Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Մայիս էջ 8-13
  • Վստա՛հ եղիր որ Եհովան քեզ պիտի մխիթարէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Վստա՛հ եղիր որ Եհովան քեզ պիտի մխիթարէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՆ ԳԹՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՆԵՐԷ ՄԵԶԻ
  • ԵՀՈՎԱՆ ՅՈՅՍ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԵԶԻ
  • ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՀԱՆԳՍՏԱՑՆԷ ԵՐԲ ՎԱԽՆԱՆՔ
  • Եհովան «սրտով կոտրածները կը բժշկէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Խոնարհաբար ընդունէ բաներ որ չես գիտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Մենք բնա՛ւ մինակ չենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Որոշումներ՝ որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովային կը վստահինք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Մայիս էջ 8-13

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 20

ԵՐԳ 23 Եհովան մեր զօրութիւնն է

Վստա՛հ եղիր որ Եհովան քեզ պիտի մխիթարէ

«Օրհնեալ ըլլայ. . . գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը» (Բ. ԿՈՐ. 1։3)։

ՆԻՒԹ

Ի՞նչ դասեր կը սորվինք հրեայ գերիները մխիթարելու Եհովայի կերպէն։

1. Բաբելոնին մէջ հրեայ գերիներուն կեանքը ինչպէ՞ս էր։

ՀՐԵԱՆԵՐԸ երկա՜ր տարիներ Եհովային անհնազանդ գտնուեցան։ Ասոր համար, Եհովան ձգեց որ բաբելոնացիները անոնց երկիրը կործանեն եւ զիրենք գերի տանին Բաբելոն։ Երեւակայէ որ հոն անոնք ինչպէ՛ս կը զգային (Բ. Մն. 36։15, 16, 20, 21)։ Իրականութեան մէջ, անոնք որոշ չափով ազատութիւն ունէին եւ սովորական կեանք մը կ’ապրէին (Եր. 29։4-7)։ Բայց անոնց կեանքը դիւրին չէր, եւ եթէ իրենց մնար՝ անոնք հոն չէին ապրեր։ Լաւ, անոնք ի՞նչ կը զգային։ Անոնցմէ մէկը այսպէս արտայայտուեցաւ. «Բաբելոնի գետերուն քով՝ հո՛ն կը նստէինք ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք» (Սաղ. 137։1)։ Այդ հրեաները շատ պէտք ունէին մխիթարութեան։ Բայց ուրկէ՞ պիտի գար ատիկա։

2-3. ա) Եհովան հրեայ գերիներուն համար ի՞նչ ըրաւ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Եհովան «ամէն մխիթարութեան Աստուածն» է (Բ. Կոր. 1։3)։ Եւ քանի որ իր ծառաները կը սիրէ, ան շատ կը փափաքի զիրենք մխիթարել։ Ան գիտէր որ գերիներէն ոմանք իր խրատները պիտի ընդունէին եւ իրեն պիտի վերադառնային (Եսա. 59։20)։ Անոր համար, գերութեան երթալէն աւելի քան 100 տարի առաջ, ան Եսայի մարգարէին պատգամ մը տուաւ, որ ուղղուած էր այդ գերիներուն։ Ի՞նչ նպատակով։ Եսային կ’ըսէ. «‘Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք իմ ժողովուրդս’, կ’ըսէ ձեր Աստուածը» (Եսա. 40։1)։ Եսայի գիրքին միջոցաւ, Եհովան հրեայ գերիներուն տուաւ իրենց պէտք ունեցած մխիթարութիւնը։

3 Մենք ալ այդ հրեայ գերիներուն պէս ատեն–ատեն պէտք ունինք մխիթարուելու։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, որ Եհովան ի՛նչ երեք կերպերով մխիթարեց այդ գերիները. 1) Ան խոստացաւ որ պիտի ներէ զղջացողներուն, 2) ան յոյս տուաւ իր ժողովուրդին եւ 3) ան զիրենք հանգստացուց իրենց վախերէն։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, որ Եհովան ինչպէ՛ս նոյն կերպերով մեզ կը մխիթարէ այսօր։

ԵՀՈՎԱՆ ԳԹՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՆԵՐԷ ՄԵԶԻ

4. Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ գութ ունեցող Աստուած է (Եսայի 55։7)։

4 Եհովան «գթութեան Հայրն» է (Բ. Կոր. 1։3)։ Ան այս յատկութիւնը ցոյց տուաւ, երբ խոստացաւ որ պիտի ներէ զղջացած գերիներուն (կարդա՛ Եսայի 55։7)։ Ան ըսաւ. «Յաւիտենական ողորմութիւնով քեզի պիտի ողորմիմ» (Եսա. 54։8)։ Եհովան ինչպէ՞ս պիտի ողորմէր։ Թէեւ հրեաները, որպէս ժողովուրդ, պէտք էր որ իրենց ըրածներուն հետեւանքները կրէին, բայց Եհովան խոստացաւ որ անոնք Բաբելոնի մէջ յաւիտեան պիտի չմնային, հապա՝ միայն որոշ ժամանակ մը (Եսա. 40։2)։ Այս խօսքերը որքա՜ն մխիթարած եւ հանգստացուցած ըլլալու էին այդ զղջացած հրեաները։

5. Ինչո՞ւ հրեաներէն շատ աւելի վստահութիւն կրնանք ունենալ, որ Եհովան մեզի կը ներէ։

5 Ի՞նչ կը սորվինք։ Եհովան պատրաստ է իր ծառաներուն լման կերպով ներելու։ Մեր օրերուն, մենք կրնանք այդ հրեայ գերիներէն շատ աւելի վստահութիւն ունենալ, որ Եհովան մեզի կը ներէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտենք որ Եհովան ի՛նչ ըրած է մեր մեղքերը ներելու համար։ Եսայիի ժամանակէն հարիւրաւոր տարիներ ետք, Եհովան իր սիրելի Որդին երկիր ղրկեց, որպէսզի իր կեանքը զոհէ բոլոր զղջացած մեղաւորներուն համար։ Եւ քանի որ Յիսուս մեզի համար մեռաւ, Եհովան կրնայ մեր մեղքերը լման կերպով ‘ջնջել’ (Գործք 3։19. Եսա. 1։18. Եփ. 1։7)։ Ի՜նչ գթասիրտ Աստուծոյ մը կը ծառայենք։

6. Ինչո՞ւ Եհովային ներողամտութեան մասին մտածելը մեզ կը մխիթարէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 Եսայի 55։7–ի մէջ հրեաներուն ուղղուած Եհովայի խօսքերը մեզի ալ կրնան օգտակար ըլլալ, եթէ անցեալին ըրած մեր սխալներուն համար տակաւին յանցաւոր կը զգանք, թէեւ զղջացած ենք։ Թերեւս յանցաւոր կը զգանք քանի որ մինչեւ այսօր մեր սխալներուն հետեւանքները կը քաշենք։ Բայց եթէ մեր մեղքերը խոստովանած ենք եւ դադրած ենք ատոնք ընելէ, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի ներած է։ Երբ Եհովան ներէ, ան կ’ընտրէ մեր մեղքերը չյիշել (համեմատէ՛ Երեմիա 31։34)։ Ուրեմն, եթէ Եհովան մեր անցեալի մեղքերուն մասին շարունակ չի մտածեր, մենք ալ պէտք չէ շարունակենք անոնց մասին մտածել։ Իրեն համար կարեւորը այն է որ հիմա՛ ինչ կ’ընենք, եւ ոչ թէ անցեալի՛ն ինչ սխալներ ըրինք (Եզեկ. 33։14-16)։ Շուտով, մեր գթութեան Հայրը մեզ բոլորովին պիտի ազատէ մեր սխալներուն հետեւանքներէն։

Եղբայր մը ինքնավստահութեամբ կը քալէ։ Հետեւեալ տեսարանները կը բաղդատեն, թէ ան առաջ ի՛նչ կ’ընէր, իսկ հիմա ի՛նչ կ’ընէ։ Անցեալին ըրած անոր սխալները. 1. Ան վայրագ վիտէոյի խաղ մը կը խաղար։ 2. Ան կը ծխէր ու կը խմէր։ 3. Ան պատշաճ չեղող բաներ կը դիտէր իր համակարգիչին վրայ։ Հիմա ան հետեւեալները կ’ընէ. 1. Ան Թագաւորութեան սրահը կը մաքրէ։ 2. Ան տարեց քրոջ մը հետ կը խօսի։ 3. Ան ծառայութեան կ’ելլէ։

Եհովային համար կարեւորը այն է որ հիմա՛ ինչ կ’ընենք, եւ ոչ թէ անցեալի՛ն ինչ սխալներ ըրինք (տե՛ս պարբերութիւն 6)


7. Եթէ գաղտնօրէն լուրջ մեղք մը գործած ենք, ի՞նչը մեզի կրնայ օգնել որ երէցներէն օգնութիւն խնդրենք։

7 Լաւ, ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ մեր խիղճը տակաւին մեզ կը տանջէ, քանի որ գաղտնօրէն լուրջ մեղք մը գործած ենք։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ երէցներէն օգնութիւն խնդրենք (Յակ. 5։14, 15)։ Բայց թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ մեր սխալը խոստովանիլը։ Որպէսզի կարենանք այս քայլը առնել, պէտք է զղջանք եւ յիշենք, որ Եհովան այս տղամարդիկը կը գործածէ մեզի օգնելու համար, եւ թէ անոնք իրեն պէս գթութեամբ պիտի վարուին մեզի հետ։ Նկատի առ որ Եհովային գթութիւնը ինչպէ՛ս օգնեց Արթիւրa անունով եղբօր մը, որ շատ խղճի խայթ կ’ունենար։ Ան ըսաւ. «Ես գրեթէ մէկ տարի պոռնկագրութիւն դիտեցի։ Բայց խիղճին մասին դասախօսութիւն մը լսելէ ետք, գացի եւ մեղքս խոստովանեցայ կնոջս եւ երէցներուն։ Վերջապէս հանգչեցայ, բայց դեռ նեղուած կը զգայի ըրածիս համար։ Երէցները ինծի յիշեցուցին որ Եհովան զիս չէր մերժած, եւ թէ ան մեզ կը սրբագրէ, քանի որ մեզ կը սիրէ։ Անոնց ազնիւ խօսքերը սրտիս դպան եւ ինծի օգնեցին որ մտածելակերպս փոխեմ»։ Այսօր, Արթիւրը ռահվիրայ եւ օգնական ծառայ է։ Շա՜տ կը մխիթարուինք, գիտնալով որ եթէ զղջանք՝ Եհովան գթութեամբ պիտի վարուի մեզի հետ։

ԵՀՈՎԱՆ ՅՈՅՍ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԵԶԻ

8. ա) Եհովան ի՞նչ յոյս տուաւ գերիներուն։ բ) Եսայի 40։29-31–ի համաձայն, յոյսը ինչպէ՞ս կրնար օգնել զղջացած հրեաներուն։

8 Հրեաները յոյս չունէին որ իրենց երկիրը պիտի վերադառնային։ Բաբելոնացիները ընդհանրապէս ազատ չէին արձակեր իրենց գերիները (Եսա. 14։17)։ Բայց Եհովան իր ժողովուրդին յոյս տուաւ, խոստանալով որ ազատ պիտի արձակուին։ Բա՛ն մը չէր կրնար Եհովային արգելք ըլլալ (Եսա. 44։26. 55։12)։ Եհովային աչքին, Բաբելոնը փոշիի պէս էր (Եսա. 40։15)։ Մէկ փչելով կը ցրուէր։ Լաւ, Եհովային տուած յոյսը ինչպէ՞ս կրնար օգնել հրեաներուն։ Ատիկա զիրե նք պիտի մխիթարէր։ Բայց այդ յոյսը անկէ աւելին ալ կրնար ընել։ Եսային ատոր մասին գրեց. «Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի» (կարդա՛ Եսայի 40։29-31)։ Ուրեմն, յոյսը անոնց ոյժ պիտի տար, որ ‘արծիւներու պէս թեւերով վեր ելլէին’։

9. Հրեաները ի՞նչ փաստ ունէին, որ Եհովային խոստումը պիտի կատարուէր։

9 Եհովան գերիներուն փաստ ալ տուած էր, որ իր խոստումներուն վստահին։ Ինչպէ՞ս։ Մտածէ այն մարգարէութիւններուն մասին, որոնք արդէն կատարուած էին։ Օրինակ, գերիները գիտէին որ Ասորեստանը գրաւած էր իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը, ինչպէս որ Եհովան մարգարէացած էր (Եսա. 8։4)։ Անոնք տեսած էին որ բաբելոնացիները ինչպէ՛ս Երուսաղէմը գրաւեցին եւ զիրենք Բաբելոն աքսորեցին (Եսա. 39։5-7)։ Անոնք գիտէին որ Բաբելոնի թագաւորը կուրցուցած էր Սեդեկիա թագաւորը եւ զայն Բաբելոն բերած էր (Եր. 39։7. Եզեկ. 12։12, 13)։ Ամէն ինչ որ Եհովան մարգարէացած էր՝ իրականացած էր (Եսա. 42։9. 46։10)։ Այս բոլորը որքա՜ն զօրացուցած ըլլալու էին անոնց հաւատքը, թէ Եհովային խոստումը անպայման պիտի կատարուէր, եւ թէ անոնք իրապէ՛ս ազատ պիտի արձակուէին։

10. Ի՞նչը կրնայ մեր յոյսը զօրաւոր պահել այս վերջին օրերուն։

10 Ի՞նչ կը սորվինք։ Երբ անտրամադիր զգանք, յոյսը կրնայ մեզ մխիթարել եւ մեր ուժը նորոգել։ Այս աշխարհին վիճակը երթալէն աւելի գէշ կ’ըլլայ եւ Աստուծոյ թշնամիները մեզի կը հակառակին։ Բայց մենք պէտք չէ յուսահատինք։ Եհովան մեզի հիանալի յոյս մը տուած է։ Մենք խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ պիտի ապրինք յաւիտեա՛ն։ Պէտք է այս յոյսը շա՛տ յստակ պահենք մեր մտքին ու սրտին մէջ։ Եթէ այսպէս չընենք, մեր յոյսը պիտի նմանի այն գեղեցիկ տեսարանին, որ պղտոր կը տեսնենք, քանի որ աղտոտ պատուհանէն դուրս կը նայինք։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք «պատուհանը մաքրել», այսինքն՝ մեր յոյսը յստակ եւ զօրաւոր պահել։ Կրնանք սովորութիւն դարձնել, որ ժամանակ տրամադրենք երեւակայելու, թէ մեր կեանքը ի՜նչ աղուոր պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ։ Կրնանք կարդալ յօդուածներ, դիտել վիտէօներ եւ մտիկ ընել երգեր, որոնք մեր յոյսին մասին կը խօսին։ Նաեւ կրնանք աղօթքով Եհովային ըսել, թէ ո՛ր խոստումներուն անհամբեր կը սպասենք։

11. Երկարատեւ հիւանդութիւն ունեցող քրոջ մը ուժը ինչպէ՞ս կը նորոգուի։

11 Նկատի առ թէ յոյսը ինչպէս մխիթարած եւ զօրացուցած է Ճոյ անունով քոյր մը, որ առողջապահական լուրջ խնդիրներէ կը տառապի։ Ան կ’ըսէ. «Երբ չափէ դուրս յուսահատիմ, Եհովային ամէն բան կը պատմեմ, գիտեմ որ ան զիս լաւ կը հասկնայ։ Եւ Եհովան ինծի կու տայ ‘սովորականէն աւելի եղող ուժը’» (Բ. Կոր. 4։7, ՆԱ)։ Ասկէ զատ, Ճոյը ինքզինք կ’երեւակայէ նոր աշխարհին մէջ, ուր մէկը պիտի չըսէ. «Հիւանդ եմ» (Եսա. 33։24)։ Եթէ մենք ալ մեր սիրտը Եհովային առջեւ պարպենք եւ մեր յոյսին վրայ կեդրոնացած մնանք, մեր ուժը պիտի նորոգուի որ դժուարութիւններուն տոկանք։

12. Եհովային խոստումներուն վստահելու ի՞նչ պատճառներ ունինք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

12 Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան անցեալին հրեայ գերիներուն շատ մը պատճառներ տուաւ որ իր խոստումներուն վստահին, մեզի ալ նոյնը կ’ընէ այսօր։ Կեցի՛ր եւ մտածէ այն մարգարէութիւններուն մասին, որոնք կը տեսնես թէ կը կատարուին։ Օրինակ, կը տեսնենք անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը, որուն «մէկ մասը ամուր ու մէկ մասը դիւրաբեկ» է (Դան. 2։42, 43)։ Նաեւ կը լսենք թէ ‘տեղ տեղ երկրաշարժներ կ’ըլլան’։ Ասկէ զատ, կը քարոզենք «բոլոր ազգերուն» (Մատ. 24։7, 14)։ Ասոնք եւ շատ մը ուրիշ մարգարէութիւններ, ապագային կատարուելիք Եհովայի մխիթարական խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրացնեն։

Քոյր մը Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնները կը կարդայ եւ ատոնց վրայ կը խոկայ։ 1. Զոյգ մը կայնած է հրատարակութիւններու սայլակի մը քով եւ մարդու մը հետ կը խօսի։ 2. Հայր մը եւ իր տղան բնական աղէտի մը պատճառած աւերակներուն կը նային։ 3. Քար մը կը զարնէ Դանիէլ գիրքին երկրորդ գլուխին մէջ յիշուած Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին երազին մէջ երեւցող արձանին ոտքերուն։ 4. Մարդիկ կեանքը կը վայելեն Դրախտին մէջ։

Այն մարգարէութիւնները, որոնց կատարումը կը տեսնենք այսօր, կ’օգնեն որ Եհովայի խոստումներուն վստահինք (տե՛ս պարբերութիւն 12)


ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՀԱՆԳՍՏԱՑՆԷ ԵՐԲ ՎԱԽՆԱՆՔ

13. ա) Իրենց ազատագրութեան ժամանակ, հրեաները ի՞նչ դժուարութիւններ պիտի ունենային։ բ) Ինչպէս Եսայի 41։10-13–ը կ’ըսէ, Եհովան ինչպէ՞ս մխիթարեց հրեայ գերիները։

13 Եհովան Բաբելոնի մէջ ապրող հրեաները մխիթարեց, անոնց տալով հոյակապ յոյս մը, թէ օրին մէկը ազատ պիտի արձակուէին։ Բայց ան գիտէր թէ մինչ այդ ժամանակը կը մօտենար, վիճակները պիտի դժուարանային։ Ան մարգարէացաւ, որ զօրաւոր թագաւոր մը պիտի յարձակէր ու գրաւէր շրջակայ երկիրները եւ ետքը Բաբելոնին վրայ պիտի յարձակէր (Եսա. 41։2-5)։ Հրեաները պէ՞տք էր վախնային։ Եհովան իր ժողովուրդը կանխաւ մխիթարեց, ըսելով. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ» (կարդա՛ Եսայի 41։10-13)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց «ես քու Աստուածդ եմ» խօսքով։ Ան հրեաներուն չէր յիշեցներ որ զինք պաշտեն, քանի որ անոնք արդէն գիտէին ասիկա։ Հապա ան կը յիշեցնէր անոնց, թէ ինք տակաւին իրենց կողքին է (Սաղ. 118։6)։

14. Եհովան գերիները ուրիշ ի՞նչ կերպով հանդարտեցուց։

14 Երբ հրեայ գերիները վախցան, Եհովան զիրենք նաեւ հանդարտեցուց անոնց յիշեցնելով իր անսահման զօրութիւնն ու գիտութիւնը։ Ան հրաւիրեց զանոնք որ աստղերով լեցուն երկինք նային։ Անոնց ըսաւ որ ինք ոչ միայն աստղերը ստեղծեց, հապա նոյնիսկ ատոնց անունները մէկ–մէկ գիտէ (Եսա. 40։25-28)։ Եթէ ան աստղերը իրենց անուններով կը ճանչնայ, ալ ո՛ւր մնաց իր ծառաները։ Եւ եթէ Եհովան աստղերը ստեղծելու զօրութիւնը ունի, վստահ որ իր ժողովուրդին օգնելու զօրութիւնն ալ ունի։ Հրեայ գերիները վախնալու կամ մտահոգուելու ո՛չ մէկ պատճառ ունէին։

15. Եհովան հրեայ գերիները ինչպէ՞ս պատրաստեց գալիք դէպքերուն համար։

15 Եհովան նաեւ իր ժողովուրդը պատրաստեց գալիք դէպքերուն համար։ Եսայի գիրքին մէջ, Աստուած իր ժողովուրդին ըսաւ. «Քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, մինչեւ բարկութիւնը անցնի» (Եսայի 26։20)։ Այս խօսքերը թերեւս առաջին անգամ կատարուեցան, երբ Կիւրոս թագաւորը Բաբելոնը գրաւեց։ Հին յոյն պատմաբան մը կ’ըսէ, որ երբ Կիւրոսը Բաբելոն մտաւ, իր զինուորներուն «հրամայեց որ սպաննեն, բոլոր անոնք որոնք դռներէն դուրս էին»։ Երեւակայէ թէ Բաբելոնի բնակիչները որքա՜ն վախցած ըլլալու էին։ Բայց հաւանաբար հրեայ գերիները չսպաննուեցան, քանի որ Եհովայի տուած ուղղութիւններուն հետեւած էին։

16. Ապագային նկատմամբ ինչո՞ւ չափէ դուրս պէտք չէ մտահոգուինք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

16 Ի՞նչ կը սորվինք։ Շուտով մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի, եւ ատիկա մարդկային պատմութեան ամէնէն գէշ ժամանակը պիտի ըլլայ։ Երբ սկսի, մարդիկ ընդհանուր առմամբ պիտի շուարին եւ վախնան։ Բայց ո՛չ Եհովայի ժողովուրդը։ Մենք գիտենք որ Եհովան մեր Աստուածն է։ Այն ատեն մենք ուղիղ պիտի կայնինք, գիտնալով որ ‘մեր փրկութիւնը մօտ է’ (Ղուկ. 21։28)։ Նոյնիսկ երբ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը մեր վրայ յարձակի, մենք պիտի շարունակենք Եհովային վստահիլ։ Եհովան մեզ ազատելու համար թէ՛ իր հրեշտակները պիտի գործածէ եւ թէ ուղղութիւններ պիտի տայ։ Այդ ուղղութիւնները ինչպէ՞ս պիտի տայ մեզի։ Տակաւին չենք գիտեր։ Բայց հաւանաբար այդ ուղղութիւնները մեզի փոխանցուին ժողովքներուն միջոցաւ։ Ձեւով մը, ատոնք մեր ‘սենեակները’ կրնան ըլլալ, ուր ապահով պիտի ըլլանք։ Ինչպէ՞ս կրնանք ապագային ըլլալիք դէպքերուն համար պատրաստուիլ։ Պէտք է մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մօտիկ ըլլանք, Եհովայի կազմակերպութենէն եկած ուղղութիւններուն սրտանց հնազանդինք եւ համոզուած ըլլանք, թէ Եհովա՛ն է որ մեր կազմակերպութիւնը կ’առաջնորդէ (Եբ. 10։24, 25. 13։17)։

Գիշերով, եղբայրներ ու քոյրեր սենեակի մը մէջ միասին Սուրբ Գիրքը կը կարդան մեծ նեղութեան ընթացքին։ Անոնք պատուհանէն դուրս կը նային, մինչ եղբայրներէն մէկը երկինքը կը ցուցնէ։

Երբ մեզ փրկելու Եհովային զօրութեան եւ կարողութեան վրայ խոկանք, մեծ նեղութեան ընթացքին չափէ դուրս պիտի չմտահոգուինք եւ չվախնանք (տե՛ս պարբերութիւն 16)b


17. Ինչպէ՞ս կրնաս մխիթարութեան համար Եհովային դիմել։

17 Թէեւ Բաբելոնի մէջ եղող հրեաներուն համար կեանքը դիւրին պիտի չըլլար, բայց Եհովան պէտք եղած մխիթարութիւնը տուաւ անոնց։ Ան մե՛զ ալ պիտի մխիթարէ։ Ուրեմն, ապագային կեանքիդ մէջ ի՛նչ որ ալ ըլլայ, շարունակէ մխիթարուելու համար Եհովային դիմել։ Իր գթութեան վստահէ՛։ Յոյսդ զօրաւոր պահէ՛։ Յիշէ՛, թէ քանի որ Եհովա՛ն է քու Աստուածդ, պէտք չունիս վախնալու։

ԱՅՍ ՀԱՄԱՐՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՄԽԻԹԱՐԵՆ ՔԵԶ

  • Եսայի 55։7

  • Եսայի 40։29-31

  • Եսայի 41։10-13

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

a Կարգ մը անուններ փոխուած են։

b ՆԿԱՐ. Եղբայրներու ու քոյրերու փոքր խումբ մը միասնաբար հաւաքուած են։ Անոնք վստահ են որ Եհովան իր ժողովուրդը պաշտպանելու զօրութիւնը ու կարողութիւնը ունի, իրենք ո՛ւր որ ալ ապրին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել