Կարեկից ըլլանք
«Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։12
1. Ինչո՞ւ կարեկցութեան մեծ կարիք կայ այսօր։
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ մէջ բնաւ չէ պատահած որ այսքան շատ մարդիկ կարեկից օժանդակութեան կարիքը ունենան։ Հիւանդութիւն, անօթութիւն, անգործութիւն, ոճիր, պատերազմներ, անիշխանութիւն եւ բնական աղէտներ դիմագրաւելով, միլիոնաւոր անհատներ օգնութեան կարիքը ունին։ Բայց աւելի լուրջ խնդիր մը կայ. մարդկութեան յուսահատ հոգեւոր վիճակը։ Սատանան, գիտնալով որ իր ժամանակը քիչ է, ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’։ (Յայտնութիւն 12։9, 12) Հետեւաբար, յատկապէս Քրիստոնէական ճշմարիտ ժողովքէն դուրս եղողները իրենց կեանքերը կորսնցնելու վտանգին մէջ են եւ, ըստ Աստուածաշունչին, յարութեան յոյս մը չկայ անոնց համար, որոնք պիտի բնաջնջուին Աստուծոյ կողմէ գալիք դատաստանի օրուան ընթացքին։—Մատթէոս 25։31-33, 41, 46. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9
2. Եհովա ինչո՞ւ ամբարիշտները կործանելէ ետ կեցած է։
2 Այսուհանդերձ, մինչեւ հիմա, Եհովա Աստուած կը շարունակէ ապերախտներուն ու չարերուն հանդէպ համբերութիւն ու կարեկցութիւն ցուցաբերել։ (Մատթէոս 5։45. Ղուկաս 6։35, 36) Ան այսպէս կը վարուի նոյն պատճառով որ ուշացուց անհաւատարիմ Իսրայէլ ազգին պատիժը։ «‘Ես կենդանի եմ’, կ’ըսէ Տէր Եհովան, ‘որ ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ Դարձէ՛ք, դարձէ՛ք ձեր չար ճամբաներէն։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’»։—Եզեկիէլ 33։11
3. Իր ժողովուրդէն չեղողներուն հանդէպ Եհովայի կարեկցութեան մասին ի՞նչ օրինակ ունինք, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։
3 Եհովայի կարեկցութիւնը մինչեւ ամբարիշտ Նինուէցիներուն հասաւ։ Եհովա իր Յովնան մարգարէն ղրկեց, որ զանոնք ազդարարէ վերահաս կործանումի դէմ։ Անոնք Յովնանի քարոզչութեան դրականօրէն ընդառաջեցին ու զղջացին։ Ասիկա մղեց կարեկից Աստուածը՝ Եհովան՝ որ այդ ժամանակ այդ քաղաքը կործանելէ ետ կենայ։ (Յովնանու 3։10. 4։11) Եթէ Աստուած Նինուէցիներուն վրայ խղճաց, որոնք յարուցանուելու հաւանականութիւնը ունեցած պիտի ըլլային, որքա՜ն աւելի ան կարեկցութիւն զգալու է այն մարդոց հանդէպ, որոնք ներկայիս յաւիտենական կործանում մը կը դիմագրաւեն։—Ղուկաս 11։32
Կարեկցութեան Աննախընթաց Գործ մը
4. Եհովա ներկայիս մարդոց հանդէպ ինչպէ՞ս կարեկցութիւն կ’արտայայտէ։
4 Իր կարեկից անձնաւորութեան համաձայն, Եհովա յանձնարարած է իր Վկաներուն որ շարունակեն ‘արքայութեան աւետարան’ով իրենց դրացիներուն այցելել։ (Մատթէոս 24։14) Իսկ երբ մարդիկ գնահատանքով կ’ընդառաջեն այս կենարար գործին, Եհովա անոնց սրտերը կը բանայ, որպէսզի անոնք Թագաւորութեան պատգամը ըմբռնեն։ (Մատթէոս 11։25. Գործք 16։14) Իրենց Աստուածը ընդօրինակելով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կարեկցութիւն կը ցուցաբերեն հետաքրքրուող անհատներուն վերայցելելով եւ ուր կարելի է, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ անոնց օգնելով։ Այսպիսով, 1993–ին, 231 երկիրներու մէջ, չորսուկէս միլիոնէ աւելի Եհովայի Վկաներ աւելի քան մէկ միլիառ ժամեր յատկացուցին տունէ տուն քարոզելու եւ իրենց դրացիներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար։ Այս նոր հետաքրքրուողները, իրենց կարգին, պատեհութիւնը ունին իրենց կեանքերը Եհովայի նուիրելու եւ իր մկրտուած Վկաներուն շարքերուն միանալու։ Ուստի, անոնք ալ կարեկցութեան այս աննախընթաց գործը կատարելու պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեն ապագացու աշակերտներուն ի նպաստ, որոնք տակաւին Սատանայի մահամերձ աշխարհէն բռնուած են։—Մատթէոս 28։19, 20. Յովհաննու 14։12
5. Երբ Աստուծոյ կարեկցութիւնը իր սահմանին հասնի, ի՞նչ պիտի պատահի Աստուած սխալ ներկայացնող կրօնքին։
5 Եհովա շուտով գործի պիտի լծուի որպէս «հզօր պատերազմող» մը։ (Ելից 15։3) Իր անուանը համար ու իր ժողովուրդին հանդէպ կարեկցութենէ մղուած, ան չարութիւնը մէջտեղէն պիտի վերցնէ եւ արդար նոր աշխարհ մը պիտի հաստատէ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Աստուծոյ բարկութեան օրէն առաջին ազդուողները պիտի ըլլան Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները։ Ինչպէս որ Աստուած Երուսաղէմի Իր տաճարը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքէն չխնայեց, նոյնպէս ան պիտի չխնայէ կրօնական կազմակերպութիւնները որոնք սխալ ներկայացուցած են զինք։ Աստուած Միացեալ Ազգերու անդամներուն սրտին մէջ պիտի դնէ, որ աւերեն Քրիստոնեայ Աշխարհը ու սուտ կրօնքի մնացեալ բոլոր ձեւերը։ (Յայտնութիւն 17։16, 17) Եհովա կը յայտարարէ. «Ուստի իմ աչքս ա՛լ պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. իրենց հատուցումը իրենց գլուխը պիտի բերեմ»։—Եզեկիէլ 9։5, 10
6. Եհովայի Վկաները ի՞նչ կերպերով կարեկցութիւն ցուցաբերելու կը մղուին։
6 Մինչ տակաւին ժամանակ կայ, Եհովայի Վկաները կը շարունակեն իրենց դրացիներուն հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերել, Աստուծոյ փրկութեան պատգամը նախանձախնդրութեամբ քարոզելով։ Իսկ բնականօրէն, ուր կարելի է, անոնք նաեւ կ’օգնեն նիւթական կարիքի մէջ եղող մարդոց։ Սակայն, այս մարզին մէջ, անոնց առաջին պատասխանատուութիւնն է իրենց ընտանիքի անդամներուն եւ հաւատքի ընտանիներուն կարիքներուն հոգ տանիլ։ (Գաղատացիս 6։10. Ա. Տիմոթէոս 5։4, 8) Այլազան աղէտներէ տառապած իրենց հաւատակիցներուն ի նպաստ Եհովայի Վկաներու կատարած շատ մը նպաստները կարեկցութեան ուշագրաւ օրինակներ եղած են։ Այսուհանդերձ, Քրիստոնեաները տագնապի մը սպասելու պէտք չունին կարեկցութիւն ցուցաբերելու համար։ Անոնք այս յատկութիւնը արագօրէն կը յայտնաբերեն առօրեայ կեանքի վերիվայրումներուն հետ գլուխ ելլելու մէջ։
Նոր Անձնաւորութեան Մէկ Մասը
7. (ա) Կողոսացիս 3։8-13–ին մէջ, կարեկցութիւնը նոր անձնաւորութեան հետ ինչպէ՞ս կապուած է։ (բ) Գութը ի՞նչ ընելը աւելի դիւրին կը դարձնէ Քրիստոնեաներուն համար։
7 Ճիշդ է որ մեր մեղաւոր բնոյթը եւ Սատանայի աշխարհին գէշ ազդեցութիւնը կարեկից ըլլալու խոչընդոտներ են։ Այդ պատճառով է որ Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ որ մէկդի ձգենք «բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը, հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը»։ Այլ, խրատ կը տրուի մեզի որ ‘նոր անձնաւորութիւնը հագնինք’, անձնաւորութիւն մը որ Աստուծոյ պատկերին համաձայն է։ Ամէն բանէ առաջ, պատուէր կը տրուի մեզի որ «գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը» հագնինք։ Ապա Աստուածաշունչը այս յատկութիւնները ցուցաբերելու գործնական կերպ մը ցոյց կու տայ մեզի. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս [Եհովա (ՆԱ)] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք»։ Եթէ մեր եղբայրներուն հանդէպ «գութ» ու «ողորմութիւն» մշակած ենք, շատ աւելի դիւրութեամբ պիտի ներենք։—Կողոսացիս 3։8–13
8. Ինչո՞ւ կարեւոր է ներող հոգի մը ունենալ։
8 Միւս կողմէն, կարեկից ներում ցուցաբերելու մէջ թերանալը Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը կը վտանգէ։ Յիսուս ասիկա ուժգնօրէն ցոյց տուաւ չներող ծառային մասին իր տուած առակին մէջ, որու տէրը բանտարկել տուաւ զայն «մինչեւ որ բոլոր պարտքը վճարէ»։ Ծառան այս վերաբերմունքին արժանի էր, քանի որ ան գայթակղեցուցիչ կերպով թերացաւ ողորմութիւն խնդրած ծառայակիցի մը հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերելու մէջ։ Յիսուս այս առակը եզրափակեց, ըսելով. «Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։—Մատթէոս 18։34, 35
9. Կարեկցութիւնը ի՞նչ կապ ունի նոր անձնաւորութեան ամենէն կարեւոր երեսակին հետ։
9 Կարեկից ըլլալը սիրոյ կարեւոր մէկ երեսակն է։ Իսկ սէրը ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը յատկորոշող նշանն է։ (Յովհաննու 13։35) Անոր համար, նոր անձնաւորութեան մասին Աստուածաշունչի նկարագրութիւնը հետեւեալ բառերով կ’եզրափակուի. «Այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։—Կողոսացիս 3։14
Նախանձիլը՝ Կարեկցութեան Խոչընդոտ մը
10. (ա) Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ որ նախանձը արմատ բռնէ մեր սրտերուն մէջ։ (բ) Ի՞նչ գէշ հետեւանքներ կրնան նախանձելէն յառաջ գալ։
10 Մեր մեղաւոր մարդկային բնոյթին պատճառաւ, նախանձի զգացումները կրնան դիւրաւ արմատ բռնել մեր սրտերուն մէջ։ Եղբայր մը կամ քոյր մը թերեւս բնական կարողութիւններով օժտուած է կամ նիւթական առաւելութիւններ ունի զորս մենք չունինք։ Կամ թերեւս մէկը հոգեւոր մասնաւոր օրհնութիւններ եւ առանձնաշնորհումներ ստացած է։ Եթէ մենք անոնց նախանձինք, կարող պիտի ըլլա՞նք անոնց հետ կարեկցութեամբ վարուիլ։ Հաւանաբար ո՛չ։ Այլ, նախանձի զգացումները կրնան վերջապէս քննադատական խօսակցութեամբ կամ անազնիւ արարքներով ի յայտ գալ, քանի որ Յիսուս մարդոց մասին ըսաւ. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ (Ղուկաս 6։45) Ուրիշներ կրնան այսպիսի քննադատութեան մէջ կողմ բռնել։ Այսպիսով ընտանիքի մը կամ Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքի մը խաղաղութիւնը կրնայ խանքարուիլ։
11. Յովսէփի տասը եղբայրները ինչպէ՞ս իրենց սրտերուն մէջ կարեկցութեան տեղ չձգեցին, եւ ի՞նչ հետեւանքով։
11 Նկատի առէք թէ ի՛նչ պատահեցաւ մեծ ընտանիքի մը մէջ։ Յակոբի տասը մեծ զաւակները իրենց կրտսեր եղբօրը՝ Յովսէփին՝ նախանձեցան, քանի որ ան իրենց Հօր նախասիրածն էր։ Հետեւաբար, անոնք չէին կրնար «խաղաղութեամբ ... խօսիլ անոր հետ»։ Հետագային, Յովսէփ օրհնուեցաւ աստուածային երազներ ստանալով, ինչ որ փաստեց որ ան Եհովայի հաճութիւնը կը վայելէր։ Այս պատճառով, անոր եղբայրները «աւելի ատեցին զանիկա»։ Քանի որ անոնք իրենց սրտերէն նախանձը արմատախիլ չըրին, անիկա կարեկցութեան տեղ չձգեց ու լուրջ մեղքի առաջնորդեց զանոնք։—Ծննդոց 37։4, 5, 11
12, 13. Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ նախանձի զգացումները մեր սրտին մէջ մտնեն։
12 Անգութօրէն, անոնք Յովսէփը ծախեցին որպէս ստրուկ։ Իրենց յանցագործութիւնը ծածկել փորձելով, անոնք իրենց հայրը խաբեցին, խորհիլ տալով որ Յովսէփ գազանի մը կողմէ սպաննուած էր։ Տարիներ ետք, անոնց մեղքը ի յայտ եկաւ, երբ սովը ստիպեց զանոնք որ Եգիպտոս երթան ու կերակուր ծախու առնեն։ Ուտելիքի մատակարարը, որու անոնք չճանչցան թէ Յովսէփն էր, լրտեսութեամբ ամբաստանեց զանոնք եւ ըսաւ անոնց որ իր օգնութեան կրկին չդիմեն, եթէ իրենց կրտսեր եղբայրը՝ Բենիամինը՝ չբերեն։ Այդ ժամանակ, Բենիամինը իրենց հօր նախասիրածը եղած էր եւ անոնք գիտէին որ Յակոբ պիտի չուզէր ղրկել զայն։
13 Ուստի, մինչ Յովսէփի դիմաց կեցած էին, անոնց խիղճը մղեց զիրենք որ հետեւեալը ընդունին. «Իրաւցընէ մեր եղբօրը [Յովսէփի] հանդէպ յանցաւոր ենք. վասնզի մենք տեսանք անոր հոգիին նեղութիւնը՝ երբ ինք մեզի աղաչեց, բայց մտիկ չըրինք՝ ատոր համար այս նեղութիւնը մեր վրայ եկաւ»։ (Ծննդոց 42։21) Իր կարեկից, բայց հաստատամիտ վերաբերմունքով, Յովսէփ օգնեց իր եղբայրներուն որ իրենց զղջումին անկեղծութիւնը փաստեն։ Ապա ան իր ինքնութիւնը յայտնեց եւ առատաձեռնօրէն ներեց անոնց։ Ընտանիքի միութիւնը վերահաստատուեցաւ։ (Ծննդոց 45։4-8) Մենք՝ Քրիստոնեաներս՝ ասկէ դաս մը պէտք է սորվինք։ Նախանձելուն գէշ հետեւանքները գիտնալով, Եհովայի պէտք է աղօթենք օգնութիւն ստանալու համար, որպէսզի նախանձի զգացումները «գութ»ով եւ «ողորմութիւն»ով փոխարինենք։
Կարեկցութեան Ուրիշ Խոչընդոտներ
14. Բռնութեան անհարկիօրէն ենթակայ ըլլալէ ինչո՞ւ պէտք է խուսափինք։
14 Կարեկից ըլլալու ուրիշ խոչընդոտ մը կրնայ յառաջ գալ մենք մեզ անտեղիօրէն բռնութեան ենթակայ ընելով։ Բռնութիւն հրահրող մարզանքներն ու զբօսանքը արիւն տեսնելու ցանկութիւնը յառաջ կը մղեն։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, հեթանոսները Հռովմէական Կայսրութեան կրկէսներուն մէջ կանոնաւորաբար սուսերամարտական մրցումներ եւ մարդկային չարչարանքի այլ ձեւեր կը դիտէին։ Ըստ պատմաբանի մը, այսպիսի զբօսանք մը «տառապանքի հանդէպ համակրական զգացումները փճացուց, որոնք մարդը կը զատորոշեն անասուններէն»։ Արդի աշխարհի զբօսանքներուն մեծամասնութիւնը նոյն ազդեցութիւնը ունի։ Քրիստոնեաները, որոնք կը ջանան կարեկից ըլլալ, մեծապէս ընտրողական պէտք է ըլլան իրենց ընթերնելիք նիւթերուն, շարժանկարներուն եւ հեռատեսիլի յայտագիրներուն մէջ։ Անոնք իմաստութեամբ իրենց մտքին մէջ կը պահեն Սաղմոս 11։5–ի խօսքերը. «[Եհովա] կ’ատէ ... բռնութիւն սիրողը»։
15. (ա) Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ կարեկցութիւն ցուցաբերելու մէջ լրջօրէն թերանալ։ (բ) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն հաւատակիցներուն եւ դրացիներուն կարիքներուն։
15 Անձնակեդրոն անհատն ալ հաւանաբար կարեկցութիւն ցուցաբերելու մէջ թերանայ։ Ասիկա լուրջ բան մըն է, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ կը բացատրէ. «Ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը [կարեկցութիւնները (ՆԱ)] անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ»։ (Ա. Յովհաննու 3։17) Յիսուսի բարի Սամարացիին առակին մէջ, ինքնարդար քահանան ու Ղեւտացին նոյնանման կարեկցութիւն ցուցաբերելու մէջ թերացան։ Կիսամեռ Հրեայ եղբօր գէշ վիճակը տեսնելով, անոնք ճամբուն միւս կողմը անցան ու իրենց ճամբան շարունակեցին։ (Ղուկաս 10։31, 32) Բայց կարեկից Քրիստոնեաները իրենց եղբայրներուն նիւթական ու հոգեւոր կարիքներուն արագօրէն կ’ընդառաջեն։ Իսկ Յիսուսի առակին մէջ յիշուած Սամարացիին նման, անոնք օտարականներու կարիքներով ալ կը հետաքրքրուին։ Ուստի, անոնք իրենց ժամանակէն, կորովէն եւ նիւթական միջոցներէն ուրախութեամբ կու տան աշակերտելու գործը յառաջ տանելու համար։ Այս կերպով, անոնք միլիոնաւորներու փրկութեան կը նպաստեն։—Ա. Տիմոթէոս 4։16
Հիւանդներուն Հանդէպ Կարեկցութիւն
16. Ի՞նչ սահմանափակումներ կը դիմագրաւենք հիւանդութեան պարագաներու առնչութեամբ։
16 Անկատար, մահկանացու մարդկութիւնը հիւանդութեան ենթակայ է։ Քրիստոնեաները բացառութիւն չեն կազմեր եւ անոնց մեծամասնութիւնը բժիշկներ չեն, ո՛չ ալ անոնք կրնան հրաշքներ կատարել, ինչպէս նախկին Քրիստոնեաներէն ոմանք ըրին, որոնք Քրիստոսէն եւ իր առաքեալներէն այսպիսի զօրութիւններ ստացած էին։ Քրիստոսի առաքեալներուն եւ անոնց անմիջական ընկերակիցներուն մահով, այսպիսի հրաշալի զօրութիւններ խափանեցան։ Հետեւաբար, ֆիզիքական հիւանդութենէ, մէջը ըլլալով՝ ուղեղային խանգարումէ եւ մտամոլորութենէ, տառապողներուն օգնելու մեր կարողութիւնը սահմանափակ է։—Գործք 8։13, 18. Ա. Կորնթացիս 13։8
17. Հիւանդ ու սգաւոր Յոբին տրուած վերաբերմունքէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։
17 Յաճախ հիւանդութեան կ’ընկերանայ ընկճուածութիւնը։ Օրինակի համար, աստուածավախ Յոբ շատ ընկճուած էր իր վրայ Սատանային բերած ծանր հիւանդութեան ու չարիքներուն պատճառաւ։ (Յոբ 1։18, 19. 2։7. 3։3, 11-13) Ան այնպիսի բարեկամներու կարիքը ունէր, որոնք իրեն հետ կարեկցութեամբ վարուէին ու ‘մխիթարէին’ զինք։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Ասոր փոխարէն, երեք կեղծ մխիթարիչներ իրեն այցելեցին եւ շտապով սխալ եզրակացութիւններու հանգեցան։ Անոնք Յոբի ընկճուած վիճակը սաստկացուցին, թելադրելով որ այդ չարիքները իր որոշ յանցանքին պատճառաւ են։ Կարեկից ըլլալով, Քրիստոնեաները նոյնանման որոգայթի մէջ իյնալէ պէտք է խուսափին, երբ հաւատակիցները հիւանդ կամ ընկճուած են։ Երբեմն, այսպիսիներ երէցներու կամ ուրիշ հասուն Քրիստոնեաներու կողմէ տրուած մի քանի ազնիւ այցելութիւններու կարիքը ունին, որոնք կարեկցութեամբ մտիկ ընեն զիրենք, հասկացողութիւն ցուցաբերեն եւ սուրբ գրային սիրալիր խրատներ տան։—Հռովմայեցիս 12։15. Յակոբու 1։19
Տկարներուն Հանդէպ Կարեկցութիւն
18, 19. (ա) Երէցները ինչպէ՞ս պէտք է վարուին տկարներուն կամ սխալ գործողներուն հետ։ (բ) Նոյնիսկ եթէ անհրաժեշտ է որ դատական յանձնախումբ մը կազմուի, ինչո՞ւ կարեւոր է որ երէցները կարեկցութեամբ վարուին յանցագործներուն հետ։
18 Երէցները մասնաւորաբար կարեկից պէտք է ըլլան։ (Գործք 20։29, 35) «Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք», կը պատուիրէ Աստուածաշունչը։ (Հռովմայեցիս 15։1) Անկատար ըլլալով, բոլորս ալ սխալներ կը գործենք։ (Յակոբու 3։2) Քնքշութեամբ պէտք է վարուիլ այն մէկուն հետ, որ ‘սխալ քայլ մը կ’առնէ առանց անդրադառնալու’։ (Գաղատացիս 6։1, ՆԱ) Երէցները բնաւ պիտի չուզեն ինքնարդար Փարիսեցիներուն նմանիլ, որոնք Աստուծոյ Օրէնքը կիրարկելուն մէջ անտրամաբանական էին։
19 Անոնց հակառակը, երէցները Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի կարեկից օրինակներուն կը հետեւին։ Անոնց գլխաւոր գործն է Աստուծոյ ոչխարները սնուցանել, քաջալերել եւ կազդուրել։ (Եսայեայ 32։1, 2) Փոխանակ շատ մը կանոններով հարցերը ձեռք առնել փորձելու, անոնք Աստուծոյ Խօսքին ընտիր սկզբունքներուն կը դիմեն։ Հետեւաբար, երէցներուն պաշտօնը պէտք է ըլլայ իրենց եղբայրները կերտել, անոնց սրտերը ուրախացնել եւ անոնց մէջ Եհովայի բարութեան հանդէպ գնահատանք մշակել։ Եթէ հաւատակից մը պզտիկ սխալ մը ընէ, երէց մը սովորաբար զինք սրբագրելէ պիտի խուսափի, երբ ուրիշներ կրնան լսել։ Եթէ խօսիլը անհրաժեշտ է, կարեկցութեան զգացումները պիտի մղեն երէցը որ այն անհատը մէկ կողմ քաշէ ու խնդիրը նկատի առնէ ուրիշներու լսողութենէն հեռու։ (Բաղդատել Մատթէոս 18։15։) Անհատի մը հետ վարուիլը որքան ալ դժուար ըլլայ, երէց մը համբերութեամբ ու օգնելու մտքով պէտք է մօտենայ։ Ան բնաւ պիտի չուզէ չքմեղանքներ փնտռել, որպէսզի այնպիսի անհատ մը ժողովքէն վտարէ։ Նոյնիսկ երբ անհրաժեշտ է դատական յանձնախումբ մը կազմել, երէցները կարեկցութեամբ պիտի վարուին լուրջ յանցանք գործած անհատին հետ։ Անոնց ազնուութիւնը կրնայ օգնել որ ան զղջայ։—Բ. Տիմոթէոս 2։24–26
20. Կարեկցութեան զգացական արտայայտութիւնները ե՞րբ անյարմար են, եւ ինչո՞ւ։
20 Սակայն, ատեններ կան, երբ Եհովայի ծառայ մը չի կրնար կարեկցութիւն ցուցաբերել։ (Բաղդատել Բ. Օրինաց 13։6-9։) Քրիստոնեայի մը համար, վտարուած սերտ ընկերոջ մը կամ ազգականի մը հետ «չխառնուիլ»ը կրնայ իրական փորձ մը ըլլալ։ Այս պարագային, կարեւոր է որ անհատը խղճի զգացումներուն անձնատուր չըլլայ։ (Ա. Կորնթացիս 5։11-13) Այսպիսի հաստատամտութիւն կրնայ նոյնիսկ քաջալերել յանցագործը որ զղջայ։ Ասկէ զատ, հակառակ սեռի հետ վարուելու ատեն, Քրիստոնեաները կարեկցութեան անյարմար յայտնաբերումներէ պէտք է խուսափին, որոնք կրնան սեռային անբարոյութեան առաջնորդել։
21. Ուրիշ ի՞նչ մարզերու մէջ կարեկցութիւն ցուցաբերելու կարիքը ունինք, եւ օգուտները ի՞նչ են։
21 Բաւարար տեղ չունինք նկատի առնելու այն բոլոր մարզերը որոնց մէջ կարեկցութիւն ցուցաբերելու կարիքը կայ, երբ տարեցներուն, սգաւորներուն, անհաւատ կողակիցներէն հալածուողներուն հետ շփում կ’ունենանք։ Ծանր աշխատող երէցներուն հետ ալ կարեկցութեամբ պէտք է վարուիլ։ (Ա. Տիմոթէոս 5։17) Զանոնք յարգենք ու անոնց թիկունք կանգնինք։ (Եբրայեցիս 13։7, 17) ‘Ամէնքդ ... կարեկից եղէք’, գրեց Պետրոս առաքեալ։ (Ա. Պետրոս 3։8) Ամէն անգամ որ հարկ ըլլայ, այսպէս վարուելով, ժողովքէն ներս միութիւն եւ ուրախութիւն կը խրախուսենք եւ դրսեցիները ճշմարտութեան կը քաշենք։ Բայց ամէն բանէ աւելի, այսպիսով մեր կարեկից Հայրը՝ Եհովան՝ կը պատուենք։
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Եհովա մեղաւոր մարդկութեան հանդէպ ինչպէ՞ս կարեկցութիւն կը ցուցաբերէ։
◻ Ինչո՞ւ կարեւոր է կարեկից ըլլալ։
◻ Կարեկից ըլլալու կարգ մը խոչընդոտները ի՞նչ են։
◻ Հիւանդներուն ու ընկճուածներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք։
◻ Որո՞նք մասնաւորաբար կարեկից պէտք է ըլլան, եւ ինչո՞ւ։
[Նկար՝ էջ 14]
Բռնութեան ենթակայ ըլլալը, զոր օրինակ, հեռատեսիլին միջոցաւ, կարեկցութիւնը կը տկարացնէ
[Նկարներ՝ էջ 15]
231 երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները կարեկցութեան աննախընթաց գործ մը կը կատարեն մարդոց տուներուն մէջ, փողոցներուն մէջ, նոյնիսկ բանտերուն մէջ
[Էջ 19–ի շրջագիծը]
ԱՆԿԱՐԵԿԻՑ ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ
ՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՆ Շաբաթ օրուան նպատակն էր որ Աստուծոյ ժողովուրդին համար հոգեւոր ու ֆիզիքական օրհնութիւն մը ըլլար։ Սակայն, Հրեայ կրօնական առաջնորդները շատ մը կանոններ դրին որոնք Աստուծոյ Շաբաթ օրուան օրէնքը անպատուեցին եւ զայն բեռ մը դարձուցին ժողովուրդին։ Զոր օրինակ, եթէ մէկը արկածի մը հանդիպէր կամ հիւանդութենէ մը տառապէր, օգնութիւն չէր կրնար ստանալ Շաբաթ օրը, բացի եթէ իր կեանքը վտանգի ենթարկուած էր։
Փարիսեցիներուն մէկ խումբը այնքան անթեք էր Շաբաթ օրուան օրէնքին իր բացատրութեան մէջ որ ըսաւ. «Մէկը պէտք չէ սգաւորները մխիթարէ, ո՛չ ալ հիւանդներուն այցելէ Շաբաթ օրը»։ Ուրիշ կրօնական առաջնորդներ արտօնեցին այսպիսի այցելութիւններ Շաբաթ օրը, բայց պայման դրին. «Արցունքները արգիլուած են»։
Արդ, Յիսուս արդարօրէն դատապարտեց Հրեայ կրօնական առաջնորդները, քանի որ անտեսեցին Օրէնքին աւելի կարեւոր պահանջները, ինչպէս՝ արդարութիւնը, սէրը եւ ողորմութիւնը։ Զարմանալի չէ որ ան Փարիսեցիներուն ըսաւ. «Աստուծոյ խօսքը կը խափանէք ձեր աւանդութիւնովը»։—Մարկոս 7։8, 13. Մատթէոս 23։23. Ղուկաս 11։42