«Գթա՛ծ» եղէք
1. Ներկայիս մարդիկ ի՞նչ բանի մեծ կարիք ունին։
1 Ներկայիս աննախընթաց կերպով շատե՜ր կարեկից օժանդակութեան մեծ կարիք ունին։ Աշխարհի վատթարացած վիճակները ամէնուրեք պատճառած են ապերջանկութեան, ընկճուածութեան եւ յուսահատութեան զգացումներ։ Միլիոնաւորներ օգնութեան պէտք ունին. եւ մենք որպէս քրիստոնեաներ, ի վիճակի ենք մեր դրացիին հանդէպ իսկական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու (Մատ. 22։39. Գաղ. 6։10)։ Ինչպէ՞ս։
2. Կարեկցութիւն ցոյց տալու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։
2 Կարեկցութեան գործ մը։ Աստուած իսկական եւ մնայուն մխիթարութեան միակ Աղբիւրն է (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Եհովա մեզ կը յորդորէ որ զինք ընդօրինակենք, «գթած» կամ խորապէս կարեկցող ըլլալով, եւ ան մեզ յանձնարարած է որ Թագաւորութեան բարի լուրով մեր դրացիներուն այցելենք (Ա. Պետ. 3։8, ԱԾ)։ Այս գործին մէջ գործօն մասնակցութիւն բերելը, «կոտրած սիրտ ունեցողները» մխիթարելու լաւագոյն կերպն է, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տառապող մարդկութեան միակ իսկական յոյսն է (Եսա. 61։1)։ Իր ժողովուրդին հանդէպ կարեկցութենէ մղուած՝ Եհովա շուտով պիտի գործէ, որպէսզի չարութիւնը մէջտեղէն վերցնէ եւ արդար նոր աշխարհ մը հաստատէ (Բ. Պետ. 3։13)։
3. Յիսուսի նման, ինչպէ՞ս կրնանք մարդիկը նկատել։
3 Մարդիկը նկատել ինչպէս որ Յիսուս նկատեց։ Նոյնիսկ երբ բազմութիւններու կը քարոզէր, Յիսուս զանոնք պարզապէս խումբ մը մարդիկ չնկատեց, այլ՝ հոգեւոր կարիքներ ունեցող անհատներ։ Անոնք հովիւ չունեցող ոչխարներու նման էին։ Յիսուս իր տեսածով յուզուեցաւ եւ մղուեցաւ անոնց համբերութեամբ սորվեցնելու (Մար. 6։34)։ Մարդոց հանդէպ Յիսուսի տեսակէտը ունենալը, մեզ պիտի քաջալերէ որ անհատապէս անոնց հանդէպ իսկական կարեկցութիւն դրսեւորենք։ Ասիկա մեր ձայնի թոնէն եւ դէմքի արտայայտութիւններէն բացայայտ պիտի ըլլայ։ Քարոզչութիւնը մեր առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ եւ իւրաքանչիւրին անհատական մտահոգութիւններուն պիտի յարմարցնենք մեր խօսքերը (Ա. Կոր. 9։19-23)։
4. Ինչո՞ւ գութն ու կարեկցութիւնը պէտք է հագուինք։
4 Բոլոր ազգերէն մեծ բազմութիւն մը, Թագաւորութեան պատգամին եւ իրենց հանդէպ ցուցաբերուած թարմացուցիչ հետաքրքրութեան կ’ընդառաջեն։ Մինչ կը շարունակենք գութն ու կարեկցութիւնը հագուիլ, պիտի պատուենք եւ հաճեցնենք մեր կարեկից Աստուածը՝ Եհովան (Կող. 3։12)։