Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Փետրուար 11–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր Փետրուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։
15 վյրկ. ԿՐՆԱ՞Ս ԾԱՌԱՅԵԼ ՀՈ՛Ն, ՈՒՐ ԿԱՐԻՔԸ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ Է։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 2003 թիւին վրայ, էջ 18։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ, հիմնուած՝ Կազմակերպուած գրքին վրայ, էջ 111 պարբերութիւն 1–էն մինչեւ էջ 112 պարբերութիւն 1։ Հակիրճօրէն տեսակցէ անհատներու հետ, որոնք փոխադրուած են հո՛ն՝ ուր կարիքը աւելի մեծ է։ Անոնք ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած են եւ զանոնք ի՞նչպէս յաղթահարած են։ Ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած են։
20 վյրկ. ՆՈՐԵԿՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ ՈՐ ՈՐՊԷՍ ՔԱՐՈԶԻՉ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵՆ։ Մէկ վայրկեանէ նուազ տեւող բացման խօսքէ մը ետք, հարց–պատասխանով նկատի առ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 2005 թիւը, էջ 30, գործածելով տպուած հարցումները։ 18–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ յետոյ, ցուցադրութիւն մը ներկայացուր, ուր տանտէրը առարկութիւն մը կը յարուցանէ նորեկ հրատարակիչին, որուն կ’ընկերակցի փորձառու հրատարակիչ մը։ Նորեկին պատասխանը ազդու չէ, եւ տանտէրը խօսակցութեան վերջ կը դնէ։ Դրան առջեւէն հեռանալէ ետք, փորձառու հրատարակիչը ջերմօրէն կը գովէ նորեկ հրատարակիչը իր ջանքին համար, ապա ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնայ հետագային Պատճառաբանել գիրքը գործածելով պատասխանել խօսակցութիւնը ընդհատող այդ առարկութեան։
Երգեցողութիւն թիւ 162
Փետրուար 18–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 112
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։
10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
25 վյրկ. «Հաւատքի ապացոյց մը»։ Նկատի թող առնուի ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Եզրափակէ՝ անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին ժողովքին իրագործած բաներուն մասին դրականօրէն խօսելով։
Երգեցողութիւն թիւ 123
Փետրուար 25–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 81
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Փետրուար ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս Յիշատակատօնի հրաւիրագիրը գործածելով՝ մեր ընտանիքին մէկ անդամը կամ դրացի մը կը հրաւիրենք։
20 վյրկ. «Փրկանքը գնահատութեամբ յիշել»։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարները մեկնաբանեն։
15 վյրկ. ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ ԸՆԹԱՑԻԿ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Դիտարան 1 Մարտ եւ Զարթի՛ր Մարտ թիւերուն բովանդակութեան մասին հակիրճօրէն խօսելէ յետոյ, ներկաներէն խնդրէ որ նշեն թէ ո՛ր յօդուածները կրնան թաղամասին մէջ եղող մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել։ Ներկաներէն խնդրէ որ նշեն մասնայատուկ կէտեր այն յօդուածներէն, զորս կը ծրագրեն գործածել։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար ի՞նչ հարցում կրնայ ուղղուիլ։ Ապա յօդուածին մէջի ո՞ր համարը կրնայ կարդացուիլ։ Թելադրութիւնները գործածելով, ցուցադրէ Դիտարան 1 Մարտ եւ Զարթի՛ր Մարտ թիւերը ներկայացնելու կերպը։
Երգեցողութիւն թիւ 212
Մարտ 3–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Յիշատակատօնի վերաբերեալ յիշեցումներ» շրջանակին գլխաւոր կէտերը աչքէ անցուր։
20 վյրկ. ԿՐՆԱ՞Ս ՄԱՐՏ ԱՄՍՈՒՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍԿՍԻԼ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Մարտ ամսուն Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը պիտի ներկայացնենք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտով։ Գրքին կարգ մը աչքառու երեսակները վերաքաղ ըրէ։ Քննարկէ թէ անիկա ի՛նչպէս կրնայ ներկայացուիլ, երբ կը վերայցելենք անհատի մը որ Յիշատակատօնի հրաւիրագիրը ստանալու ատեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, երբ կը վերայցելենք մէկու մը որ պարբերաթերթեր ընդունեց, իսկ Մարտ 22–էն ետք երբ դռնէ դուռ կը ծառայենք։ (Տեսնել թծ 8/07 էջ 3. թծ 3/06 էջ 1, պարբ. 3. թծ 1/06 էջ 3-6) Ցուցադրէ մէկ կամ երկու ներկայացում։
15 վյրկ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԳՈՐԾԱԾԷ ԵՐԲ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց գրքին վրայ, էջ 143-144։ Պարփակէ հակիրճ ցուցադրութիւն մը, ուր հրատարակիչին կ’ուղղուի թաղամասին մէջ սովորական եղող հարցում մը, եւ ան Աստուածաշունչը գործածելով կը պատասխանէ։
Երգեցողութիւն թիւ 34
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։