Նամակագրութեամբ Հաղորդակցիլ
ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ միլիոնաւոր մարդոց կեանքն ու վարքը բարելաւած են։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու գրքերուն մեծամասնութիւնը սկիզբը նամակներ էին։ Ներկայիս կրնանք նամակներ գրել նորահաւատները զօրացնելու, բարեկամներու հետ կապ պահելու, ծանր պատասխանատուութիւն ստանձնող եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերելու, նեղութիւններ դիմագրաւողները խրախուսելու եւ ժողովքի գործունէութիւններուն հոգ տանելու համար հարկ եղած տեղեկութիւններ ուղարկելու համար։—Ա. Թես. 1։1-7. 5։27. Բ. Պետ. 3։1, 2
Նամակագրութիւնը վկայելու ազդու կերպ մըն ալ է։ Կարգ մը վայրերու մէջ, շատեր լաւ պաշտպանուած շէնքերու, կամ հիւրանոց–բնակարաններու մէջ կը բնակին, ուր չենք կրնար ազատօրէն աշխատիլ։ Ոմանք շատ յաճախ իրենց տունէն հեռու են, ուստի երբ տունէ տուն կը քարոզենք, զիրենք չենք գտներ։ Ուրիշներ մեկուսացած շրջաններու մէջ կ’ապրին։
Երբեմն հիւանդութիւնը, գէշ եղանակը կամ կրակմարի հրահանգ մը տունը մնալու կը ստիպեն ձեզ։ Արդեօք կրնա՞ք ազգականի մը, կամ անպաշտօն կերպով վկայուած անհատի մը յաւելեալ վկայութիւն տալու համար նամակ մը գրել։ Ձեր Աստուածաշունչի աշակերտներէն մէկը փոխադրուա՞ծ է։ Թերեւս ձեզմէ եկած նամակի մը պէտք ունի իր հոգեւոր հետաքրքրութիւնը վառ պահելու համար։ Կամ՝ թերեւս կրնաք սուրբ գրային յարմար տեղեկութիւններ բաժնել նոր ամուսնացած, ծնող եղած կամ սիրելի մը կորսնցուցած անհատներու հետ։
Նամակով Վկայել
Երբ նամակով կը վկայէք մէկու մը զոր բնաւ չէք ճանչնար, նախ դուք ձեզ ներկայացուցէք։ Կրնաք բացատրել որ դուք միջազգային կամաւոր գործի մը կը մասնակցիք։ Եթէ յարմար տեսնէք, յիշեցէք որ Եհովայի Վկայ մըն էք։ Անհատին գիտցուցէք թէ ինչո՛ւ նամակ կը գրէք, փոխանակ անձնապէս այցելութիւն տալու։ Այնպէս մը գրեցէք, որպէս թէ երես առ երես կը խօսիք անհատին հետ։ Այսուհանդերձ՝ «օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ» խօսքին հետ ներդաշնակ ըլլալով, լրջօրէն խորհեցէք թէ ո՛րքան տեղեկութիւն պէտք է տաք ձեր մասին։—Մատթ. 10։16
Ձեր նամակին մէջ գրեցէք այն ինչ որ պիտի ըսէիք անհատին, եթէ իրեն այցելէիք։ Կրնաք Պատճառաբանել գրքէն բացում մը յարմարցնել, կամ՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին վերջին թիւերէն սուրբ գրային ներկայացում մը գործածել։ Կրնաք հարցում մը հարցնել եւ քաջալերել որ անհատը անոր մասին մտածէ։ Կարգ մը հրատարակիչներ պարզապէս կը բացատրեն որ Աստուածաշունչի հարցումներու պատասխանելու ձրի յայտագիր մը ունինք, ապա մեր ուսումնասիրութեան գրքերէն մէկուն խորագիրներէն քանի մը հատը կը թուեն։ Վկայութիւն տալու համար գրուած նամակի նմոյշ մը կրնաք գտնել էջ 73–ի վրայ։ Անիկա կարգ մը գաղափարներ կրնայ տալ ձեզի, բայց նախընտրելի է բովանդակութիւնը փոխել։ Ապա թէ ոչ, մարդիկ ժամանակի ընթացքին յաճախ նոյն նամակը պիտի ստանան։
Ոմանք օտարէ մը եկած երկար նամակ մը կարդալու կը դժկամին։ Ուստի իմաստութիւն է համառօտ գրել։ Ձեր նամակը աւարտեցէք, նախ քան որ ստացողը կարդալէն ձանձրանայ։ Յարմար պիտի ըլլայ Թագաւորութեան Սրահին մէջ եղած ժողովներուն համար տպուած հրաւիրատոմս մը ներփակել։ Կրնաք թերթիկ մը, գրքոյկ մը, Դիտարան մը կամ Զարթի՛ր մը դնել եւ բացատրել որ կրնայ կանոնաւորաբար ստանալ ասոնք՝ եթէ կը փափաքի։ Կամ՝ կրնաք հարցնել թէ այս նիւթին մասին յաւելեալ խօսակցութիւն ունենալու համար, կը փափաքի՞ որ իրեն այցելութիւն մը տրուի։
Երկու Խօսք Ձեւին Մասին
Այժմ տիպար նամակին վրայ աչք մը նետեցէք։ Հետեւեալ բաները նկատի առէք. (1) Անիկա կոկիկ է՝ ոչ թէ անխնամ։ (2) Նոյնիսկ երբ նամակին պահարանը կորսուի, ստացողը տակաւին կրնայ ուղարկողին անունը եւ հասցէն ունենալ։ (3) Առաջին պարբերութեան մէջ նամակին նպատակը պարզ կերպով եւ ուղղակիօրէն նշուած է։ (4) Իւրաքանչիւր գլխաւոր միտք անջատ պարբերութեան մը մէջ բացատրուած է։ (5) Նպատակը ի մտի ունենալով, նամակը ո՛չ շատ մտերմիկ, ոչ ալ շատ պաշտօնական է։
Աւելի պաշտօնական նամակի մը մէջ, ինչպէս՝ այն նամակը որ ժողովքի քարտուղարը կ’ուղարկէ մասնաճիւղի գրասենեակ, ժողովքին անունը, նաեւ քարտուղարին անունն ու հասցէն, եւ թուականը պէտք է յիշուին։ Պէտք է գրուի նաեւ անհատին կամ կազմակերպութեան անունն ու հասցէն, որուն կը ղրկուի նամակը։ Ասոր կը յաջորդեն յարմար բարեւներ։ Նամակը փակելու համար, ստորագրութենէն առաջ՝ «Յարգանքներով», «Մնամ յարգանօք», «Ընդունեցէք խորին յարգանքս», կամ «Ձերդ»։ Ստորագրութիւնը պէտք է ձեռագիր ըլլայ։
Որեւէ նամակի մէջ ուշադրութիւն ըրէք ուղղագրութեան, քերականութեան, կէտադրութեան եւ անշուշտ՝ կոկիկութեան։ Ասիկա ձեր նամակին ու անոր պարունակած պատգամին կշիռ պիտի տայ։
Պահարանին վրայ միշտ վերադարձի հասցէն դրէք, նախընտրաբար՝ ձերը։ Եթէ կը խորհիք որ խոհեմութիւն չէ ձեր հասցէն գրել երբ նամակով կը վկայէք օտարականի մը, երէցներուն հարցուցէք թէ կ’արտօնե՞ն որ Թագաւորութեան Սրահին հասցէն գործածէք։ Դիտարանի Ընկերութեան հասցէն բնա՛ւ պէտք չէ գործածուի այս նպատակով, քանի որ կրնայ նշանակել թէ ձեր նամակը Ընկերութեան գրասենեակներէն ղրկուած է, եւ ասիկա կրնայ շփոթութիւն ստեղծել։ Եթէ վերադարձի հասցէ մը դրուած չըլլայ եւ նամակին մէջ գրականութիւն դրուած ըլլայ, ասիկա ալ կրնայ սխալ կերպով այն տպաւորութիւնը տալ՝ թէ Ընկերութիւնն է ղրկողը։
Վստահ եղէք որ բաւարար դրոշմաթուղթ դրած ըլլաք, մանաւանդ երբ ներփակեալ գրականութիւն մը կը ղրկէք։ Եթէ դրոշմաթուղթը բաւարար չըլլայ, ստացողէն կը պահանջուի մնացած գումարը եւ ասիկա ձեր պատգամին կարեւորութիւնը կը նուազեցնէ։ Մի՛ մոռնաք որ շատ մը երկիրներու մէջ, երբ նամակին մէջ գրքոյկ կամ պարբերաթերթ մը դրուած ըլլայ, նամակի մը համար դրուածէն աւելի դրոշմաթուղթ կը պահանջուի։
Շիտակ Ոճը
Ձեր նամակը աւարտելէ ետք կարդացէք զայն՝ արժեւորելու համար անոր բովանդակութիւնը։ Անիկա ի՞նչպէս կը հնչէ։ Բարեկամական եւ նկատառո՞ւ է։ Սիրոյ եւ ազնուութեան նման յատկութիւններ պէտք է ջանանք յայտնաբերել, ուրիշներուն հետ մեր վերաբերմունքին մէջ։ (Գաղ. 5։22, 23) Եթէ ոճը ձեր ականջին բացասական կամ քիչ մը յոռետես հնչէ, շարադրութիւնը փոխեցէք։
Նամակը կրնայ երթալ տեղեր՝ ուր դուք չէք կրնար երթալ։ Ասիկա ինքնին, ծառայութեան համար շատ յատկանշական գործիք մը կը դարձնէ զայն։ Քանի որ ձեր նամակը կը ներկայացնէ ձեզ եւ ինչ որ դուք կը ջատագովէք, ուշադիր եղէք թէ ան ի՛նչ կ’ըսէ, ի՛նչ երեւոյթ ունի, եւ ի՛նչպէս կը հնչէ։ Թերեւս անիկա ճիշդ պէտք եղածը հայթայթէ՝ թանկագին անձ մը կեանքի ճամբուն մէջ դնելու, զօրացնելու կամ քաջալերելու համար։
Ձերդ՝
[Ստորագրութիւն]