 5–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. ԶԱՒԱԿՆԵՐԴ Ի՛ՆՉՊԷՍ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ։ Դասախօսութիւն հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յունուար 2005 թիւին վրայ, էջ 17-20։

20 վյրկ. «Փոխադարձ քաջալերութիւն մը բոլորին համար»։c Ներկաներէն խնդրէ որ մասնայատուկ մեկնաբանութիւններ տան, թէ շրջանային տեսուչի այցելութիւնը զիրենք ի՛նչպէս քաջալերած է։ Կարելի է մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւններ նախապէս պատրաստել։

Երգեցողութիւն թիւ 127

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել