Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2012–ի յունիս 25–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է փնտռտուք կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Տնտեսական դժուար ժամանակներու ընթացքին Երեմիային վերապրիլը մեզի ի՞նչ երաշխիք կու տայ (Եր. 37։21)։ [Մյս. 7, դ08 10/1 էջ 19 պարբ. 17-18]
2. Երկրային յոյս ունեցող քրիստոնեաները ի՞նչ կերպերով կրնան Աբդեմելէքի ընտիր օրինակին հետեւիլ (Եր. 38։8-13)։ [Մյս. 7, su էջ 179 պարբ. 9]
3. Քանի որ Եհովան Նաբուգոդոնոսորի թիկնապահները գործածեց Երեմիան եւ Բարուքը պաշտպանելու համար, արդեօք պատշա՞ճ է որ ներկայիս քրիստոնեաները զինեալ ոստիկաններու պաշտպանութեան դիմեն (Եր. 39։11-14)։ [Մյս. 14, w83 7/15 էջ 31]
4. Բարուք իր անձին համար ի՞նչ «մեծ բաներ» կը փնտռէր, եւ Եհովայի խրատին իր ընդառաջումը մեզի կ’օգնէ որ ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնանանք (Եր. 45։5)։ [Մյս. 21, դ08 10/1 էջ 16-17 պարբ. 7-9]
5. Եդովմի վրայ գալիք արդարացի հատուցումը նկարագրելով, Եհովան ինչո՞ւ ինքզինք կը հակադրէ «այգի կթողներ»ու եւ «գողեր»ու հետ (Եր. 49։9, 10)։ [Մյս. 28, w77 էջ 442 պարբ. 7–էջ 443 պարբ. 1]
6. Ի՞նչ զգաստացուցիչ դասեր կրնանք սորվիլ այն բանէն որ Սեդեկիա թագաւորին պատահեցաւ, երբ «Բաբելոնի թագաւորէն ապստամբեցաւ» (Եր. 52։3, 7-11)։ [Յնս. 4, դ88 9/1 էջ 17 պարբ. 8. w81 4/1 էջ 13 պարբ. 3-4, էջ 14 պարբ. 6]
7. Ի՞նչ են Եհովայի «ոտքերուն պատուանդանը» եւ իր «հիւղը» (Ողբք 2։1, 6)։ [Յնս. 11, դ07 6/1 էջ 9 պարբ. 1]
8. Երեմիան ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ թէ Եհովան ‘պիտի յիշէր եւ իրեն վրայ խոնարհէր’, եւ ասիկա ինչո՞ւ մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար (Ողբք 3։20, ՆԱ)։ [Յնս. 18, դ07 6/1 էջ 11 պարբ. 2]
9. Ինչո՞ւ օգտակար է որ անհատ մը երիտասարդութեան ատեն տառապանքի լուծ մը կրէ (Ողբք 3։27)։ [Յնս. 18, դ07 6/1 էջ 11 պարբ. 4. դ87 6/1 էջ 16 պարբ. 1]
10. Եզեկիէլի օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ հակառակ ուրիշներու անտարբերութեան՝ համարձակութեամբ խօսինք (Եզեկ. 3։8, 9)։ [Յնս. 25, դ08 7/1 էջ 21-22 պարբ. 6-7]