2009–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Ծրագիր
ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐ
2009–ի ընթացքին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը հետեւեալ կարգադրութիւններուն համաձայն պիտի վարուի։
ՆԻՒԹԵՐՈՒՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ։ Աստուածաշունչ, «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» (1990–ի տպագրութիւն) [si], Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ [lr] եւ Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել (1989–ի տպագրութիւն) [rs]։
Դպրոցը ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ պէտք է սկսի բարի գալուստ մաղթելով, ապա պիտի վարուի ինչպէս որ ստորեւ ուրուագծուած է։ Իւրաքանչիւր բաժինէ ետք, դպրոցի տեսուչը ուշադրութիւն պիտի հրաւիրէ յաջորդ բաժինին վրայ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՉՔԱՌՈՒ ԿԷՏԵՐ։ 10 վայրկեան։ Առաջին չորս վայրկեանը, որակեալ երէց մը կամ օգնական ծառայ մը շաբաթական ընթերցանութենէն աստուածաշնչական կէտեր նկատի պիտի առնէ, ի բացառեալ՝ երբ ընթերցանութիւնը կը սկսի Աստուածաշունչի մէկ գիրքին առաջին գլուխով։ Այդ պարագային, առաջին չորս վայրկեաններուն նիւթը պիտի հիմնուի «Բոլոր գիրքը» գրքին վրայ կամ «Եհովայի խօսքը կենդանի է» յօդուածաշարքին վրայ, որուն առաջին յօդուածը լոյս տեսաւ Դիտարան–ի 1 յունուար 2004 թիւին մէջ։ Օրինակ, Ծննդոց գիրքին առաջին հինգ գլուխները նկատի պիտի առնուին յունուար 5–ով սկսող շաբաթը, ուստի դասախօսը կարգ մը գլխաւոր կէտեր պիտի ընտրէ «Բոլոր գիրքը» գրքին այն գլուխին սկիզբի պարբերութիւններէն, որ Ծննդոց գիրքը կը քննարկէ։ Ան նիւթը ժողովքին օգտակար եղող կերպով պէտք է կիրարկէ։ Քննարկուած կէտերը ըլլան Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութենէն, «Բոլոր գիրքը» գրքէն կամ «Եհովայի խօսքը կենդանի է» յօդուածաշարքէն, գլխաւոր նպատակն է ունկնդիրներուն օգնել որ գնահատեն թէ տեղեկութիւնները ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս արժէք ունին։ Դասախօսը ուշադիր պէտք է ըլլայ որ չորս վայրկեանէ աւելի չգործածէ եւ ներկաներուն մասնակցութեան համար վեց վայրկեան տրամադրէ։ Ներկաները համառօտ մեկնաբանութիւններ պիտի ներկայացնեն (30 երկվայրկեան կամ նուազ), Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան մէջ իրենց գնահատած կէտերուն մասին։ Ապա դպրոցի տեսուչը պիտի արձակէ այն աշակերտները, որոնք այլ դասարաններու նշանակուած են։
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ։ 4 վայրկեան կամ նուազ։ Ասիկա եղբօր մը կողմէ ներկայացուելիք ընթերցում է։ Աշակերտը նշանակուած նիւթը պիտի կարդայ, առանց բացում կամ եզրափակութիւն ընելու։ Դպրոցի տեսուչը մասնաւորաբար պիտի օգնէ աշակերտներուն որ կարդան հասկնալով, սահունութեամբ, պատշաճ իմաստի շեշտով, ձայնի ելեւէջով, յարմար դադարով եւ բնականութեամբ։
ԹԻՒ 2 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ։ 5 վայրկեան։ Ասիկա քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքին 82–րդ էջի ցանկէն մատուցման կերպ մը կա՛մ աշակերտուհիին պիտի նշանակուի եւ կամ ինք պիտի ընտրէ։ Աշակերտուհին նշանակուած բնաբանը պէտք է գործածէ եւ զայն կիրարկէ դաշտի ծառայութեան այն երեսակին, որ տեղական թաղամասին համար իրատես ու գործնական է։ Երբ նիւթին աղբիւր մը չէ տրուած, աշակերտուհին տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէ, մեր հրատարակութիւնները պրպտելով։ Դպրոցի տեսուչը յատկապէս նկատի պիտի առնէ այն կերպը, որով աշակերտուհին բնաբանը կը զարգացնէ ու տանտիրուհիին կ’օգնէ որ Սուրբ Գրութիւններուն հիման վրայ պատճառաբանէ եւ նիւթին գլխաւոր կէտերը հասկնայ։ Դպրոցի տեսուչը մէկ օգնական պիտի նշանակէ։
ԹԻՒ 3 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ։ 5 վայրկեան։ Ասիկա կրնայ եղբօր մը կամ քրոջ մը նշանակուիլ։ Աշակերտը նշանակուած բնաբանը պէտք է զարգացնէ։ Երբ նիւթին աղբիւր մը չէ տրուած, աշակերտը տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէ, մեր հրատարակութիւնները պրպտելով։ Երբ եղբօր մը նշանակուի, նիւթը պիտի տրուի որպէս Թագաւորութեան սրահին մէջ գտնուող ունկնդիրներուն ուղղուած դասախօսութիւն։ Իսկ երբ քրոջ մը նշանակուի, նիւթը միշտ պէտք է ներկայացուի թիւ 2 նշանակումին մեթոտով։ Հաճեցէք նկատի առնել թէ այն նիւթերը, որոնց քով աստղանիշ կայ, միշտ եղբայրներու պէտք է նշանակուին, որպէս դասախօսութիւն ներկայացուելու համար, իսկ եթէ ժողովքին պարագան կը ներէ, երէցներուն եւ օգնական ծառաներուն պիտի նշանակուին։
ԽՐԱՏՆԵՐ։ 1-2 վայրկեան։ Դպրոցի տեսուչը նախապէս պիտի չյայտարարէ աշակերտին աշխատելիք խօսակցութեան յատկութիւնը։ Թիւ 1, թիւ 2 եւ թիւ 3 նշանակումներէն ետք, դպրոցի տեսուչը պիտի խօսի դասախօսութեան գովելի մէկ երեսակին մասին, ուշադրութեան յանձնելով մասնայատուկ պատճառներ թէ ինչո՛ւ ներկայացման այդ երեսակը ազդու էր, եւ յաճախ Ծառայութեան դպրոց դասագրքին ակնարկելով։ Իւրաքանչիւր աշակերտի կարիքին համաձայն, առանձնաբար յաւելեալ շինիչ խրատ կարելի է տալ ժողովէն ետք կամ ուրիշ ատեն։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐՈՒՄ։ Դասախօսութիւններն ու խրատատուին նշմարները յաւելեալ ժամանակ պէտք չէ առնեն։ Թիւ 1, թիւ 2 եւ թիւ 3 նշանակումները փափկանկատօրէն պէտք է դադրեցնել, երբ ժամանակը վերջանայ։ Եթէ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աչքառու կէտեր ներկայացնող եղբայրները աւելի ժամանակ առնեն, իրենց առանձնաբար խրատ պէտք է տրուի։ Բոլորն ալ իրենց ժամանակը բծախնդրաբար պէտք է յարգեն։ Ամբողջ ծրագիրը 30 վայրկեան է։
ԽՐԱՏԻ ԹՂԹԻԿ։ Ծառայութեան դպրոց դասագրքին մէջ։
ՕԺԱՆԴԱԿ ԽՐԱՏԱՏՈՒ։ Երէցներու մարմինը կրնայ ատակ երէց մը ընտրել որպէս օժանդակ խրատատու, եթէ դպրոցի տեսուչէն զատ ուրիշ մը մատչելի է։ Եթէ ժողովքը բաւարար երէցներ ունի, ամէն տարի որակեալ տարբեր երէց մը կրնայ այս նշանակումին հոգ տանիլ։ Օժանդակ խրատատուին պատասխանատուութիւնը պիտի ըլլայ առանձնաբար խրատ տալ՝ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր ներկայացնող եղբայրներուն, եթէ հարկ ըլլայ։ Պայման չէ որ ան խրատ տայ ամէն անգամ որ երէց մը կամ օգնական ծառայ մը այդ բաժինը ներկայացնէ։
ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱՔԱՂ։ 20 վայրկեան։ Երկու ամիսը անգամ մը, դպրոցի տեսուչը վերաքաղ մը պիտի վարէ։ Նախ նկատի պիտի առնուի Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աչքառու կէտեր բաժինը, ինչպէս որ վերը ուրուագծուած է։ Վերաքաղը հիմնուած պիտի ըլլայ նախորդ երկու ամսուան ընթացքին դպրոցին մէջ քննարկուած նիւթերուն վրայ, ի ներառեալ ընթացիկ շաբաթը։ Եթէ ժողովքը Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղին շաբաթը շրջանային համաժողով կամ շրջանային տեսուչին այցելութիւնը ունենայ, վերաքաղը յաջորդ շաբթուան յետաձգեցէք, իսկ յաջորդ շաբթուան ծրագրին թիւ 1, թիւ 2 եւ թիւ 3 նշանակումները գործածեցէք։ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան ծրագիրը եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աչքառու կէտեր բաժինը անփոփոխ պիտի մնան։
Ծրագիր
Յնր. 5 Աստ. ընթ. Ծննդոց 1-5
Թիւ 1. Ծննդոց 3։1-15
Թիւ 2. Յիսուս ինչո՛ւ Մեծ Ուսուցիչ մըն էր (lr գլուխ 1)
Թիւ 3. Ի՞նչ բան զուր չէ (Ա. Կոր. 15։58)
Յնր. 12 Աստ. ընթ. Ծննդոց 6-10
Թիւ 1. Ծննդոց 9։1-17
Թիւ 2. Աստուծոյ հաւատալու վերաբերեալ առարկութիւններուն պատասխանել (rs էջ 150 պարբ. 3–էջ 151 պարբ. 3 [էջ 76 պարբ. 2–էջ 77 պարբ. 3, արաբ.])
Թիւ 3. Սիրառատ Աստուծմէ նամակ մը (lr գլուխ 2)
Յնր. 19 Աստ. ընթ. Ծննդոց 11-16
Թիւ 1. Ծննդոց 14։1-16
Թիւ 2. Բոլոր բաներուն Ստեղծիչը (lr գլուխ 3)
Թիւ 3. Եհովա ի՞նչպէս մեզ կը կաղապարէ (Եսա. 64։8)
Յնր. 26 Աստ. ընթ. Ծննդոց 17-20
Թիւ 1. Ծննդոց 17։1-17
Թիւ 2. Մարդիկ ինչո՛ւ չեն կրցած արդար կառավարութիւն մը հաստատել (rs էջ 152-153 պարբ. 1 [էջ 157 պարբ. 2-7, արաբ.])
Թիւ 3. Աստուած անուն մը ունի (lr գլուխ 4)
Փետր. 2 Աստ. ընթ. Ծննդոց 21-24
Թիւ 1. Ծննդոց 22։1-18
Թիւ 2. ‘Ասիկա է իմ Որդիս’ (lr գլուխ 5)
Թիւ 3. Աւելի անհատներու հանդէպ սէր ցուցաբերելու կերպեր (Բ. Կոր. 6։11-13)
Փետր. 9 Աստ. ընթ. Ծննդոց 25-28
Թիւ 1. Ծննդոց 25։1-18
Թիւ 2. Մեծ Ուսուցիչը ուրիշներուն ծառայեց (lr գլուխ 6)
Թիւ 3. Ամոքում բերելու մարդկային ջանքերը ինչո՛ւ չեն կրնար յաջողիլ (rs էջ 153 պարբ. 2–էջ 154 պարբ. 2 [էջ 158 պարբ. 1-6, արաբ.])
Փետր. 16 Աստ. ընթ. Ծննդոց 29-31
Թիւ 1. Ծննդոց 29։1-20
Թիւ 2. Ինչո՛ւ այլեւս ‘պէտք չէ հոգ ընենք’ (Մատ. 6։25)
Թիւ 3. Հնազանդութիւնը քեզ կը պաշտպանէ (lr գլուխ 7)
Փետր. 23 Աստ. ընթ. Ծննդոց 32-35
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Մարտ 2 Աստ. ընթ. Ծննդոց 36-39
Թիւ 1. Ծննդոց 39։1-16
Թիւ 2. Ուրիշներ մեզմէ գերադաս են (lr գլուխ 8)
Թիւ 3. Միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ մարդկութեան իսկական կարիքները գոհացնել (rs էջ 154 պարբ. 3–էջ 155 պարբ. 1 [էջ 158 պարբ. 7–էջ 159 պարբ. 3, արաբ.])
Մարտ 9 Աստ. ընթ. Ծննդոց 40-42
Թիւ 1. Ծննդոց 40։1-15
Թիւ 2. Փորձութիւններուն պէտք է դիմադրենք (lr գլուխ 9)
Թիւ 3. Անկախ հոգիէն զգուշացէք
Մարտ 16 Աստ. ընթ. Ծննդոց 43-46
Թիւ 1. Ծննդոց 44։1-17
Թիւ 2. Յիսուսի հեղինակութիւնը դեւերուն վրայ (lr գլուխ 10)
Թիւ 3. Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները լիովին վստահելի են (rs էջ 155 պարբ. 2-5 [էջ 159 պարբ. 4–էջ 160 պարբ. 2, արաբ.])
Մարտ 23 Աստ. ընթ. Ծննդոց 47-50
Թիւ 1. Ծննդոց 48։1-16
Թիւ 2. Բանսարկուէն պէ՞տք է վախնանք
Թիւ 3. Օգնութիւն՝ Աստուծոյ հրեշտակներէն (lr գլուխ 11)
Մարտ 30 Աստ. ընթ. Ելից 1-6
Թիւ 1. Ելից 1։1-19
Թիւ 2. Յիսուս մեզի աղօթել կը սորվեցնէ (lr գլուխ 12)
Թիւ 3. Ներկայիս հրաշալի բուժումները սուրբ հոգիո՞վ կը կատարուին (rs էջ 156-157 պարբ. 3 [էջ 251-252 պարբ. 2, արաբ.])
Ապրիլ 6 Աստ. ընթ. Ելից 7-10
Թիւ 1. Ելից 9։1-19
Թիւ 2. Անոնք որոնք Յիսուսի աշակերտները եղան (lr գլուխ 13)
Թիւ 3. Ի՞նչպէս Գաղատացիս 6։2–ը ներդաշնակ է Գաղատացիս 6։5–ի հետ
Ապրիլ 13 Աստ. ընթ. Ելից 11-14
Թիւ 1. Ելից 12։21-36
Թիւ 2. Ինչո՛ւ ներող պէտք է ըլլանք (lr գլուխ 14)
Թիւ 3. Յիսուսի եւ իր առաքեալներուն կատարած բուժումները ի՛նչպէս ներկայ բուժումներէն կը տարբերին (rs էջ 157 պարբ. 4–էջ 158 պարբ. 2 [էջ 252 պարբ. 3–էջ 253 պարբ. 1, արաբ.])
Ապրիլ 20 Աստ. ընթ. Ելից 15-18
Թիւ 1. Ելից 15։1-19
Թիւ 2. Սուտ պաշտամունքէն հեռու մնալը ի՞նչ կը պարփակէ
Թիւ 3. Քաղցր ըլլալու մասին դաս մը (lr գլուխ 15)
Ապրիլ 27 Աստ. ընթ. Ելից 19-22
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Մայիս 4 Աստ. ընթ. Ելից 23-26
Թիւ 1. Ելից 24։1-18
Թիւ 2. Ի՞նչ բան իրապէս կարեւոր է (lr գլուխ 16)
Թիւ 3. Ներկայիս ճշմարիտ քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը բնորոշուին (rs էջ 158 պարբ. 3–էջ 159 պարբ. 1 [էջ 253 պարբ. 2-6, արաբ.])
Մայիս 11 Աստ. ընթ. Ելից 27-29
Թիւ 1. Ելից 29։1-18
Թիւ 2. Երջանիկ ըլլալու կերպը (lr գլուխ 17)
Թիւ 3. Անտեղի նուիրուածութիւնը եւ անոր վտանգները
Մայիս 18 Աստ. ընթ. Ելից 30-33
Թիւ 1. Ելից 31։1-18
Թիւ 2. Առաջին դարուն ինչո՛ւ բուժելու պարգեւը տրուեցաւ (rs էջ 159 պարբ. 2–էջ 160 պարբ. 2 [էջ 254 պարբ. 1–էջ 255 պարբ. 1, արաբ.])
Թիւ 3. Շնորհակալութիւն կը յայտնե՞ս (lr գլուխ 18)
Մայիս 25 Աստ. ընթ. Ելից 34-37
Թիւ 1. Ելից 37։1-24
Թիւ 2. Կռուիլը շիտա՞կ է (lr գլուխ 19)
Թիւ 3. Թոյլատու ըլլալը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ զայն պէտք է մերժենք
Յունիս 1 Աստ. ընթ. Ելից 38-40
Թիւ 1. Ելից 40։1-19
Թիւ 2. Մի՞շտ կ’ուզես առաջինը ըլլալ (lr գլուխ 20)
Թիւ 3. Ամբողջ մարդկութեան իսկական բուժման համար ի՞նչ յոյս կայ (rs էջ 160 պարբ. 3-5 [էջ 255 պարբ. 2-4, արաբ.])
Յունիս 8 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 1-5
Թիւ 1. Ղեւտացւոց 4։1-15
Թիւ 2. Որեւէ բանով պէ՞տք է պարծենանք (lr գլուխ 21)
Թիւ 3. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս հեղինակութիւն պէտք է բանեցնեն
Յունիս 15 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 6-9
Թիւ 1. Ղեւտացւոց 8։1-17
Թիւ 2. ‘Հրաշալի բուժման կը հաւատա՞ս’ (rs էջ 160 պարբ. 6–էջ 161 պարբ. 1 [էջ 255 պարբ. 5–էջ 256 պարբ. 1, արաբ.])
Թիւ 3. Ինչո՛ւ պէտք չէ ստենք (lr գլուխ 22)
Յունիս 22 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 10-13
Թիւ 1. Ղեւտացւոց 11։29-45
Թիւ 2. Մարդիկ ինչո՛ւ կը հիւանդանան (lr գլուխ 23)
Թիւ 3. Մկրտուած աշակերտներուն վայելած օրհնութիւնները
Յունիս 29 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 14-16
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Յուլիս 6 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 17-20
Թիւ 1. Ղեւտացւոց 19։1-18
Թիւ 2. Որպէս մարդ ծնելէն առաջ՝ բոլորս հոգեղէն ծիրին մէջ գոյութիւն ունէի՞նք (rs էջ 161 պարբ. 2–էջ 162 պարբ. 3 [էջ 238 պարբ. 1–էջ 239 պարբ. 3, արաբ.])
Թիւ 3. Երբեք գող մի՛ ըլլար (lr գլուխ 24)
Յուլիս 13 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 21-24
Թիւ 1. Ղեւտացւոց 22։17-33
Թիւ 2. Վատ բաներ ընողները կրնա՞ն փոխուիլ (lr գլուխ 25)
Թիւ 3. Ճշմարիտ քրիստոնեաները ի՛նչպէս աղքատներով կը հետաքրքրուին
Յուլիս 20 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 25-27
Թիւ 1. Ղեւտացւոց 25։39-54
Թիւ 2. Ինչո՛ւ բարին ընելը դժուար է (lr գլուխ 26)
Թիւ 3. Եթէ Ադամ չմեղանչէր, ի վերջոյ երկինք պիտի երթա՞ր (rs էջ 162 պարբ. 4-5 [էջ 239 պարբ. 4-5, արաբ.])
Յուլիս 27 Աստ. ընթ. Թուոց 1-3
Թիւ 1. Թուոց 3։1-20
Թիւ 2. Հեզութիւնը ինչո՛ւ ինքնազսպում կը պահանջէ
Թիւ 3. Ո՞վ է Աստուածդ (lr գլուխ 27)
Օգոս. 3 Աստ. ընթ. Թուոց 4-6
Թիւ 1. Թուոց 4։1-16
Թիւ 2. Ի՛նչպէս գիտնալ որո՛ւ հնազանդիլ (lr գլուխ 28)
Թիւ 3. Անհատ մը իրապէս երջանիկ ապագայ մը ունենալու համար պէ՞տք է երկինք երթայ (rs էջ 163 պարբ. 1-3 [էջ 240 պարբ. 1-3, արաբ.])
Օգոս. 10 Աստ. ընթ. Թուոց 7-9
Թիւ 1. Թուոց 9։1-14
Թիւ 2. Աստուած բոլոր հաւաքոյթներուն կը հաճի՞ (lr գլուխ 29)
Թիւ 3. Կերպեր՝ որոնցմով Եհովայի հանդէպ նուիրուածութիւն կը ցուցաբերենք
Օգոս. 17 Աստ. ընթ. Թուոց 10-13
Թիւ 1. Թուոց 13։18-34
Թիւ 2. Օգնութիւն՝ մեր վախերը յաղթահարելու (lr գլուխ 30)
Թիւ 3. Ա. Պետրոս 3։19, 20–ը ի՞նչ կը նշանակէ (rs էջ 163 պարբ. 4 [էջ 240 պարբ. 4, արաբ.])
Օգոս. 24 Աստ. ընթ. Թուոց 14-16
Թիւ 1. Թուոց 14։26-43
Թիւ 2. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ օրէնքը սիրել (Սաղ. 119։97)
Թիւ 3. Ո՛ւր կարելի է մխիթարութիւն գտնել (lr գլուխ 31)
Օգոս. 31 Աստ. ընթ. Թուոց 17-21
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Սեպտ. 7 Աստ. ընթ. Թուոց 22-25
Թիւ 1. Թուոց 22։20-35
Թիւ 2. Յիսուս ի՛նչպէս պաշտպանուեցաւ (lr գլուխ 32)
Թիւ 3. Ա. Պետրոս 4։6–ի իմաստը ի՞նչ է (rs էջ 163 պարբ. 5 [էջ 241 պարբ. 1, արաբ.])
Սեպտ. 14 Աստ. ընթ. Թուոց 26-29
Թիւ 1. Թուոց 27։1-14
Թիւ 2. Ի՞նչ է Եհովայի «մտածելակերպը» եւ ինչո՞ւ կարեւոր է (Եփ. 6։4, ՆԱ)
Թիւ 3. Յիսուս կրնա՛յ մեզ պաշտպանել (lr գլուխ 33)
Սեպտ. 21 Աստ. ընթ. Թուոց 30-32
Թիւ 1. Թուոց 32։1-15
Թիւ 2. Մեզի ի՞նչ պիտի պատահի եթէ մեռնինք (lr գլուխ 34)
Թիւ 3. Երկնային կեանքի յոյսը բոլո՞ր քրիստոնեաներուն համար է (rs էջ 164 պարբ. 1- 3 [էջ 241 պարբ. 2–էջ 242 պարբ. 2, արաբ.])
Սեպտ. 28 Աստ. ընթ. Թուոց 33-36
Թիւ 1. Թուոց 33։1-23
Թիւ 2. Կրնա՛նք մահուան քունէն արթննալ (lr գլուխ 35)
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ կերպերով մարդկային կառավարութիւններէն գերադաս է
Հոկտ. 5 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 1-3
Թիւ 1. Բ. Օրինաց 2։1-15
Թիւ 2. «Նոր Կտակարան»ը ի՞նչ կ’ըսէ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի մասին (rs էջ 165 պարբ. 1–էջ 166 պարբ. 2 [էջ 242 պարբ. 3–էջ 243 պարբ. 4, արաբ.])
Թիւ 3. Որո՞նք պիտի յարուցանուին եւ անոնք ո՞ւր պիտի ապրին (lr գլուխ 36)
Հոկտ. 12 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 4-6
Թիւ 1. Բ. Օրինաց 4։15-28
Թիւ 2. Եհովան ու իր Որդին յիշել (lr գլուխ 37)
Թիւ 3. Ե՞րբ կրնայ ըսուիլ թէ քիչ բանը աւելի լաւ է (Առ. 15։16)
Հոկտ. 19 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 7-10
Թիւ 1. Բ. Օրինաց 9։1-14
Թիւ 2. Ինչո՛ւ Յիսուսը պէտք է սիրենք (lr գլուխ 38)
Թիւ 3. Աստուածաշունչը երկնային կեանքի յոյսը քանի՞ հոգիի կը ներկայացնէ (rs էջ 166 պարբ. 3-4 [էջ 244 պարբ. 1-2, արաբ.])
Հոկտ. 26 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 11-13
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Նոյ. 2 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 14-18
Թիւ 1. Բ. Օրինաց 15։1-15
Թիւ 2. Աստուծոյ վախը ի՞նչ կ’ընդգրկէ
Թիւ 3. Աստուած իր Որդին կը յիշէ (lr գլուխ 39)
Նոյ. 9 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 19-22
Թիւ 1. Բ. Օրինաց 22։1-19
Թիւ 2. Ի՛նչպէս Աստուած ուրախացնել (lr գլուխ 40)
Թիւ 3. 144,000–ը միայն հրեանե՞ր են (rs էջ 166 պարբ. 5–էջ 167 պարբ. 3 [էջ 244 պարբ. 3–էջ 245 պարբ. 1, արաբ.])
Նոյ. 16 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 23-27
Թիւ 1. Բ. Օրինաց 25։1-16
Թիւ 2. Աստուած ուրախացնող երախաներ (lr գլուխ 41)
Թիւ 3. Ի՞նչ բաներ սրբազան պէտք է նկատենք
Նոյ. 23 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 28-31
Թիւ 1. Բ. Օրինաց 30։1-14
Թիւ 2. Ինչո՛ւ պէտք է աշխատինք (lr գլուխ 42)
Թիւ 3. «Մեծ բազմութեան» աստուածաշնչական յոյսը ի՞նչ է (rs էջ 167 պարբ. 4–էջ 168 պարբ. 1 [էջ 245 պարբ. 2-3, արաբ.])
Նոյ. 30 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 32-34
Թիւ 1. Բ. Օրինաց 32։1-21
Թիւ 2. Ի՞նչ է «Տէրոջը մեծ օրը» (Սոփ. 1։14)
Թիւ 3. Ո՞վ են մեր եղբայրներն ու քոյրերը (lr գլուխ 43)
Դեկ. 7 Աստ. ընթ. Յեսու 1-5
Թիւ 1. Յեսու 5։1-15
Թիւ 2. Մեր բարեկամները Աստուած պէտք է սիրեն (lr գլուխ 44)
Թիւ 3. Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ ի՞նչպէս ցոյց կու տանք թէ զայն կ’ուզենք (lr գլուխ 45)
Դեկ. 14 Աստ. ընթ. Յեսու 6-8
Թիւ 1. Յեսու 8։1-17
Թիւ 2. Ջուրերը դարձեալ աշխարհը պիտի կործանե՞ն (lr գլուխ 46)
Թիւ 3. Ժողովող 7։21, 22–ը ինչո՞ւ գործնական խրատ մըն է
Դեկ. 21 Աստ. ընթ. Յեսու 9-11
Թիւ 1. Յեսու 9։1-15
Թիւ 2. Ի՛նչպէս կրնանք գիտնալ թէ Արմագեդոնը մօտ է (lr գլուխ 47)
Թիւ 3. Աստուծոյ խաղաղ նոր աշխարհին մէջ կրնա՛ս ապրիլ (lr գլուխ 48)
Դեկ. 28 Աստ. ընթ. Յեսու 12-15
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
[Ստորանիշ]
Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք, նախընտրաբար՝ երէցներուն կամ օգնական ծառաներուն։