Մեր ծառայութիւնը՝ կարեկցութիւն արտացոլացնող գործ մը
1 Յիսուս նկատեց որ իր պատգամին ականջ տուող մարդիկը «յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթ. 9։36) Քնքշութեամբ ու սիրով, ան Եհովայի ճամբաները անոնց սորվեցուց, զանոնք մխիթարեց եւ անոնց հոգեւոր կարիքները լեցուց։ Յիսուսի կերպերուն մասին խորհրդածելով, կը սորվինք իրեն պէս մտածել ու զգալ, իսկ կարեկցութեան այս յատկութիւնը բացայայտ կ’ըլլայ մեր ծառայութեան մէջ։
2 Պահ մը խորհէ թէ Յիսուս ի՛նչպէս ընդառաջեց, երբ օգնութեան մեծ կարիք ունեցող անհատներ իրեն մօտեցան։ (Ղուկ. 5։12, 13. 8։43-48) Ան մասնայատուկ պարագաներ ունեցողներուն հանդէպ նկատառու էր։ (Մար. 7։31-35) Ան ուրիշներու զգացումները չէր անտեսեր եւ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր։ Ան դրսերեւոյթէն անդին կը նայէր։ (Ղուկ. 7։36-40) Արդարեւ Յիսուս մեր Աստուծոյն գթառատ ողորմութիւնը կատարելապէս արտացոլացուց։
3 «Գթաց». Յիսուս իր ծառայութիւնը չկատարեց առ ի պարտականութիւն։ Ան «գթաց» մարդոց վրայ։ (Մար. 6։34, ԱՎ) Նոյնպէս այսօր, մենք պարզապէս պատգամ մը չենք հաղորդեր, այլ՝ կը փորձենք թանկագին կեանքեր փրկել։ Ջանա՛ հասկնալ թէ մարդոց այս կամ այդ ընդառաջումին պատճառը ի՛նչ է։ Անոնք ինչո՞ւ մտահոգ կամ մտազբաղ են։ Անոնք կրօնական կեղծ հովիւներու կողմէ անտեսուած ու խաբուա՞ծ են։ Ուրիշներու հանդէպ մեր ցուցաբերած անկեղծ հետաքրքրութիւնը կրնայ զիրենք մղել որ բարի լուրին ականջ տան։—Բ. Կորն. 6։4, 6
4 Կարեկցութիւնը սիրտին կը դպչի։ Լուսաբանենք. կին մը իր երեք ամսու աղջնակը կորսնցուցած էր, երբ երկու Վկաներ իր դուռը զարկին։ Ան զիրենք ներս հրաւիրեց, որպէսզի հերքէ անոնց պատճառաբանութիւնները թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ։ Սակայն, հետագային կինը ըսաւ. «Անոնք կարեկցաբար ինծի մտիկ ըրին, եւ երբ պիտի մեկնէին, ա՛յնքան հանգիստ զգացի որ ուզեցի որ դարձեալ այցելեն»։ Կը ջանա՞ս կարեկցիլ իւրաքանչիւր անհատի, որուն կը հանդիպիս ծառայութեան մէջ։
5 Կարեկցութիւն մշակելը մեզի պիտի օգնէ որ ուրիշներուն իսկական մխիթարութիւն տանք։ Ասիկա ընելով, «գթութեան Հայրը»՝ Եհովան կը փառաւորենք։—Բ. Կորն. 1։3