Եհովա՝ մեր կարեկից Հայրը
«Տէրը բազմագութ ու ողորմած [կարեկից (ՆԱ)] է»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 5։11, ծանօթագրութիւն
1. Համեստ անհատները ինչո՞ւ Եհովա Աստուծմով կը հրապուրուին։
ՏԻԵԶԵՐՔԸ ա՛յնքան մեծ է որ աստղագէտները անկարող են նոյնիսկ համրել անոր բոլոր աստղահոյլերը։ Մեր համաստեղութիւնը՝ Ծիր Կաթինը՝ ա՛յնքան ընդարձակ է որ մենք չենք կրնար նոյնիսկ համրել անոր բոլոր աստղերը։ Աստղերէն ոմանք՝ ինչպէս Անտարէսը, մեր արեւէն հազարաւոր անգամներ աւելի մեծ ու աւելի փայլուն են։ Տիեզերքին բոլոր աստղերուն Հոյակապ Ստեղծիչը որքա՜ն հզօր ըլլալու է։ Արդարեւ, ան «անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ»։ (Եսայեայ 40։26) Այսուհանդերձ, այս ահաւոր Աստուածը նաեւ «բազմագութ ու կարեկից» է։ Այս տեղեկութիւնը որքա՜ն կը սփոփէ Եհովայի համեստ ծառաները, մասնաւորաբար հալածանքէ, հիւանդութենէ, ընկճուածութենէ, կամ այլ նեղութիւններէ տառապողները։
2. Այս աշխարհի շատ մը անհատներ յաճախ ինչպէ՞ս կը նկատեն նուրբ զգացումները։
2 Շատեր տկարութիւն կը նկատեն նուրբ զգացումները, ինչպէս՝ Քրիստոսին ‘գթութիւնն ու ողորմութիւնը [կարեկցութիւնները (ՆԱ)]’։ (Փիլիպպեցիս 2։1) Բարեշրջական փիլիսոփայութենէն ազդուած, անոնք կը քաջալերեն որ մարդիկ նախ իրենց անձը առաջ դնեն, նոյնիսկ երբ ուրիշներու զգացումները ոտնակոխ պէտք է ընել։ Զբօսանքի ու մարզանքի կարգ մը դերակատարներ ‘անզգաներ’ են, որոնք ոչ արցունք կը թափեն, ոչ ալ գթութիւն կը ցուցաբերեն։ Կարգ մը քաղաքական կառավարիչներ նոյն կերպով կը վարուին։ Ստոյիկեան փիլիսոփայ Սենեկա, որ անգութ Ներոն կայսրը դաստիարակեց, կը շեշտէր որ «գութը տկարութիւն մըն է»։ Համայնագիտարան մը (M’Clintock and Strong’s Cyclopædia) կը նշէ. «Ստոյիկութեան ազդեցութիւնները ... կը շարունակեն մարդոց մտքերուն վրայ ներգործել նոյնիսկ ներկայ օրերուն»։
3. Եհովա ինչպէ՞ս ինքզինք նկարագրեց Մովսէսին։
3 Ասոր հակառակը, մարդկութեան Ստեղծիչին անձնաւորութիւնը սիրտ կը տոգորէ։ Ան ինքզինք նկարագրեց Մովսէսին՝ հետեւեալ խօսքերով. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած [գթառատ (ՆԱ)] ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, ... անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր»։ (Ելից 34։6, 7) Ճիշդ է որ Եհովա իր մասին այս նկարագրութիւնը եզրափակեց իր արդարութիւնը շեշտելով։ Ան դիտումնաւոր մեղաւորները իրենց արժանի պատիժէն զերծ պիտի չպահէ։ Այսուհանդերձ, ան նախ ինքզինք կը նկարագրէ որպէս ողորմած կամ գթառատ Աստուած մը։
4. Յաճախ «ողորմութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն բառին սիրտ տոգորող իմաստը ի՞նչ է։
4 Երբեմն «ողորմութիւն» բառը նկատի կ’առնուի միմիայն պաղ, դատական առումով, այսինքն, պատիժէ ետ պահելու իմաստով։ Սակայն, Աստուածաշունչի թարգմանութիւններու միջեւ բաղդատութիւն մը ի յայտ կը բերէ ռահամ բայէն ծագում առած Եբրայերէն ածականին ճոխ իմաստը։ Ըստ կարգ մը ուսումնականներու, անոր արմատը «նուրբ ըլլալ» իմաստը կը կրէ։ Գիրք մը (Synonyms of the Old Testament) կը բացատրէ որ «Ռահամ» բառը «կարեկցութեան խոր ու խանդաղատալի զգացում մը կ’արտայայտէ, որ մեր մէջ կ’արթննայ, երբ մենք մեր սիրելիներուն կամ մեր օգնութեան կարիքը ունեցողներուն տկարութիւնը կամ տառապանքը կը տեսնենք»։ Այս ցանկալի յատկութեան սիրտ տոգորող ուրիշ սահմանումները կարելի է գտնել Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գրքին մէջ, Հատոր Բ, էջ 375–9, Անգլերէնով։
5. Մովսիսական Օրէնքին մէջ ողորմութիւնը ինչպէ՞ս բացայայտ էր։
5 Աստուծոյ կարեկցութիւնը յստակ կերպով բացայայտ է Իսրայէլ ազգին տրուած Օրէնքին մէջ։ Անոնք կարօտեալներուն, ինչպէս՝ որբեւարիներուն, որբերուն եւ աղքատներուն, հետ կարեկցութեամբ պէտք էր վարուէին։ (Ելից 22։22-27. Ղեւտացւոց 19։9, 10. Բ. Օրինաց 15։7-11) Բոլորն ալ, ծառաներն ու անասունները ներառեալ, շաբաթական հանգիստէն՝ Շաբաթ Օրէն՝ պէտք էր օգտուէին։ (Ելից 20։10) Անկէ զատ, Աստուած նկատի կ’առնէր այն անհատները որոնք աղքատներուն հետ քնքշութեամբ կը վարուէին։ Առակաց 19։17–ն կ’ըսէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ»։
Աստուծոյ Կարեկցութիւնը Սահման Ունի
6. Եհովա ինչո՞ւ մարգարէներ ու պատգամաւորներ ղրկեց իր ժողովուրդին։
6 Իսրայելացիները Աստուծոյ անունը կը կրէին եւ զինք կը պաշտէին Երուսաղէմի տաճարին մէջ, որ ‘Տէր Եհովայի անուանը համար տուն’ մըն էր։ (Բ. Մնացորդաց 2։4. 6։33) Սակայն, ժամանակի ընթացքին, անոնք անբարոյութեան, կռապաշտութեան ու մարդասպանութեան թոյլատու եղան Եհովայի անուանը վրայ մեծ նախատինք բերելով։ Իր կարեկից անձնաւորութեան համաձայն, Աստուած փորձեց համբերութեամբ այս վատ վիճակը շտկել առանց չարիք բերելու ամբողջ ազգին վրայ։ Ան «իր ժողովուրդին ու իր բնակարանին խնայելուն համար, իր պատգամաւորներուն միջոցով մեծ փութով ազդարարութիւններ կը ղրկէր. բայց անոնք Աստուծոյ ղրկած պատգամաւորները կ’անարգէին, անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները ծաղր կ’ընէին. մինչեւ որ Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ, այնպէս որ ա՛լ բժշկութիւն չմնաց»։—Բ. Մնացորդաց 36։15, 16
7. Երբ Եհովայի կարեկցութիւնը իր սահմանին հասաւ, Յուդայի թագաւորութեան ի՞նչ պատահեցաւ։
7 Թէեւ Եհովա կարեկից ու երկայնամիտ է, բայց երբ հարկ ըլլայ, ան իրաւացի բարկութիւն կը յայտնաբերէ։ Այն ատեն, Աստուծոյ կարեկցութիւնը իր սահմանին հասած էր։ Հետեւանքներուն մասին կը կարդանք. «[Եհովա] անոնց վրայ Քաղդէացիներուն թագաւորը հանեց. անիկա ալ անոնց երիտասարդները անոնց սրբարանին մէջ սրով մեռցուց ու երիտասարդին ու կոյսին, ծերին ու ալեւորին չխընայեց. ամէնքն ալ Տէրը անոր ձեռքը մատնեց»։ (Բ. Մնացորդաց 36։17) Այսպիսով, Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կործանեցան, իսկ ազգը Բաբելոն գերի տարուեցաւ։
Կարեկցութիւն՝ Իր Անուանը Համար
8, 9. (ա) Եհովա ինչո՞ւ յայտարարեց թէ իր անուանը համար կարեկցութիւն պիտի ունենար։ (բ) Եհովայի թշնամիները ինչպէ՞ս պապանձեցան։
8 Շրջակայ ազգերը ցնծացին այս չարիքին համար։ Անոնք հեգնանքով կ’ըսէին. «Ասոնք Եհովային ժողովուրդն են, բայց անոր երկրէն ելան»։ Այս նախատինքին հանդէպ զգայուն ըլլալով, Եհովա յայտարարեց. «Ես խնայեցի [կարեկցութիւն պիտի ունենամ (ՆԱ)] իմ սուրբ անուանս համար ...։ Ես սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս, ... ու ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը [Եհովան (ՆԱ)]»։—Եզեկիէլ 36։20–23
9 Իր ազգը 70 տարի գերութեան մէջ մնալէ ետք, Եհովա՝ կարեկից Աստուածը՝ զանոնք ազատագրեց եւ թոյլ տուաւ որ անոնք վերադառնան ու Երուսաղէմի տաճարը վերաշինեն։ Ասիկա պապանձեցուց շրջակայ ազգերը որոնք դէպքերը ապշութեամբ կը դիտէին։ (Եզեկիէլ 36։35, 36) Սակայն, դժբախտաբար, Իսրայէլ ազգը դարձեալ գէշ սովորութիւններու անձնատուր եղաւ։ Նէեմիա՝ հաւատարիմ Հրեայ մը՝ օգնեց վիճակը բարելաւելու մէջ։ Հանրային աղօթքի մը մէջ, ան վերյիշեց ազգին հետ Աստուծոյ կարեկից գործառնութիւնները, ըսելով.
10. Նէեմիա ո՞ր բառերով Եհովայի կարեկցութիւնը շեշտեց։
10 «Երբ իրենց նեղութեան ատենը քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու առատ ողորմութեանդ համեմատ անոնց ազատարարներ տուիր, որոնք ազատեցին զիրենք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն։ Բայց երբ հանգստութիւն գտան, նորէն քու առջեւդ չարութիւն ըրին. ուստի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը թողուցիր, որոնք ասոնց վրայ տիրեցին ու երբ նորէն քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու [առատ] ողորմութեանդ համեմատ կրկին ու կրկին զանոնք ազատեցիր։ ... Եւ շատ տարիներ անոնց երկայնմտութիւն ըրիր»։—Նէեմիա 9։26-30. տես նաեւ Եսայեայ 63։9, 10։
11. Եհովայի եւ մարդոց աստուածներուն միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն գոյութիւն ունի։
11 Վերջապէս, անգութօրէն Աստուծոյ սիրելի Որդին մերժելէ ետք, Հրեայ ազգը իր առանձնաշնորհեալ դիրքը ընդմիշտ կորսնցուց։ Այս ազգին հանդէպ Աստուծոյ հաւատարմութիւնը աւելի քան 1,500 տարիներ տեւած էր։ Ասիկա յաւիտեան պիտի վկայէ այն իրողութեան թէ Եհովա իրապէս ողորմութեան Աստուած մըն է։ Ի՜նչ մեծ հակադրութիւն մը գոյութիւն ունի Եհովայի եւ մեղաւոր մարդոց կողմէ հնարուած անգութ աստուածներուն ու անզգայ չաստուածութիւններուն միջեւ։
Կարեկցութեան Մեծագոյն Արտայայտութիւնը
12. Աստուծոյ կարեկցութեան մեծագոյն արտայայտութիւնը ի՞նչ եղաւ։
12 Աստուծոյ կարեկցութեան մեծագոյն արտայայտութիւնը եղաւ իր սիրելի Որդին երկիր ղրկելը։ Ճիշդ է որ Յիսուսի ուղղամիտ ընթացքը մեծ հաճոյք պատճառեց Եհովայի, Բանսարկուին սուտ ամբաստանութիւններուն կատարեալ պատասխան մը հայթայթելով Իրեն։ (Առակաց 27։11) Սակայն, միեւնոյն ատեն, իր սիրելի Որդւոյն անգութ ու նուաստացուցիչ մահը դիտելով, անկասկած Եհովա մեծ ցաւ զգաց, որու մարդկային ոեւէ ծնող բնաւ համբերած է։ Անիկա շատ սիրալիր զոհողութիւն մըն էր եւ մարդկութեան փրկութեանը ճամբան կը բանար։ (Յովհաննու 3։16) Ինչպէս Զաքարիա՝ Յովհաննէս Մկրտիչի հայրը՝ գուշակեց, այս զոհողութիւնը ‘մեր Աստուծոյն գթած ողորմութիւնը [կարեկցութիւնը (ՆԱ)]’ մեծարեց։—Ղուկաս 1։77, 78
13. Յիսուս ի՞նչ կարեւոր կերպով արտացոլացուցած է իր Հօրը անձնաւորութիւնը։
13 Աստուծոյ Որդւոյն երկիր ղրկուիլը Եհովայի անձնաւորութեան մասին աւելի յստակ տեղեկութիւն ալ տուաւ մարդոց։ Ինչպէ՞ս։ Այն կերպով որ Յիսուս կատարելապէս արտացոլացուց իր Հօրը անձնաւորութիւնը, մասնաւորաբար աղքատներուն հետ կարեկցութեամբ վարուելով։ (Յովհաննու 1։14. 14։9) Այս առնչութեամբ, երեք Աւետարան գրողները՝ Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս՝ Յունարէն սբլակխնիզոմայի բայը կը գործածեն, որ Յունարէն «աղիքներ» թարգմանուած բառէն ծագում կ’առնէ։ Աստուածաշունչի ուսումնական Ուիլլիըմ Պարգլէ կը բացատրէ. «Անոր ծագումէն իսկ, կարելի է նկատել որ այս բառը սովորական խիղճ կամ կարեկցութիւն չի նկարագրեր, այլ զգացում մը որ մարդուն ամբողջ էութիւնը կը յուզէ։ Յունարէն լեզուին մէջ, անիկա կարեկցութեան զգացումին համար գործածուած ամենէն զօրաւոր բառն է»։ Անիկա նաեւ թարգմանուած է ‘խղճալ’ բայով։—Մարկոս 6։34. 8։2
Երբ Յիսուս կը Խղճար
14, 15. Գալիլիոյ մէկ քաղաքին մէջ, Յիսուս ինչպէ՞ս խղճաց, եւ ասիկա ի՞նչ կը պատկերացնէ։
14 Տեսարանը Գալիլիոյ մէկ քաղաքն է։ «Բորոտութիւնով լեցուն» մարդ մը Յիսուսի կը մօտենայ առանց սովորական ըզգուշացումը տալու։ (Ղուկաս 5։12) Արդեօք Յիսուս կոպիտ կերպով կը յանդիմանէ՞ այս մարդը, անոր «անմաքուր եմ, անմաքուր եմ» չպոռալուն համար, ինչպէս Աստուծոյ Օրէնքը կը պահանջէ։ (Ղեւտացւոց 13։45) Ո՛չ։ Ընդհակառակը, Յիսուս այս մարդուն յուսահատ պաղատանքին մտիկ կ’ընէ. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ «Խղճալով», Յիսուս ձեռքը կ’երկնցնէ ու բորոտին կը դպչի, ըսելով. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ Մարդը իսկոյն կ’առողջանայ։ Այսպիսով, Յիսուս ոչ միայն իր հրաշալի, աստուածատուր զօրութիւնները ցոյց կու տայ, այլ նաեւ այն խանդաղատանքները որոնք կը մղեն զինք որ այդ զօրութիւնները գործածէ։—Մարկոս 1։40–42
15 Արդեօք Յիսուսի նախ պէտք է մօտենա՞լ, որպէսզի ան կարեկցութեան զգացումներ ցուցաբերէ մեզի։ Ո՛չ։ Ժամանակ մը ետք, ան Նային քաղաքէն դուրս եկող յուղարկաւորութեան մը կը հանդիպի։ Անկասկած, Յիսուս նախապէս շատ յուղարկաւորութիւններ տեսած է, բայց ասիկա մասնաւորաբար ողբալի է։ Մեռած անհատը այրի կնոջ մը մէկ հատիկ որդին է։ ‘Խղճալով’, Յիսուս անոր կը մօտենայ ու կ’ըսէ. «Մի՛ լար»։ Ապա ան այդ կնոջ տղան յարուցանելու ուշագրաւ հրաշքը կը կատարէ։—Ղուկաս 7։11–15
16. Յիսուս ինչո՞ւ կը խղճայ իրեն հետեւող մեծ ամբոխներուն վրայ։
16 Վերոյիշեալ դէպքերէն առնուած ուշագրաւ դասը այդ է թէ, երբ Յիսուս ‘կը խղճայ’, ան դրական բան մը կ’ընէ օգնելու համար։ Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս անդադար իրեն հետեւող մեծ ամբոխները կը դիտէ։ Մատթէոս կը տեղեկագրէ որ ան «անոնց վրայ խղճաց, վասնզի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Փարիսեցիները հասարակ ժողովուրդին հոգեւոր անօթութիւնը յագեցնելու համար գրեթէ ոչինչ կ’ընեն։ Ընդհակառակը, անոնք թշուառ անհատները կը ծանրաբեռնեն շատ մը անհարկի կանոններով։ (Մատթէոս 12։1, 2. Մատթէոս 15։1-9. Մատթէոս 23։4, 23) Հասարակ ժողովուրդին հանդէպ անոնց տեսակէտը ի յայտ եկաւ, երբ անոնք Յիսուսը ունկնդրողներուն մասին ըսին. «Այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են»։—Յովհաննու 7։49
17. Ամբոխներուն վրայ Յիսուսի խղճալը ի՞նչ ընելու կը մղէ զինք, եւ հոն ան ի՞նչ հեռահաս ուղեցոյց մը կը հայթայթէ։
17 Անոնց հակառակը, Յիսուս ամբոխներուն հոգեւոր չքաւորութենէն խորապէս յուզուած է։ Բայց այնքան շատ հետաքրքրուողներ կան որ ան չի կրնար ամէն մէկուն անհատապէս հոգալ։ Հետեւաբար, ան իր աշակերտներուն կ’ըսէ, որ աղօթեն յաւելեալ մշակներու համար։ (Մատթէոս 9։35-38) Այս աղօթքներուն համաձայն, Յիսուս իր առաքեալները կը ղրկէ հետեւեալ պատգամով. «Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։ Այդ առիթով տրուած հրահանգները մինչեւ օրս Քրիստոնեաներուն համար ծառայած են որպէս արժէքաւոր ուղեցոյց մը։ Աներկբայելիօրէն, Յիսուսի կարեկցութեան զգացումը կը մղէ զինք որ մարդկութեան հոգեւոր անօթութիւնը յագեցնէ։—Մատթէոս 10։5–7
18. Յիսուս ինչպէ՞ս կը հակազդէ, երբ ամբոխները իր մտերմութիւնը կը խանգարեն, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։
18 Ուրիշ առիթով, Յիսուս դարձեալ ամբոխներուն հոգեւոր կարիքներով կը հետաքրքրուի։ Այս անգամ, ինք եւ իր առաքեալները քարոզչական գործօն շրջապտոյտէ մը ետք յոգնած են եւ հանգստանալու համար վայր մը կը փնտռեն։ Բայց մարդիկ շուտով կը գտնեն զիրենք։ Փոխանակ իրենց մտերմութիւնը խանգարուելուն համար նեղանալու, ըստ Մարկոսի տեղեկագրութեան, Յիսուս «խղճաց»։ Իսկ Յիսուսի խոր զգացումներուն պատճառը ի՞նչ էր։ Անոնք «հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին»։ Դարձեալ, Յիսուսի զգացումները զինք գործի կը լծեն եւ ան կը սկսի «Աստուծոյ թագաւորութեան» մասին սորվեցնել անոնց։ Այո, ան այն աստիճան զգացուած էր անոնց հոգեւոր անօթութենէն որ հարկ եղած իր հանգստութիւնը զոհեց անոնց սորվեցնելու համար։—Մարկոս 6։34. Ղուկաս 9։11
19. Ամբոխներուն հանդէպ Յիսուսի հետաքրքրութիւնը ինչպէ՞ս նոյնիսկ անոնց հոգեւոր կարիքներէն անդին կ’անցնի։
19 Թէեւ գլխաւորաբար մարդոց հոգեւոր կարիքներով կը հետաքրքրուէր, բայց Յիսուս բնաւ չանտեսեց անոնց հիմնական ֆիզիքական կարիքները։ Այդ նոյն առիթով, ան նաեւ ‘բժշկութեան կարօտ անհատները բժշկեց’։ (Ղուկաս 9։11) Ուրիշ առիթով մը, ամբոխները երկար ատեն իրեն հետ էին եւ իրենց տուներէն շատ հեռու կը գտնուէին։ Անոնց ֆիզիքական կարիքը զգալով, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասնզի երեք օր է, որ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ Զանոնք անօթի արձակել չեմ ուզեր, չըլլայ որ ճամբան մարին»։ (Մատթէոս 15։32) Արդ, Յիսուս բան մը կ’ընէ անոնց հաւանական նեղութիւնը փարատելու համար։ Ան, հրաշքով մը, եօթը նկանակով ու քանի մը մանր ձուկերով ճաշ մը կը հայթայթէ հազարաւոր այրերու, կիներու եւ երախաներու։
20. Յիսուսի խղճալուն մասին վերջին արձանագրութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
20 Յիսուսի խղճալուն մասին վերջին արձանագրութիւնը դէպի Երուսաղէմ իր վերջին ճամբորդութեան ընթացքին է։ Իրեն հետ մեծ բազմութիւն մը կը ճամբորդէ Պասեքի տօնակատարութեան երթալու համար։ Երիքովի մօտ, ճամբուն վրայ երկու կոյր մուրացկաններ անդադար կ’աղաղակեն. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր»։ Բազմութիւնը կը փորձէ զանոնք լռեցնել, բայց Յիսուս զանոնք կը կանչէ ու կը հարցնէ թէ անոնք ի՛նչ կ’ուզեն իրմէ որ ընէ իրենց։ «Տէ՛ր, աչքերնիս բաց», կ’աղաչեն անոնք։ «Խղճալով», Յիսուս անոնց աչքերուն կը դպչի եւ անոնց աչքերը կը բացուին։ (Մատթէոս 20։29-34) Ասկէ ի՜նչ կարեւոր դաս մը կը սորվինք։ Յիսուս իր երկրային ծառայութեան վերջին շաբաթը թեւակոխելու վրայ է։ Ան շատ ընելիք ունի, Սատանայի գործակալներու ձեռքով անգութ մահուան մը մատնուելէ առաջ։ Այսուհանդերձ, ան թոյլ չի տար որ այս ծանրակշիռ ժամանակին ճնշումը մարդկային նուազ կարեւոր կարիքներուն հանդէպ իր կարեկցութեան նուրբ զգացումները գոցէ։
Կարեկցութիւնը Շեշտող Առակներ
21. Տէրը իր ծառային մեծ պարտքը շնորհելը ի՞նչ կը պատկերացնէ։
21 Յիսուսի կեանքին այս արձանագրութիւններուն մէջ գործածուած Յունարէն սբլակխնիզոմայի բայը նաեւ կը գտնուի Յիսուսի երեք առակներուն մէջ։ Պատմութիւններէն մէկուն մէջ, ծառայ մը կը խնդրէ որ իրեն ժամանակ տրուի մեծ պարտք մը վճարելու համար։ Անոր Տէրը, «խղճալով», պարտքը կը շնորհէ։ Ասիկա կը պատկերացնէ թէ Եհովա Աստուած մեծ կարեկցութիւն ցուցաբերած է Յիսուսի քաւիչ զոհին վրայ հաւատք ի գործ դնող իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի մեղքերը՝ մեծ պարտքը՝ շնորհելով։—Մատթէոս 18։27. 20։28
22. Անառակ որդւոյն առակը ի՞նչ կը պատկերացնէ։
22 Ապա կայ անառակ որդւոյն պատմութիւնը։ Վերյիշեցէք որ ի՛նչ կը պատահի, երբ այս մոլորած որդին տուն կը վերադառնայ։ «Մինչդեռ ինք շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա»։ (Ղուկաս 15։20) Այս առակը ցոյց կու տայ որ, երբ մոլորած Քրիստոնեայ մը անկեղծ զղջում ցուցաբերէ, Եհովա կը խղճայ ու քնքշութեամբ վերստին կ’ընդունի զայն։ Արդ, այս երկու առակներով, Յիսուս ցոյց կու տայ որ մեր Հայրը՝ Եհովա՝ «բազմագութ ու ողորմած [կարեկից (ՆԱ)] է»։—Յակոբու 5։11, ծանօթագրութիւն։
23. Յիսուսի բարի Սամարացիին առակէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։
23 Սբլակխնիզոմայի բային պատկերալից երրորդ գործածութիւնը առնչութիւն ունի կարեկից Սամարացիին հետ, որ «խղճաց», երբ կողոպտուած ու կիսամեռ ձգուած Հրեայի մը վատ վիճակը տեսաւ։ (Ղուկաս 10։33) Այս զգացումներուն ընդառաջելով, Սամարացին իր ձեռքէն եկածը ըրաւ օտարականին օգնելու համար։ Ասիկա կ’ապացուցանէ որ Եհովա եւ Յիսուս կ’ակնկալեն որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները խանդաղատանք ու կարեկցութիւն յայտնաբերելու մէջ իրենց օրինակին հետեւին։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք քանի մը կերպերը։
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Ի՞նչ կը նշանակէ գթառատ ըլլալ։
◻ Եհովա ինչպէ՞ս իր անուանը համար կարեկցութիւն ցուցաբերեց։
◻ Կարեկցութեան մեծագոյն արտայայտութիւնը ի՞նչ է։
◻ Յիսուս ի՞նչ ուշագրաւ կերպով կ’արտացոլացնէ իր Հօրը անձնաւորութիւնը։
◻ Յիսուսի կարեկից արարքներէն ու առակներէն ի՞նչ կը սորվինք։
[Նկար՝ էջ 8]
Երբ աստուածային կարեկցութիւնը իր սահմանին հասաւ, Եհովա թոյլ տուաւ որ Բաբելոնացիները իր մոլորած ժողովուրդը նուաճեն
[Նկար՝ էջ 9]
Իր սիրելի Որդւոյն մահը դիտելով, Եհովա Աստուած մեծագոյն ցաւը զգացած ըլլալու է որու ոեւէ մէկը բնաւ համբերած է
[Շրջագիծ]
ՊԱՏԿԵՐԱՒՈՐ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ «ՍԻՐԱԼԻՐ ՀՈԳԱԾՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱՐ
«ՓՈՐԸ՜Ս, փորը՜ս» պոռաց Երեմիա մարգարէն։ Արդեօք ան վնասակար բան մը ուտելուն պատճառաւ աղիքի անհանգստութենէ մը կը դժգոհէ՞ր։ Ո՛չ։ Երեմիա կը գործածէր Եբրայերէն փոխաբերութիւն մը նկարագրելու համար իր խոր մտահոգութիւնը Յուդայի թագաւորութեան վրայ գալիք աղէտին նկատմամբ։—Երեմեայ 4։19
Քանի որ Եհովա Աստուած խոր զգացումներ ունի, «աղիք» , կամ «փորոտիք» (me·ʽimʹ), նշանակող Եբրայերէն բառը նաեւ գործածուած է իր նուրբ յուզումները նկարագրելու համար։ Զոր օրինակ, Երեմիայի օրերէն տասնամեակներ առաջ, տասը ցեղեան Իսրայէլի թագաւորութիւնը գերի առնուեցաւ Ասորեստանի թագաւորին միջոցաւ։ Եհովա ասիկա թոյլատրեց որպէս պատիժ անոնց անհաւատարմութեան համար։ Բայց արդեօք Աստուած զիրենք աքսորի մէջ մոռցա՞ւ։ Ո՛չ։ Ան տակաւին խորապէս կը կառչէր անոնց որպէս իր ուխտեալ ժողովուրդին մէկ մասը։ Անոնց ակնարկելով գլխաւոր ցեղին՝ Եփրեմի՝ անունով, Եհովա հարցուց. «Միթէ Եփրեմ իմ պատուական որդի՞ս է, կամ սիրական զաւա՞կ մըն է. վասնզի երբ ես անոր վրայով խօսիմ, շարունակ զանիկա կը յիշեմ. այս պատճառով իմ աղիքս կը գալարի անոր համար. անշուշտ անոր ողորմութիւն պիտի ընեմ»։—Երեմեայ 31։20
«Իմ աղիքս կը գալարի» ըսելով, Եհովա արտայայտելու կերպ մը գործածեց նկարագրելու համար իր խանդաղատանքի խոր զգացումները իր աքսորեալ ժողովուրդին հանդէպ։ Այս համարին մասին իր մեկնաբանութեան մէջ, ԺԹ. դարու Աստուածաշունչի ուսումնական Է. Հենտերսըն գրեց. «Ոչինչ կրնայ գերազանցել վերադարձած մոլորեալի մը հանդէպ ծնողական քնքուշ զգացումի յուզիչ յայտնաբերումին, զոր հոս Եհովա կը ներկայացնէ։ . . . Թէեւ ան այսպիսով խօսած էր [կռապաշտ Եփրեմեաններու] դէմ եւ զանոնք պատժած էր . . . , ան երբեք զանոնք չմոռցաւ, այլ ճիշդ հակառակը, անոնց վերջնական բուժումը ակնկալելով ցնծաց»։
«Փորոտիք» , կամ «աղիք» , նշանակող Յունարէն բառը գործածուած է նոյնանման կերպով մը Քրիստոնէական Յունարէն Գրութեանց մէջ։ Երբ Գործք 1։18–ի նման բառացիօրէն չէ գործածուած, ան կ’ակնարկէ խանդաղատանքի կամ կարեկցութեան նուրբ զգացումներուն։ (Փիլիմոն 12) Բառը երբեմն միացուած է «բարի» կամ «լաւ» նշանակող Յունարէն բառին։ Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները կը գործածեն միացուած արտայայտութիւնը երբ Քրիստոնեաները կը քաջալերեն որ «գթաց» կամ «ողորմած» ըլլան, բառացիօրէն՝ «գթալու լաւ հակամէտ ըլլալ»։ (Եփեսացիս 4։32. Ա. Պետրոս 3։8) «Փորոտիք» նշանակող Յունարէն բառը կարելի է նաեւ միացնել Յունարէն pol·yʹ բառին։ Միացուած բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «շատ փորոտիք ունենալ»։ Այս շատ հազուագիւտ Յունարէն արտայայտութիւնը միայն մէկ անգամ գործածուած է Աստուածաշունչին մէջ, եւ կ’ակնարկէ Եհովա Աստուծոյ։ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը այսպէս կը թարգմանէ. «Եհովա շատ քնքուշ է խանդաղատանքի մէջ»։—Յակոբու 5։11
Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք որ մեծագոյն զօրեղ անձը տիեզերքին մէջ՝ Եհովա Աստուած՝ այսքան աննման է անկարեկից մարդոց հնարած անգութ աստուածներուն։ Իրենց «գթաց» Աստուածը ընդօրինակելով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը մղուին նմանապէս գործելու իրենց գործառնութիւններուն մէջ իրարու հետ։—Եփեսացիս 5։1