FPG/The Image Bank via Getty Images
ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Քաղաքագէտներ կը զգուշացնեն Արմագեդոնէն. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
Երկուշաբթի՝ 10 հոկտեմբեր 2022-ին առաւօտուն, Ուքրանիայի կարգ մը քաղաքները ռմբակոծուեցան ռուսական հրթիռներով։ Ռուսիան այս քայլին դիմեց ռմբակոծումէն երկու օր առաջ Խրիմը Ռուսիոյ միացնող կարեւոր կամուրջ մը ծանրօրէն վնասուելէ ետք։ Այս դէպքերը տեղի ունեցան քաղաքագէտներու կողմէ տրուած այն զգուշացումներէն քիչ ետք, թէ մենք հաւանաբար մօտ ատենէն Արմագեդոն դիմագրաւենք։
«[Մ.Ն. նախագահ Ճոն. Ֆ.] Քենետիի եւ Քուպայի հրթիռներու տագնապէն ի վեր, մենք ա՛յսքան չենք մօտեցած Արմագեդոնին։ ... Չեմ կարծեր որ կարելի է հիւլէական ռումբեր [գործածել] առանց Արմագեդոն պատճառելու» (Մ.Ն. նախագահ՝ Ճօ Պայտըն, 6 հոկտեմբեր 2022)։
«Ես համաձայն եմ որ ասիկա Արմագեդոնն է. ամբողջ երկրագունդը վտանգի տակ է» (Ուքրանիոյ նախագահ՝ Վոլոտիմիր Զելենսքի, երբ հիւլէական զէնքեր գործածելու հետեւանքներուն մասին իր կարծիքը հարցուեցաւ, BBC News, 8 հոկտեմբեր 2022)։
Կարելի՞ է որ հիւլէական ռումբեր գործածելու հաւանականութիւնը առաջնորդէ Արմագեդոնին։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
Հիւլէական ռումբերը Արմագեդոնը պիտի պատճառե՞ն
Ո՛չ։ «Արմագեդոն» բառը Սուրբ Գիրքին մէջ միայն մէկ տեղ հանդիպած է, այն ալ՝ Յայտնութիւն 16։16-ին մէջ։ Անիկա ազգերու միջեւ եղած պատերազմի մը մասին չի խօսիր, հապա՝ Աստուծոյ եւ «բոլոր աշխարհի թագաւորներուն» միջեւ եղած պատերազմի մը մասին (Յայտնութիւն 16։14)։ Աստուած Արմագեդոն պատերազմը պիտի գործածէ երկրի վրայ մարդոց իշխանութեան վերջ դնելու համար (Դանիէլ 2։44)։
Աւելի գիտնալու համար թէ Արմագեդոնը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ մեր երկրագունդին, կարդա՛ «Արմագեդոն պատերազմը ի՞նչ է» յօդուածը։
Երկրագունդը եւ անոր բնակիչները հիւլէական պատերազմով պիտի կործանի՞ն
Ո՛չ։ Թէեւ կարելի է որ մարդկային կառավարիչներ ապագային հիւլէական ռումբեր գործածեն, բայց Աստուած պիտի չձգէ որ երկրագունդը կործանի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ.
«Երկիրը միշտ կը կենայ» (Ժողովող 1։4)։
«Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։
Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները եւ հիմա պատահող դէպքերը ցոյց կու տան, որ մօտ ատենէն մեծ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան աշխարհի մէջ (Մատթէոս 24։3-7. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Տե՛ս թէ Աստուածաշունչը ապագային մասին ինչ կ’ըսէ, օգտուելով Սուրբ Գիրքի մեր ձրի դասընթացքէն։