Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ23 Մայիս էջ 8-13
  • Եհովան ինչպէ՞ս մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան ինչպէ՞ս մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՆ ԹԵՐԵՒՍ ՄԵՐ ԱԿՆԿԱԼԱԾԻՆ ՊԷՍ ՉՊԱՏԱՍԽԱՆԷ
  • ԱՅՍՕՐ ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԵՐ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ
  • ՀԱՒԱՏՔԻ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ՈՐ ՏԵՍՆԵՆՔ ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ
  • Որո՞նց աղօթքները կը պատասխանուին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Եհովան աղօթքներուս պիտի պատասխանէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
դ23 Մայիս էջ 8-13

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 21

Եհովան ինչպէ՞ս մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ

‘Գիտենք թէ պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ’ (Ա. ՅՈՎՀ. 5։15)։

ԵՐԳ 56 Հաճիս աղօթքս լսէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1-2. Մեր աղօթքներուն նկատմամբ թերեւս ի՞նչ հարցման նշան ունենանք։

ԵՂԱ՞Ծ է որ հարց տուած ես, թէ Եհովան աղօթքներուդ կը պատասխանէ կամ ոչ։ Եթէ այո՛, մինակդ չես որ ասանկ կը զգաս։ Կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր նոյն մտահոգութիւնը ունեցած են, մանաւանդ երբ դժուար պարագաներէ կ’անցնէին։ Այո՛, մութ օրերուն, դժուար կ’ըլլայ նկատել որ Եհովան ինչպէ՛ս կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն։

2 Տեսնենք թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան իր ծառաներուն աղօթքներուն կը պատասխանէ (Ա. Յովհ. 5։15)։ Ասկէ զատ, նկատի պիտի առնենք այս հարցումները. ատեններ ինչո՞ւ կը զգանք որ Եհովան մեր աղօթքներուն չի պատասխաներ։ Այսօր, Եհովան ինչպէ՞ս կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն։

ԵՀՈՎԱՆ ԹԵՐԵՒՍ ՄԵՐ ԱԿՆԿԱԼԱԾԻՆ ՊԷՍ ՉՊԱՏԱՍԽԱՆԷ

3. Եհովան ինչո՞ւ կ’ուզէ որ իրեն աղօթենք։

3 Սուրբ Գիրքը կը վստահեցնէ, որ Եհովան մեզ շատ կը սիրէ եւ մենք շատ արժէքաւոր ենք իրեն համար (Ան. 2։7. Ա. Յովհ. 4։10)։ Անոր համար, ան կ’ուզէ որ աղօթքով իրմէ օգնութիւն ուզենք (Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Ան կ’ուզէ մեզի օգնել, որ իրեն մօտիկ մնանք եւ մեր ունեցած դժուարութիւններուն տոկանք։

Դաւիթ իր քնարին հետ կը փախչի նիզակէ մը։

Եհովան Դաւիթին աղօթքներուն պատասխանեց՝ զինք ազատելով իր թշնամիներէն (տե՛ս պարբ. 4)

4. Ուրկէ՞ գիտենք որ Եհովան իր ծառաներուն աղօթքներուն կը պատասխանէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

4 Շատ անգամ, Աստուածաշունչէն կը կարդանք որ Եհովան իր ծառաներուն աղօթքներուն պատասխանեց։ Նկատի առնենք Դաւիթ թագաւորին օրինակը։ Դաւիթ թագաւոր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին շա՛տ վտանգաւոր թշնամիներ ունէր եւ շատ անգամ աղօթքով Եհովային օգնութիւնը խնդրեց։ Առիթով մը, ան Եհովային աղաչեց. «Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս, ակա՛նջ դիր իմ աղաչանքիս, պատասխան տուր ինծի քու ճշմարտութիւնովդ ու քու արդարութիւնովդ» (Սաղ. 143։1)։ Եհովան Դաւիթին աղօթքներուն պատասխանեց (Ա. Թագ. 19։10, 18-20. Բ. Թագ. 5։17-25)։ Անոր համար, Դաւիթը կրցաւ վստահութեամբ ըսել. «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն»։ Մենք ալ կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ (Սաղ. 145։18)։

Պօղոս առաքեալ Եհովային կ’աղաչէ։

Եհովան Պօղոսին աղօթքներուն պատասխանեց՝ իրեն ոյժ տալով որ իր դժուարութեան դիմանայ (տե՛ս պարբ. 5)

5. Անցեալին, Եհովայի ծառաներուն աղօթքները միշտ իրենց ակնկալածի՞ն պէս պատասխանուեցան. օրինակ մը տուր (տե՛ս նաեւ նկարը)։

5 Եհովան թերեւս մեր ակնկալածին պէս չպատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Ասիկա պատահեցաւ Պօղոս առաքեալին հետ։ Ան Եհովայէն խնդրեց որ իր «մարմնի խայթոց»ը հանէ եւ երեք անգամ ուղղակի ասոր մասին աղօթեց իրեն։ Եհովան պատասխանե՞ց իր աղօթքներուն։ Այո՛, բայց ոչ թէ ինչպէս Պօղոս կ’ակնկալէր։ Փոխանակ խնդիրը վերցնելու, Եհովան Պօղոսին ոյժ տուաւ, որ շարունակէ իրեն հաւատարմօրէն ծառայել (Բ. Կոր. 12։7-10)։

6. Ատեններ ինչո՞ւ թերեւս զգանք որ Եհովան մեր աղօթքներուն չի պատասխաներ։

6 Պօղոսին պէս, մեր աղօթքներն ալ թերեւս չպատասխանուին մեր ակնկալած կերպով։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան գիտէ ճիշդ ի՛նչն է մեզի օգնելու լաւագոյն կերպը։ Ան նոյնիսկ կարող է «գերազանցօրէն աւելի ընել՝ քան ամէն ինչ որ մենք կը խնդրենք կամ կ’ըմբռնենք» (Եփ. 3։20, ԱԾ)։ Անոր համար, թերեւս մեր աղօթքները պատասխանուին այնպիսի ժամանակ մը եւ այնպիսի կերպով մը, որ մեր մտքէն չէր անցներ։

7. Ինչո՞ւ թերեւս աղօթքի մէջ մեր խնդրանքները փոխենք. օրինակ մը տուր։

7 Երբ որ Եհովային կամքը աւելի՛ յստականայ մեզի համար, թերեւս պէտքը զգանք որ աղօթքի մէջ մեր խնդրանքները փոխենք։ Նկատի առնենք եղբայր Մարթին Փոցինկըրին պարագան։ Եղբայր Փոցինկըրը ամուսնանալէ քիչ ետք, բանտարկուեցաւ նացի համակեդրոնացման ճամբարի մը մէջ։ Սկիզբը, Եհովայէն խնդրեց որ ճամբարէն ազատ արձակուի, որ իր կնոջ հոգ տանի եւ ետ ծառայելու սկսի։ Բայց, երկու շաբաթ ետք, այնպէս մը երեւցաւ որ Եհովան դուռ մը չէր բանար, որ ան ազատ արձակուի։ Անոր համար, սկսաւ աղօթել. «Եհովա հաճիս ինծի ցոյց տուր որ ի՛նչ կ’ուզես ընեմ»։ Ետքը, ան սկսաւ մտածել որ ճամբարին մէջ եղբայրները ինչերէ կ’անցնին։ Անոնցմէ շատեր շա՛տ մտահոգ էին իրենց կնոջմով եւ պզտիկներով։ Անոր համար, ան աղօթեց. «Եհովա, շնորհակա՛լ եմ իմ նոր նշանակումիս համար։ Ինծի օգնէ որ եղբայրները զօրացնեմ եւ քաջալերեմ»։ Եւ եղբայր Փոցինկըրը ճիշդ ասիկա ըրաւ 9 տարի։

8. Երբ կ’աղօթենք, ի՞նչ կարեւոր կէտ մը պէտք է մեր միտքը պահենք։

8 Միշտ մեր միտքը պահենք որ Եհովան նպատակ մը ունի եւ յարմար ժամանակին ատիկա պիտի իրագործէ։ Այդ նպատակն է՝ մեր ունեցած բոլոր ցաւալի խնդիրները լման եւ վերջնական կերպով մէջտեղէն վերցնել. օրինակ՝ բնական աղէտները, հիւանդութիւնը եւ մահը։ Եհովան իր այս նպատակը պիտի իրագործէ իր Թագաւորութեան միջոցաւ (Դան. 2։44. Յայտ. 21։3, 4)։ Բայց մինչեւ այդ ժամանակը գայ, Եհովան կը ձգէ որ Սատանան աշխարհին վրայ իշխէ (Յովհ. 12։31. Յայտ. 12։9)b։ Եթէ Եհովան մեր բոլոր խնդիրները հիմա լուծէ, կրնայ այնպէս մը երեւիլ որ Սատանային իշխանութիւնը կը յաջողի։ Ճիշդ է որ մենք պէտք է Եհովային սպասենք, որ իր կարգ մը խոստումները կատարէ, ասիկա ըսել չէ որ ինքը մեզ առանց օգնութեան ձգած է։ Տեսնենք որ ան մեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ։

ԱՅՍՕՐ ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԵՐ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ

9. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, երբ որոշումներ պիտի առնենք. օրինակով մը բացատրէ։

9 Մեզի իմաստութիւն կու տայ։ Եհովան կը խոստանայ, որ մեզի պէտք եղած իմաստութիւնը պիտի տայ, որ լաւ որոշումներ առնենք։ Մենք մանաւանդ իր իմաստութեան պէտք ունինք, երբ մեր կեանքին ազդող որոշումներ պիտի առնենք. օրինակ՝ ամուրի մնա՞լ, թէ ոչ ամուսնանալ (Յակ. 1։5)։ Նկատի առ Մարիաc անունով ամուրի քրոջ մը փորձառութիւնը։ Ան ուրախութեամբ կը ծառայէր որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, երբ եղբօր մը ծանօթացաւ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ սկսանք մտերմանալ, իրարու կապուեցանք եւ ես գիտցայ որ պէտք էր որոշում առնէի։ Անոր համար ասոր մասին երկար աղօթք մը ըրի Եհովային։ Ես պէտք ունէի Եհովային առաջնորդութեան, բայց գիտէի որ ինք իմ տեղս որոշում պիտի չառնէր»։ Մարիան կը զգայ որ Եհովան իր աղօթքներուն պատասխանեց։ Ան մեր հրատարակութիւններէն փնտռտուք ըրաւ եւ կրցաւ գտնել յօդուածներ, որոնք իր հարցումներուն կը պատասխանէին։ Ասկէ զատ, իր մայրը իրեն խրատ տուաւ իր զգացումներուն մասին եւ ինք իր մօր խրատը մտիկ ըրաւ։ Վերջաւորութեան, Մարիան կրցաւ իմաստուն որոշում առնել։

Գաղթակայանի մը մէջ, եղբայր մը Սուրբ Գիրքը կը կարդայ։

Եհովան մեզի ինչպէ՞ս ոյժ կու տայ որ տոկանք (տե՛ս պարբ. 10)

10. Փիլիպպեցիս 4։13–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ պիտի ընէ որ իր ծառաներուն օգնէ. օրինակ մը տուր (տե՛ս նաեւ նկարը)։

10 Մեզի ոյժ կու տայ որ տոկանք։ Ինչպէս որ Եհովան Պօղոս առաքեալին պարագային ըրաւ, մեզի ալ ոյժ պիտի տայ, որ մեր դժուարութիւններուն տոկանք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։13)։ Նկատի առնենք որ Եհովան ինչպէ՛ս օգնեց Պենճըմըն անունով եղբօր մը։ Երբ պատանի էր, Պենճըմընը եւ իր ընտանիքը կ’ապրէին գաղթակայանի մը մէջ, Ափրիկէ։ Պենճըմընը կ’ըսէ. «Եհովան իմ աղօթքներուս կը պատասխանէր, ինծի տալով մտքի խաղաղութիւն եւ քաջութիւն, որ քարոզեմ։ Ասկէ զատ, հրատարակութիւնները ինծի կ’օգնէին, որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնամ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Երբ որ Վկաներուն փորձառութիւնները կը կարդայի եւ կը տեսնէի որ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց օգնեց որ տոկան, մտքիս մէջ աւելի՛ կը վճռէի որ հաւատարիմ մնամ»։

Օր մը Եհովան հաւատակիցներու միջոցաւ քեզի օգնա՞ծ է (տե՛ս պարբ. 11-12)d

11-12. Եհովան ինչպէ՞ս մեր հոգեւոր ընտանիքին միջոցաւ մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Մեր հոգեւոր ընտանիքին միջոցաւ մեզի կ’օգնէ։ Յիսուս իր կեանքը զոհելէն մէկ գիշեր առաջ, շա՛տ սրտանց աղօթեց եւ Եհովային աղաչեց, որ չձգէ որ ուրիշներ կարծեն թէ ինք հայհոյիչ է եւ ատոր հիման վրայ զինք դատեն։ Բայց փոխանակ ասանկ ընելու, Եհովան իրեն օգնեց՝ իր քով ղրկելով իր երկնային հոգեւոր ընտանիքէն հրեշտակ մը (Ղուկ. 22։42, 43)։ Եհովան կրնայ մեզի ալ օգնել, մեր եղբայրներն ու քոյրերը մղելով որ մեզի հեռաձայնեն կամ այցելեն։ Անոր համար, լաւ կ’ըլլայ որ ամէն առիթ օգտագործենք, որ «աղէկ խօսք» մը ըսենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն (Առ. 12։25)։

12 Նկատի առ Միրիամ անունով քրոջ մը փորձառութիւնը։ Իր ամուսինը մեռնելէն քանի մը շաբաթ ետք, Միրիամ տունը մինակն էր եւ կորսուած ու ընկճուած կը զգար։ Միայն կու լար եւ պէտք ունէր որ մէկու մը հետ խօսէր։ Ան կ’ըսէ. «Ոյժ չունէի որ մէկու մը հեռաձայնէի։ Անոր համար Եհովային աղօթեցի։ Երբ դեռ կու լայի եւ կ’աղօթէի, հեռաձայն եկաւ։ Հեռաձայնողը երէց մըն էր՝ մեր մտերիմ բարեկամներէն մէկը»։ Այդ երէցը եւ իր կինը կրցան Միրիամը մխիթարել։ Եւ ան համոզուած է, որ Եհովա՛ն է որ այս եղբօր մտքին մէջ դրաւ որ հեռաձայնէ։

Բժիշկ մը տեղեկութիւններ ցոյց կու տայ զոյգի մը։

Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ ուրիշներու միջոցաւ մեզի օգնել (տե՛ս պարբ. 13-14)

13. Օրինակով մը բացատրէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կրնայ իրեն չծառայող անհատներու միջոցաւ մեր աղօթքներուն պատասխանել։

13 Իրեն չծառայող անհատներու միջոցաւ թերեւս մեզի օգնէ (Առ. 21։1)։ Երբեմն, Եհովան իր ծառաներուն աղօթքներուն կը պատասխանէ իրեն չծառայող անհատներուն միջոցաւ։ Օրինակ, ան Արտաշէս թագաւորը մղեց, որ Նէեմիային արտօնութիւն տայ Երուսաղէմ դառնալու, որ կարենայ քաղաքը նորէն շինել (Նէ. 2։3-6)։ Այսօր ալ, Եհովան թերեւս մեր օգնութեան հասնի իրեն չծառայող անհատներու միջոցաւ։

14. Ինչպէ՞ս կը քաջալերուիս Սու Հինկին փորձառութենէն (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Սու Հինկ անունով քոյր մը զգաց, որ Եհովան իր բժիշկին միջոցաւ իրեն օգնեց։ Իր տղան շատ մը առողջապահական խնդիրներ ունի։ Երբ որ ան արկած մը ունեցաւ, Սու Հինկը եւ իր ամուսինը ստիպուեցան իրենց գործը ձգել, որ անոր հոգ տանին։ Անոր համար, դրամական նեղութիւններ ունեցան։ Սու Հինկը ըսաւ որ տեղ մը հասաւ որ այլեւս չէր դիմանար։ Իր սիրտը բացաւ Եհովային եւ իրմէ օգնութիւն խնդրեց։ Իր բժիշկը ուզեց բան մը ընել իրենց օգնելու համար։ Ան կարգադրութիւն ըրաւ որ կառավարութենէն օգնութիւն ստանան եւ աւելի յարմար գինով տուն մը գտնեն։ Սու Հինկը ըսաւ. «Եհովային ձեռքը տեսանք ասոր մէջ։ Եհովան իրապէս ‘աղօթքի Լսող’ն է» (Սաղ. 65։2)։

ՀԱՒԱՏՔԻ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ՈՐ ՏԵՍՆԵՆՔ ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

15. Ի՞նչ բան քրոջ մը օգնեց, որ անդրադառնայ որ իր աղօթքները կը պատասխանուէին։

15 Եհովան միշտ հիանալի կերպերով չի պատասխաներ մեր աղօթքներուն։ Բայց իր տուած պատասխանները բաւարար են, որ շարունակենք իրեն հաւատարիմ մնալ։ Անոր համար, ջանք ըրէ որ Եհովային պատասխանները տեսնես։ Եօքօ անունով քոյր մը զգաց որ Եհովան իր աղօթքներուն չէր պատասխաներ։ Բայց սկսաւ մէկ–մէկ գրել աղօթքի մէջ ըրած իր խնդրանքները։ Ժամանակ մը ետք, ան իր տետրակը աչքէ անցուց եւ անդրադարձաւ որ Եհովան իր աղօթքներուն մեծամասնութեան պատասխանած է։ Եւ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ինք մոռցած էր։ Ասկէ կը սորվինք, որ ատեն–ատեն պէտք է կենանք եւ մտածենք թէ Եհովան ի՛նչ կերպերով մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ (Սաղ. 66։19, 20)։

16. Մեր աղօթքներուն նկատմամբ ինչպէ՞ս կրնանք հաւատք ցոյց տալ (Եբրայեցիս 11։6)։

16 Մենք ցոյց կու տանք որ հաւատք ունինք ոչ միայն Եհովային աղօթելով, բայց նաեւ իր պատասխանները ընդունելով՝ ինչ որ ալ ատոնք ըլլան (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6)։ Նկատի առնենք Մայքին եւ իր կնոջ Քրիսիին օրինակը։ «Քանի՜ անգամներ դիմեցինք Բեթէլի ծառայութեան համար եւ Եհովային անդադար աղօթեցինք այս նպատակին մասին», կ’ըսէ Մայքը, «բայց բնաւ չհրաւիրուեցանք»։ Հակառակ ասոր, Մայքը եւ Քրիսին վստահ էին որ Եհովան շատ լաւ գիտէ իրենց ինչպէ՛ս գործածել իր ծառայութեան մէջ։ Անոնք շարունակեցին իրենց ձեռքէն եկածը ընել։ Օրինակ, անոնք ծառայեցին որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ հոն՝ ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Ասկէ զատ, անոնք Եհովային կազմակերպութեան շինարարական գործերուն մասնակցեցան։ Այսօր, անոնք կը ծառայեն շրջանային գործին մէջ։ Մայքը կ’ըսէ. «Եհովան միշտ մեր աղօթքներուն չէ պատասխանած մեր ակնկալած կերպով։ Հապա անոնց պատասխանած է այնպիսի կերպերով, որ մենք նոյնիսկ չէինք երեւակայեր»։

17-18. Սաղմոս 86։6, 7–ի համաձայն, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

17 Կարդա՛ Սաղմոս 86։6, 7։ Դաւիթ վստահ էր որ Եհովան կը լսէր եւ կը պատասխանէր իր աղօթքներուն։ Դուն ալ կրնաս վստահ ըլլալ։ Այս յօդուածին օրինակները մեզ կը վստահեցնեն, որ Եհովան կրնայ մեզի իմաստութիւն եւ ոյժ տալ որ տոկանք։ Ան մեզի օգնելու համար, կրնայ գործածել մեր հոգեւոր ընտանիքը կամ նոյնիսկ անոնք՝ որոնք հիմա իրեն չեն ծառայեր։

18 Ճիշդ է որ Եհովան միշտ մեր ակնկալածին պէս չի պատասխաներ մեր աղօթքներուն, բայց մենք գիտենք որ անպայման կը պատասխանէ։ Ան ճիշդ մեզի պէտք եղածը կու տայ յարմար ժամանակին։ Անոր համար, շարունակէ Աստուծոյ աղօթել եւ վստահ եղիր որ ան հիմա քեզի հոգ պիտի տանի եւ նոր աշխարհին մէջ ‘ամէն կենդանիի փափաքը պիտի լեցնէ’ (Սաղ. 145։16)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Եհովան թերեւս ինչո՞ւ մեր ակնկալածին պէս չպատասխանէ մեր աղօթքներուն։

  • Եհովան թերեւս ի՞նչ կերպերով պատասխանէ մեր աղօթքներուն։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք հաւատք ցոյց տալ, երբ մեր աղօթքներուն պատասխանները կը գտնենք։

ԵՐԳ 2 Շնորհակալ ենք, Տէ՛ր Եհովա

a Եհովան մեզ կը վստահեցնէ որ մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ, եթէ անոնք իր կամքին համաձայն են։ Երբ դժուարութիւններէ անցնինք, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզի պէտք եղած օգնութիւնը պիտի տայ, որ իրեն հաւատարիմ մնանք։ Նկատի առնենք որ Եհովան ինչպէ՛ս մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ։

b Աւելի տեղեկութիւն առնելու համար, թէ Եհովան ինչո՛ւ կը ձգէ որ Սատանան աշխարհի վրայ իշխէ, տե՛ս «Աչքերդ ամէնէն կարեւոր հարցին վրայ պահէ» յօդուածը՝ Դիտարան–ի յունիս 2017 թիւին մէջ։

c Կարգ մը անուններ փոխուած են։

d ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մայր մը եւ իր աղջիկը կը ստիպուին գաղթել դէպի նոր երկիր մը։ Եղբայրներն ու քոյրերը իրենց ջերմ ընդունելութիւն կու տան եւ գործնական կերպով կ’օգնեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել