Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 5 էջ 97-էջ 100 պարբ. 4
  • Յարմար Դադար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յարմար Դադար
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ճշգրիտ Ընթերցանութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Համարները Պատշաճ Շեշտով Կարդացուած
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Սահուն Խօսելակերպ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Բուն կէտերը վերաքաղ ըրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 5 էջ 97-էջ 100 պարբ. 4

Ուսումնասիրութիւն 5

Յարմար Դադար

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Ձեր զեկուցումի ընթացքին յարմար տեղեր կեցէք։ Երբեմն, կրնաք շատ կարճ դադար մը ընել, կամ ժամանակաւորապէս ձայնը ցածցնել։ Դադարը յարմար կ’ըլլայ, եթէ լաւ նպատակի ծառայէ։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Խօսակցութիւն մը դիւրին հասկցուելու համար դադարի պատշաճ գործածութիւնը կարեւոր է։ Դադարը նաեւ կարեւոր կէտերը ցցուն կը դարձնէ։

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ յարմար դադարները կարեւոր են՝ թէ՛ դասախօսութեան մէջ, եւ թէ երբ անհատի մը կը խօսիք։ Առանց այսպիսի դադարներու, ըսուած բաները կրնան շաղակրատութիւն նկատուիլ ու ո՛չ թէ մտքի յստակ արտայայտութիւն։ Պատշաճ դադարը ձեր խօսակցութիւնը կը յստակացնէ։ Անիկա նաեւ կրնայ գործածուիլ այնպիսի կերպով մը, որ ձեր գլխաւոր կէտերը երկարատեւ տպաւորութիւն ձգեն։

Ի՞նչպէս կրնաք որոշել թէ ե՛րբ պէտք է դադար ընէք։ Դադարներուն երկարութիւնը ո՞րքան պէտք է ըլլայ։

Դադար՝ Կէտադրութեան Համար։ Կէտադրութիւնը գրաւոր լեզուի մը կարեւոր մասերէն մէկն է։ Անիկա նախադասութեան մը վերջը կամ հարցում մը կրնայ նշել։ Կարգ մը լեզուներու մէջ անիկա կը գործածուի մէջբերումները անջատելու համար։ Որոշ կէտադրութիւն մը նախադասութեան մէկ մասին ուրիշ մասերու հետ ունեցած կապակցութիւնը կը նշէ։ Անհատ մը որ ինքնիրեն կը կարդայ, կրնայ տեսնել կէտադրութեան նշանները։ Բայց երբ բարձրաձայն կը կարդայ որպէսզի ուրիշները օգտուին անկէ, իր ձայնը պէտք է փոխանցէ գրութեան մէջ երեւցող բոլոր կէտադրութիւնները։ (Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, տեսնել Ուսումնասիրութիւն 1՝ «Ճշգրիտ Ընթերցանութիւն»։) Երբ կէտադրութեան կողմէ պահանջուած տեղեր դադար չգործածուի, դիմացինները չեն կրնար հասկնալ ձեր կարդացածը, եւ նոյնիսկ գրութեան իմաստը կրնայ խեղաթիւրուիլ։

Կէտադրութենէն զատ, նախադասութեան մէջի արտայայտուած մտքերը կ’որոշեն թէ ո՛ւր դադար գործածելը յարմար է։ Հռչակաւոր երաժիշտ մը առիթով մը ըսաւ. «Ես ձայնանիշները ուրիշ ոեւէ դաշնակահարէ աւելի լաւ չեմ նուագեր։ Բայց ձայնանիշներուն միջեւ դադարները, ա՜հ, հո՛ս է արուեստը»։ Խօսելու պարագան ալ նոյնն է։ Դադարի յարմար գործածութիւնը ձեր լաւ պատրաստած նիւթը աւելի գեղեցիկ ու իմաստալից պիտի դարձնէ։

Երբ հանրային ընթերցանութեան համար պատրաստութիւն կը տեսնէք, ձեր կարդալիք գրութեան վրայ նշաններ դնելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Պզտիկ ուղղահայեաց գիծ մը քաշեցէք կարճ դադարի համար, թերեւս միայն ընդհատում յայտնելու համար։ Իրարու մօտիկ երկու ուղղահայեաց գիծեր քաշեցէք աւելի երկար դադարի մը համար։ Եթէ տեսնէք որ կարգ մը արտայայտութիւններ նեղութիւն կը պատճառեն ձեզի եւ միշտ սխալ տեղ դադար կ’ընէք, մատիտով մը այդ դժուար արտայայտութեան բոլոր բառերը իրարու միացուցէք։ Ապա այդ խօսքը սկիզբէն մինչեւ վերջը կարդացէք։ Փորձառու դասախօսներէն շատեր ասիկա կ’ընեն։

Առօրեայ խօսակցութեան մէջ դադար գործածելը սովորաբար խնդիր չի յարուցաներ, քանի որ գիտէք ձեր հաղորդելիք գաղափարները։ Սակայն, եթէ կանոնաւորաբար դադար գործածելու սովորութիւն ունիք հո՛ն ուր հարկ չկայ, ձեր զեկուցումը ազդեցիկ եւ յստակ պիտի չըլլայ։ Այս տկարութիւնը յաղթահարելու համար թելադրութիւններ տրուած են Ուսումնասիրութիւն 4–ին մէջ՝ «Սահուն Խօսելակերպ»։

Դադար՝ Մտածումի Փոփոխութեան Համար։ Երբ գլխաւոր կէտէ մը ուրիշ կէտի մը կ’անցնիք, դադարը ձեր ունկնդիրներուն առիթ կու տայ որ խորհին, նիւթին ուղղութեան փոփոխութեան անդրադառնան ու վարժուին, եւ աւելի յստակօրէն ըմբռնեն ներկայացուած յաջորդ միտքը։ Գաղափարէ մը ուրիշ գաղափարի մը անցնելու ատեն դադար գործածելը ա՛յնքան կարեւոր է, որքան երբ ձեր ինքնաշարժը կը դանդաղեցնէք, փողոցի մը անկիւնը դառնալով ուրիշ փողոց մը մտնելու համար։

Երբ կարգ մը դասախօսներ առանց դադարի մէկ գաղափարէն միւսին կ’անցնին, պատճառներէն մէկը այն է որ կը փորձեն շատ նիւթ ծածկել։ Ոմանց համար, ասիկա իրենց առօրեայ խօսելակերպն է։ Թերեւս իրենց շուրջ ամէն մարդ նոյն կերպով կը խօսի։ Բայց ասիկա ազդու ուսուցում մը չըլլար։ Եթէ լսելու եւ յիշելու արժանի բան մը ունիք ըսելիք, ուրեմն ժամանակ յատկացուցէք որ գաղափարը յստակօրէն ցցուն ըլլայ։ Գիտակցեցէք որ դադարները կենսական են գաղափարները յստակօրէն փոխանցելու համար։

Եթէ ձեր դասախօսութիւնը ուրուագծէ մը պիտի տաք, ձեր նիւթը ա՛յնպէս դասաւորած պէտք է ըլլաք, որ գիտնաք թէ գլխաւոր կէտերուն միջեւ ո՛ւր դադար պիտի գործածէք։ Եթէ ընթերցանութեամբ ներկայացուելիք դասախօսութիւն մը պիտի տաք, նշեցէք այն տեղերը, ուր գլխաւոր կէտէ մը ուրիշ կէտի կ’անցնիք։

Մտածումի փոփոխութեան համար գործածուած դադարները սովորաբար կէտադրութեան դադարներէն երկար են, բայց ո՛չ՝ դասախօսութիւնը քաշքշելու աստիճան։ Եթէ անոնք շատ երկար ըլլան, այն տպաւո րութիւնը կը ձգեն որ լաւ պատրաստուած չէք եւ կը փորձէք ձեր յաջորդ ըսելիքը որոշել։

Դադար՝ Շեշտելու Համար։ Շեշտելու համար դադարը յաճախ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար կը գործածուի, ուրիշ խօսքով, անիկա որոշ ուժգնութեամբ ըսուած խօսքէ մը կամ հարցումէ մը առաջ կամ վերջ կու գայ։ Այսպիսի դադար մը ունկնդիրներուն առիթ կու տայ որ մտածեն այն բանին մասին որ լսեցին, կամ՝ ըսուելիքին հանդէպ ակնկալութիւն կ’արթնցնէ։ Այս երկուքը իրարմէ տարբեր են։ Որոշեցէք թէ ո՛ր կերպը յարմար է գործածել։ Բայց ի մտի ունեցէք որ շեշտելու համար դադարը պէտք է միայն ուշագրաւ խօսքերու սահմանափակուի, ապա թէ ոչ, անիկա անարժէք կը դառնայ։

Երբ Յիսուս Նազարէթի ժողովարանին մէջ Սուրբ Գրութիւններէն բարձրաձայն կարդաց, ան ազդու կերպով դադար գործածեց։ Ան նախ Եսայի մարգարէին գալարէն կարդաց իրեն տրուած յանձնարարութիւնը։ Բայց անոր կիրարկումը ընելէն առաջ, ան փաթթեց գալարը, սպասաւորին տուաւ եւ նստաւ։ Ապա՝ ժողովարանին մէջ բոլոր գտնուողներուն աչքերը իր վրայ սեւեռած ըլլալով, ան ըսաւ. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին»։—Ղուկ. 4։16-21

Դադար՝ Երբ Պարագաները Պահանջեն։ Երբեմն ընդմիջումները պատճառ կրնան ըլլալ որ ձեր խօսակցութիւնը դադրեցնէք։ Երթեւեկի կամ լացող երախայի մը ձայնը կրնայ պահանջել որ դաշտի ծառայութեան մէջ տանտիրոջ մը հետ ձեր խօսակցութիւնը ընդհատէք։ Համաժողովի վայրի մը մէջ եթէ խանգարումը շատ մեծ չէ, կրնաք ձեր ձայնածաւալը բարձրացնել ու շարունակել։ Բայց եթէ խանգարումը բարձր եւ երկար ըլլայ՝ պէտք է դադար գործածէք։ Ամենայնդէպս ձեր ունկնդիրները մտիկ պիտի չընեն ձեզի։ Ուստի, դադարը ազդու կերպով գործածեցէք, որպէսզի ձեր ունկնդիրները լաւագոյնս օգտուին այն լաւ բաներէն, զորս կ’ուզէք անոնց ըսել։

Դադար՝ Պատասխան Ստանալու Համար։ Կրնայ ըլլալ որ դասախօսութիւն մը կու տաք, որուն մէջ ներկաներու մասնակցութեան համար կարգադրութիւն մը չկայ, բայց կարեւոր է թոյլ տալ որ ունկնդիրները պատասխանեն ո՛չ լսելի կերպով՝ իրենց մտքէն։ Եթէ հարցումներ հարցնէք, որոնց մասին ձեր ունկնդիրները պէտք է մտածեն, բայց բաւարար դադար չտաք, այդ հարցումներուն արժէքը գրեթէ պիտի կորսուի։

Անշուշտ, կարեւոր է դադար գործածել ո՛չ միայն երբ բեմէն կը խօսիք, այլ նաեւ՝ երբ ուրիշներուն կը վկայէք։ Ոմանք առանց դադարի կը խօսին։ Եթէ այս խնդիրը ունիք, խօսակցութեան այս յատկութիւնը մշակելու համար անկեղծ ջանք թափեցէք։ Ասիկա ընելով, ուրիշներու հետ ձեր հաղորդակցութիւնը պիտի բարելաւուի, դաշտի ծառայութեան մէջ ալ աւելի ազդեցիկ պիտի ըլլաք։ Դադարը լռութեան պահ մըն է. եւ շիտակ է երբ կ’ըսուի թէ լռութիւնը կ’ընդհատէ, կը շեշտէ, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ եւ ականջը կը վերակենդանացնէ։

Առօրեայ խօսակցութիւնը մտքերու փոխանակում կը պարփակէ։ Ուրիշներ աւելի հակամէտ կ’ըլլան ձեզի մտիկ ընելու, երբ դուք իրենց մտիկ կ’ընէք եւ իրենց ըսածին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տաք։ Ասիկա կը պահանջէ որ բաւարար դադար ընէք, առիթ տալով որ իրենք ալ արտայայտուին։

Դաշտի ծառայութեան մէջ, մեր վկայութիւնը շատ աւելի արդիւնք կու տայ, երբ անիկա զրոյցի կերպով կատարուի։ Բարեւներ փոխանակելէ ետք, շատ Վկաներ արդիւնաբեր կը գտնեն իրենք զիրենք ծանօթացնելէ ետք նիւթին անցնիլ ու հարցում մը հարցնել։ Անոնք դադար մը կ’ընեն, դիմացի անհատին առիթ տալով որ պատասխանէ, ապա տանտիրոջ ըսածը նկատի կ’առնեն։ Զրոյցի ընթացքին, անոնք տանտիրոջ առիթներ կու տան որ արտայայտուի։ Անոնք գիտեն թէ սովորաբար կրնան անհատի մը աւելի օգնել, երբ խօսուած նիւթին մասին իր տեսակէտներէն տեղեակ ըլլան։—Առ. 20։5

Անշուշտ, ամէն անհատ ձեր հարցումներուն լաւ կերպով պիտի չընդառաջէ։ Բայց ասիկա Յիսուսը ետ չպահեց բաւական երկար դադար մը ընելէ, նոյնիսկ հակառակորդներու առիթ տալով որ խօսին։ (Մար. 3։1-5) Դիմացի անհատին խօսելու առիթ տալը, զինք խորհելու կը մղէ ու այսպիսով իր սրտին մէջ եղածը կը յայտնէ։ Մեր ծառայութեան նպատակներէն մէկն է մարդոց սիրտը խթանել, Աստուծոյ Խօսքէն անոնց ներկայացնելով կենսական հարցեր, որոնց շուրջ որոշումի պէտք է յանգին։—Եբր. 4։12

Մեր ծառայութեան մէջ յարմար դադարներ գործածելը իսկական արուեստ մըն է։ Երբ դադարները ազդու կերպով գործածուին, գաղափարները աւելի յստակօրէն կը հաղորդուին եւ յաճախ աւելի երկար ատեն կը յիշուին։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

  • Երբ բարձրաձայն կը կարդաք, մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայեցէք կէտադրութեան։

  • Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք որակելի դասախօսներու եւ հետեւեցէք թէ ո՛ւր դադար կը գործածեն եւ ո՛րքան երկար։

  • Երբ բան մը կ’ըսէք եւ իրապէս կ’ուզէք որ յիշեն ձեր ըսածը, զայն ըսելէ ետք դադար գործածեցէք, որպէսզի անիկա իրենց վրայ խոր ազդեցութիւն ունենայ։

  • Խօսակցութեան ընթացքին, հրաւիրեցէք որ մարդիկ իրենց միտքը արտայայտեն, ապա ականջ տուէք անոնց պատասխանին։ Թոյլ տուէք որ անոնք վերջացնեն իրենց խօսքը։ Մի՛ միջամտէք։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Բարձրաձայն կարդացէք Մարկոս 9։1-13–ը. տարբեր կէտադրութիւններուն յարմար դադարներ գործածեցէք։ Ընթերցանութիւնը մի՛ քաշքշէք։ Լաւ փորձ ընելէ ետք, անհատէ մը խնդրեցէք որ ձեզի մտիկ ընէ եւ դադարի մէջ բարւոքումներ ընելու համար թելադրութիւններ տայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել