Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 17 էջ 139-էջ 142 պարբ. 1
  • Մանրաձայնի Գործածութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մանրաձայնի Գործածութիւն
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յարմար Ձայնածաւալ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • 2020–ի «Ուրա՛խ եղէք» տարեկան համաժողովի դասախօսութիւններու թարգմանութիւն
    Ձեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՛ս կը գործածուին
  • Ծառայութեան Ժողովը Մեզ Կը Պատրաստէ Ամէն Բարի Գործերու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • ՔՈՎԻՏ–19 համավարակի ժամանակ՝ Թագաւորութեան սրահները ապահով վայրեր դարձնել
    Ձեր նուիրատուութիւնները ինչպէ՛ս կը գործածուին
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 17 էջ 139-էջ 142 պարբ. 1

Ուսումնասիրութիւն 17

Մանրաձայնի Գործածութիւն

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Եթէ ձայնը ուժեղացնելու համար մանրաձայն մը կը գործածուի ձեր ժողովներուն մէջ, զայն շիտակ կերպով գործածեցէք։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Ներկաները ըսուածէն պիտի օգտուին, միայն եթէ յստակօրէն լսեն։

ՄԵՐ Քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրեր շատ ժամանակ եւ ջանք կը տրամադրեն քրիստոնէական ժողովներու գալու համար։ Ըսուած բաներէն օգտուելու համար, անոնք պէտք է կարենան յստակօրէն լսել։

Վաղեմի Իսրայէլի օրերուն, ձայնը ուժեղացնելու ելեկտրական սարքեր չկային։ Երբ Մովսէս Մովաբի Դաշտերուն մէջ Իսրայէլ ազգին դիմաց խօսեցաւ Խոստացեալ Երկիրը մտնելէ առաջ, իր ունկնդիրներուն բոլորը, որոնք միլիոնաւոր անհատներ էին, ի՞նչպէս կրցան լսել զինք։ Հաւանաբար Մովսէս մարդկային հերթափոխութիւնը գործածեց, որուն միջոցաւ ամբողջ բանակավայրին մէջ պատշաճ հեռաւորութեան վրայ կեցած տղամարդիկ յաջորդաբար կը կրկնէին իր խօսքերը։ (Բ. Օր. 1։1. 31։1) Իսրայելացիները Յորդանանի արեւմտեան կողմը գրաւելու սկսելէն քիչ ետք, Յեսու հաւաքեց ժողովուրդը Գարիզին Լերան եւ Գեբաղ Լերան դիմաց, հաւանաբար Ղեւտացիները այս երկուքին միջեւ՝ ձորին մէջ կը գտնուէին։ Հոն՝ ամբողջ ժողովուրդը իրեն մատուցուած աստուածային օրհնութիւններն ու անէծքները լսեց եւ ընդառաջեց։ (Յես. 8։33-35) Շատ հաւանական կը թուի թէ այդ առիթով ալ մարդկային հերթափոխութիւնը գործածուեցաւ, բայց այդ շրջանի հոյակապ հնչականութիւնն ալ անկասկած օգնեց։

Շուրջ 1,500 տարիներ ետք, երբ Գալիլիոյ Ծովուն մօտ «շատ ժողովուրդ» հաւաքուեցաւ Յիսուսի խօսքերը լսելու համար, ան նաւ մը մտաւ, ծովեզերքէն անդին հրեց զայն, նստաւ ու ժողովուրդին խօսեցաւ։ (Մար. 4։1, 2) Յիսուս ինչո՞ւ նաւէ մը խօսեցաւ։ Ակներեւաբար, քանի որ մարդկային ձայնը հոյակապ յստակութեամբ կը փոխադրուի ջուրի զանգուածի մը վրայէն։

Մինչեւ Ի. դարուն սկիզբը, դասախօսի մը ձայնին ծաւալը եւ յստակութիւնը յաճախ կ’որոշէր թէ ունկնդիրներէն քանին պիտի կարենային լսել ըսուածները։ Սակայն 1920–ական թուականներէն սկսեալ, Եհովայի ծառաները մարդկային ձայնը ուժեղացնող ելեկտրական սարքեր կրցան օգտագործել իրենց համաժողովներուն։

Ձայնային Սարքեր։ Այսպիսի սարքեր դասախօսին ձայնը բազմաթիւ անգամ կ’աւելցնեն, բայց կը պահեն անոր ձայնին որակը եւ թոնը։ Դասախօսէն չի պահանջուիր իր ձայնալարերը պրկել։ Լսողները պէտք չունին լարուած մտիկ ընելու, ըսուածը հասկնալու համար։ Ընդհակառակը, անոնք իրենց ուշադրութիւնը պատգամին վրայ սեւեռած կը պահեն։

Շատ հոգ տարուած է որ Եհովայի Վկաներու համաժողովներուն ձայնի լաւորակ սարք մը մատչելի ըլլայ։ Թագաւորութեան Սրահներէն շատեր ալ ձայնային սարք մը կը գործածեն դասախօսութիւն տուողներուն, ժողովները վարողներուն կամ բեմէն կարդացողներուն ձայնը աւելի ուժգին դարձնելու համար։ Իսկ կարգ մը ժողովքներ ալ մանրաձայն կը գործածեն ժողովներու ընթացքին ունկնդիրներուն տուած պատասխաններուն համար։ Եթէ ձեր ժողովքը այսպիսի գործիք ունի, անոր գործածութիւնը լաւ սորվեցէք։

Հիմնական Կարգ մը Ուղեգծեր։ Այս սարքը լաւ կերպով գործածելու համար, հետեւեալ կէտերը ի մտի ունեցէք. (1) Մանրաձայնը ընդհանրապէս ձեր բերնէն տասէն տասնըհինգ սանթիմեթր հեռու պէտք է ըլլայ։ Եթէ մանրաձայնը շատ մօտ ըլլայ, ձեր բառերը կրնան յստակ չըլլալ։ Եթէ շատ հեռու ըլլայ, ձեր ձայնը անորոշ պիտի ըլլայ։ (2) Մանրաձայնը ձեր դիմաց պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ կողմը։ Եթէ ձեր գլուխը աջ կամ ձախ դարձնէք, խօսեցէք միայն երբ ձեր դէմքը մանրաձայնին դիմաց է։ (3) Խօսակցութեան ընթացքին ձեր գործածած ձայնածաւալէն եւ ուժգնութենէն քիչ մը աւելի գործածեցէք։ Սակայն պոռալու հարկ չկայ։ Ձայնային գործիքը ձեր ձայնը դիւրաւ կը տանի ամենահեռուն եղող ունկնդրին։ (4) Եթէ ձեր կոկորդը մաքրելու, հազալու կամ փռնգտալու կարիքը զգաք, ձեր գլուխը մանրաձայնէն անդին տարէք։

Երբ Դասախօսութիւն կու Տաք։ Երբ դասախօսի գրակալին դիմաց կ’անցնիք, եղբայր մը սովորաբար մանրաձայնին դիրքը կը շտկէ։ Մինչ ինք ասիկա կ’ընէ, բնական կերպով կայնեցէք, ձեր դէմքը դէպի ունկնդիրները։ Ձեր նոթերը դասախօսի գրակալին վրայ դրէք եւ ուշադրութիւն ըրէք որ մանրաձայնը արգելք չըլլայ զանոնք տեսնելու։

Երբ կը սկսիք խօսիլ, մտիկ ըրէք թէ ձեր ձայնը ի՛նչպէս կը հնչէ բարձրախօսին մէջէն։ Ձայնածաւալը շա՞տ բարձր է, կամ կարգ մը բառեր պայթուցիկ ձա՞յն կը հանեն։ Թերեւս քանի մը սանթիմեթր պէտք է ետ քաշուիք։ Երբ աչք մը կը նետէք ձեր նոթերուն վրայ, յիշեցէք որ պէտք է խօսիք կամ կարդաք միայն՝ երբ ձեր դէմքը ուղղուած է մանրաձայնին, կամ հազիւ անկէ վեր, բայց ոչ վար։

Երբ Բեմէն կը Կարդաք։ Նախընտրելի է ձեր Աստուածաշունչը կամ որեւէ գրականութիւն վեր բռնել, որպէսզի ձեր դէմքը դէպի ունկնդիրները ըլլայ։ Քանի որ մանրաձայնը հաւանաբար ձեր դիմաց է, կրնաք ձեր ընթերցելիքը թեթեւ մը կողմնակի բռնել։ Ասիկա կը նշանակէ որ ձեր գլուխը թեթեւ մը մանրաձայնէն թեքուած պիտի ըլլայ։ Այն ատեն երբ կը կարդաք, ձեր ձայնը ուղղակի մանրաձայնէն պիտի անցնի։

Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ընթերցանութիւնը ընող եղբայրներէն շատեր կը կայնին եւ ուղղակի մանրաձայնին կը խօսին։ Այս դիրքը կարելի կը դարձնէ որ աւելի հանգիստ կերպով շնչեն եւ աւելի իմաստալից ընթերցանութիւն մը ընեն։ Մի՛ մոռնաք որ պարբերութիւնները կարդալը ժողովին գլխաւոր մասը կը կազմէ։ Ունկնդիրներուն քաղած օգուտը, մեծաւ մասամբ կախեալ կ’ըլլայ կարդացուած նիւթը լսելէն։

Երբ Ժողովի Ընթացքին Պատասխան կու Տաք։ Եթէ ձեր ժողովքը մանրաձայն կը գործածէ ունկնդիրներու մասնակցութեան համար, յիշեցէք որ տակաւին կարիքը կայ յստակ եւ որոշ ձայնածաւալով խօսելու։ Երբ կը պատասխանէք, ջանացէք ուսումնասիրուած գրականութիւնը կամ ձեր Աստուածաշունչը ձեր ձեռքը պահել։ Ասիկա պիտի օգնէ որ նիւթը յստակօրէն կարենաք տեսնել, մինչ մանրաձայնէն կը խօսիք։

Կարգ մը ժողովքներուն մէջ, եղբայրներ նշանակուած են, որպէսզի մանրաձայնը տանին անհատներուն, որոնցմէ կը խնդրուի պատասխանել։ Եթէ ձեր ժողովքին մէջ ասիկա կ’ընէք, երբ ձեզի առիթ տրուի որ պատասխանէք՝ ձեր ձեռքը վեր պահեցէք, որպէսզի մանրաձայնը ունեցող եղբայրը տեսնէ թէ ո՛ւր նստած էք եւ շուտով ձեր քով գայ։ Եթէ մանրաձայնը բռնուելիք տեսակէն է, պատրաստուեցէք որ զայն առնէք։ Մինչեւ որ մանրաձայնը լաւ բռնած չըլլաք, խօսելու մի՛ սկսիք։ Երբ ձեր պատասխանը վերջացնէք, մանրաձայնը շուտով վերադարձուցէք։

Երբ Ցուցադրութեան մը կը Մասնակցիք։ Ցուցադրութեան ընթացքին մանրաձայն գործածելը մասնաւոր կանխածրագրում կը պահանջէ։ Եթէ մանրաձայնը պատուանդան մը ունի, ձեր երկու ձեռքերը ազատ կ’ըլլան Աստուածաշունչը եւ ձեր նոթերը բռնելու համար։ Ձեռքը բռնուած մանրաձայն մը շարժելու աւելի ազատութիւն կու տայ, բայց պէտք է կարգադրէք որ ձեր ընկերակիցը բռնէ զայն։ Այս կերպով ձեր ձեռքերը ազատ կ’ըլլան ձեր Աստուածաշունչը բռնելու համար։ Ձեր տանտիրոջ հետ փորձ պէտք է ընէք, որպէսզի ձեր ընկերակիցը գիտնայ թէ ի՛նչպէս պիտի բռնէ մանրաձայնը։ Յիշեցէք նաեւ, որ երբ բեմին վրայ ըլլաք, ձեր կռնակը ունկնդիրներուն պէտք չէ դարձնէք, մանաւանդ երբ դուք էք խօսողը։

Ծառայութեան Ժողովի ցուցադրութիւններուն մէջ, կրնայ ըլլալ որ քանի մը մասնակցողներ ըլլան եւ բեմին վրայ տեղափոխուին։ Ուստի, մի քանի մանրաձայններու կարիքը կրնայ ըլլալ։ Անոնք նախապէս բեմին վրայ պէտք է տեղաւորուին, կամ երբ մասնակցողները բեմ բարձրանան՝ իրենց տրուին։ Նախածրագրում կը պահանջուի որպէսզի մանրաձայնները շիտակ ժամանակ՝ շիտակ տեղը ըլլան։ Ներկայացումէն առաջ ցուցադրութիւնները փորձ ընելը առիթ կու տայ որ մանրաձայնի գործածութեան մասին մասնակցողներուն պէտք եղած հրահանգները տրուին։ Երբ փորձը կարելի չէ բեմին վրայ ընել, լաւ պիտի ըլլայ որ մասնակցողները իրենց ձեռքը մանրաձայնի նմանող բան մը բռնեն, որպէսզի գիտնան անոր պատշաճ դիրքը։ Ցուցադրութենէն ետք, մասնակցողները պէտք է իրենց ձեռքի մանրաձայնները կամաց մը իրենց տեղը դնեն, ուշադիր ըլլալով որ իրենց ոտքը ուրիշ մանրաձայններու թելերուն չանցնի, մինչ բեմէն վար կ’իջնեն։

Մանրաձայններու գործածութեան ուշադրութիւն ընծայելը մեր ժողովներու գլխաւոր նպատակներէն մէկուն հետ ուղղակիօրէն կապուած է, որ է՝ Աստուծոյ Խօսքը քննարկելով իրարու օգտակար ըլլալ։ (Եբր. 10։24, 25) Մանրաձայնները ազդու կերպով գործածել սորվելով, անձնապէս կրնանք այս կարեւոր նպատակին նպաստել։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

  • Մանրաձայնը ձեր բերնէն տասէն տասնըհինգ սանթիմեթր հեռու պահեցէք։

  • Ուշադիր եղէք որ խօսիք միայն երբ ձեր բերանը մանրաձայնին դիմաց է։

  • Խօսակցութեան ընթացքին ձեր գործածած ձայնածաւալէն եւ ուժգնութենէն քիչ մը աւելի գործածեցէք։

  • Եթէ ձեր կոկորդը մաքրելու կարիքը զգաք, ձեր գլուխը հեռացուցէք մանրաձայնէն։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Եթէ մանրաձայններ կը գործածուին ձեր Թագաւորութեան Սրահին մէջ, մասնաւոր ուշադրութիւն ըրէք թէ փորձառու դասախօսներ ի՛նչպէս կը գործածեն պատուանդանի վրայ դրուած եւ ձեռքը բռնուած մանրաձայնները։ Բնորոշեցէք այն բաները զորս կը փափաքիք ընել կամ զգուշանալ անոնցմէ, ամէն մէկուն պատճառներն ալ գիտնալով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել