Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 89
  • Յիսուս տաճարը կը մաքրէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիսուս տաճարը կը մաքրէ
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի Պաշտամունքին Հանդէպ Նախանձախնդիր
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Յիսուս տաճարը նորէն կը մաքրէ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Գիտէի՞ր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Յիսուս դարձեալ տաճարը կ’այցելէ
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 89
Յիսուս դրամափոխները տաճարէն դուրս կը դնէ եւ անոնց սեղանները կը դարձնէ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 89

Յիսուս տաճարը կը մաքրէ

ՀՈՍ Յիսուս շատ բարկացած կ’երեւնայ, այդպէս չէ՞։ Գիտէ՞ք ի՛նչու այդքան կը բարկանայ ան։ Քանի որ Երուսաղէմի Աստուծոյ տաճարին մէջ գտնուող այս մարդիկը շատ ագահ են։ Անոնք կը ջանան շատ դրամ շահիլ այն մարդոցմէ որոնք հոս եկած են Աստուած պաշտելու համար։

Կը տեսնէ՞ք այս բոլոր ցուլերը, ոչխարները եւ աղաւնիները։ Այո, մարդիկը այս անասունները ուղղակի հոս՝ տաճարին մէջ կը ծախեն։ Գիտէ՞ք ինչո՛ւ։ Քանի որ Իսրայելացիները Աստուծոյ զոհ մատուցանելու համար անասուններու եւ թռչուններու կարիքը ունին։

Աստուծոյ օրէնքը կ’ըսէր որ երբ Իսրայելացի մը յանցանք գործէ, Աստուծոյ ընծայ մը պէտք է մատուցանէ։ Ուրիշ առիթներով ալ, Իսրայելացիները ընծաներ պէտք էր մատուցանէին։ Բայց Իսրայելացի մը ուրկէ՞ կրնար թռչուններ եւ անասուններ գնել Աստուծոյ մատուցանելու համար։

Կարգ մը Իսրայելացիներ թռչուններ եւ անասուններ ունէին։ Ուստի անոնք կրնային զանոնք մատուցանել։ Բայց շատ մը Իսրայելացիներ անասուններ եւ թռչուններ չունէին։ Իսկ ուրիշներ Երուսաղէմէն այնքան հեռու կ’ապրէին, որ չէին կրնար իրենց անասուններէն մէկը տաճար բերել։ Ուստի մարդիկ հոս կու գային եւ իրենց պէտք ունեցած անասունները եւ թռչունները կը գնէին։ Բայց այս մարդիկը շատ մեծ գումար կը պահանջէին անոնցմէ։ Անոնք մարդիկը կը խաբէին։ Անկէ զատ, անոնք իրաւունք չունէին ուղղակի հոս՝ տաճարին մէջ ծախելու զանոնք։

Ասոր համար է որ Յիսուս կը բարկանայ։ Ուստի ան մարդոց դրամով լեցուն սեղանները կը շրջէ եւ դրամները կը ցրուէ։ Ապա ան պարանէ խարազան մը կը շինէ եւ բոլոր անասունները տաճարէն դուրս կը քշէ։ Ան աղաւնի ծախող մարդոց կը հրամայէ. ‘Ասոնք ասկէ դո՛ւրս հանեցէք։ Իմ Հօրս տունը դրամ շահելու տեղ մը ընելէն դադրեցէք’։

Յիսուսի աշակերտներէն ոմանք իրեն հետ են Երուսաղէմի տաճարին մէջ։ Անոնք Յիսուսի ըրածը տեսնելով կը զարմանան։ Ապա կը յիշեն Աստուածաշունչին այն համարը ուր Աստուծոյ Որդւոյն մասին կ’ըսէ. ‘Աստուծոյ տան համար իր ունեցած սէրը կրակի պէս պիտի բորբոքի իր մէջ’։

Մինչ Յիսուս Երուսաղէմի մէջ է Պասէքի համար, ան շատ մը հրաշքներ կ’ընէ։ Անկէ ետք, Յիսուս Յուդայէն կը մեկնի եւ կը սկսի Գալիլիա վերադառնալ։ Բայց իր ճամբուն վրայ, ան Սամարիայէն կ’անցնի։ Տեսնենք թէ հոն ի՛նչ կը պատահի։

Յովհաննու 2։13–25. 4։3, 4

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել