Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ11 3/1 էջ 4-9
  • Լուծումներ սովորական գանգատներու

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Լուծումներ սովորական գանգատներու
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յաջողութեան գաղտնիքը
  • Ուրախ ամուսնութեան համար՝ Աստուծոյ դիմէ
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ (Մաս 1)
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ամուսնութիւնդ յաջող դարձուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ամուսնութիւն՝ սիրալիր Աստուծմէ պարգեւ մը
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
դ11 3/1 էջ 4-9

Լուծումներ սովորական գանգատներու

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ չի դաւանիր թէ ամուսնութիւնը դիւրին է։ Պօղոս առաքեալ Աստուծմէ ներշնչուելով գրեց, թէ ամոլներ իրենց «ամուսնական կեանքին յատուկ նեղութիւններ պիտի ունենան» (Ա. Կորնթացիս 7։28, Անթիլիաս)։ Բայց ամուսնացած զոյգը շա՛տ բան կրնայ ընել՝ իրենց ունեցած դժուարութիւնները նուազեցնելու եւ իրարու բերած ուրախութիւնը աւելցնելու։ Ամուսիններու եւ կիներու ըսած հետեւեալ վեց սովորական գանգատները նկատի առ ու տես, թէ աստուածաշնչական սկզբունքներ կիրարկելը ինչպէ՛ս կրնայ օգնել։

1

ԳԱՆԳԱՏ.

«Հետզհետէ մեր փոխյարաբերութիւնը կը պաղի»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ.

‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’ (ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 1։10, ՆԱ)։

Ամուսնութիւնդ կեանքիդ մէջ ամենակարեւոր բաներէն մէկն է։ Անիկա նախապատուութիւն ստանալու արժանի է։ Ուստի ստուգէ որ յայտագիրներդ այս գանգատին կը նպաստե՛ն թէ ոչ։ Թոյլ մի՛ տար առօրեայ կեանքիդ որ պատճառ ըլլայ, որ դուն ու կողակիցդ անջատաբար ապրիք։ Անշուշտ, աշխարհիկ գործը եւ ուրիշ անխուսափելի պարագաներ կրնան ժամանակաւորապէս քեզ ստիպել, որ կողակիցիդ ընկերակցութենէն հեռու ըլլաս։ Բայց կրնա՛ս ու պէ՛տք է որ սահման դնես որեւէ բանի, որ քու հակակշռիդ տակ է, ինչպէս՝ ժամանակ անցընելը նախասիրած զբօսանքներու համար կամ բարեկամներու հետ։

Սակայն, կարգ մը ամոլներ թերեւս յաւելեալ ժամանակով կ’աշխատին կամ յաւելեալ ժամանցներով կը զբաղին, պարզապէս որպէսզի իրենց կողակիցին հետ ժամանակ չանցընեն։ Այդպիսիներ իրենց կողակիցէն չեն ‘հեռանար’. այլ խնդիրներէ կը փախչին։ Եթէ դուն կամ կողակիցդ այս խումբին կը պատկանիք, հարկ է որ բնորոշես ու լուծես բուն հարցերը։ Կողակիցիդ հետ կեանքիդ անցուդարձերը բաժնելով է միայն, որ երկուքդ կրնաք իրարու մօտենալ ու լման առումով «մէկ մարմին» ըլլալ (Ծննդոց 2։24)։

Ոմանք այս խրատը ինչպէ՛ս կիրարկած են. Էնտրուa եւ Դենճի, աւստրալիացի զոյգ մը, տասը տարիէ ի վեր ամուսնացած են։ Էնտրու կ’ըսէ. «Սորված եմ թէ շա՜տ աշխատիլը եւ բազմաթի՜ւ ընկերային պարտականութիւններ ստանձնելը կրնան ամուսնութեան համար վտանգաւոր ըլլալ։ Ուստի ես ու կինս ժամանակ կը ստեղծենք իրարու հետ խօսելու եւ մեր զգացումները բաժնելու»։

Տեյվ ու Ճեյն, որոնք Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրին ու 22 տարիէ ի վեր ամուսնացած են, իւրաքանչիւր երեկոյի առաջին կէս ժամը կը յատկացնեն իրենց փորձառութիւններն ու մտածումները բաժնելու։ Ճեյն կ’ըսէ. «Ասիկա ա՛յնքան կարեւոր ժամանակ մըն է, որ թոյլ չենք տար որեւէ բանի, որ զայն խանգարէ»։

2

ԳԱՆԳԱՏ.

«Այս փոխյարաբերութենէն այլեւս ուզածս չեմ ստանար»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ.

«Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ» (Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10։24)։

Անհատ մը որ գլխաւորաբար հետաքրքրուած է թէ ի՛նչ կը ստանայ ամուսնութենէն, բնաւ իսկապէս երջանիկ պիտի չըլլայ, նոյնիսկ եթէ քանի մը անգամ ամուսնանայ։ Ամուսնութիւնը կը յաջողի՝ երբ իւրաքանչիւր կողակից աւելի կը կեդրոնանայ տալո՛ւն վրայ քան՝ առնելուն վրայ։ Յիսուս պատճառը կու տայ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։

Ոմանք այս խրատը ինչպէ՛ս կիրարկած են. Մարիա ու Մարթին, որոնք Մեքսիքայի մէջ կ’ապրին, 39 տարիէ ի վեր ամուսնացած են։ Բայց ճամբան միշտ ալ հարթ չէ եղած։ Անոնք յատկապէս դժուար պահ մը կը յիշեն։ Մարիա կը մտաբերէ. «Տաք վիճաբանութեան մը մէջ, ես յատկապէս Մարթինին անյարգալից բան մը ըսի։ Ան շա՛տ բարկացաւ։ Փորձեցի բացատրել թէ ինչ որ ըսի՝ իրապէս ըսել չէի ուզեր, թէ ես պարզապէս վրդոված էի։ Բայց ան չուզեց մտիկ ընել»։ Մարթին կ’ըսէ. «Վիճաբանութեան ընթացքին, սկսայ մտածել թէ այլեւս չենք կրնար իրարու հետ ապրիլ, թէ պարզապէս պէտք է դադրիմ ամուսնութիւնս յաջողցնել ջանալէ»։

Մարթին յարգանքի պէտք ունէր, իսկ Մարիան՝ հասկացողութեան։ Երկուքն ալ չէին ստանար ինչ որ կ’ուզէին։

Անոնք խնդիրը ինչպէ՞ս կրցան լուծել։ Մարթին կ’ըսէ. «Ես ինծի ժամանակ տուի հանդարտելու, եւ երկուքս ալ համաձայնեցանք կիրարկել յարգալից ու քաղցր ըլլալու Աստուածաշունչի իմաստուն խրատը։ Տարիներու ընթացքին, սորված ենք թէ քանի՛ անգամ ալ խնդիրներ ծագին, կրնա՛նք զանոնք յաղթահարել, եթէ աղօթքով Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրենք եւ Աստուածաշունչին տուած խրատները կիրարկենք» (Եսայի 48։17, 18. Եփեսացիս 4։31, 32)։

3

ԳԱՆԳԱՏ.

«Կողակիցս իր պարտաւորութիւններուն համաձայն չ’ապրիր»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ.

«Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար» (ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14։12)։

Կասկած չկայ թէ ամուսնութիւնը լաւագոյն կերպով պիտի չընթանայ, եթէ միայն մէկ կողակից անոր յաջողութեան կը նպաստէ։ Բայց կացութիւնը աւելի գէշ պիտի ըլլայ, եթէ այրն ու կինը անհոգ ըլլան, մէկզմէկ մեղադրելով։

Եթէ յարատեւաբար մտածես թէ կողակիցդ ի՛նչ պէտք է ընէ, ինքզինքդ խեղճ կեանքի կը դատապարտես։ Այդպէս ըրած կ’ըլլաս մանաւանդ եթէ կողակիցիդ թերութիւնները գործածես իբր պատրուակ, պատասխանատուութիւններէդ հրաժարելու համար։ Միւս կողմէ, եթէ ջանաս լա՛ւ ամուսին մը կամ լա՛ւ կին մը ըլլալ, հաւանական է որ ամուսնութիւնդ բարելաւուի (Ա. Պետրոս 3։1-3)։ Աւելի կարեւորը, Աստուծոյ փաստած կ’ըլլաս թէ կը պատուես ամուսնութեան իր կարգադրութիւնը, եւ գործերդ իրեն մեծ հաճոյք պիտի պատճառեն (Ա. Պետրոս 2։19)։

Ոմանք այս խրատը ինչպէ՛ս կիրարկած են. Քիմ եւ իր ամուսինը, որոնք Քորէայի մէջ կ’ապրին, 38 տարիէ ի վեր ամուսնացած են։ Քիմ կ’ըսէ. «Երբեմն ամուսինս ինձմէ կը նեղուի ու կը դադրի հետս խօսելէ, եւ չեմ գիտեր թէ ինչո՛ւ։ Ասիկա ինծի զգալ կու տայ, թէ ինծի հանդէպ իր սէրը պաղած է։ Երբեմն կը խորհիմ. ‘Ան ինչո՞ւ կ’ուզէ որ զինք հասկնամ, երբ ի՛նք չի փորձեր զիս հասկնալ’»։

Քիմ կրնայ կեդրոնանալ կացութեան անիրաւ ըլլալուն վրայ եւ այն բաներուն վրայ, զորս իր կողակիցը չ’ըներ։ Փոխարէն, ան տարբեր ուղի մը կ’ընտրէ։ Քիմ կ’ըսէ. «Յուզուած մնալու տեղ, սորված եմ որ լաւագոյն բանն է՝ նախաձեռնութիւնը առնել խաղաղութիւն հաստատելու։ Վերջ ի վերջոյ՝ երկուքս ալ կրնա՛նք հանդարտիլ եւ հարցին շուրջ խաղաղութեամբ խօսակցիլ» (Յակոբոս 3։18)։

4

ԳԱՆԳԱՏ.

«Կինս չ’ենթարկուիր»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ.

«Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է» (Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 11։3)։

Ամուսին մը որ կը զգայ թէ իր կինը չ’ենթարկուիր, նա՛խ ինքզինք պէտք է քննէ, թէ արդեօք յօժա՛ր է ենթարկուելու իր Գլուխին՝ Յիսուս Քրիստոսին։ Ամուսին մը կրնայ իր ենթարկումը ցոյց տալ՝ հետեւելով Յիսուսի օրինակին։

Պօղոս առաքեալ գրեց. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար» (Եփեսացիս 5։25)։ Յիսուս ‘չտիրեց’ իր աշակերտներուն վրայ (Մարկոս 10։42-44)։ Ան իր հետեւորդներուն յստակ ուղղութիւն տուաւ ու սրբագրեց զանոնք երբ հարկ ըլլար. բայց բնաւ կոպիտ չէր։ Ան անոնց հետ քաղցրութեամբ վարուեցաւ ու նկատի առաւ անոնց սահմանափակումները (Մատթէոս 11։29, 30. Մարկոս 6։30, 31. 14։37, 38)։ Ան միշտ անոնց շահերը իր շահերէն առաջ դասեց (Մատթէոս 20։25-28)։

Հարկ է որ ամուսին մը ինքն իրեն սա հարցումը ուղղէ. ‘Գլխաւորութեան եւ ընդհանուր առմամբ կիներու առնչութեամբ իմ տեսակէտիս ի՞նչ բան աւելի կ’ազդէ,– տեղական սովորութիւննե՞րը, թէ ոչ Աստուածաշունչի բովանդակած խրատներն ու օրինակները’։ Օրինակի համար, ի՞նչ պիտի ըսէիր կնոջ մը մասին, որ իր ամուսինի տեսակէտին հետ անհամաձայն գտնուեցաւ ու հաստատօրէն, բայց յարգալից կերպով, իր տարբեր կարծիքը արտայայտեց։ Աստուածաշունչին մէջ, Աբրահամի կինը՝ Սառան, ենթարկուող կնոջ օրինակ մը կը նկատուի (Ա. Պետրոս 3։1, 6)։ Սակայն, երբ հարկ եղաւ, Սառա իր մտքին մէջինը յայտնեց, ինչպէս՝ երբ Աբրահամ չտեսաւ որոշ վտանգներ, որոնք ընտանիքին կը սպառնային (Ծննդոց 16։5. 21։9-12)։

Բացայայտօրէն, Աբրահամ Սառան չլռեցուց՝ զինք սարսափի ենթարկելով։ Ան բռնաւոր չէր։ Նմանապէս, Աստուածաշունչի խրատին հետեւող ամուսինը իր կնոջ աչքը պիտի չվախցնէ, պահանջելով որ ան ենթարկուի իր իւրաքանչիւր քմահաճոյքին։ Ան իր կնոջ յարգանքին պիտի արժանանայ՝ իր գլխաւորութիւնը կարեկից կերպով ի գործ դնելով։

Ոմանք այս խրատը ինչպէ՛ս կիրարկած են. Ճէյմս, որ Անգլիոյ մէջ կ’ապրի եւ ութ տարիէ ի վեր ամուսնացած է, կ’ըսէ. «Ես կը սորվիմ կարեւոր որոշումներ չկայացնել, առանց կնոջս հետ խորհրդակցելու։ Կը ջանամ միայն իմ մասիս չմտածել։ Փոխարէն, կը ձգտիմ իր կարիքները իմ կարիքներէս առաջ դասելու»։

Ճորճ կ’ապրի Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ 59 տարիէ ի վեր ամուսնացած է։ Ան կ’ըսէ. «Փորձած եմ կնոջս հետ վարուիլ ոչ թէ իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացի, այլ՝ որպէս խելացի եւ ատակ լծակից մը» (Առակաց 31։10)։

5

ԳԱՆԳԱՏ.

«Ամուսինս նախաքայլ չ’առներ»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ.

«Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ» (ԱՌԱԿԱՑ 14։1)։

Եթէ ամուսինդ կը դժկամակի որոշումներ առնելու կամ ընտանիքը ղեկավարելու, առնուազն երեք ընտրանք ունիս. 1) կրնաս յարատեւաբար իր ձախողութիւնները ցցուն ընել, կամ 2) կրնաս յափշտակել իր դերը որպէս ընտանիքի գլուխ, կամ 3) կրնաս անկեղծօրէն զինք գովել՝ իր թափած որեւէ ջանքի համար։ Եթէ առաջին երկու ընտրանքներէն մէկը զատես, ձեռքովդ պիտի փլցնես տունդ։ Երրորդ ընտրանքը զատելը պիտի օգնէ, որ ամուսնութիւնդ կերտես կամ զօրացնես։

Բազմաթիւ տղամարդիկ յարգանքին աւելի արժէք կու տան քան՝ սիրոյն։ Ուստի, եթէ ամուսինիդ զգալ տաս թէ յարգուած է,– թէ ընտանիքը առաջնորդելու մէջ իր թափած ջանքերը ազդու եւ գնահատելի են,– հաւանական է որ ան իր դերին մէջ բարելաւուի։ Անշուշտ, ամուսինիդ հետ ատեն–ատեն անհամաձայն պիտի ըլլաս հարցի մը շուրջ։ Հարկ է որ երկուքդ քննարկէք այդ հարցերը (Առակաց 18։13)։ Բայց բառերու ընտրութիւնդ եւ ձայնիդ թոնը պիտի օգնեն ամուսնութիւնդ կա՛մ քանդելու եւ կամ կերտելու (Առակաց 21։9. 27։15)։ Յարգալից կերպով արտայայտուէ, եւ աւելի հաւանական պիտի ըլլայ որ ուզած արդիւնքիդ հասնիս,– ամուսին մը որ չի վարանիր առաջնորդութիւնը առնելու։

Ոմանք այս խրատը ինչպէ՛ս կիրարկած են. Միշէլ, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրի եւ 30 տարիէ ի վեր ամուսնացած է, կ’ըսէ. «Որովհետեւ մայրս առանց ամուսինի մը աջակցութեան դաստիարակեց զիս ու քոյրերս, ան շատ զօրաւոր եւ ինքնագլուխ կին մըն էր։ Կը միտիմ այդ յատկանիշները ընդօրինակել, ուստի շարունակ ջանք կը թափեմ որ պատշաճ ենթարկում ցուցաբերեմ։ Օրինակ՝ պարզապէս որոշումներ կայացնելու փոխարէն, սորված եմ ամուսինիս հետ խորհրդակցիլ»։

Ռաքէլ, որ Աւստրալիոյ մէջ կ’ապրի եւ 21 տարիէ ի վեր Մարքին հետ ամուսնացած է, նոյնպէս իր ենթահողէն ազդուած էր։ Ան կը մտաբերէ. «Մայրս բնա՛ւ հօրս չէր ենթարկուեր։ Վիճաբանութիւններն ու յարգանքի պակասը ընդհանուր կանոնն էին։ Ամուսնութեանս առաջին տարիներուն, մայրս ընդօրինակեցի։ Սակայն տարիներու ընթացքին, յարգանք ցոյց տալու Աստուածաշունչի խրատը կիրարկելուն արժէքը սորված եմ։ Այժմ, Մարքն ու ես կը վայելենք շա՜տ աւելի երջանիկ ամուսնութիւն մը»։

6

ԳԱՆԳԱՏ.

«Այլեւս չեմ կրնար հանդուրժել կողակիցիս ձանձրացուցիչ սովորութիւնները»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ.

‘Իրարու համբերեցէք եւ իրարու ներեցէք՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ’ (ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։13)։

Սիրատածութեան շրջանին, հաւանաբար ա՛յնքան կը կեդրոնանայիր ապագայ կողակիցիդ լաւ յատկութիւններուն վրայ, որ հազիւ կը նշմարէիր անոր թերութիւնները։ Նոյնը հիմա կրնա՞ս ընել։ Անկասկած, կողակիցդ վաւերական պատճառ կու տայ որ գանգատիս։ Սակայն դուն քեզի հարց տուր. ‘Կողակիցիս ո՞ր յատկութիւններուն վրայ պիտի ուզեմ կեդրոնանալ,– դրակա՞ն թէ ժխտական յատկութիւններուն’։

Յիսուս զօրաւոր լուսաբանութիւն մը գործածեց, որ ցոյց կու տայ մեր կարիքը՝ ուրիշներուն մէջ մեր նշմարած թերութիւնները անտեսելու։ «Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր», հարցուց ան (Մատթէոս 7։3)։ Շիւղը կրնայ խոտի պզտիկ կտոր մը ըլլալ։ Միւս կողմէ, գերանը ծառի կոճղէն կտրուած երկայն ու հաստ տախտակ մըն է, որ կը գործածուի առաստաղը բարձր բռնելու համար։ Իր միտք բանին ի՞նչ էր։ «Առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու» (Մատթէոս 7։5)։

Յիսուս այս լուսաբանութիւնը զգաստացուցիչ զգուշացումով մը սկսաւ։ Ան ըսաւ. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք» (Մատթէոս 7։1, 2)։ Եթէ կ’ուզես որ Աստուած անտեսէ թերութիւններդ,– աչքիդ մէջի գերանը,– կողակիցիդ թերութիւնները անտեսելդ լաւագոյն օգտիդ կը ծառայէ (Մատթէոս 6։14, 15)։

Ոմանք այս խրատը ինչպէ՛ս կիրարկած են. Ճէնի, որ Անգլիոյ մէջ կ’ապրի եւ այժմ 9 տարի է որ ամուսնացած է Սիմոնին հետ, կ’ըսէ. «Կը տեսնեմ որ ամուսինիս հետ վիճաբանելու յաճախադէպ պատճառս կը կայանայ՝ նախապէս չծրագրելու, ամէն ինչ վերջին վայրկեանին ընելու իր հակումին մէջ։ Ասիկա հեգնական է, քանի որ երբ կը ժամադրուէինք, կը սիրէի անոր շատ պատրաստակամ ըլլալը։ Սակայն այժմ կ’անդրադառնամ թէ ե՛ս ալ թերութիւններ ունիմ, ինչպէս՝ շա՜տ հակակշռող ըլլալ։ Ես ու Սիմոնը կը սորվինք մէկը միւսին փոքր անկատարութիւնները անտեսել»։

Քըրթ, որ նախապէս մէջբերուած Միշէլին հետ ամուսնացած է, կը նշէ. «Եթէ կողակիցիդ ձանձրացուցիչ վարքագծերու վրայ կեդրոնանաս, պիտի թուի թէ այդ թերութիւնները հետզհետէ աւելի մեծ կը դառնան։ Կը նախընտրեմ կեդրոնանալ ա՛յն յատկութիւններուն վրայ, որոնք սկիզբը պատճառ եղան որ Միշէլին սիրահարուիմ»։

Յաջողութեան գաղտնիքը

Այս քանի մը օրինակները կը լուսաբանեն, թէ ամուսնութեան մէջ մարտահրաւէրները անխուսափելի են բայց անյաղթահարելի չեն։ Յաջողութեան գաղտնիքը ի՞նչ է։ Մշակէ՛ Աստուծոյ հանդէպ սէր եւ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ բովանդակած խրատները կիրարկելու կամեցողութիւն։

Ալեքս եւ Իթոհան, որոնք Նիկերիոյ մէջ կ’ապրին եւ աւելի քան 20 տարի է որ ամուսնացած են, այդ գաղտնիքը սորված են։ Ալեքս կ’ըսէ. «Գտած եմ որ գրեթէ որեւէ ամուսնական խնդիր կրնա՛յ լուծուիլ, եթէ զոյգը կիրարկէ աստուածաշնչական սկզբունքները»։ Իր կինը կ’ըսէ. «Սորված ենք թէ կարեւոր է որ կանոնաւորաբար միասին աղօթենք եւ իրարու հանդէպ անկեղծօրէն սիրալիր ու համբերատար ըլլալու Աստուածաշունչի խրատը կիրարկենք։ Այժմ աւելի նուազ խնդիրներ ունինք, քան՝ մեր ամուսնութեան սկիզբը»։

Կ’ուզե՞ս աւելին գիտնալ, թէ Աստուծոյ Խօսքին գործնական խրատները ինչպէ՛ս կրնան ընտանիքիդ օգտել։ Եթէ այո՛, Եհովայի վկաներէն խնդրէ որ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէb գիրքին 14–րդ գլուխը հետդ քննարկեն։

[Ստորանիշներ]

a Կարգ մը անուններ փոխուած են։

b Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 4]

Իրարու համար ժամանակ կը ստեղծե՞նք

[Նկար՝ էջ 5]

Կը փորձե՞մ աւելի տալ քան առնել

[Նկար՝ էջ 6]

Վէճերը լուծելու համար՝ նախաքայլը կ’առնե՞մ

[Նկար՝ էջ 7]

Որոշում մը կայացնելէ առաջ՝ կնոջս կարծիքը նկատի կ’առնե՞մ

[Նկար՝ էջ 9]

Կողակիցիս լաւ յատկութիւններուն վրայ կը կեդրոնանա՞մ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել