Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 1/1 էջ 30-31
  • Եղիա ճշմարիտ Աստուածը կը փառաւորէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եղիա ճշմարիտ Աստուածը կը փառաւորէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երկու Հակառակորդներ Իրարու կը Հանդիպին
  • Եհովա կը Փառաւորուի
  • Դաս մը՝ Մեզի Համար
  • Ան պաշտպանեց մաքուր պաշտամունքը
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Եղիայի նման հաւատարիմ պիտի ըլլա՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ան մխիթարութիւն գտաւ իր Աստուծոյն քով
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Ան դիտեց եւ սպասեց
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 1/1 էջ 30-31

Անոնք Եհովայի կամքը կատարեցին

Եղիա ճշմարիտ Աստուածը կը փառաւորէ

ԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ մէջ ամենաշատ փնտռուած մարդն էր։ Եթէ թագաւորը զինք գտնէր, անկասկած մահուան պիտի դատապարտէր։ Ո՞վ էր այս մարդը, որու ետեւէն ինկած էին։ Անիկա Եհովայի մարգարէն՝ Եղիան էր։

Աքաաբ Թագաւորը ու իր հեթանոս կինը՝ Յեզաբէլ, Իսրայէլի մէջ Բահաղի պաշտամունքին ուռճացման պատճառ դարձած էին։ Առ ի հետեւանք, Եհովա երկրին վրայ երաշտ բերած էր եւ արդէն չորրորդ տարին էր։ Յեզաբէլ զայրացած Եհովայի մարգարէները մեռցնելու ելաւ, մինչ Աքաաբ յատկապէս Եղիան կը փնտռէր։ Եղիան էր որ աւելի քան երեք տարիներ առաջ Աքաաբին ըսած էր. «Այս տարիներուն մէջ ցօղ ու անձրեւ պիտի չգայ առանց իմ խօսքիս»։ (Գ. Թագաւորաց 17։1) Ասոր յաջորդող երաշտը տակաւին կը շարունակուէր։

Այս վտանգաւոր կացութեան մէջ, Եհովա Եղիային ըսաւ. «Գնա՛, Աքաաբին երեւցի՛ր ու երկրի վրայ անձրեւ պիտի տամ»։ Իր կեանքը մեծապէս վտանգելով, Եղիա Եհովայի պատուէրին հնազանդեցաւ։—Գ. Թագաւորաց 18։1, 2

Երկու Հակառակորդներ Իրարու կը Հանդիպին

Աքաաբ Եղիան տեսածին պէս՝ հարցուց. «Իսրայէլը նեղութեան մէջ ձգողը դո՞ւն ես»։ Եղիա խիզախօրէն պատասխանեց. «Իսրայէլը ես չնեղեցի, հապա դուն ու քու հօրդ տունը. քանզի Տէրոջը պատուիրանքները թողուցիք ու Բահաղիմին ետեւէն գացիք»։ Ապա Եղիա թելադրեց որ բոլոր Իսրայէլ Կարմեղոս Լեռը հաւաքուի, մէջը ըլլալով «Բահաղի չորս հարիւր յիսուն մարգարէներ»ը ու «Աստարովթի չորս հարիւր մարգարէները»։ Ապա Եղիա իր խօսքերը ամբոխին ուղղելով ըսաւ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք.a եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է անոր ետեւէն գացէք»։—Գ. Թագաւորաց 18։17-21

Ժողովուրդը լուռ էր։ Թերեւս կը գիտակցէին որ Եհովայի բացարձակ պաշտամունք տալու մէջ թերացած էին։ (Ելից 20։4, 5) Կամ ալ անոնց խղճմտանքը այնքան խանձուած էր որ թէ՛ Եհովայի եւ թէ Բահաղի հաւատարմութիւն ցոյց տալը մեղք չէին սեպեր։ Ինչ որ ալ ըլլար պարագան, Եղիա ժողովուրդին պատուիրեց որ երկու զուարակ բերեն. մէկը Բահաղի մարգարէներուն, իսկ միւսը՝ իրեն համար։ Երկու զուարակներն ալ զոհագործութեան համար պէտք էր պատրաստուէին, բայց կրակ պէտք չէր վառուեր։ Եղիա ըսաւ. «Դուք ձեր Աստուծոյն անունը կանչեցէք, ես ալ Եհովային անունը կանչեմ։ Այն Աստուածը, որ կրակով պատասխան տայ, ա՛ն է [«ճշմարիտ», ՆԱ] Աստուածը»։—Գ. Թագաւորաց 18։23, 24

Եհովա կը Փառաւորուի

Բահաղի մարգարէները սկսան ‘իրենց շինած սեղանին քով ցատկռտել’։ Առաւօտէն մինչեւ կէսօր անոնք կանչեցին. «Ո՛վ Բահաղ, մեզի պատասխան տուր»։ Բայց Բահաղ պատասխան չտուաւ։ (Գ. Թագաւորաց 18։26) Ապա Եղիա սկսաւ զանոնք ծաղր ընել. «Բա՛րձր ձայնով կանչեցէք, քանզի անիկա աստուած է»։ (Գ. Թագաւորաց 18։27) Բահաղի մարգարէները սկսան նոյնիսկ դանակներով ու գեղարդներով իրենց մարմինները կտրտել. սովորութիւն մը որ յաճախ կը կատարուէր հեթանոսներուն կողմէ, իրենց աստուածներուն գութը շարժելու համար։b —Գ. Թագաւորաց 18։28

Կէսօրը անցած էր ու Բահաղի երկրպագուները կը շարունակէին ‘մարգարէութիւն ընել [«մարգարէներու պէս վարուիլ», ՆԱ]’, արտայայտութիւն մը որ այս բովանդակութեան մէջ կը նշանակէ խենդ ու խելառ ձեւեր ընել ու ինքնազսպումի պակաս ցոյց տալ։ Յետմիջօրէն բաւական յառաջացած ըլլալով, ի վերջոյ Եղիա բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Ինծի մօտեցէ՛ք»։ Բոլորն ալ ուշի ուշով դիտեցին, մինչ Եղիա Եհովայի փլած սեղանը վերաշինեց, անոր բոլորտիքը փոս մը փորեց, զուարակը կտոր–կտոր ըրաւ եւ սեղանին վրայ դրաւ փայտերուն հետ մէկտեղ։ Անկէ ետք, զուարակը, զոհասեղանը եւ փայտերը ամբողջովին ջուրով ողողեց, իսկ (անկասկած Միջերկրական Ծովէն ջուր կարգադրելով) փոսն ալ ջուրով լեցուցին։ Ապա Եղիա Եհովայի աղօթելով ըսաւ. «Այսօր թող գիտցուի թէ Իսրայէլի մէջ դո՛ւն ես Աստուած ու ես քու ծառադ եմ եւ այս բոլոր բաները քու խօսքովդ ըրի։ Ինծի պատասխան տուր, ո՛վ Տէր, ինծի պատասխան տուր ու այս ժողովուրդը թող գիտնայ թէ դո՛ւն ես Աստուած, ո՛վ Տէր եւ թէ անոնց սիրտը ետ դարձնողը դո՛ւն ես»։—Գ. Թագաւորաց 18։29-37

Յանկարծ, երկնքէն կրակ իջաւ «եւ ողջակէզն ու փայտերը եւ քարերն ու հողը այրեց ու փոսին մէջի ջուրն ալ լափեց»։ Ասոր ականատես եղող ժողովուրդը անմիջապէս երեսի վրայ ինկաւ ու ըսաւ. «Եհովա է [«ճշմարիտ», ՆԱ] Աստուած, Եհովա է [«ճշմարիտ», ՆԱ] Աստուած»։ Եղիայի հրամանին վրայ, Բահաղի մարգարէները բռնեցին ու զանոնք Կիսոն հեղեղատը իջեցուցին ու հոն զանոնք սպաննեցին։—Գ. Թագաւորաց 18։38-40

Դաս մը՝ Մեզի Համար

Եղիա գերմարդկային թուող քաջութիւն ցուցաբերեց։ Սակայն, Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը՝ Յակոբոս, մեզ կը վստահեցնէ որ «Եղիան մեզի պէս կրքերու ենթակայ մարդ մըն էր»։ (Յակոբու 5։17) Ան վախէ ու մտահոգութենէ զերծ անհատ մը չէր։ Օրինակի համար, հետագային երբ Յեզաբէլ երդում ըրաւ որ Բահաղի մարգարէներուն համար վրէժ պիտի լուծէր, Եղիա փախաւ ու աղօթքով Եհովայի աղաղակեց ըսելով. «Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս»։—Գ. Թագաւորաց 19։4

Եհովա Եղիայի կեանքը չառաւ։ Ընդհակառակը, ան ողորմածօրէն օգնութիւն հայթայթեց անոր։ (Գ. Թագաւորաց 19։5-8) Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաները կրնան վստահ ըլլալ թէ Եհովա միեւնոյնը պիտի ընէ երբ խիստ նեղութիւններ դիմագրաւեն՝ թերեւս հակառակութեան պատճառաւ։ Արդարեւ, եթէ Եհովայի աղօթեն օգնութեան համար, ան կրնայ անոնց շնորհել «անսահման զօրութիւն», այնպէս որ եթէ նոյնիսկ «ամէն տեսակ նեղութիւն» ունենան՝ ‘չընկճուին’։ Այսպիսով, անոնք Եղիայի նման օգնութիւն պիտի ստանան որ տոկան։—Բ. Կորնթացիս 4։7, 8, ՆԱԹ։

[Ստորանիշներ]

a Ուսումնականներէն ոմանք կը թելադրեն որ Եղիան թերեւս կ’ակնարկէր Բահաղի երկրպագուներուն պարի արարողութեան։ ‘Կաղալ’ բառին նոյն գործածութիւնը կը գտնուի Գ. Թագաւորաց 18։26–ին մէջ, նկարագրելու համար Բահաղի մարգարէներուն պարը։

b Ոմանք կը թելադրեն թէ անդամահատութիւնը մարդկային զոհի սովորութեան հետ առնչուած է։ Երկու արարքներն ալ կը նշանակէին թէ մարմնային տառապանքը կամ արիւն թափելը կրնայ աստուծոյ մը հաճութիւնը հայցելու նպաստել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել