Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/07 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 10/07 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ տանտէրը հետաքրքրուի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով՝ ներկայացուցէք Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը։ Նոյեմբերին. Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակներ չունի, ներկայացուցէք Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Եհովայի մօտեցիր կամ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։ Յունուարին. Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը։ Այն ժողովքը որ այսպիսի գրքոյկներ չունի, կրնայ ներկայացնել 192 էջնոց հին գիրքեր կամ 1991–էն առաջ հրատարակուած գիրքեր, բացի հետեւեալ գիրքերէն. Կեանքը ի՞նչպէս գոյացաւ՝ բարեշրջութեա՞մբ թէ ստեղծագործութեամբ, Մարդկութիւնը որ Աստուած կը փնտռէ եւ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ։

◼ Որովհետեւ Դեկտեմբեր ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մը ըլլալ։

◼ Ներարկումի փոխընտրութեան վերաբերեալ առողջապահական խնամք՝ հիւանդին կարիքներուն եւ իրաւունքներուն գոհացում տալ խորագրով տեսաերիզը նկատի պիտի առնուի Ծառայութեան Ժողովի մը մէջ՝ Յունուարի ընթացքին։ Ի պահանջել հարկին, ժողովքին միջոցով կրնաք զայն ապսպրել՝ կարելի եղածին չափ շուտ։

◼ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին այս թիւին յաւելուածը՝ «2008–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագիր»ն է, եւ պէտք է պահուի գործածուելու համար 2008–ի ընթացքին։

◼ Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք թէ Ծառայութեան Ժողովին մէջ վերջին բաժինը տուող եղբայրը ինք պիտի ներկայացնէ փակման երգեցողութիւնը։ Անկէ ետք, ան կամ նախապէս նշանակուած ուրիշ որակեալ եղբայր մը պիտի ներկայացնէ փակման աղօթքը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել