Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/96 էջ 2
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նամակագրութեամբ Հաղորդակցիլ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ինչպէ՞ս կրնաս նամակ գրել
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Աղուոր նամակներ գրել
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 11/96 էջ 2

Հարցումի Տուփ

◼ Ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք, երբ նամակներ կը գրենք այն անհատներուն որոնց չկարողացանք տունը գտնել։

Զանազան պատճառներով, երթալով աւելի կը դժուարանայ մարդիկը տունը գտնել, երբ զանոնք կ’այցելենք։ Հրատարակիչներէն ոմանք նամակ գրելը անոնց հասնելու գործնական կերպ մը կը նկատեն։ Մինչ ասիկա կրնայ լաւ արդիւնքներ տալ, սակայն կարիքը կայ կարգ մը վերյիշեցումներ ընելու, որոնք կ’օգնեն մեզի որ կարգ մը դժուարութիւններէ խուսափինք։

Ընկերութեան հասցէն մի՛ գործածէք որպէս թէ ատիկա ըլլար նամակը ղրկողը։ Ասիկա անտեղիօրէն ցոյց կու տայ որ նամակը ղրկուած է մեր գրասենեակներէն, որ անհարկի խնդիրներու ու երբեմն ալ յաւելեալ ծախսերու դուռ կը բանայ։

Վստահ եղէք որ տանտիրոջ շիտակ հասցէն ունիք եւ շիտակ արժողութեամբ դրոշմաթուղթ դրած էք։

Նամակները մի՛ ուղղէք՝ «Բնակիչին» արտայայտութիւնը գործածելով. մասնայատուկ անուն մը գործածեցէք։

Նամակները դրան առջեւ մի ձգէք երբ տունը մէկը չկայ։

Համառօտ նամակները լաւագոյնն են։ Ներփակեցէք թերթիկ կամ պարբերաթերթ մը, փոխանակ երկայն–բարակ նամակ մը գրելու։

Տպագրուած նամակները աւելի դիւրին կը կարդացուին ու աւելի լաւ տպաւորութիւն կը ձգեն։

Նամակները որպէս վերայցելութիւն չէք կրնար համարել, բացի եթէ նախապէս անհատին անձնապէս վկայած էք։

Եթէ կը գրէք անհատի մը որ նախապէս հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր, անոր հասցէ մը կամ հեռաձայնի համար մը տուէք, որպէսզի կարենայ ձեզի հետ կապ պահել։ Անոր բացատրեցէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մեր յայտագիրը։

Անոր հրաւիրեցէք որ ներկայ գտնուի տեղական ժողովքին ժողովներուն։ Ժողովներու հասցէն ու ժամերը տուէք։

Թաղամասը վերադարձնելէ ետք մի՛ շարունակէք տունը չեղողներուն նամակներ գրել. թաղամասը ունեցող հրատարակիչը ի՛նք պատասխանատու է զայն աշխատելու։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել