Յիսուս 70 ուրիշներ քարոզելու կը ղրկէ
Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը
ՅԻՍՈՒՍԻ մկրտութենէն ճիշդ երեք տարի անցած է եւ Հ.Դ. 32–ի աշունն է։ Յիսուս եւ իր աշակերտները տակաւին վերջերս Երուսաղէմի մէջ Տաղաւարահարաց Տօնին մասնակցած են եւ այնպէս կը թուի թէ անոնք տակաւին այդ շրջանը կը գտնուին։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս իր ծառայութեան մնացեալ վեց ամիսները գրեթէ կ’անցնէ Յուդայի կամ Բերիայի նահանգին մէջ, Յորդանան Գետին շրջանը։ Այս թաղամասն ալ պէտք էր ծառայուէր։
Ճիշդ է որ Հ.Դ. 30–ի Պասէքէն ետք, Յիսուս շուրջ ութ ամիս Յուդայի մէջ անցուց։ Բայց երբ Հրեաները փորձեցին զինք սպաննել Հ.Դ. 31–ի Պասէքին, ան յաջորդ մէկուկէս տարին, գրեթէ Գալիլիոյ մէջ ուսուցանելով անցուց։ Այդ միջոցին, ան եւ լաւ մարզուած քարոզիչներու մեծ կազմակերպութիւն մը մէջտեղ բերաւ, որ նախապէս չունէր։ Արդ, ան Յուդայի մէջ վկայութեան վերջին եւ հսկայական արշաւ մը կը կատարէ։
Յիսուս այս արշաւը կը կատարէ, ընտրելով 70 աշակերտներ եւ զանոնք զոյգ–զոյգ կը ղրկէ։ Այսպիսով, Թագաւորութեան քարոզիչներու 35 խումբեր կ’աշխատին թաղամասին մէջ։ Ասոնք առջեւէն կ’երթան այն բոլոր քաղաքները եւ տեղերը ուր Յիսուս իր առաքեալներուն ընկերակցութեամբ կը ծրագրէր երթալ։
Փոխանակ այս 70 հոգին ժողովարանները ղրկելու, Յիսուս անոնց կ’ըսէ որ անձնական տուները մտնեն։ Անոնց կը բացատրէ. «Ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. ‘Բարեւ [Խաղաղութիւն] այս տանը’։ Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ»։ Ի՞նչ պիտի ըլլար անոնց պատգամը. «Ըսէք անոնց», կ’ըսէ Յիսուս, «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է»։ Այս 70–ին գործունէութեան մասին, Մէթիու Հէնրիին Մեկնութիւնը [Անգլ.] կ’ըսէ. «Իրենց Տիրոջ նման, ո՛ւր որ այցելեցին, անոնք տունէ տուն քարոզեցին»։
Այս 70–ին Յիսուսի տուած հրահանգները նոյնանման են տարի մը առաջ Գալիլիոյ մէջ քարոզելու ղրկած 12–ին տուած հրահանգներուն։ Ան ոչ միայն 70–ը կը զգուշացնէ իրենց դիմագրաւելիք հակառակութեան եւ զիրենք կը պատրաստէ որ պատգամը տանտէրներուն ներկայացնեն, այլ նաեւ՝ հիւանդները բուժելու զօրութիւն կու տայ անոնց։ Այս կերպով, անոնցմէ քիչ ետք, երբ Յիսուս հասնի, շատեր անհամբեր պիտի ըլլան տեսնելու այն Տէրը, որու աշակերտները այսպիսի հոյակապ բաներ ընելու կարող են։
Այս 70–ին քարոզչութիւնը եւ անոնց ետեւէն Յիսուսի աշխատանքը յարաբերաբար շատ ժամանակ չ’առներ։ Շուտով, Թագաւորութեան քարոզիչներու 35 զոյգերը կը վերադառնան Յիսուսի։ «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին», կ’ըսեն ուրախութեամբ։ Ծառայութեան այսպիսի գեղեցիկ տեղեկագրութիւն մը կը տոգորէ Յիսուսը, քանի որ ան կը պատասխանէ. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի։ Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու ... վրայ կոխկռտելու»։
Յիսուս գիտէ թէ վերջին ժամանակին, Աստուծոյ Թագաւորութեան ծնունդէն ետք, Սատանան եւ իր դեւերը երկնքէն դուրս պիտի նետուին։ Բայց հիմա, պարզ մարդոց ձեռքով անտեսանելի դեւերուն ելլելը այդ դէպքին հանդէպ իր վստահութիւնը կ’աւելցնէ։ Հետեւաբար, Յիսուս ապագային Սատանայի երկնքէն նետուելուն մասին վստահութեամբ կը խօսի։ Ուստի, այլաբանական առումով էր որ 70–ին իշխանութիւն կու տայ օձերը եւ կարիճները կոխկռտելու։ Այսուհանդերձ, Յիսուս կ’ըսէ. «Բայց դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են»։
Յիսուս կը ցնծայ եւ հանրապէս կը փառաբանէ իր Հայրը որ իր համեստ ծառաները այսքան հզօր կերպով կը գործածէ։ Իր աշակերտներուն դառնալով, ան կ’ըսէ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն։ Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան եւ ձեր լսածները լսել, բայց չլսեցին»։ Ղուկաս 10։1–24. Մատթէոս 10։1–42. Յայտնութիւն 12։7–12
◆ Յիսուս իր ծառայութեան առաջին երեք տարիները ո՞ւր քարոզեց, իսկ իր վերջին վեց ամիսները ո՞ր թաղամասին մէջ աշխատեցաւ։
◆ Յիսուս 70 աշակերտները մարդոց հանդիպելու համար ո՞ւր կը ղրկէ։
◆ Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ որ ինք կը տեսնէր Սատանան արդէն երկինքէն ինկած։
◆ Ի՞նչ առումով 70–ը օձեր եւ կարիճներ կոխկռտեցին։