Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 141
  • Երկիր մոլորակը պիտի կործանուի՞

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երկիր մոլորակը պիտի կործանուի՞
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Մարդիկ երկիրը պիտի կործանե՞ն
  • Աստուածաշունչը չի՞ սորվեցներ որ երկիրը կրակով պիտի այրի
  • Երկրագունդը վերջ պիտի գտնէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ո՞վ պիտի ազատէ Երկիր մոլորակը
    Ուրիշ նիւթեր
  • Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ է երկրին համար
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Աշխարհին վերջը. վախ, հետաքրքրութիւն եւ յուսախաբութիւն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 141
Երկիր մոլորակը ջարդուփշուր վիճակի մէջ

Երկիր մոլորակը պիտի կործանուի՞

Աստուածաշունչին պատասխանը

Ո՛չ, Երկիր մոլորակը պիտի չկործանուի, չայրուի, ոչ ալ ուրիշ մոլորակ իր տեղը պիտի առնէ։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ Աստուած երկիրը ստեղծեց, որ մարդիկ անոր վրայ յաւիտեան ապրին։

  • «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։

  • «[Աստուած] հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի» (Սաղմոս 104։5)։

  • «Երկիրը միշտ կը կենայ» (Ժողովող 1։4)։

  • «Այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց,... զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։

Մարդիկ երկիրը պիտի կործանե՞ն

Աստուած պիտի չձգէ որ մարդիկ երկիրը կործանեն՝ ատիկա ապականելով, պատերազմներով կամ ուրիշ որեւէ մէկ կերպով։ Հապա Աստուած ինք պիտի կործանէ երկիրը ապականողները (Յայտնութիւն 11։18)։ Ինչպէ՞ս։

Աստուած մարդկային կառավարութիւնները մէջտեղէն պիտի վերցնէ, քանի որ անոնք չեն կրցած երկիրը պաշտպանել։ Եւ անոնց տեղ պիտի դնէ կատարեալ երկնային Թագաւորութիւն մը (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10)։ Այդ Թագաւորութեան Թագաւորը պիտի ըլլայ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս (Եսայի 9։6, 7)։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, բնական ուժերը հրաշքով իրեն հնազանդեցան (Մարկոս 4։35-41)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալով, Յիսուս կատարեալ կերպով պիտի իշխէ երկրի եւ բնութեան վրայ։ Ասկէ զատ, Յիսուս երկիրը պիտի նորոգէ, այսինքն՝ դարձնէ իր առաջուան վիճակին, ինչպէս որ էր Եդեմի պարտէզին մէջ (Մատթէոս 19։28. Ղուկաս 23։43)։

Աստուածաշունչը չի՞ սորվեցներ որ երկիրը կրակով պիտի այրի

Ո՛չ։ Մարդիկ այս կարծիքը ունին քանի որ ընդհանրապէս սխալ կը հասկնան Բ. Պետրոս 3։7–ը, որ կ’ըսէ. «Երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար»։ Տեսնենք երկու կարեւոր կէտեր, որոնք մեզի կ’օգնեն այս համարին իմաստը հասկնալու.

  1. Աստուածաշունչին մէջ «երկինք», «երկիր» եւ «կրակ» բառերը մէկէ աւելի իմաստ ունին։ Օրինակ, Ծննդոց 11։1–ը կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր»։ Հոս «երկիր» բառով ըսել կ’ուզէ մարդիկը։

  2. Բ. Պետրոս 3։7–էն առաջ յիշուած համարները յստակ կը դարձնեն «երկինք», «երկիր» եւ «կրակ» բառերուն իմաստները։ 5–րդ եւ 6–րդ համարները 7–րդ համարին մէջ յիշուած դէպքերը կը բաղդատեն Նոյի օրուան Ջրհեղեղին հետ։ Այդ օրերուն, չար աշխա՛րհը կործանուեցաւ եւ ոչ թէ մեր մոլորակը։ Ջրհեղեղը կործանեց չար մարդիկը կամ «երկիրը» (Ծննդոց 6։11)։ Ատիկա նաեւ կործանեց «երկինքը», այսինքն՝ այն մարդիկը, որոնք կ’իշխէին այդ վայրագ ժողովուրդին վրայ։ Ուրեմն, չարե՛րը կործանուեցան կամ մէջտեղէն վերցուեցան, եւ ոչ թէ Երկիր մոլորակը։ Բայց Նոյը եւ իր ընտանիքը ազատեցան այդ կործանումէն եւ շարունակեցին երկրի վրայ ապրիլ (Ծննդոց 8։15-18)։

Ջրհեղեղին ջուրերուն պէս, Բ. Պետրոս 3։7–ին մէջ յիշուած «կրակը» կամ կործանումը վերջ պիտի դնէ այս աշխարհի չար մարդոց, եւ ոչ թէ Երկիր մոլորակին։ Աստուած կը խոստանայ ‘նոր երկինք ու նոր երկիր’, ուր «արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։13)։ ‘Նոր երկինքը’ այսինքն՝ նոր կառավարութիւնը,– որ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը,– պիտի իշխէ «նոր երկրի»՝ այսինքն՝ արդար մարդոց վրայ։ Եւ այդ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ, երկիրը պիտի վերածուի դրախտի մը՝ ուր խաղաղութիւն կը տիրէ (Յայտնութիւն 21։1-4)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել