Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Փետրուարին. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։ Մարտին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի՝ նոր հետաքրքրուած անհատներու այցելելու համար, որոնք Յիշատակատօնին կամ հանրային մասնաւոր դասախօսութեան ներկայ գտնուեցան, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր։ Այս այցելութիւններուն նպատակն է՝ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
◼ Որովհետեւ Մարտ ամիսը հինգ լման շաբաթավերջ ունի, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մը ըլլալ։
◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ պէտք է ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներու գործունէութիւնը։ Եթէ ոեւէ մէկը ժամերու պահանջին գոհացում տալու դժուարութիւն կ’ունենայ, երէցները պէտք է կարգադրեն որ աջակցութիւն տրուի անոր։
◼ 2008–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Ո՞վ որակեալ է մարդկութեան վրայ իշխելու»։ Տեսնել յարակից ծանուցումը, Հոկտեմբեր 2007–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։