Յուլիս 27–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՅՈՒԼԻՍ 27–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 18 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Աստուածաշունչին պատգամը մաս 12 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Գ. Թագաւորաց 15-17 (8 վրկ.)
Թիւ 1. Գ. Թագաւորաց 15։16-24 (3 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Հաւատարիմ կիներ Եհովան կը փառաբանեն [Դեբօրա (2)] (it-1 էջ 600) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Պատանինե՛ր, պատրաստ եղէք քաջութեամբ Եհովային ծառայելու [Դաւիթ] (դ12 11/1 էջ 10, 11 պարբ. 3-7) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. ‘Գացէ՛ք աշակերտեցէք’ (Մատ. 28։19, 20)։
10 վրկ. Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ կը բարելաւե՞ս։ Քննարկութիւն։ Վերաքաղ ըրէ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին փետրուար 2014 թիւին առաջին պարբերութիւնը, որ ցոյց կու տայ «Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ» յօդուածաշարքին նպատակը։ Հակիրճ կերպով վերաքաղ ըրէ նախկին յօդուածներէն ոմանք։ Ներկաներէն խնդրէ որ նշեն որոշ օգուտներ որոնք այս յօդուածաշարքէն քաղած են։ Հրատարակիչները քաջալերէ որ մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայեն այն հմտութեան որ ամէն ամիս կը շեշտուի, կիրարկելով «Այս ամսուան ընթացքին, հետեւեալը փորձէ» ենթավերնագրին տակ գտնուող թելադրութիւնները։
10 վրկ. Աստուածաշունչի աշակերտիդ օգնելու համար գործածէ «Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ» գրքոյկը։ Քննարկութիւն։ Նկատի առ թէ հետեւեալ երեսակները ինչպէ՛ս կրնանք գործածել, մեր Աստուածաշունչի աշակերտին օգնելու որ Աստուածաշունչը գործածէ։ 1) «Համարները ինչպէ՞ս բանալ»։ 2) Հարցում 19. «Աստուածաշունչի գիրքերը ի՞նչ կը բովանդակեն»։ 3) Հարցում 20. «Աստուածաշունչը կարդալով ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ»։ Հակիրճ ցուցադրութիւն մը պարփակէ, ուր հրատարակիչ մը ուսումնասիրութեան աւարտին այս երեսակներէն մէկը կը քննարկէ իր աշակերտին հետ։
10 վրկ. «Ուսուցանելու մեր գործիքներու տուփը»։ Հարց–պատասխան։
Երգ 125 եւ աղօթք